Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է Հայաստանի Անվտանգութեան Համար, Քան` Արցախի Վտարանդի Կառավարութիւնը

Ապրիլ 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Բոլորս ալ գիտենք, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բացի Արցախի կորուստէն, ինչպիսի՛ արհաւիրքներ բերած է Հայաստանի գլխուն իր անկարողութեան պատճառով:

Կրնանք մէջբերել Փաշինեանի բազմաթիւ սխալ գործողութիւններ եւ իրերամերժ յայտարարութիւններ: 2020-ի պատերազմին, Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնին մէջ իր լիակատար ձախողութենէն ետք, Փաշինեան հիմա կը փորձէ այնպէս ընել, որ հայերը մոռնան Արցախի կորուստին մասին` ջնջելով Արցախի անունը ժողովուրդին յիշողութենէն:

Փաշինեան ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած է արցախահայերու` իրենց հազարամեայ հայրենիքին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար: Ան նաեւ նախապատրաստութիւններ չէ տեսած Արցախէն աւելի քան 100 հազար գաղթականներու տեղաւորման համար, թէեւ գիտէր, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Արցախի հայերը, վերջին հաշուով, պիտի փախչին Հայաստան:

Գիտնալով, որ ապագայ ընտրութիւններուն Արցախի հայերը իրենց ձայնը չեն տար իր կուսակցութեան օգտին, Փաշինեան իրավիճակը վատթարացնելով` յայտարարեց, որ անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ չեն: Այս մարդիկ տասնամեակներ շարունակ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ, որոնք ճանչցուած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ օտար պետութիւններու կողմէ` արտասահման իրենց ուղեւորութիւններուն ընթացքին: Ցաւօք, հազարաւոր արցախցիներ Հայաստանէն մեկնած են Ռուսիա` ապաստան եւ աշխատանք գտնելու համար, որպէսզի կարենան կերակրել իրենց ընտանիքները:

Աւելի՛ն. Փաշինեան կը մերժէ հանդիպիլ Արցախի ոեւէ պաշտօնեայի հետ եւ դէմ է, որ արցախցիները բողոքի ցոյցեր կատարեն Երեւանի մէջ` դժգոհելով Հայաստանի մէջ իրենց  ծանր վիճակէն:

Ահա՛ Փաշինեանի հակաարցախեան գործողութիւններու վերջին օրինակը: Անցեալ շաբաթ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հարցազրոյց տուաւ ֆրանսական «Le Figaro» թերթին, ուր ան ըսաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ` հակառակ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն: Ան նաեւ յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի Արցախի վտարանդի կառավարութիւն Երեւանի մէջ, ուր կը գտնուին անոր գրասենեակները:

Շահրամանեանի խօսքերը զայրացուցած էին Փաշինեանը, որ անմիջապէս պատասխանեց եւ սպառնաց, որ օրինական գործողութիւններ կը ձեռնարկուին բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խօսին Արցախի վտարանդի կառավարութեան մասին: Առանց որեւէ փաստարկի, Փաշինեան մեղադրեց Արցախի ղեկավարները` Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար սպառնալիք ստեղծելու մէջ: Չհասկնալով «վտարանդի կառավարութիւն» եզրոյթին իմաստը` Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ կայ միայն մէկ կառավարութիւն, եւ չի կրնար ըլլալ երկրորդ կառավարութիւն, թէեւ ոչ ոք կը խօսէր երկրորդ կառավարութեան ստեղծման մասին: Եթէ Փաշինեան ունենար որեւէ փորձառու խորհրդական, ապա ան իրեն կը տեղեկացնէր, որ շատ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին տասնեակ «վտարանդի կառավարութիւններ», որոնք ամէնուրեք ընդունուած են միջազգային իրաւունքի համաձայն:

Իրողապէս Հայաստանի մէջ միակ մարդը, որ կը սպառնայ Հայաստանի անվտանգութեան, նոյնինքն Փաշինեանն է: Ան ոչ միայն չէ պաշտպանած իրաւունքները արցախահայերու, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են, այլեւ թոյլ տուած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն` հատել Հայաստանի սահմանները 2021-ին եւ 2022-ին: Աւելի՛ն. երբ Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան Ազրպէյճանին յանձնէ հայկական չորս գիւղերը, Փաշինեան նախզգուշացուց այդ գիւղերու բնակիչները, որ հակառակ պարագային` Ազրպէյճան նոր պատերազմ կը սկսի:

Շահրամանեանին ուղղուած իր կոշտ պատասխանին մէջ Փաշինեան սպառնաց նաեւ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել, որպէսզի` «Արտաքին ուժերը չօգտագործեն որոշակի շրջանակներ (Արցախ)` Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք ստեղծելու համար»: Ցաւալի է, որ Փաշինեան կեղծ մեղադրանք կը ներկայացնէ արցախահայութեան` օտարներու կողմէ շահարկուելու մէջ:

Փաշինեանի իրական հարցը ոչ թէ Արցախի վտարանդի իշխանութիւնն է, այլ` այն փաստը, որ արցախահայութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի յիշատակը վառ պահելու համար, բան մը, որ իրեն համար խիստ խայտառակիչ  է, քանի  որ յանձնողը ինքն է: Մենք զիջեցանք Արցախը թշնամիին, բայց պէտք չէ զայն ջնջենք մեր յիշողութենէն: Մենք պարտաւոր ենք ոչ միայն յիշել Արցախը, այլեւ` Արցախ վերադառնալու երազանքը փոխանցել յաջորդ սերունդին: Սա շատ կարեւոր է, քանի որ եթէ ապագայ սերունդները չգիտնան, որ Արցախը հայկական հող է, ապա երբ հնարաւորութիւն ընձեռուի զայն ազատագրելու, անոնք չեն օգտուիր անկէ` այդպիսով ընդմիշտ կորսնցնելով Արցախը ոչ թէ թշնամիին ըրածին, այլ մեր իսկ անգործութեան պատճառով:

Միեւնոյն ժամանակ մեզի կը մնայ միայն ափսոսալ, որ Հայաստանի վարչապետը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, կը կատարէ Ալիեւի հրամանը` փորձելով խեղդել նոյնիսկ Արցախի մասին յիշողութիւն ու երազանք: Աւելի՛ն. ամօթ կ՛ըլլայ, եթէ Փաշինեան, գործելով ըստ իր սպառնալիքներուն, հրամայէ ձերբակալել Արցախի ղեկավարները Հայաստանի մէջ, այսպիսով միանալով Պաքուին` Արցախի ղեկավարները գերութեան մէջ պահելու հարցով:

Օր օրի վրայ Փաշինեան աւելի կը սաստկացնէ իր հակահայկական գործողութիւնները: Մինչեւ ե՞րբ պիտի լռեն հայերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ` նման ինքնակործան  գործողութիւններու դիմաց: Հայ ժողովուրդը ե՞րբ պիտի արթննայ իր քունէն` ըսելու, որ «Բաւակա՛ն է» եւ գտնելու ձեռնհաս նոր ղեկավար մը, որ երկիրը  դուրս կը բերէ այս ճահիճէն: Հակառակ Փաշինեանի պնդումին` Արցախի հարցը փակուած չէ: Հայերը պէտք չէ շարունակեն ձեռքերը ծալած նստիլ եւ հետեւիլ, թէ աստիճանաբար Հայաստան ինչպէ՛ս կ՛անհետանայ մէկ մարդու չարագործութիւններուն պատճառով…

Վերջապէս, ամօթ կ՛ըլլայ, եթէ  Փաշինեան ստիպէ Շահրամանեանին եւ Արցախի միւս պաշտօնեաներուն  լքել Հայաստանը եւ իրենց վտարանդի կառավարութիւնը տեղափոխել օտար երկիր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախ` Մեր Տուն. Հաւատք, Յոյս, Սէր Եւ Մկրտութիւն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?