ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Նախանցեալ շաբաթավերջին դիտեցինք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Տեսակ մը թատրոն» ներկայացումը: Լիբանանահայութեան հրամցուեցան Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ հինգ պատկերներ: Կրնանք ըսել, որ բոլոր պատկերներն ալ, իրենց կարգին, խնդրայարոյց կը սեպուին: Վստահ եմ` շատերը անհանգիստ զգացին: Ուրիշներ թերեւս յառաջդիմական պիտակումը նախընտրեն: Առարկելի չէ սակայն, որ կտորներու ընտրանքը այլընտրանքային է: Մեր իրականութենէն` դասակարգային սէրը, սուտերով զարդարուած տարբեր ձեւանալու փափաքը, զոյգերու միջեւ սեռային յարաբերութեան արկածախնդրութիւնն ու նոր փորձարկումները, միասեռականութիւնը, մոլեռանդներու կողմէ ընկերային եւ սեռային փոքրամասնութիւններուն մերժումը, ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան մը պատկանելու սիրոյն անհատականութեան կորուստը` բոլորն ալ ներկայ էին բեմին վրայ:
Ներկայացուած թեմաներէն իւրաքանչիւրը արժանի է իրեն ուրոյն դիտողութեան եւ խորացումին: Այս անդրադարձով, սակայն, պիտի կեդրոնանամ վերջին պատկերին` «Խոտին երազը» հատուածին վրայ:
Պատկերը կը ներկայացնէ հաւաքականութիւն մը` առանց նշելու, թէ ի՛նչ տեսակի համախմբում մըն է: Եկեղեցի՞, թերեւս: Կուսակցութի՞ւն, կրնայ ըլլալ: Ազգ-պետութի՞ւն, յայտնի չէ: Այս հաւաքականութիւնը պիտի գումարէ իր համախմբումը, որուն պիտի մասնակցի իր նոր ղեկավարը: Թատրոնը կը գործածէ «առաջնորդը» եզրը, բայց երեւի պէտք չէ զայն շփոթել եկեղեցական տիտղոսին հետ: Հաւաքականութեան անդամները կ՛աճապարեն հաւաքին հասնելու եւ լաւ նստարաններ ապահովելու համար: Բոլորը հագած են նոյնը: Կարծէք` տարազ մըն է: Ընդունուած տարազն է այդ խմբաւորումին: Չկայ անձնական պատշաճեցում, անձնական ոճ կամ անձնական նախընտրութիւն: Անդամները կը ներկայանան միայն իրենց համար զատուած եւ խումբին կողմէ ընդունուած կերպով, տարազով, դիմանկարով: Անտարակոյս, որ հաւաքական կեանքը կարեւոր եւ շինիչ բան մըն է հասարակութեան մը համար: Բայց կարեւոր է, որ հաւաքականութեան ալիքին մէջ ամբողջովին չընկղմին անհատը եւ անհատականութիւնը:
Պատկերի մէջի ժողովին մէկ կարեւոր օրակարգը ղեկավարը դիմաւորելն է: Առաջնորդը երբեք չ՛երեւիր բեմին վրայ: Ոչ ալ ձայնը կը լսուի: Բայց անոր վերացական ներկայութիւնը պարտաւորեցնող է: Բոլորէն ակնկալուած է ծափահարել եւ գովերգել առաջնորդը, մանաւանդ` իրենց զաւակներուն ապագային համար: Իրենց խօսքերով` որպէսզի իրենց զաւակները «բարգաւաճին եւ երազեն առաջնորդին սիրոյ եւ ճշմարտութեան տակ, առաջնորդին բարեսիրտ եւ արդար արեւուն տակ»: Նոյնիսկ երազելու հորիզոնները եւ բարգաւաճման ուղղութիւնն ու ծաւալը կը պայմանաւորուին ղեկավարով: Լաւ անդամը լաւ կը ծափէ ղեկավարին, իսկ լաւ չծափողը լաւ անդամ չէ: «Կը սիրեմ առաջնորդը», կը կանչէ անդամներէն մէկը: Աւելի՛ն. անդամագրեալները մէջ-մէջի կը վիճին, թէ ո՛վ աւելի կը սիրէ առաջնորդը եւ ուրեմն ո՛վ աւելի լաւ անդամն է: Ներկայացուած խումբին հաւատարմութիւնը կեդրոնացած է միայն ղեկավարի անձին վրայ եւ ոչ` ընդհանուր հաւաքականութեան կամ գաղափարի: Իսկ հաւաքական կեանքի մէջ մասնակցութեան հիմնական պատճառը ոմանց համար, փաստօրէն, անձնական եւ ընտանեկան շահի եւ բարգաւաճման յոյսն է:
Հաւաքականութեան կ՛անդամակցի նորագրեալ մը: Իր առաջին ժողովն է: Մեծ յոյսերով, խանդավառութեամբ, եռանդով եւ ակնկալութիւններով կը միանայ երիտասարդ տարրը: Հիները շուտով կը փորձեն ընտանեցնել նորեկը: Կը սորվեցնեն, որ եթէ իսկապէս կը սիրէ ղեկավարը, պէտք չէ ուշանայ անոր երկրպագութեան: Կը սորվեցնեն նաեւ, որ յոտնկայս եւ ծափահարութիւններով պէտք է դիմաւորէ ղեկավարը: Նոյնիսկ եթէ ձեռքերը ցաւին, պէտք է ծափէ: Անդադար, գրեթէ մեքենայացած, պէտք է ծափահարէ առաջնորդին: Նորագրեալը կը միանայ ծափահարողներուն: Ծափելէն ձեռքերը կը ցաւին: Կ՛ուզէ կանգ առնել: Հիներէն մէկը քմծիծաղով կը դիտէ երիտասարդին յոգնիլը եւ խորհուրդ կու տայ, որ դադրի, որովհետեւ ան «վնասակար խոտ» է, իսկ ծափողը` «բերք»: Խտրականացնող պիտակաւորումներ, որոնք զատողութիւն, ներքին պառակտում եւ նոյնիսկ երկու չափ-երկու կշիռ կը սերմանեն նոյն միութեան անդամներուն միջեւ: Դատապարտող անդամը կը շարունակէ բացատրել, որ այս աշխատանքը մէկ պատճառի համար կ՛ընեն` «թունաւոր խոտերը մաքրելու» հաւաքականութենէն: Թունաւոր խոտ կը սեպուին` ղեկավարին կուրօրէն չծափողները, տատամսողները, ուշացողները, յոգնողները եւ շատ հարցումներ ուղղողները:
Նորագրեալը ի վերջոյ չի դիմանար ցաւին ու կը դադրի ծափելէ: Կը լսուին տողանցող բանակի մը ոտնաձայները: Խըշ, խըշ, խըշ… Կը մօտենան նորագրեալին` զայն վտարելու խմբակէն: Զինեալներուն գործը հաւաքականութիւնը բիւրեղացնել է ղեկավարին անձին չծափողներէն: Մինչ կը սկսին նորագրեալը դուրս քշել, երէց անդամներէն մէկը այդքան տարիներու պաշտամունքէն ետք ետդարձի կու գայ: Ինքզինք կը զոհէ` ըսելով, որ ինքն էր ծափելէն առաջին կեցողը եւ ոչ թէ նորագրեալը: Կը յստականայ, որ հին անդամներուն մէջ կայ վախով ապրելէն, ղեկավարի անձին պաշտամունք կատարելէն եւ միութեան պարտադրած ապրելակերպէն յոգնող մը: Զինուած պահակները նորագրեալը կը ձգեն եւ փոխարէնը երէցը դուրս կը քշեն: Խըշ, խըշ, խըշ… Երէց անդամը առաջնորդին ակնարկելով` կ՛ըսէ, որ ալ ժամանակ չունի անոր վրան վատնելու: «Խոտը ե՛ս եմ», կ՛ըսէ: «Զաւակներուս համար թունաւոր բերք երազեցի»: Նորագրեալին նայելով` «Նոր երազներդ երազէ՛ զաւակս: Նոր երազներ երազէ», կը խրատէ, մինչ զինք կը վտարեն ժողովէն:
Հաւաքական կեանքի մէջ պիտակաւորումը դիւրին է: Միշտ կայ լաւը եւ վատը: Առաջնորդը եւ հետեւողը: Աշխատասէրը եւ յոգնողը: Հինը եւ նորը: Խոտը եւ բերքը: Նախքան պիտակելը սակայն, թէ ո՛վ է խոտը եւ ո՛վ է բերքը, նախ հաւանաբար պէտք է ստուգել հողին վիճակը: Յոգնած, չորցած հողը դժուար թէ բերքեր տայ: Իսկ եթէ ջուրի հոսանքը սահմանուած ըլլայ միայն որոշներու, չորցած խոտի ընդարձակուող երեւոյթը զարմանալի պէտք չէ ըլլայ: Կ՛ըսեն, որ արուեստը մեր իրականութեան արտացոլացումն է: Թատրոնը մաս կը կազմէ մեր արուեստին, մեր երեւակայութեան, մեր երազին, մեր ցաւին: Տեսակ մը բան մըն է:
Ես թատրոնի մասնագէտ չեմ: Ամէն պարագայի, ներկայացումը, կամ բեմի զարդարանքը անպայմանօրէն անբիծ չէին: Այնուամենայնիւ, արեւմտահայերէնով հետաքրքրական թատրոն ներկայացնելը, այս պարագային` օտար թատրերգութեան մը բարձրորակ թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի, յատուկ արժէք է: Երիտասարդ խումբով բեմ բարձրանալը ուրիշ արժէք մըն է: Հանդիսատեսը գոյութենական հարցումներով եւ հարցադրումներով սրահէն արձակելը դժուար, բայց կարեւոր մարտահրաւէր մըն է:
Վա՛րձքը կատար դերասաններուն (նորեկ եւ փորձառու):
Վա՛րձքը կատար բեմադրիչին:
Վա՛րձքը կատար Համազգայինին:
Վա՛րձքը կատար երազողներուն եւ երազել ուզողներուն:


