Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Մեր Տուն. Հաւատք, Յոյս, Սէր Եւ Մկրտութիւն

April 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Արցախցի Լուսինէն ծնած է Մարտունի, հարս գացած է Ստեփանակերտ, իսկ փոքրիկ աղջնակը` Աննան, մկրտած է Շուշիի մէջ: 2023-ի պատերազմի բռնի տեղահանումէն ետք, ընտանիքով նախ եկած են Տաշիր, ապա` հաստատուած Գիւմրի: Քանատայի Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ իրականացած «Արցա՛խ` մեր տուն» ծրագրի ծիրէն ներս, երբ Հայաստան ժամանած ներկայացուցիչներուն հետ այցի գացինք Գիւմրի, արցախցիներու հետ հանդիպման աւարտին Լուսինէն եւ իր տալը մօտեցան հայր Գեղարդին` խնդրելով աջակցիլ, որ իրենց երեխաները մկրտուին…

Յարմարագոյն առիթը մանուկներու օր հռչակուած Ծաղկազարդի կիրակին էր. նոյն մեծ ընտանիքի չորս երեխաները (եղբայրներ ու զարմիկներ)` Ռոպերթը, Կարապետը, Սամուէլը, Էրիկն ու անոնց հօրաքոյրը` Գայիանէն, մկրտուեցան Գիւմրիի Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ մէջ: Խուռներամ բազմութիւնը ճեղքելով` մտանք առանձնացած փոքր մկրտարանը, ուր հարազատներու ներկայութեամբ եւ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ հինգ արցախցիներու մկրտութեան արարողութիւնը:

Լուսինէն շատ կ՛ուզէր իր տղան` Ռոպերթը, Արցախի մէջ մկրտել, բայց վրայ հասաւ պատերազմը, եւ ընտանիքով եկան ու հանգրուանեցին Գիւմրի: Ներքին ձայն մը Լուսինէին միշտ յուշած է իր տղան մկրտելու մասին. «Գիւմրիի երկրաշարժից փրկուած Եօթ Վէրք եկեղեցիի մասին շատ էի լսել, դրա համար, երբ հասանք Գիւմրի, ներքին ձայնս միշտ ինձ ասում էր, որ տղայիս այստեղ մկրտեմ: Երբ հայր Գեղարդը տեսայ, ես ու տալս իրեն դիմեցինք` խնդրելով, որ այդ հարցով մեզ աջակցի, եւ փա՛ռք Աստծոյ, այսօր ցանկութիւնս ի կատար ածուեց», ըսաւ Լուսինէն ու ցաւով յայտնեց, թէ խորհրդային տարիներուն հաւատքը մէկ կողմ դրուած էր, եւ Արցախի ա՛յդ սերունդը չէ մկրտուած: «Իննսունականներից յետոյ, երբ եկեղեցիները սկսեցին գործել, ժողովուրդը նոր կամաց-կամաց կարծես դարձի եկաւ, երիտասարդները մկրտուեցին, բայց տարեցները այնպէս էլ եկեղեցի չմտան: Երբ եկեղեցու կողքով անցնում էինք, մօրս ասում էի` արի՛ մտնենք, մոմ վառենք, ասում էր հաւատք պիտի լինի, որ մտնենք…»:

Երեխաներու հօրաքոյրը` Գայիանէն, Արցախի Խաչմաչ գիւղէն է, միշտ ցանկութիւն ունեցած է մկրտուելու, երբ իր զարմիկներուն մկրտուելու առիթը ստեղծուեցաւ, ինք նոյնպէս միացաւ անոնց եւ դրոշմուեցաւ սուրբ միւռոնով:

Ցաւով պէտք է նշել, որ առ այսօր մեծ է թիւը չմկրտուած արցախցիներու, եւ շատ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել` խթանելու անոնց մկրտութիւնը…

Եկեղեցական արարողութենէն ետք երկու ուրախ առիթները` մկրտութիւնն ու Ծաղկազարդը, նշելու համար ուղղուեցանք «Միասին» կազմակերպութեան «Ալամեզոն» կեդրոն, որուն տնօրէնուհի Սաթենիկ Յովհաննէսեանին հետ համագործակցելով` իրականացուցինք այս նախաձեռնութիւնները:

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի նախաձեռնութեամբ, յիշեալ կեդրոնի 25 արցախցի երեխաներու համար կազմակերպուեցաւ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը` արցախցի ArmAr-ի պատրաստած օրուան յատուկ կրկնեփուկներով, կեդրոնին կողմէ մատուցուած Արցախի խորհրդանիշներէն մէկը դարձած ժինկալի հացով ու Ծաղկազարդին նուիրուած երգերով: Աւարտին երեխաները ստացան Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յատկացուած գրենական պիտոյքները:

Այս արարողութիւններուն մէջ կը ճառագայթէր նաեւ միասնութեան գաղափարը. Արցախ, Հայաստան, սփիւռք միասնութեան հաւաքական ուժը` տարբեր կառոյցներու համագործակցութեամբ, ճառերէն անցած ու դարձած էր իրականութեան մարմնաւորում…

 

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է Հայաստանի Անվտանգութեան Համար, Քան` Արցախի Վտարանդի Կառավարութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Նիքարակուա Կ՛ամբաստանէ Գերմանիան, Եւ` Ուրիշ Բաներ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.