Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններու Ընդարձակման Եւ Կրճատման Պատմական Հոլովոյթը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 28 մայիս 1918-ին, մայիսեան հերոսամարտերէն` Սարդարապատէն, Բաշ Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսէէն ետք: Հայ ժողովուրդը Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն` 1375-էն 543 տարի ետք յաջողեցաւ վերականգնել պետականութիւնը: Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդի մայիս 28-ի հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուէր. «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ Հայոց ազգային խորհուրդն իրեն յայտարարում է հայկական...

















