Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռագոյնի Պայքարը` Ընդդէմ Սուտին Եւ Կեղծիքին

Մայիս 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

Հայոց պատմութեան մէջ ընդհանրապէս ապրիլեան ցնցումներու վերապրումէն եւ պահանջատիրութեան ամիսէն ետք, մայիս ամիսը եղած է ազատութեան, արդարութեան եւ ինքնութեան ձգտումի շրջան` ի պատիւ մայիս 28-ին կերտուած ազատ եւ անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան:

Այսօր նոր փուլի մը դէմ յանդիման կանգնած ենք եւ պէտք ունինք նոր սերունդի մը` սկսուած աշխատանքը շարունակելու, բայց` բոլորովին այլ  պայմաններու մէջ: Վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդը դարձեալ ենթարկուեցաւ տեղահանութեան եւ ցեղային զտումի` 2020-ի նոյեմբերին կնքուած Արցախի հողայանձնումի յայտարարութեամբ:

Արցախի յանձնումէն ի վեր հայ ժողովուրդը կը գտնուի նոյն իշխանութեան տակ, եւ ահա պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծումի հարցով:

Հայ-ազրպէյճանական սահմաններու սահմանագծումէն եւ հողերու միակողմանի յանձնումէն դժգոհ քաղաքացիները բողոքի ցոյցեր կատարեցին Տաւուշի մարզին համար: 4 մայիսին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամները եւ անոնց կողմնակիցները որոշում տուին երթ կազմակերպելու Կիրանց գիւղէն դէպի Երեւան մայրաքաղաք: Անոնք մայրաքաղաք հասան 9 մայիսին, ուր տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, շարժման ղեկավար Բագրատ արքեպիսկոպոս կոչ ուղղեց` ըսելով, որ 10 մայիսէն սկսեալ անհնազանդութեան խաղաղ շարժումներ պիտի կատարուին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին: Շարժումին մասնակիցներն ու կողմնակիցները արդէն յաջորդ օրն իսկ ճամբաներն ու մայրուղիները փակեցին, ցոյցեր կատարեցին եւ քայլարշաւներ կազմակերպեցին` խնդրելով, որ քաղաքացիները միանան իրենց:

Բոլորս ալ այն մտածումը կրնանք ունենալ, թէ արդեօք Բագրատ սրբազանը ճշգրիտ եւ յաջող շարժումներն ու քայլերը կը նախաձեռնէ՞ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքականութիւններուն դէմ: Երբ փորձեցի խորանալ եւ յաւելեալ քննական եւ վերլուծական մօտեցում ցուցաբերել Բագրատ սրբազանի յեղափոխութեան նկատմամբ, պատասխանս պարզապէս «Այո՛»-ի վերածուեցաւ: Ինչո՞ւ «Այո՛», որովհետեւ կը նմանի նոյն 2018-ի իրադարձութիւններուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան յեղափոխական շարժում մը կատարեց Հայաստանի մէջ: Ներկայիս Բագրատ սրբազանը` յանուն սահմանադրութեան պահպանման եւ ընդդէմ հողայանձնումի քաղաքականութեան, յեղափոխութիւն մը ստեղծեց ներկայ իշխանութեան դէմ եւ կը փորձէ ներկայի յեղափոխութիւնը յաջողցնել` հետեւելով 2018-ի նոյնանման աշխատանքներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն մարդուժի հաւաքում ու փոխադարձ համաձայնութիւններու գոյացում` տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ:

Ներկայիս Հայաստանի իրավիճակը կը նմանի Խրիմեան Հայրիկի մատնանշած հերիսայի կաթսային, իսկ ազրպէյճանցին` շերեփաւորին: Սակայն Բագրատ սրբազանը վերարթնցուց հայ երիտասարդին հայկական ապրումները` յիշեցնելով, որ հայ երիտասարդութիւնը պատմական պարտականութիւն ունի եւ այդ հերիսային հարազատ տէրը ինքն է: Եւ ի վերջոյ, Բագրատ սրբազանը «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» կարգախօսով յեղափոխական շարժումով մեզի հաղորդեց այն միտքը, որ մենք ենք արժանի յաջորդները այն մեծ սերունդին, որ մեզի համար պատրաստեց աշխարհի բարիքներէն ամէնէն թանկագինը` ԱԶԱՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ:

 

Նախորդը

Զանգե՜ր, Ղօղանջէ՛ք

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի Խօսքը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?