Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգե՜ր, Ղօղանջէ՛ք

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձը կը նշենք այսօր: 106 տարիներ առաջ Հայոց աշխարհին վրայ ծագեցաւ նոր արշալոյս մը` ազատութեան փայլուն շողերով, որոնք յաջողեցան պայծառացնել հայոց մթագնած ու շղթայուած ընթացքը` շնորհիւ առիւծասիրտ հերոսներու, որոնք յաղթանակի տեսլականը ունէին: Մայիսը կը նկատուի ամիսը յաղթանակներուն, որոնց շարքին է նաեւ հայոց բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրումը:

Սակայն ինչպէ՞ս տօնել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձը, երբ վտանգուած են Հայաստանի սահմանները: Ինչպէ՞ս նշել Շուշիի ազատագրման տօնը, երբ բռնագրաւուած է Շուշին, վերացած է Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը, եւ տեղահանուած է արցախահայութիւնը իր հողերէն: Ինչպէ՞ս յիշել մեր նախնիներէն ժառանգուած եւ անոնց արիւնով խառնուած ոսկիէ կտակը, երբ այլեւս անոնք մեր ձեռքը չեն, որովհետեւ յանձնուած են ապազգային եւ ոճրագործ ղեկավարներու կողմէ…

Այսօր մեր դարաւոր թշնամին կը սպառնայ մեր երկրի խաղաղութեան ու կայունութեան: Դժբախտաբար երկրին ղեկավարութիւնը դասեր չէ քաղած անցեալէն եւ միակողմանի զիջումներ կատարելով` կը փորձէ գտնել խաղաղութեան ճանապարհ: Պատահական չէ, որ մայիս 1918-ին  տիքթաթոր Արամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Երեւանը չենք դատարկեր եւ կը պայքարինք, պէտք է դիմադրել թշնամիին մինչեւ վերջին շունչ, վերջին գնդակը, մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը: Ան քաջ գիտակցելով դարաւոր թշնամիի նենգութեան` որոշեց չյանձնուիլ ու չզիջիլ, այլ` պայքարիլ յանուն հայրենիքի ազատութեան եւ ազատ ապրելու ինքնորոշման: Արամ Մանուկեան իւրաքանչիւր հայու մէջ սերմանեց այն իրականութիւնը, որ եթէ կ’ուզենք խաղաղութիւն եւ ազատութիւն, ապա պէտք է պայքարիլ, արիւն թափել եւ այդ խաղաղութիւնը խլել սուրով, որովհետեւ խլուած հողը սիրով տիրոջը չեն վերադարձներ: Այդ ժամանակ էր, երբ հայութիւնը նախընտրեց իմացեալ մահը արդարութեան բագինին առջեւ` Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ ապրելու փոխարէն:

28 մայիս 1918-ը նոր շունչ մը տուաւ հայութեան, վերականգնեց անոր իրաւունքը եւ ազատ ապրելու կամքը: Այդ երեք ճակատամարտերու հերոս «խենթեր»-ու հնարքը փշրեց ստրկութեան շղթաները եւ շրջեց պատմութեան սեւ օրերու էջը: Սակայն ի՞նչ խղճով այսօրուան իշխանութիւնը կրնայ պղծել այս փառապանծ յաղթանակը:

Հայաստանի մէջ վերջին իրադարձութիւնները մեզի կը յիշեցնեն Դրաստամատ Կանայեանի խօսքը, որ կ’ըսէ. «Ով Տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին»: Դժբախտաբար Ազրպէյճանը նոյեմբեր 2020-ին գրաւելով Շուշին` ոչ միայն տիրեց անոր, այլեւ կարճ ժամանակ ետք գրաւեց նաեւ ամբողջ Արցախը, եւ այսօր ան կը սպառնայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող կարգ մը տարածքներ գրաւել: Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ Շուշին ու Արցախը չգրաւուեցան միայն Ազրպէյճանի ռազմական ուժերուն շնորհիւ, այլեւ անոնք ձրիաբար յանձնուեցան հայախօս թուրքերու կողմէ:

Ազրպէյճան գրաւելով Շուշին, ապա` ամբողջ Արցախը, ոչ միայն տիրեց հայկական տարածքներու, այլեւ ճեղքելով Հայաստանի սահմանները` թրքացած հայերու միջոցով կը փորձէ ազդել Հայաստանի քաղաքականութեան վրայ:

Հայաստանի այսօրուան ապազգային ու ազգակործան կառավարութիւնը, ենթարկուելով թշնամիի պահանջներուն եւ ցուցմունքներուն, իր բոլոր ջանքերով եւ ներքին պառակտումներ ստեղծելով` կը փորձէ իրականացնել անոր դարաւոր երազը: Հայաստանի իշխանութիւնները կը զանազանեն «իսկական» Հայաստանը պատմական Հայաստանէն, կը փորձեն փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն ու քայլերգը եւ կը գերադասեն անձնական շահերը` հաւաքական շահերէն:

Ուշ կամ կանուխ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթէ սուտին եւ կեղծիքին: Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի առիւծին ու արծիւին միասնական ուժը պիտի յաղթէ գորշ գայլին: Հայոց շողշողուն եռագոյնը պիտի յաղթէ սեւին ու սպիտակին: Հետեւաբար այսօ՛ր պահն է դիմադրութեան եւ ո՛չ ըսելու ներքին ու արտաքին թշնամիներուն, որովհետեւ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:

Այսօր Բագրատ սրբազանին երթը ո՛չ քաղաքական նշանակութիւն ունի, ո՛չ հականիկոլական է, ո՛չ ալ անձնական, այլ երթ մըն է` յանուն հայրենիքի բարգաւաճման ու գոյատեւման, յանուն արդար իրաւունքի եւ յանուն ազատութեան: Թող որ Տաւուշը դառնայ հայոց աշխարհի երկրորդ Սարդարապատը, որուն ընդմէջէն ուժգնօրէն հնչէ ազատութեան ահազանգը եւ այդտեղէն ճախրին նոր «խենթ»-եր, որոնք պիտի վերակերտեն հայոց ապագան ու նոր լուսաբաց բանան հայոց աշխարհին վրայ:

«Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,

Մենք չհանգանք դեռ կը գանք»:

 

Նախորդը

Մայիս 28-ի Խորհուրդը

Յաջորդը

Եռագոյնի Պայքարը` Ընդդէմ Սուտին Եւ Կեղծիքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.