28 Մայիս 1918-ն հայոց պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիսանայ իբրեւ հայու ազատատենչ ոգիի, ստրկամտութիւնը մերժող կամքի եւ ազատագրական պայքարի պատրաստակամութեան եզակի պահ մը: Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք եւ «Նեմեսիս» գործողութեան որդեգրումէն տարի մը առաջ, հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ինկաւ թշնամիներուն ճանկերուն մէջ: Սակայն, բազմաթիւ հերոսներու առաջնորդութեամբ եւ Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, հայ ժողովուրդը կռուեցաւ թուրքերուն դէմ եւ վերականգնեց յաղթանակ կերտելու հաւատքը: Ապա, հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որուն շնորհիւ այսօր մենք ունինք ներկայ Հայաստանը:
Անցնող տարիներուն հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ 21-րդ դարուն իր դէմ գործադրուած նորօրեայ ցեղասպանութեան մը, որուն իբրեւ հետեւանք` ազգովին կորսնցուցինք ճակատամարտ մը եւ Արցախը: Արցախի կորուստով նաեւ ջնջուեցան մայիսեան հիմնական տօներու շարքին` Շուշիի ազատագրումը եւ Արցախի զինեալ ուժերու հիմնադրութեան տօնը:
Պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ազգային շահերու շուրջ միասնականութեան ապահովման շուրջ ՀՅԴ-ի կեցուածքը անցնող 134 տարիներուն եղած է աւելի քան յստակ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ այս կուսակցութեան երիտասարդական միութիւնը եւ ֆետայիներու աննկուն կամքին ու պայքարունակ ոգիին ժառանգորդը, կու գայ ըսելու, որ ազգովին պարտաւոր ենք վերականգնել հայու յաղթանակած ոգին: Պարտաւոր ենք շարունակել հայու անսկիզբ եւ անվերջ պայքարը այն բոլոր երեւելի կամ աներեւոյթ թշնամիներուն դէմ, որոնք կը փորձեն եւ տեւաբար պիտի շարունակեն փորձել բնաջնջել մեր ազգը եւ մշակոյթը:
Սարգիս Զէյթլեան կ՛ըսէ. «Մայիս 28 տօնել կը նշանակէ պրկե՛լ մեր աղեղը: Կը նշանակէ պրկել մեր հոգի՛ն եւ կա՛մքը: Կը նշանակէ ո՛չ ըսել աշխարհի բոլոր բարիքներուն, որովհետեւ ո՛չ մէկ բարիք կայ, որ փոխարինէ բարիքներուն գերագո՛յնը, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ն է»:
Այս բոլորին ի տես` ՀՅԴ ԼԵՄ-ը անցնող օրերուն պատրաստեց եւ գաղութային կարեւորագոյն ձեռնարկներուն ընթացքին ցրուեց որմազդ մը, որ կը կրէր հետեւեալ կոչը.
Սիրելի՛ լիբանանահայութիւն,
Դաշնակցական երիտասարդութիւնը անցնող շաբաթներուն իր յստակ զօրակցութիւնը յայտնեց հայրենիքի ողբալի իրավիճակին դարման գտնելու համար սրբազան պայքար տանող ազգային արժէքներու այն պաշտպաններուն, որոնք ներկայ իշխանութիւններէն արդարացի կերպով կը պահանջեն հրաժարականի ներկայացում:
Սիրելի՛ աշակերտներ,
Հայոց պատմութեան մեր դասապահերուն ընթացքին ներկայացուած հայրենիքն է, որ այսօր անօրէն կերպով կը յանձնուի կամ կը սահմանազատուի:
Սիրելի՛ ուսանողներ,
Այն օճախը, որուն մէջ պիտի կերտենք փայլուն ապագայ եւ մեր իւրացուցած գիտելիքներուն միջոցով զարգացում ու բարգաւաճում պիտի ստեղծենք, ահաւասիկ այսօր ենթակայ է ազրպէյճանաթրքական դաշինքին յարձակողապաշտութեան:
Սիրելի՛ մշակներ եւ բանուորներ,
Նարնջագոյն մեր հողերը, կապոյտ մեր երկինքը եւ մեր նախահայրերուն նահատակութեան արեամբ շաղախուած հայրենիքն է, որ կը կորսնցնենք:
Սիրելի՛ մայրեր եւ հայրեր,
Հերոսածին ձեր զաւակներուն` մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն զոհողութեամբ պահպանուած հայրենիքն է, որ այսօր կը վաճառուի թշնամիին` ի գին, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան դարաշրջաններու»:
Հետեւաբար, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու յանուն Արցախի, յանուն Տաւուշի եւ յանուն հայրենիքի տարուող պայքարին:
Անտարբերութիւնը հայու նկարագրային գիծ չէ եւ պիտի չըլլայ:
Պահպանենք մեր պայքարունակ ոգին եւ զինուինք աննկուն կամքով: Ձգտինք գերազանցել մենք մեզ, որպէսզի միասնաբար հեռացնենք ապազգային իշխանութիւնները, պաշտպանենք մեր սահմանները, յարգենք կտակը մեր բոլոր նահատակներուն եւ փրկենք մեր հայրենիքը: