Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 28-ի Խորհուրդը

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Մեր օրերուն, երբ Արցախը կորսնցուցած ենք, հազարաւոր նահատակներ ունինք Եռաբլուրին մէջ, եւ բանտարկուած քաղաքական դէմքեր` Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, անգամ մը եւս անհրաժեշտ կը զգանք վերանորոգուելու, ամրապնդուելու եւ զօրանալու մայիս 28-ի խորհուրդներով:

Մայիս 28 սոսկ անկախութեան տօն չէ: Մայիս 28 իր մէջ կը խտացնէր Ցեղասպանութենէն փրկուած  եւ ապրելու կամք ունեցող եւ անկախութիւն կերտող ամբողջ ժողովուրդի մը ոգին:

1915-ի Ցեղասպանութենէն երեք տարիներ ետք երազի պէս էր անկախութիւն կերտելը:

Քայլերգ, եռագոյն, զինանշան եւ բանակ: Հայաստանը հայութեամբ համախմբելու քաջ որոշում: Միջազգային յարաբերութիւններու եւ դեսպանատուներու բացում: Ներքին իմաստով` պետական համալսարանի բացում: Գիւղատնտեսութեան զարգացում, բանակի հիմնադրութիւն:

Պատմութիւնը վկայ է, որ բոլոր քաղաքական եւ դիւանագիտական ձեռքբերումները, համաձայնութիւնները եւ յաջողութիւնները այսօրուան Հայաստանին մեծ օգուտ բերին:

Ճիշդ է` երեք տարիներ ետք անկախ Հայաստան չմնաց: Փաստօրէն պատմութիւնները պէտք չէ յուսալքեն ժողովուրդ մը: Ընդհակառակը ուժ պէտք է տան` գոյատեւելու եւ իրաւունքներու տիրացման ձգտելու:

28 մայիս 1918 թուականը մեր պատմութեան ամէնէն մեծ հպարտութիւն արձանագրող օրն է:

Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ հող, տուն, տեղ կորսնցուցած էինք, Արեւմտեան Հայաստանը պարպուած էր, ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ մայիս 28 կրնանք ունենալ` շնորհիւ Արամ Մանուկեանի եւ իր նման ղեկավարներուն: Շնորհիւ քաջ եւ խիզախ մարտերուն` Հայաստան ունեցաւ իր անկախութիւնը:

Մեր պատմութեան մէջ երկար տարիներ ետք ունեցած անկախ պետութիւնը Խորհրդային Հայաստանի վերածուեցաւ:

Անկախութեան կերտիչներ սփիւռքի մէջ պահեցին նոյն տեսլականը. Լեւոն Շանթ, Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան եւ Կարօ Սասունի` բոլորն ալ տասնեակ տարիներով սերունդներ պատրաստեցին` Հայաստանը սիրելու, եռագոյնը պաշտելու, ծովէ ծով ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի պատմութիւնը շեշտելու:

Ահաւասիկ ա՛յս է խորհուրդը:

Մայիս 28-ի շունչով եւ ոգիով պէտք է շարունակենք մեր պայքարը` չզիջելու, չյանձնելու, պարտուողական եւ ընկճուած չմնալով:

Յաղթանակին պէտք է հաւատալ, որ կարենաս հասնիլ անոր:

 

 

Նախորդը

Օրհասական Վերածնունդ

Յաջորդը

Զանգե՜ր, Ղօղանջէ՛ք

RelatedPosts

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ

November 9, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Ինքնութիւն, Նկարագիր, Դիմագիծ

November 9, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.