Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրօն Եւ Ազգ Երբեք Իրարմէ Չենք Կրնար Բաժնել, Անոնք Զիրար Կ՛ամբողջացնեն». Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան

Յունիս 13, 2024
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Միշտ լսած ենք, որ եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած ու գործած են դպրոցներ, ասիկա առկայ է տարբեր ժամանակներու եւ աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ: Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն ունենալու եւ հայկական դպրոցներուն մէջ Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ լուսարձակ սփռելու միտումով ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը Սարգիս  Ա. քհնյ. Սարգիսեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞ր դարէն ծնած է գաղափարը եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու իրարու կից: Ո՞ր կառոյցը նախ կը կառուցուէր` եկեղեցի՞ն, թէ՞ դպրոցը:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Այս գաղափարը ծագում առած է 301 թուականին, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս ելաւ, սկսաւ Էջմիածինը կառուցել, քանդեց մեհեանները եւ դրաւ հիմքը Հայ եկեղեցւոյ: Երբ եկեղեցին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակեց, օրուան Տրդատ թագաւորին գործակցութեամբ, եկեղեցւոյ կողքին հիմնեցին դպրանոցներ (դպիրներու դպրոց): Նախքան գիրերու գիւտը` հոգեւորական ուսանողները Հայաստանէն կը ճամբորդէին օտար երկիրներ ուսանելու եւ կը վերադառնային` իրենց ուսուցմունքը ներկայացնելով համայնքին: Բայց երբ հայերէն գիրերու գիւտը եղաւ, հիմնուեցան դպրոցներ, որոնց մէջ դասաւանդուեցաւ հայերէնով: Մեր հոգեւոր հայրերը միշտ մտահոգ եղած են հայ ազգի զաւակներուն կրօնական դաստիարակութեամբ եւ ուսմամբ, այս պատճառով միշտ եկեղեցւոյ կողքին կառուցած են դպրանոցներ, որոնք հետագային վերածուած են դպրոցի:

Հ.- Լիբանանի մէջ ո՞ր մէկն է դպրոց-եկեղեցի հնագոյն կառոյցը:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հնագոյն եկեղեցին Սուրբ Նշան մայր եկեղեցին է, որուն կողքին կառուցուած է Սուրբ Նշան վարժարան:

Հ.- Հոգեւոր հովիւները ի՞նչ դեր կը կատարէին եւ ներկայիս կը կատարեն Լիբանանի հայկական վարժարաններէն ներս:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ժամանակին հոգեւոր հովիւներու դերակատարութիւնը աւելի մեծ էր, որովհետեւ եկեղեցականներուն թիւը աւելի էր, բայց ներկայիս նուազած է:

Ժամանակին իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ կար քահանայ կամ վարդապետ մը, եթէ ոչ իբրեւ ուսուցիչ, այլ` իբրեւ հոգեւոր հայր: Հետագային հոգեւոր հօր փոխարէն` դպրոցները ունեցան կրօնի ուսուցիչներ, իսկ դժբախտաբար այսօր գրեթէ գոյութիւն չունին անոնք, թէեւ դպրոցները կը փափաքին հոգեւորական մը ունենալ դպրոցին մէջ: Սակայն վարչական պարտականութիւնները շատ են, եւ հոգեւորականներուն թիւը` քիչ, այդ պատճառով անոնք առիթ չունին կատարելու այդ դերը: Բայց հոգեւորականները անպայման առիթներ կը ստեղծեն այցելելու դպրոցները` իրենց պատգամը տալու եւ ըլլալու աշակերտութեան հետ:

Հ.- Ի՞նչ դեր կը խաղայ եկեղեցին ազգային տօները հայկական վարժարաններուն մէջ նշելու առումով:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ազգային տօներուն գրեթէ ներկայ են դպրոցներուն մէջ, եւ կը հաւատանք, որ մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Կրօն եւ ազգ երբեք իրարմէ չենք կրնար բաժնել, անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, այդ պատճառով ալ այս հասկացողութեամբ պահած ենք մեր ինքնութիւնը մինչեւ այսօր, եւ վստահ եմ, որ պիտի պահենք տակաւին կրօն եւ ազգ մէկ ամբողջութիւն: Դպրոց եւ եկեղեցի, եկեղեցի եւ միութիւններ, եկեղեցի եւ ակումբներ` չենք զանազաներ իրարմէ, այլ զիրար ամբողջացուցած են ու կ՛ամբողջացնեն: Հոգեւորը, ազգայինը եւ աշխարհիկը իրարու հետ զուգահեռ եղած են, եւ այսպիսով մենք մեր միութիւնը պահած ենք:

Հ.- Ո՞ր տօնը անպայման կը նշուի, եւ մեր հոգեւոր հայրերը անպայման ներկայ կ՛ըլլան այդ առիթով:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հոգեւորականները իրենց մասնակցութիւնը  կը բերեն Վարդանանցի, Տեառնընդառաջի, Թարգմանչացի, Սուրբ Ծնունդի, Սուրբ Զատիկի տօներուն: Տարին երեք անգամ աշակերտները եկեղեցի կ՛երթան, կամ քահանան ինքը դպրոցը կ՛երթայ եւ սուրբ հաղորդութիւն կու  տայ աշակերտներուն` վերամուտին, Սուրբ Ծնունդին եւ Սուրբ Զատիկին:

Հ.- Լիբանանի հայկական վարժարանները, որոնք անձնական դպրոցներ են, այսինքն ուղղակի եկեղեցիին հետ չէ իրենց կապը, հոն ալ դերակատարութիւն ունի՞ք:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Կան վարժարաններ, ինչպէս` Ճեմարան, բարեգործական դպրոցներ, որոնք անմիջական կապ չունին եկեղեցւոյ հետ, այդ դպրոցներն ալ կ՛այցելենք: Մեծ պահքին, արեւագալին եւ հսկումին այս դպրոցի աշակերտները կ՛այցելեն եկեղեցի: Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մէջ հոգեւոր հայրը երկու շաբաթ անգամ մը բարձրագոյն դասարաններու հետ հանդիպում-զրոյցներ կ՛ունենայ: Ներկայիս ծրագիրներ կան այլ դպրոցներէ. անոնք կ՛ուզեն, որ  անպայման հոգեւոր հովիւ մը 15 օր անգամ մը կամ ամիսը անգամ մը այցելէ դպրոց եւ զրոյցներ ունենայ պատանիները մտահոգող հարցերու շուրջ:

Հ.- Ի՞նչ ձեռնարկներ կը ծրագրէ իրականացնել Հայ եկեղեցին` պահելու համար հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին ինքնութիւնը, որպէսզի անոնք չհեռանան իրենց արմատներէն:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ազգային առաջնորդարանը տարին երկու անգամ սեմինար կը պատրաստէ հայկական դպրոցներու հետ: Ունինք սեմինար մը աւանդութիւններու մասին` ներկայացնելու համար դերը հայ աշակերտին` պահելու հայկական աւանդութիւնները, նաեւ` ինչպէ՞ս ծագում առած են այդ աւանդութիւնները, ինչո՞ւ կը պահենք այդ աւանդութիւնները եւ ուրիշ նիւթեր` այս ծիրին մէջ:

Հ.- «Վանայ Ձայն»-էն կը սփռուի «Հաւատք եւ կեանք» յայտագիրը, ինչպէս նաեւ հայր սուրբեր անձնական իրենց հարթակներէն` Դիմատետր, Ինսթակրամ եւ այլ, կը ներկայացնեն Աստուածաշունչը, հայկական տօներու հետ առնչուող աւանդութիւնները, նոյնիսկ կ՛արձագանգեն Հայաստանի եւ Արցախի կապուած իրադարձութիւններուն: Այս բոլորը ինչպէ՞ս հասանելի կը դառնան հայ աշակերտին:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Յայտարարութիւններ կը ղրկենք դպրոցներու տնօրէնութիւններուն, որոնք, իրենց կարգին, շրջաբերականներով կապ կը պահեն ծնողներուն եւ աշակերտներուն հետ: Իսկ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը քաջալերէ քահանաներն ու վարդապետները, որ օգտագործեն համացանցը, որովհետեւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հասանելի միակ միջոցը համացանցն է` իր ընկերային ցանցերու տարբեր էջերով եւ արդի հարթակներով: Նաեւ կան քահանաներ, որոնք իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ հարթակներու միջոցով կը փորձեն հասնիլ երիտասարդութեան եւ աշակերտին, որովհետեւ անոնց հետաքրքրութիւնը այդ գործիքին վրայ է, եւ այդ էջերը ստուգած ատեն անպայման կ՛անդրադառնայ տուեալ նիւթերու: Հետաքրքրական է նաեւ, որ իբրեւ եկեղեցականներ` քայլ կը պահենք համացանցին հետ եւ կը փորձենք մենք մեր քարոզչութիւնը կատարել կարճ տեսանիւթերով, որովհետեւ երիտասարդն ու պատանին շատ համբերութիւն չունին, որ 4-5 վայրկեան տեւող տեսերիզ մը դիտեն: Եւ պահանջը կայ պատանիներուն կողմէ, որ շատնան այսպիսի ծրագիրներ համացանցային հարթակներուն վրայ:

Հ.- Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններուն մէջ Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս նեցուկ կը դառնայ հայ վարժարաններուն:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Շատ դժուար օրերէ եւ ծանր վիճակներէ անցանք, բայց շնորհիւ մեր բարերարներուն եւ ճերմակ ձեռքերուն, Լիբանանէ դուրս ապրող հայութեան, միութիւններու եւ  կազմակերպութիւններու միջոցով կրցանք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Ունինք պատիւը յիշելու նաեւ  մեր ուսուցիչները, որոնք համբերութհամբ եւ զիջումներ ընելով` մասնակից եղան դիմագրաւելու ծանր պայմանները: Վստահ եմ, որ յառաջիկային ալ պիտի յաղթահարենք բոլոր մարտահրաւէրները:

Հ.- Արդեօք Լիբանանի մէջ պատահա՞ծ է յատկանշական դէպք մը, երբ եկեղեցին մեծ դեր ունեցած է դիմագրաւելու համար այդ դժուարութիւնները:

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- 2020 թուականի օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը նիւթական հսկայական վնասներ պատճառեց ամէնուրեք: Վեհափառը անմիջապէս յանձնախումբ մը կազմեց, կազմակերպեց եւ կապի մէջ մտաւ դուրսի երկիրներուն հետ, մանաւանդ` Ամերիկայի, Քանատայի եւ Եւրոպայի հետ, որպէսզի անոնց նիւթական օժանդակութիւններով կարելի ըլլայ վերանորոգել եւ վերաշինել դպրոցներն ու 11 եկեղեցիները: Հրաշքի համազօր բան մըն էր, որ այդ եկեղեցիները եւ դպրոցները արդէն ինը ամիսէն բնական վիճակի վերադարձան:

Տնտեսական, նիւթական ծանր վիճակներուն, «Քորոնա» ժահրին, Լիբանանի դրամի արժէքի անկման իբրեւ հետեւանք` դպրոցներն ու եկեղեցին եւս ծանր վիճակի մատնուեցան: Այս դժուարութիւններուն ալ եկեղեցին նեցուկ կանգնեցաւ դպրոցին` շնորհիւ միութիւններու եւ բարերարներու:

Եկեղեցին միշտ ներկայ ու դերակատար է ժողովուրդին կեանքին մէջ, սակայն անոր դերը առաւել եւս կը շեշտուի տագնապներու ընթացքին, երբ կարիքները հսկայական կ՛ըլլան:

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Համար Պայքարն Է Սրբազան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճերի Ուեսթ Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?