Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 5-րդ Թիւը

June 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն իսկ հրապարակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի այս տարուան 5-րդ թիւը: Հետեւելով Հայաստանի համար ճակատագրական այս օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական իրադարձութիւններուն` «Դրօշակ»-ի առաջնորդողը եւ յաջորդող քաղաքական յօդուածը անդրադարձ կը կատարեն «Սրբազան շարժման» նշանակութեան` դէպի անդունդ գլորուող երկրի ներկայի ու ապագայի համար:

Վերջին շրջանին կարելի է հանդիպիլ վերլուծումներու, ըստ որոնց, այսօրուան եւ հարիւր տարի առաջուան հայոց երկրի մեծ կորուստները պայմանաւորուած են տուեալ ժամանակահատուածներու իշխանութիւններու հակառուս ու արեւմտամէտ քաղաքական ուղղութեամբ: Պատմաբան Անի Մելքոնեան փաստերով կ՛ապացուցէ, որ այս համեմատութիւնը բոլորովին անհիմն է, եւ որ նախորդ դարասկիզբին Հայաստան զոհ դարձաւ պոլշեւիկեան-քեմալական դաւին, մինչ ներկայիս թրքամէտ իշխանութիւնը արտաքին թելադրանքով կը հրաժարի երկրի ապահովական կռուաններէն եւ Հայաստանը կը վերածէ հակառուսական ճակատի:

Մարի Ռոզ Աբուսեֆեան իր յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի ներկայ բարոյաքաղաքական մթնոլորտին եւ համազգային ճիգով առկայ իրավիճակը յաղթահարելու անհրաժեշտութեան:

«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ կրկին անդրադարձ կայ սփիւռքի թեմային: Սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մասին իր մտորումները կը բաժնեկցի Սարգիս Մահսէրէճեան:

Ծաւալուն թղթակցութեամբ Հրազդան Զէյթլեան կը ներկայացնէ հայաստանեան հանրութեան քիչ ծանօթ ուսուցիչ, մտաւորական եւ պատմաբան-հետազօտող Սոնա Զէյթլեանը:

Վրէժ Արմէնի հերթական «Ընկերական զրոյցը» կը վերաբերի մարդուժ պատրաստելու հարցին: Եթէ փորձենք պահ մը անդրադառնալ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ այսօր ստեղծուած իրավիճակին` ակնյայտ կը դառնայ, թէ որքան կարեւոր ռազմավարական խնդիր է մարդուժի պատրաստութեան հարցը` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ սփիւռքի համար:

«Դրօշակ»-ի 2024-ի 5-րդ թիւը կարելի է ընթերցել այցելելով  https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/06/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-5-2024%D5%A9.pdf

Նախորդը

Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Մայիսի Խորհուրդն ու Ժամանակի Մարտահրաւէրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.