Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Հաստատուած Զինադադարէն Ետք Հազարաւոր Մարդիկ Կը Վերադառնան Իրենց Տուները` Հարաւային Լիբանան

December 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտանիքները սկսան իրենց տուները վերադառնալ` անտեսելով իսրայէլացի զինուորականներու նախազգուշացումը` չվերադառնալ տարածքներ, ուրկէ բռնի կերպով տարհանուած էին:

Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կնքուած զինադադարէն ետք ընտանիք մը կը վերադառնայ  իր գիւղը, Սուր, Լիբանանի հարաւը:

Երբ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադար հաստատուեցաւ, Լիբանանի մեծ մասին մէջ, առաջին անգամն ըլլալով, լռութիւն տիրեց 14 ամիսէ շարունակուող հակամարտութենէն ետք, որ պատճառ դարձաւ հազարաւոր մարդոց մահուան:

Հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած բնակիչները սկսան վերադառնալ իրենց տուները, չորեքշաբթի,  27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 4:00-ին հաստատուած զինադադարէն քանի մը ժամ ետք:

Թէեւ մտահոգութիւններ կային`  արդեօք զինադադարը պիտի պահպանուի՞ եւ պիտի դադարի՞ն Իսրայէլի բանակին եւ լիբանանեան զինեալ խմբաւորման միջեւ մարտերը, բայց եւ այնպէս, որոշ հանգստութիւն տիրեց միջերկրականեան այս փոքրիկ երկրին մէջ:

Հազարաւոր մարդիկ ուղղուեցան դէպի հարաւային Լիբանան` անտեսելով Իսրայէլի բանակի նախազգուշացումը, որ հեռու մնան նախապէս տեղահանուած տարածքներէն:

Ինքնաշարժները խցանեցին մայրաքաղաքը, յատկապէս` Պէյրութը հարաւին կապող մայրուղին, որովհետեւ մարդիկ կը վերադառնային իրենց տուները` ինքնաշարժներուն վրայ կապած իրենց իրերով: Երթեւեկը անդամալուծուած էր Սայտայի նաւահանգստային քաղաքի հիւսիսային մուտքին մօտ:

Տեղահանուած մարդիկ նաեւ սկսան վերադառնալ Սուր ափամերձ քաղաք` մոթոսիքլեթներով եւ ինքնաշարժներով:

Իսրայէլի բանակի բռնի տեղահանութեան եւ բիրտ ռմբակոծումի ռազմավարութիւնը լայնածաւալ էր, անիկա  կործանեց քաղաքներն ու համայնքները. այս կը նշանակէ, որ շատ մարդիկ հաւանաբար շատ բան չունին` վերադառնալու մղող:

Մինչ առաւօտը ողջունեց Պէյրութը, օր մը առաջ` զինադադարի նախօրեակին, Իսրայէլի կողմէ մայրաքաղաքին ստացած ծանր հարուածներուն պատճառած ծուխը նկատելի ու տիրական էր ամէնուրեք:

Արդարեւ, 26 նոյեմբէրին մայրաքաղաքին, շրջակայքի ու Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն բնակիչները դիմագրաւեցին պատերազմի սկիզբէն ամէնէն ուժգին հարուածները:

Ըստ տեղական իշխանութիւններուն, Իսրայէլի յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք` այս օրուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին սպաննուեցան առնուազն 42 քաղաքայիններ: Հըզպալլան նաեւ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ` յառաջացնելով նախազգուշացման ահազանգեր երկրի հիւսիսային մասին մէջ:

Նախորդ հոկտեմբերէն ի վեր, Կազայի դէմ պատերազմէն սկսեալ, առնուազն 3823 անձեր սպաննուեցան եւ 15,859 ուրիշներ վիրաւորուեցան Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն պատճառով:

Մարդիկ յաղթանակի նշաններ ցոյց տուին դէպի Սուրի գիւղեր իրենց վերադարձի ճամբուն վրայ: Որոշ հանգստութիւն տիրեց, բայց նաեւ կան մտավախութիւններ` արդեօք համաձայնութիւնը պիտի պահպանուի՞:
Տեղահանուած ընտանիքները իրենց ներքնակները կը տեղափոխեն եւ կը պատրաստուին վերադառնալու իրենց գիւղերը` Սայտա:
Պէյրութը հարաւային Լիբանանին կապող մայրուղիով հազարաւոր մարդիկ կը վերադառնան տուն` անտեսելով Իսրայէլի զինուած ուժերուն նախազգուշացումը` հեռու մնալ նախապէս տեղահանուած տարածքներէն
Ժողովուրդը կը տօնէ  Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարին լուրը Սայտայի մէջ` յոյսով, որ ասիկա ըլլայ Իսրայէլի յարձակումներու աւարտը լիբանանեան քաղաքներուն եւ գիւղերուն վրայ:
Բնակիչները կը վերադառնան հարաւային Լիբանան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հաղորդեց, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ Իսրայէլի ուժերուն դուրս գալը Լիբանանէն, զինադադարի հաստատման թուականին յաջորդած 60 օրերուն ընթացքին, իսկ Լիբանանի բանակը պիտի վերհսկէ երկրի հարաւային տարածքները`  ապահովելու համար, որ Հըզպալլա չվերականգնէ իր ուժերը:
Զինադադարը հանգստութիւն բերաւ միջերկարականեան այս երկրին մէջ, ուր  օդային  ծանրագոյն հարուածներ տեղացին եւ յարձակումներ գործուեցան վերջին ամիսներուն:
Մարդիկ ինքնաշարժներով կ՛անցնին փլատակ շէնքերուն մօտէն, երբ կը հասնին Սուր:

Թարգմանեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԵԱՆ

«Ժազիրա»   
27 նոյեմբեր 2024

 

Նախորդը

Ամէն Բերանը Բանալուն Փաշինեան Վնաս Կը Հասցնէ Հայաստանի Շահերուն

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Հալէպահայութեան

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.