Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակի Երկրաշարժի 36-Ամեակ. Արհաւիրքէն Ետք` Կեանք Ու Վերականգնում

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստան կը գտնուի երկրաշարժային գօտիի մէջ եւ պատմութեան ընթացքին յաճախ տուժած է երկրաշարժերէն:

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին աղիտալի եղած են յատկապէս Վայոց Ձորի երկրաշարժը` 735-ին, Դուինի 863-ի եւ յատկապէս 893-ի երկրաշարժերը, Երզնկայի քսանհինգ անգամ կրկնուած երկրաշարժերը` 1045-էն 1784, որոնց հետեւանքով քաղաքը քանի մը անգամ աւերուած է, Գանձակի երկրաշարժը` 1139-ին, Վանի 1648-ի ութ օր տեւած եւ յետոյ յետցնցումներով շարունակուած երկրաշարժը, Երեւանի 1679-ի երկրաշարժը, Արարատի 1840-ի երկրաշարժը, որուն ընթացքին Մեծ Մասիսի վեհի եզրին գտնուող Ակոռի գիւղը եւ Սուրբ Յակոբայ վանքը թաղուեցան ժայռաբեկորներու հաստ շերտի տակ, Լենինականի 1926-ի երկրաշարժը եւ Զանգեզուրի 1931-ի երկրաշարժը:

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի աղիտալի եղաւ Սպիտակի երկրաշարժը` 7 դեկտեմբեր 1988-ին, ժամը 11.41-ին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային գօտին քանի մը վայրկեանի ընթացքին աւերուեցաւ եւ երկիրը քաոսի մատնուեցաւ: Լրիւ կամ մասնակի աւերուեցան Լենինականը (Գիւմրի), Սպիտակը, Կիրովականը (Վանաձոր), Ստեփանաւանը եւ ընդհանուր առմամբ 21 քաղաք եւ 324 գիւղ:

Պաշտօնական տուեալներով զոհուեցաւ շուրջ քսանհինգ հազար հոգի եւ աւելի քան յիսուն հազար հոգի հաշմանդամ  դարձաւ: Մօտաւորապէս 530 հազար հոգի անօթեւան դարձաւ: Աղէտի գօտիին մէջ յայտնուած բնակչութիւնը կը հասնէր 970 հազար հոգիի:

Երկրաշարժին հետեւանքով երկրին տնտեսութիւնը ծանր հարուած ստացաւ: Աւերուեցաւ արդիւնաբերական 157 ձեռնարկութիւն: Այլ ձեռնարկութիւններ ալ կիսաւեր դարձան:

Քանդուեցան կամ կիսաւեր դարձան բազմաթիւ դպրոցներ, առողջապահական 416 հաստատութիւններ, 391 գրադարաններ, 349 ակումբներ եւ մշակութային տուներ, շարժապատկերի 42  սրահներ, 14 թանգարաններ եւ երկու թատրոններ:

Սարսափելի աղէտը վրայ հասաւ այն ժամանակ, երբ Արցախեան շարժման պայմաններուն տակ Ազրպէյճանի հետ սկսած էր զինուած հակամարտութիւնը, իսկ Սումկայիթի ջարդերուն յաջորդած էր Կիրովապատի (Գանձակ) ինքնապաշտպանութիւնը: Հայերու դէմ բռնութիւններն ու սպանութիւնները հետզհետէ լայն ծաւալ կը ստանային եւ օրէ օր Ազրպէյճանէն նոր տեղահանուածներ կը հասնէին Հայաստան:

Երկրաշարժին յաջորդող օրերուն ահաւոր վիճակ կը տիրէր Հայաստանի մէջ: Ամէնուրեք` աւերածութիւն, սառնամանիք, մարդիկ վրաններու տակ կը քնանային եւ կը փորձէին գտնել եւ փրկել իրենց հարազատները:

Սարսափելի ողբերգութիւնը գրաւեց Խորհրդային Միութեան եւ համայն աշխարհին ուշադրութիւնը: Մոսկուայէն Հայաստան ժամանեց յատուկ յանձնաժողովը` Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Նիկոլայ Ռիժքովի գլխաւորութեամբ: Խորհրդային Միութեան ղեկավարը Միխայիլ Կորպաչով դադրեցուց Միացեալ Նահանգներ իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ հասաւ Հայաստան: Աղէտի գօտի ժամանեցին հարիւրաւոր բժիշկներ եւ փրկարարներ` Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահագահներէն եւ այլ երկիրներէ: Օգնութեան ձեռք երկարեցին կազմակերպութիւններ, միջազգային կառոյցներ եւ անհատներ:

Քաղաքացիներու եւ փրկարարներու ջանքերով աւելի քան 45 հազար անձեր հանուեցան փլատակներու տակէն: Շուրջ 12 հազար 500 հոգի ալ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:

Հայրենի եւ սփիւռքի հայութիւնը երկրաշարժի առաջին ժամերէն համախմբուեցաւ եւ բազմակողմանի օգնութիւն ցոյց տուաւ աղէտեալներուն: Որբ մնացած երեխաները որդեգրուեցան եւ ոչ մէկ երեխայ անտէր մնաց: Սփիւռքէն մեծ քանակութեամբ սննդամթերք, հագուստ եւ դեղորայք ուղարկուեցաւ հայրենիք: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր` բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ, ճարտարապետներ մեկնեցան Հայաստան եւ անոնցմէ շատեր մնացին ու մասնակցեցան վերականգնողական աշխատանքներուն:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Առաջին Հայկական Վարժարանը` Հաւատարմագրուած Ամերիկեան Կազմակերպութեան Կողմէ

Յաջորդը

Սպիտակի Երկրաշարժի 36-րդ Տարելիցին Առիթով. Դեկտեմբեր 7-ի Խորհուրդը Պահե՛նք Եւ Չխեղաթիւրե՛նք

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?