Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտեսանելի Խոչընդոտներ

September 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Եու.Էն. Ուոմըն բաժանմունքը նոր հետազօտութիւններէ ետք վերջերս կատարեց ուսումնասիրութիւններ` փնտռելով այն անտեսանելի խոչընդոտները, որոնք շատ մը երկիրներու մէջ կիները հեռու կը պահեն ղեկավար պաշտօններէն, ինչ որ կը հեռացնէ կնոջ եւ այր մարդուն միջեւ գոյանալիք հաւասարութիւնը, որ կը կարծուի, թէ 2030-ին պէտք է իրագործուի (SDG 5)` հակառակ այն իրողութեան, որ կնոջ ղեկավարման բարելաւումը կը նկատուի քաղաքական կեանքի որոշումներու գործընթացին ընդմէջէն:

Տուեալներուն համաձայն (ՄԱԿ), ներկայիս խորհրդարաններու մէջ միջին հաշուով 27,5 տոկոսը միայն կիներ են, որոնք կը գործեն 28 երկիրներու մէջ: Այս կը նշանակէ, որ տակաւին 101 երկիրներ կին ղեկավարներ չեն ունեցած, նախարարական խորհուրդներէ ներս կիներու թիւը քառորդէն նուազ է, իսկ բարձրագոյն պաշտօններուն վրայ միայն 36 տոկոսը կիներ են, այդ ալ` ամէնէն զարգացած երկիրներուն մէջ:

Այս իրականութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրուի: Կան զանազան պատճառներ: Եթէ պիտի անդրադառնանք ընկերային մակարդակի անտեսանելի խոչընդոտներուն, պէտք է ըսել, թէ անոնք չգրուած կանոններ կամ սովորութիւններ են, որոնք իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ գոյութիւն ունին անզգալաբար, եւ որոնք պատճառ կը դառնան, որ կինը հեռու մնայ հասարակական կեանքէն, արգիլելով անոր մուտքը որոշում տալու սահմանէն ներս, խթանելով տղամարդոց գերիշխանութիւնը եւ ամրապնդելով խտրականութիւնը այր եւ կնոջ միջեւ:

Այս չգրուած կանոնները եւ սովորութիւնները խոր արմատներ ունին եւ յաճախ մշակոյթի եւ կրօնի պիտակին տակ համոզումներու կը վերածուին` վերափոխելով անձնական կարծիքներն ու ենթադրութիւնները: Այս անտեսանելի խոչընդոտները ինչպէ՞ս կրնան ճնշել կնոջ կարողութիւններուն վրայ եւ անուղղակիօրէն դուրս կը պահեն զանոնք քաղաքական ոլորտէն:

Հոս յիշենք, թէ ընտանիքներուն մէջ կնոջ մայրական դերակատարութիւնը, որ ինքնին շատ կարեւոր է, նաեւ` տնային աշխատանքը, քիչ ժամանակ կը ձգեն կնոջ` քաղաքական ասպարէզ մտնելու: Ասոր վրայ աւելցնենք այն, որ ընկերութեան մէջ մանկութենէն տրուած կրթութեամբ միշտ կը շեշտուի տղոց վճռական, յաւակնոտ եւ զօրաւոր ըլլալը, մինչ աղջիկներուն` հոգատար եւ ենթակայ:

Նաեւ յիշենք, որ նոյնիսկ եթէ կիները քաղաքական ասպարէզ մուտք գործեն, անոնց դերը կը սահմանափակուի կրթութեան եւ ընկերային գետնի վրայ, «մեղմ» պաշտօններ, մինչդեռ այր մարդոց կը տրամադրուի հեղինակաւոր կամ հզօր նկատուող ոլորտներ, ինչպէս` ռազմավարութիւն, պաշտպանութիւն, տնտեսագիտութիւն, սահմանափակելով կարեւոր որոշումներու տուչութիւնը միայն տղոց:

Դարձեալ ընտրութիւններու պարագային, կուսակցութիւններու կողմէ նիւթական մեծ գումարները կը ծախսուին այր մարդոց յաջողութեան համար, իսկ կիներուն կը տրամադրուին նուազ գումարներ` կասկածի տակ առնելով անոնց յաջողութիւնը եւ առաջնորդող կարողութիւնը քարոզչական գետնի վրայ: Մամուլով, պատկերասփիւռով կամ ընկերային ցանցով կիները պէտք է ճիգ թափեն իրենց կարողութիւնները ցոյց տալու, իսկ այր մարդոց աւելի գովասանական դիւրութիւններ կը տրամադրուին:

Այս իսկ պատճառներով կիները, յուսահատ` իրենց սահմանափակ յաջողութիւններէն, լռութեամբ ետ կը մնան: Մինչդեռ իրականութիւնը կը փաստէ, որ կիները իրենց որոշումներուն մէջ աւելի շինիչ եւ արդիւնաւէտ են: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ խորհրդարաններուն մէջ կիներու բարձր տոկոսը յառաջ կը մղէ յաջող օրէնքներու գործադրութիւնը զանազան մարզերու մէջ` առողջապահական, ընկերային, իրաւական իրաւունքներու հետապնդման, մանուկներու խնամքի, կենսաթոշակներու եւ, վերջապէս, սեռային հաւասարութեան գծով:

Սակայն այնքան ատեն որ քաղաքականութիւնը կը պահէ այս աշխարհը` որպէս տղամարդոց աշխարհ, ժողովրդավարութիւնը կը մնայ թերի եւ անկատար, ինչպէս նաեւ կիներու նկատմամբ առկայ բռնութիւնները` քաղաքական թէ ընկերային մարզերու մէջ, կը շարունակուին:

Արդեօք կարելի՞ է այս խոչընդոտները յաղթահարել եւ շրջանցել: Այո՛, կարելի է փոփոխութիւն բերել, սակայն ընկերային աշխարհին մէջ այս անտեսանելի խոչընդոտներու, օրէնքներու եւ սովորութիւններու շրջանցումը ժամանակի կը կարօտի, ուստի ակնթարթի մը մէջ չեն փոխուիր անոնք, որովհետեւ նման բան մը մտայնութեան փոփոխութեան, յարատեւ աշխատանքի, քարոզչութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունի:

Եու.Էն. Ուոմընի հետազօտութիւնները ցոյց կու տան որոշ ուղղութիւններ այս թաքնուած եւ կաղապարուած ընկերային սովորութիւնները փոխելու` որոշ մօտեցումներով: Կ՛առաջարկեն կիներու եւ աղջիկներու առօրեայ իրականութիւններու փոփոխութիւնը: Ցարդ կիները չեն կրնար քաղաքական կեանք մտնել, երբ բռնութիւնը կը տիրէ իրենց շրջապատին մէջ, օրինակ նիւթական օժանդակութեան պակասը, խնամքի, պարտականութիւններու չգոյութիւնը: Փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ կիները հասանելիութիւն կ՛ունենան կարելիութիւններու, ծառայութեան եւ անվտանգութեան ապահովութեան: Այս բոլորը պէտք է հիմնաւորուին յստակ, արձանագրուած օրէնքներով: Եւ որպէսզի այդ օրէնքները գործադրուին, կարեւոր է հանրային, պետական օգնութիւնը եւ կիներու շարունակական պաշտպանութիւնը:

Հրամայական է նաեւ վերաձեւաւորել ընկերային բոլոր սովորութիւնները: Ասիկա կը նշանակէ աջակցիլ բոլոր կիներուն, ինչպէս նաեւ` լուսանցքայնացածներուն, առաջնորդելու, վարչական աշխատանքներ տանելու եւ մնայուն կերպով զօրացնելու իրենց ունեցած կարողութիւնները: Նաեւ` ամրապնդելով կնոջական դրական քաղաքական շարժումները եւ նոր նախագիծներ պատրաստելով այդ ուղղութեամբ:

Այս աշխատանքը կը տարուի ներկայիս Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կնոջական բաժանմունքին կողմէ, որ կը ֆինանսաւորէ կազմակերպութիւնները` ամրապնդելով կնոջական շարժումները,  բարեփոխելով տեղւոյն ուսումնական կառոյցները, առաջնորդելով կիները ղեկավար պաշտօնի ու վերապատրաստելով զանոնք խորհրդարանական եւ քաղաքական ոլորտին մէջ, ինչ որ անուղղակի կերպով կ՛օգնէ կասեցնելու կնոջ դէմ գոյացած բռնութիւնը տարբեր մարզերու մէջ:

Եզրափակելով` կիները պէտք է քաջաբար նետուին քաղաքական ասպարէզ` իրենց ուսումով զինուած, եւ չվախնան անտեսանելի խոչընդոտներէն ու մարտահրաւէրներէն, որովհետեւ այր մարդոց հետ հաւասար, կողք-կողքի կրնան աշխատիլ` աշխարհը վերածելու աւելի լաւ մոլորակի մը, ուր կը տիրեն սէր, խաղաղութիւն եւ նուաճումներ: Այս դարու արհեստական բանականութեան գիւտերով կարելի է շատ օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցել, որովհետեւ ներկայիս, դժբախտաբար, պատերազմ, կռիւ, բռնաբարութիւն եւ զանազան վայրագութիւններ արդէն կը տիրապետեն աշխարհի չորս կողմը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ են կլիմայական աղէտները, որոնք մեծ վնասներ կը գործեն ամէնուրեք:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 3 Սեպտեմբեր 2026)

Յաջորդը

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.