Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Չորցած Նարինջին Պէս Սրբացած Յիշատակները

September 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Կը պատմէ վաղեմի ընկերս` Պօղոս Ճապրայեան (Ճապրիկը):

Աշնանային օրուան մը երեկոյեան, որսորդական սովորութեան համաձայն, Պօղոսն ու քանի մը ընկերներ, մթնշաղին, մեր ծննդավայր Այնճար գիւղէն ճամբայ կ՛ելլեն դէպի գիւղի խնձորենիներու պարտէզները` արծուանման թռչուն` փիրճուն որսալու:

Հոգելոյս հայրս ու մայրս աշխատասէր, տիւ ու գիշեր իրենց քրտինքովը հաց վաստակող մարդիկ էին:

Իրենց բնօրրանէն` Մուսա Լեռէն, համագիւղացիներուն հետ բռնի տեղահանուած եւ գաղթականութեան դառն ճամբաներէն անցնելով` հաստատուած էին Լիբանանի Այնճար կոչուած փոշիածածկ տափաստանին վրայ:

«Աշխատասէր» բառը, որ հայրս ու մայրս կը բնորոշէր, նոյնքան կը պատշաճէր նաեւ  բոլոր համագիւղացիներուն: Անոնց ճակատներէն հոսած քրտինքով, անոնց անխոնջ աշխատանքով ու հաւատքով 1939-ին փոշիի ու քարերու այդ անշուք տափաստանը վերածուեցաւ դալարագեղ այգեստաններու` պտղատու ծառերով, կանաչութեամբ ու կեանքով շնչող նոր ու չքնաղ հայրենիքի մը:

Այդ երեկոյ, պարտէզի աշխատանքէն յոգնած հայրս, իր իշուն վրայ նստած, մթնշաղին մէջ կը վերադառնար տուն:

Պօղոսը հեռուէն կը նշմարէ հօրս ստուերը եւ բարձրաձայն կը բարեւէ` բարեւ անուանակից մեր Մուսա Լերան բարբառով.

– Բէրի իրիկօն, էվընկէ՛ջ:

Բարեւէն անմիջապէս ետք, առանց տատամսելու, որսորդական պայուսակէն մեծ նարինջ մը կը հանէ եւ կը փորձէ հրամցնել հօրս` իր անուանակիցին:

Հայրս կը պատասխանէ.

– Տղա՛ս, ես շուտով տուն պիտի հասնիմ, իսկ մեր տունը նարինջ ունինք: Այդ նարինջը քեզի պէտք կ՛ըլլայ: Կը ծարաւնաս, կ՛ուտես եւ կ՛օգտուիս:

Պօղոս կը պնդէ, բայց հայրս դարձեալ կը մերժէ:

Այդ ատեն ընկերս իր խորամանկ ու խոհեմ ժպիտով լիբանանեան մեծ նարինջին համար կ՛ըսէ.

– Եթէ քեզի ըսեմ, թէ այս նարինջը ուրկէ է, վստահ եմ` պիտի չմերժես զայն:

Հայրս պահ մը կը լռէ ու կ՛ըսէ.

– Վա՜յ, տղաս Պօղոս… Չըլլայ թէ այս նարինջը…

– Այո՛, ճիշդ կռահեցիր ամմօ Պօղոս,- կը պատասխանէ ընկերս Ճապրիկը:- Ճէպէլ Մուսայէն է:

Այդ պահուն հայրս յուզախառն զգացումով մը ձեռքը կ՛երկարէ եւ գուրգուրանքով ու շնորհակալ սրտով կը վերցնէ նարինջը:

Այդ նարինջը այլեւս սովորական նարինջ մը չէր:

Անիկա Մուսա Լեռէն եկած եւ իր քովը հասած նարինջ մըն էր:

Տարիներ անց, Այնճարի Համազգայինի «Սեւումեան» թատերախումբի փորձերէն մէկուն դադարի պահուն, ընկերներն ու ընկերուհիները զուարճախօսութեամբ զիրար կը զուարճացնէին: Վաղեմի ընկերս` Պօղոսը, որսորդական այդ ճամբուն վրայ պատահած դէպքը դերասանական ու համեմուած ոճով կը պատմէ իր դերասան խաղընկերներուն:

Յանկարծ քոյրս` Անի՛ն, ցնցուած, կը բացագանչէ.

– Վա՜յ, Պօղոս, չըլլայ թէ այդ չորցած նարինջը, որ մեր ապակեայ գրադարանին մէջն է, քու տուած նարինջդ ըլլայ: Հայրս զայն միշտ գուրգուրանքով այնտեղ կը պահէր: Ամէն անգամ, երբ գրադարանէն գիրք մը կը վերցնէր, արցունքախառն աչքերով ու ակնածանքով կը նայէր Մուսա Լերան լանջերէն «բերուած» այդ չորցած նարինջին…

Արուեստասէր սիրողական դերասանները պահ մը կը քարանան:

Լռութիւնը կը խորանայ:

Պօղոսը` յուզուած, գրեթէ շշուկով մը կ՛ըսէ.

– Անի՛, պիտի խնդրեմ, շատ պիտի խնդրեմ` այս մէկը երբեք չբացայայտես հօրդ,- արցունքներու քանի մը կաթիլներուն հետ միասին:

Այդ չորցած նարինջը տարիներ շարունակ մնաց մեր տան ապակեայ գրադարանին մէջ:

Բայց իրականութեան մէջ անիկա գրադարանին մէջ չէր միայն:

Անիկա հօրս սրտին մէջ էր:

Նարինջը Մուսա Լերան կորուսեալ տունն էր, մանկութեան արահետն էր, հայրենի նարնջենիներուն ու հողին բոյրն էր, ձորերուն ու աղբիւրներուն յիշատակն էր, ծննդավայրի կարօտն էր: Անիկա այն աշխարհն էր, որ բռնութեամբ խլուած էր իրմէ ու իր համագիւղացիներէն, բայց հայրս երբեք չէր ձգած, որ իր հոգիէն խլուին Մուսա Լեռն ու իր բնօրրանը:

Եւ այսպէս, հայրս իր գիտակից կեանքի ընթացքին, իր ընտանիքին համար տարբեր երկինքներու տակ չորս տուն կառուցեց` հաւատքով, աշխատանքով եւ անսահման զոհողութեամբ: Բայց աւա՜ղ, ինքն ալ, ընտանիքին հետ միասին, մնաց տարագիր եւ իր մահկանացուն կնքեց Քանատայի օտար երկնքին տակ` իր հոգիին խորքը պահած Մուսա Լերան անմար կարօտը:

Անգին հա՛յրս, ննջէ՛ խաղաղութեամբ:

Թող Քանատայի հողը, որ իր օտար երկինքին տակ ընդունեց քու բազմաչարչար մարմինդ, գուրգուրանքով գրկէ քեզ` որպէս արժանաւոր զաւակը այն մեծ ժողովուրդին, որուն պատմութիւնը գրուած է տեղահանութեան, կորուստի ու տառապանքի էջերով, բայց նաեւ` հաւատքով, աշխատանքով, յիշողութեամբ եւ վերապրելու աննկուն կամքով:

Եւ թող այն չորցած նարինջը, որ ժամանակին Մուսա Լերան լանջերէն հասաւ քու ձեռքդ, այսօր ալ շարունակէ իր լուռ վկայութիւնը տալ:

Որովհետեւ անիկա այլեւս նարինջ մը չէ միայն:

Անիկա Մուսա Լեռն է:

Անիկա կորուսեալ հայրենիքն է:

Անիկա հայուն չմարող կարօտն է ու մեր պապերուն անմոռաց յիշատակը:

Եւ աւելի՛ն. անիկա հայ ժողովուրդի յաւերժական երթին խորհրդանիշն է, որ որքան ալ տեղահանուի, որքան ալ հողմակոծուի ու ցրուի աշխարհի չորս ծագերուն, իր արմատները երբեք չի մոռնար եւ իր հայրենիքը երբեք իր սրտէն դուրս չի հաներ:

Մեր ժողովուրդը կրնայ տուն կորսնցնել, բայց տուն շինելու իր կամքը` երբեք:

Կրնայ հող կորսնցնել, բայց հայրենիքի յիշողութիւնը` երբեք:

Կրնայ աշխարհով մէկ ցրուիլ, բայց իր ինքնութիւնը կորսնցնել` երբեք:

Եւ քանի դեռ հայը իր սրտին մէջ կը պահէ այդ չորցած նարինջին պէս սրբացած յիշատակները, Մուսա Լեռը պիտի ապրի, հայրենիքի կարօտը պիտի ապրի, եւ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ ու վերածաղկիլ` սերունդէ սերունդ, յիշողութենէ յիշողութիւն, սրբազան հողէն մինչեւ երկինք:

Թորոնթօ

 

Նախորդը

Ակնարկ. «Աշխուժ Փուլ»-ի Աւարտ` Նոյեմբերին Ընդառաջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Սեպտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.