Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքը Խաչմերուկի Վրայ. Համահայկական Վերածնունդի Ճանապարհը

Համահայկական Վերաիմաստաւորումի Եւ Գործողութեան Ժամանակը

September 5, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ 

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր պատմութեան մէջ կ՛ունենայ պահեր, երբ ստիպուած կ՛ըլլայ կենալ, շրջապատին նայիլ եւ ինքն իրեն հարց տալ` ո՞ւր կը գտնուինք, ո՞ւր կերթանք եւ ի՞նչ ճամբայ պէտք է ընտրենք: Երէկի լուծումները կորսնցուցած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը, մինչդեռ նոր իրականութիւնը կը պահանջէ նոր մտածողութիւն:

Այսօր սփիւռքահայութիւնը կը գտնուի այդպիսի փուլի մը առջեւ:

Տասնամեակներ շարունակ մենք սփիւռքը դիտած ենք իբրեւ հզօր եւ հաստատուն իրականութիւն:   Թերեւս կը կարծէինք, թէ ան պիտի շարունակէր գոյատեւել նոյն ձեւով, ինչպէս գոյատեւած էր անցեալ դարուն: Սակայն աշխարհը արմատապէս փոխուած է: Համաշխարհայնացումը, զանգուածային հաղորդակցութիւնը, տնտեսական շարժունակութիւնը, խառն ամուսնութիւններու աճը եւ նոր ընկերային միջավայրերը ստեղծած են բոլորովին այլ պայմաններ:

Հետեւաբար անհրաժեշտ է ընդունիլ մէկ ճշմարտութիւն.

Սփիւռքը այսօր այն չէ, ինչ որ մենք կը ճանչնայինք յիսուն կամ հարիւր տարի առաջ:

Սփիւռքը խառնարան մըն է, ուր լեզուներ, մշակոյթներ, սովորութիւններ եւ արժէքային համակարգեր իրարու կը հանդիպին ամէն օր եւ կը  խաչաձեւեն զիրար: Այդ հսկայական հոսանքին մէջ հայ ընտանիքը կը պայքարի հայ պահելու իր զաւակները, հայկական վարժարանը կը պայքարի աշակերտ պահելու, հայկական կազմակերպութիւնները կը պայքարին երիտասարդներով համալրելու իրենց շարքերը:

Վերոնշեալ պայքարը իրողութիւն է: Պէտք է ըլլանք արդար:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, հոգեւոր կեդրոնները, մշակութային միութիւնները, մարզական ակումբները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները վիթխարի աշխատանք կատարած են  վերջին հարիւր տարիներուն:

Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այս իրողութիւնը:

Բայց երախտագիտութիւնը չի նշանակեր հրաժարիլ ինքնազննութենէ:

Ժողովուրդները կ՛ապրին այնքան, որքան կ՛ունենան իրենց վիճակը վերագնահատելու խիզախութիւն:

Հարցը այսօր այն չէ, թէ կազմակերպութիւններ ունի՞նք, թէ՞ ոչ: Հարցը հետեւեալն է` արդեօ՞ք այդ բոլոր ուժերը կը շարժին մէկ ընդհանուր ազգային տեսլականով:

Շատ անգամ կը թուի, թէ իւրաքանչիւր կառոյց իր սահմաններուն մէջ կը գործէ, ունի սեփական օրակարգը, իւրովի կը լուծէ խնդիրները: Սակայն  ընդհանրապէս կը բացակայի համայնապատկերը դիտող, համակարգող միտքը:

Այս պարագային մեր ջանքերը կը նմանին առանձին-առանձին   թիավարող մակոյկներուն, որոնք նոյն ծովուն մէջ նաւարկելով հանդերձ, չունին ընդհանուր ուղղութիւն:

Մեր առջեւ կանգնած վտանգը  աստիճանաբար ձեւաւորուած եւ խորացած  իրողութիւն մըն է: Քայքայումի տանող նահանջ:

Ամէն ընտանիքի մէջ` քիչ մը: Ամէն սերունդի մէջ`  քիչ մը: Ամէն գաղութի մէջ` քիչ մը: Այսօր  մեր  զաւակներէն շատեր չեն  կարդար, չեն խօսիր  հայերէն: Վաղը ուրիշ մը կը դադրի հայկական դպրոց յաճախելէ: Մէկ  գեղեցիկ օր երիտասարդ մը կը հեռանայ համայնքային կեանքէն:

Տարիներ ետք սերունդ մը ամբողջ անմիջականութիւն  պիտի չզգայ հայկական միջավայրի մէջ:

Այս գործընթացը թերեւս տեղի կ՛ունենայ անձայն, անաղմուկ, բայց ժամանակի ընթացքին անոր հետեւանքները շատ աւելի ծանր կրնան կշռել, քան` տեսանելի բազմաթիւ հարուածներ:

Խոր մտահոգութիւն ունինք նաեւ պատասխանատուութեան ընկալման շուրջ:

Ազգային կեանքը, սակայն, չի պահպանուիր հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Ան կը պահպանուի մասնակիցներով:

Այս մտածումներէն կը ծնի համասփիւռքեան   ռազմավարութիւն մշակելու առաջարկ մը:

Ոչ թէ` հերթական հանդիսութեան: Ոչ` գեղեցիկ բանաձեւեր արձանագրելու: Ոչ` լուսանկարներու համար կազմակերպուած համաժողով: Ոչ` հայրենասիրութեան բաժակաճառերու մրցանք մը: Այլ` աշխատանքի, յանձնառութեան խորհրդաժողով մը: Խոր, գիտական եւ պատասխանատու աշխատանքի  կոչ մը:

Իմ համոզումով, այս նախաձեռնութեան համար ամէնէն յարմար հարթակը անկասկած պիտի  դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Պատճառը պարզ է:

Ան ունի համահայկական հոգեւոր հեղինակութիւն, միջազգային կապեր եւ պատմական փորձառութիւն: Ան կրնայ հրաւիրել տարբեր ուղղութիւններու ներկայացուցիչներ` առանց զանոնք պարտադրաբար ենթարկելու կուսակցական կամ հատուածական տրամաբանութեան:

Այդ հովանաւորութեան ներքեւ պէտք է համախմբուին` կրթագէտներ, համայնքագէտներ, ժողովրդագէտներ, մշակութաբաններ, տնտեսագէտներ, հաղորդակցութեան մասնագէտներ, երիտասարդական կառոյցներու պատասխանատուներ եւ փորձառու ազգային գործիչներ:

Անոնք պէտք է նախ կատարեն ճշգրիտ ախտորոշում:

Ինչո՞ւ եւ դէպի ո՞ւր կը նահանջէ հայերէնը:

Ինչո՞ւ եւ ո՞ւր կը տկարանայ հայկական դպրոցը:

Ինչո՞ւ կը  ծերանան գաղութները:

Ինչո՞ւ եւ ո՞ւր  կը հեռանայ  երիտասարդութիւնը համայնքային կեանքէն:

Ի՞նչ միջոցներով կարելի է վերականգնել ազգային կեանքին   ներգործական մասնակցութիւնը:

Այս հարցումներուն պատասխանները պէտք է հիմնուին ուսումնասիրութիւններու վրայ եւ ոչ` ենթադրութիւններու:

Այդ խորհրդակցութենէն պէտք է ծնունդ առնէ համազգային ռազմավարական ծրագիր մը:

Այդ ծրագիրը կրնայ ներառել հետեւեալ հիմնական ուղղութիւնները.

– Հայ ընտանիքի ամրապնդում,

– Հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտներ,

– Թուային կրթական հարթակներու ստեղծում,

– Համաշխարհային հայկական դպրոցներու համագործակցային ցանց,

– Երիտասարդ ղեկավարներու պատրաստութիւն,

– Գաղութներու միջեւ փորձառութեան փոխանակում,

– Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր  գործելաոճ,

– Մշակութային եւ լրատուական միասնական նախաձեռնութիւններ:

Հեռանկարային ազգային ծրագիր  մը: Թերեւս ոմանք ներկայացուող ծրագիրը չափազանց իտէալական համարեն:

Թերեւս ըսեն` իրականութիւնը աւելի դժուար է:  Այո՛, դժուար է: Թերեւս ըսեն` անգործնական է: Սիրո՛վ: Թող գործնականը առաջարկեն:

Բայց պատմութեան ընթացքին մեծ նախաձեռնութիւնները միշտ սկսած են քանի մը մտահոգ մարդոց համարձակ գաղափարէն:

Ապագան կը կերտուի այն պահուն, երբ ժողովուրդ մը դադրի միայն անցեալը յիշելէ եւ սկսի  ծրագրել  ապագան:

Այսօր մեզի անհրաժեշտ ռազմավարութիւն, կազմակերպուած աշխատանք պէտք է եւ ո՛չ  փոխադարձ մեղադրանք, այլ` հաւաքական  պատասխանատուութիւն:

Եթէ այս գիտակցութիւնը արմատանայ, համաշխարհային հայկական ուժի կրնայ վերածուիլ սփիւռքը:

Իսկ եթէ շարունակենք բաւարարուիլ տեղքայլով, ժամանակը կամաց-կամաց պիտի կատարէ այն, ինչ թշնամիները ձախողեցան դարերով:

Հետեւաբար մեր ընտրութիւնը պատմական է:

Պահպանել ներկայ ընթացքը եւ յետաձգե՞լ որոշումները, թէ՞ համախմբել ազգային միտքը, մշակել երկարաժամկէտ ծրագիր եւ նոր շունչ հաղորդել սփիւռքահայութեան:

Ա.- Սփիւռքը Այլեւս Դասական Սփիւռքը Չէ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մեծ մասամբ, նաեւ գաղթի պատմութիւն է: Դարեր շարունակ հայերը հեռացած են իրենց բնօրրաններէն` երբեմն տնտեսական դժուարութիւններու, երբեմն քաղաքական ճնշումներու, իսկ շատ յաճախ բռնագաղթի եւ կոտորածներու պատճառով: Այդ ցրուածութիւնը ծնունդ տուաւ այն իրականութեան, զոր  մենք կը կոչենք սփիւռք:

Սակայն «սփիւռք» բառը, որքան ալ ծանօթ հնչէ, այսօր այլեւս  չունի այն բովանդակութիւնը, ինչ որ ունէր անցեալ դարուն: Մեր մտածողութիւնը տակաւին մեծ մասամբ հիմնուած է այն պատկերին վրայ, որ կազմաւորուեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ հարիւր հազարաւոր հայեր հաստատուեցան Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի տարբեր երկիրներու մէջ: Այդ սերունդները իրենց հետ բերած էին` միասնական յիշողութիւն, նոյն լեզուն, նոյն ցաւը եւ նոյն ազգային նպատակը: Անոնք գաղութներ չկառուցեցին միայն բնակելու համար. անոնք կերտեցին փոքրիկ Հայաստաններ` դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով, մամուլով եւ մշակութային կեդրոններով:

Այդ շրջանի սփիւռքը կը բնորոշուէր մէկ հիմնական առանձնայատկութեամբ. ինքնութեան  պահպանումը կը կազմէր առօրեայի բնական միջավայրը: Երեխան հայերէն կը լսէր` տան մէջ, դպրոցին մէջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ համայնքային ձեռնարկներուն ընթացքին: Ազգային ինքնութիւն կը  բուրէր  միջավայրը:

Այսօր զգալիօրէն փոխուած է պատկերը:

Համաշխարհայնացումը բացած է սահմանները, արագացուցած է մարդկային տեղաշարժերը եւ բազմապատկած է մշակութային ազդեցութիւնները: Թուային աշխարհը, ընկերային ցանցերը եւ միջազգային կրթական ու մասնագիտական միջավայրերը նոր սերունդը կը դաստիարակեն բազմալեզու եւ բազմամշակութային պայմաններու մէջ: Հայ երիտասարդը ամէն օր կը հաղորդակցի աշխարհին հետ շատ աւելի, քան  երբեւէ կրնային  իր ծնողները կամ մեծ հայրերը:

Այս երեւոյթը ինքնին բացասական չէ: Ան կը ստեղծէ գիտական, տնտեսական եւ մշակութային նոր հնարաւորութիւններ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը խորացնէ  ինքնութեան պահպանման դժուարութիւնը: Այն, ինչ որ երէկ բնական էր, այսօր կը պահանջէ գիտակից ընտրութիւն եւ հետեւողական աշխատանք:

Հետեւաբար ներկայ սփիւռքը կարելի է բնութագրել խառնարանային սփիւռք: Անիկա բազմազան ազդեցութիւններու կեդրոն է, ուր շարունակաբար այլ ինքնութիւններու կը հանդիպի հայ ինքնութիւնը: Այս հանդիպումը երբեմն կը հարստացնէ, երբեմն ալ կը թուլացնէ ազգային կապերը: Հարցը այն չէ, թէ գոյութիւն ունին տարբեր մշակոյթներ, այլ` հայութիւնը որքանո՞վ կազմակերպուած է իր սեփական արժէքները նոր սերունդին փոխանցելու համար:

Անցեալին հայկական գաղութները ունէին աշխարհագրական կեդրոններ, ուր համայնքային կեանքը բնական կերպով կը զարգանար: Այսօր շատ ընտանիքներ ցրուած են մեծ քաղաքներու տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ երիտասարդներու առօրեան աւելի շատ կը ձեւաւորուի համաշխարհային թուային միջավայրին մէջ, քան` տեղական հայկական շրջանակներուն: Արդիւնքը` ազգային ինքնութիւնը այլեւս չի պահպանուիր աւանդութեան ուժով. անիկա կը պահպանուի գիտակցութեամբ, կազմակերպուած կրթութեամբ եւ մշակութային ներգրաւուածութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ սխալ պիտի ըլլայ ներկայ սփիւռքի մարտահրաւէրները գնահատել անցեալ դարու չափանիշներով: Նոր իրականութիւնը կը պահանջէ նոր ոճ, նոր մեթոտներ եւ նոր ռազմավարութիւն: Երէկուան յաջողութիւնները արժանի են յարգանքի, բայց անոնք ինքնաբերաբար չեն երաշխաւորեր վաղուան գոյապայքարը:

Ուստի իրականութիւնը իր անունով կոչելն է առաջին քայլը: Մենք գործ ունինք այլ փուլի, այլ հասարակական պայմաններու եւ այլ սերունդի հետ: Այս գիտակցութենէն միայն կրնայ ծնիլ այն ազգային վերականգնումը, որուն կարիքը այսօր աւելի մեծ է, քան երբեւէ:

(Շար. 2)

***

(Շար. 1)

 

 

Նախորդը

Երջօ Սամուէլեան` Մարդը, Որ Կը Հաւատար Լիբանանահայութեան Ապագային

Յաջորդը

Փարիզի Քաղաքապետարանի Շէնքին Վրայ Կը Ցուցադրուին Պաքուի Մէջ Պահուող 19 Հայ Գերիներուն Դիմանկարները

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.