Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում 25 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 131-ամեակի նշում, որ սկսաւ «Մշակ բանուոր»-ով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին արցախեան պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն, նաեւ յաւերժութեան միացած գաղափարական ընկերներուն յիշատակը: Օրուան հաղորդավարն էր Արտոյտ Զոհրաբեանը, որ սկիզբը բեմ հրաւիրեց Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Արամ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում Քեմպրիճի Մէջ Ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ին Քեմպրիճի «Արարատ» երիտասարդական կեդրոնին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակը: Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Շողեր Աշգարեան, խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած դաշնակցական ընկերներուն եւ բոլոր նահատակներուն: Ապա իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դոկտ. Հուրի Ազէզեանի 35-Ամեայ Վաստակին Յիշատակումը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 26 նոյեմբերին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, մտաւորական դոկտ. Հուրի Ազէզեանի գրական ստեղծագործական 35-ամեայ վաստակին: Բացման խօսքով Ժիրայր Կարապետեան լուսարձակի տակ առաւ դոկտ. Հուրի...

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ  Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական  Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, ուրբաթ, 10 եւ շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին մասնակցեցաւ Յունաստանի «Քորֆօ» կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն: Պատուիրակութեան անդամներն էին Ժիրայր Ռէյիսեան, Մարի Պիթար, Թոնի Հաննա, Մահեր Աուըրմա եւ Իսքենտեր Հատտատ: Ժողովներուն ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիացի Նահատակներուն Ընտանիքները Պարգեւատրուեցան Հաւատարմութեան Շքանշանով Հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ Մահմուտ Ապտուլ Ուահապ Շաուայի,  գործակցաբար Հալէպի նահանգապետարանի Նահատակներու հարցերու տնօրէնութեան, 27 նոյեմբերին «Ասատ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ 1000 սուրիացի նահատակներու ընտանիքներու: Գնդապետ Շաուա սուրիական բանակի հրամանատարութեան անունով յայտնեց, որ նման հանդիսութիւն Հալէպի մէջ կազմակերպելը մեծ նշանակութիւն ունի,...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Մատրիտի Մէջ Կը Մասնակցի Միջազգային Խորհրդարանական Միիութեան 143-րդ Վեհաժողովին

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Մատրիտի Մէջ Կը Մասնակցի Միջազգային Խորհրդարանական Միիութեան 143-րդ Վեհաժողովին

Սուրիոյ խորհրդարանի փոխնախագահին ղեկավարած սուրիական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը 25-30 նոյեմբերին մասնակցեցաւ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային Խորհրդարանական Միութեան 143-րդ վեհաժողովին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ներկայ գտնուեցաւ «Գլխաւոր Քարտուղարութեան» նիստերուն եւ ելոյթներ ունեցաւ մշտական մէկէ աւելի յանձնաժողովներու ընթացքին, ինչպէս` «Կին Խորհրդարանականներու Ֆորում»ին, «Ժողովրդավարութիւն եւ Մարդու Իրաւունքներ» յանձնաժողովին, և «Միջկրօնական Երկխoսութիւն» խմբակի նիստին, ուր ան կեդրոնացաւ Սուրիոյ...

Հաղորդագրութիւն.  Տիեզերական Աղօթք Եւ Հանդիպում Ֆրանսիս Պապին Հետ

Հաղորդագրութիւն. Տիեզերական Աղօթք Եւ Հանդիպում Ֆրանսիս Պապին Հետ

Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին, Կիպրոսի Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոսին եւ Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ «Սուրբ Խաչ» Լատին եկեղեցւոյ մէջ տիեզերական աղօթքի արարողութեան Հռոմի Պապի եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք՝ Բիեռպաթիսթա Բիզապալլայի հանդիսապետութեամբ ու մասնակցութեամբ խումբ մը կղզին ապաստանած գաղթականներու եւ փախստականներու: Աղօթքի արարողութենէն ետք, Շուէտի դեսպանութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Աւստրիա Հերոս Մոսիկ Սէքլէմեանի Յիշատակի Ոգեկոչում Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ պատարագին, տեղի ունեցաւ նահատակութեան Ա. տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօն Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած, Արցախի համար անմահացած հերոս Մոսիկ Սէքլէմեանի: Ներկայ էին նահատակ Մոսիկ Սէքլէմեանի ծնողքն ու հարազատները: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք «Մոսիկ Սէքլէմեան» անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախօրօք ժամադրութեամբ Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Գերմանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Տիկին՝ Անգէ Սէչլիմ եւ հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այս առաջին այցելութեան համար, որ ծանօթացման բնոյթ ունէր եւ շնորհաւորեց Դեսպանին նոր պաշտօնի ստանձնումը եւ Կրօնական Դասուն ու Կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայաստան-ՄԱԿ Գործակցութիւն Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ UNMAS-ի (United Nation Mine Action Service) միջեւ 25 հոկտեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրով, 21-22 նոյեմբերին Դամասկոս այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» կազմակերպութեան ականազերծողներու խումբը` տնօրէն Վաղինակ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Հայ ականազերծողները` տուեալ համաձայնագիրով, իրականացուցած են Դամասկոսի արուարձանի Տարայա աւանի գիւղատնտեսական նշանակութեան մօտաւորապէս 2 միլիոն քմ հողատարածքներու մակերեսային եւ խորքային...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Վաչէ Նաճարեան, Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Մ.ի Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Կարօ Թէրզեանի հետ: Անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին անոնք զեկուցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր Ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան կատարուած գործունէութեան,...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Պատերազմի Նահատակներու Առաջին Տարելիցին Առիթով Քեսապ 7 նոյեմբերին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ երեք հերոսներուն` Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, որմէ ետք «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս...

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին Նիկոսիոյ Արմենիաս փողոցի վրայ բացումը կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին, որու մէջ զետեղուած յուշակոթողի բացումը կատարեց Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու։ Կիպրահայ համայնքի անդամներէ եւ կիպրական կառավարութիւնը եւ պետութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնակատարներէ բաղկացած հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։ Սթրովոլոսի Քաղաքապետարանի եւ Կիպրոսի Եւրոպական Համալսարանի ֆանֆառին կողմէ՝ Կիպրոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներու հնչումէն ետք, յաջորդաբար...

Բողոքի Հաւաք Եւ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն

Բողոքի Հաւաք Եւ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն

Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի տարելիցը ընդվզումի մեծ ալիք մը բարձրացուցած է ամբողջ հայութեան մէջ, որ արդէն իսկ այս օրերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայագաղութներուն մէջ կ՛արտայայտուի բողոքի հաւաքներով` ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական շարունակուող յարձակողականութեան: ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան համակազմակերպութեամբ, յունահայութիւնը իր բողոքը արտայայտեց կիրակի, 7 նոյեմբեր 2021-ին, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Արցախի Նահատակներու Հոգւոյն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, կիրակի, 7 նոյեմբեր 2021-ին, Հալէպի ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած հալէպահայ եւ բոլոր նահատակներու հոգւոյն: Արարողութեան հանդիսապետեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողքին,  արարողութեան ներկայ էին նահատակ հալէպահայեր` Յարութ...

Ընդունելութիւն-Ընթրիք Ի Պատիւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի

Ընդունելութիւն-Ընթրիք Ի Պատիւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի

Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ այս նպատակին համար յառաջացուած յատուկ յանձնախումբին, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ընթրիք՝ ի պատիւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս....

Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով  Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

Դաշնակցութեան 131-ամեակի յիշատակումը Հալէպի մէջ աւանդաբար դարձած է ժողովրդային համախմբումի օր: Օր մը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հալէպահայեր կը ժամանեն հանդիսութեան վայր` ունկնդրելու Դաշնակցութեան խօսքը հայութիւնն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հայ համայնքապետներու, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, Սուրիոյ խորհրդարանի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Չեխիա Գործարար Գէորգ Աւետիսեան Արժանացաւ Չեխիոյ Բարձրագոյն` «Ծառայութեան Համար» Մետալին 29 հոկտեմբերին հրապարակուած Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի հրամանագիրով, Չեխոսլովաքիոյ անկախութեան 103-րդ ամեակին առիթով պարգեւատրուած 29 յայտնի դէմքերուն շարքին է նաեւ «Մարլենկա» միջազգային ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանը: Չեխիոյ նախագահին հրամանագիրով հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներու արժանացան գիտութեան, մշակոյթի, գործարարութեան, մարմնակրթութեան, ռազմական եւ առողջապահութեան ոլորտի գործիչներ: Սակայն նախագահին անհանգստութեան պատճառով պարգեւներու տուչութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Մայեսթրօ Կոնստանդին Օրբէլեանի Նախագահութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Դանիէլ եպս. Ֆինդիկեանի, կազմակերպութեամբ Շահան Արծրունիի եւ Շողակ Յովհաննիսեանի, վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Քաղաքային օփերային թատրոնի նորանշանակ երաժշտական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Կոնստանդին Օրբէլեանի նուիրուած մեծարանքի երեկոյ: Ներկայ էին աւելի քան 100 հիւրեր, որոնք եկած էին շնորհաւորելու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ճեմարանականներու Աւանդոյթը Կը Շարունակուի Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, ներկայութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ` Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու աշակերտութեան, 16 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ս. պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Արարողութեան աւարտին Ճեմարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ճեմարանի հիմնադիրներու եւ հանգուցեալ կրթական մշակներու հոգիներուն համար:...

Page 30 of 47 1 … 29 30 31 … 47

Արխիւներ