Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրան
ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում
25 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 131-ամեակի նշում, որ սկսաւ «Մշակ բանուոր»-ով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին արցախեան պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն, նաեւ յաւերժութեան միացած գաղափարական ընկերներուն յիշատակը:
Օրուան հաղորդավարն էր Արտոյտ Զոհրաբեանը, որ սկիզբը բեմ հրաւիրեց Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Արամ Շահնազարեանը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան նպատակներուն ու գաղափարախօսութեան` ընդգծելով, որ 1890-ին հիմը դրուեցաւ կազմակերպութեան մը, որ ի մի բերաւ հայ ժողովուրդի մտաւոր ու ռազմական ողջ ներուժը, եւ այդ մարդիկը կը հաւատան հայ ժողովուրդի ապագային, ունին յստակ տեսլական, յստակ նպատակ եւ նուիրեալներ, որոնց համար հայրենիքէն եւ հայ ժողովուրդէն առաւել վեհ արժէք գոյութիւն չունի: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն այսօր կազմակերպութենէն վերածուած է քաղաքական կուսակցութեան, եւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան ողջ կառոյցը ունի քաղաքական մէկ օրակարգ` հայրենիքը, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդի դատը:
Օրուան բանախօսն էր «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան, որ անդրադառնալով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ներկայ կարգավիճակին` ընդգծեց. «Այսօր Դաշնակցութեան օրուայ նշումը հաշուետուութեան օր է ու թէեւ մենք սովոր ենք այն տօն համարել, բայց այսօրուայ մեր երկրի եւ ազգի իրավիճակը նկատի ունենալով` ի՞նչ տօնի մասին է խօսքը, կորցրած ու կտոր-կտոր դարձած հայրենիք, ոտնահարուած արժանապատուութիւն ու հպարտութիւն, որ տիղմի մէջ թաղուած է, անորոշ ապագայ, ամօթի այս պայմաններում չի կարող տօն լինել»: Ապա ան շեշտեց. «Կարելի է շատ զոհեր տալ, կարելի է տարածքներ կորցնել, բայց դրանք կարող են կործանիչ չլինել, եթէ մենք չենք հաշտւում պարտութեան հետ, եթէ մեր մէջ շարունակւում է վճռակամութիւնը` կորցրածը յետ բերելու, կորցրածին վերատիրանալու: Եթէ կան այդ վճռակամութիւնը, ոգին ու տրամադրութիւնը, այդ պարտութիւնը ժամանակաւոր է դառնում: Պարտութիւնը կարող է կործանիչ լինել, երբ մեր մէջ մեռնում է պայքարի ոգին, եւ մենք հաշտւում ենք պարտութեան հետ ու հայրենիքի կորուստը համարում ենք անվերադարձ»:
Բանախօսը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 9 նոյեմբերին ստորագրւած անձնատուողական այն պայմանագիրին, որուն պատճառով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելին, որովհետեւ դադարեցաւ կռուելէ, եւ թշնամիին յանձնուեցաւ անոր ուզածը, շեշտելով, որ եթէ շարունակուի պարտութեան գործընթացը, կը քանդուի մեր տունը, ուստի անհրաժեշտ է կասեցնել զայն: Բանախօսը նշեց, որ խաղաղութիւնը չի կրնար նպատակ ըլլալ, այլ պէտք է արդիւնքը ըլլայ մեր գործողութիւններուն, եւ ընդգծեց, որ հայկական իրականութիւնը շատոնց բաժնուած է Վարդան Մամիկոնեաններու ու Վասակներու եւ եղած է երկու մեծ ճամբար` ազգային եւ ոչ ազգային եւ մեր իրականութեան մէջ գործ ունեցող որեւէ քաղաքական ուժ, կամայ թէ ակամայ, յայտնուած է այս կամ այն ճամբարին մէջ: «Ազգային թեւը փորձել է ազգային հարցերը կարեւորելով` ազգայինով ձգտել համամարդկային արժէքների, իսկ ոչ ազգայինը անտեսել է ազգային խնդիրները եւ ձգտել է համամարդկային արժէքների, որպէսզի որպէս անհատ եւ խմբաւորում` կարողանայ լաւ ապրել. սարսափելի չէ նմանների ներկայութիւնը, այլ սարսափելի է այն, որ նմանները իշխանութիւն են դառնում, եւ նրանք, երբ իշխանութիւն են դառնում, վիճակը լինում է այնպէս, ինչպէս այսօր», յայտնեց Մարգարեան:
Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի կեանքի մէջ կարեւորագոյնը հայրենիքն ու Արցախն է եւ ոչ թէ պայքար` յանուն իշխանութեան, եւ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ներազգային ճակատի վրայ որդեգրեց ամբոխավարութիւն` իբրեւ վարքագիծ, իսկ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ` մանր խորամանկութիւնը, ուստի մեր պայքարը Նիկոլի դէմ ինքնանպատակ չէ: Իր ելոյթին մէջ բանախօսը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստան, Իրան, Ռուսիա փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութեան` ընդգծելով, որ յանձինս Ազրպէյճանին` Իրանի սահմաններուն մօտ Իսրայէլի ներկայութիւնը մեծ վտանգ ու սպառնալիք է Իրանի համար:
Բանախօսը եզրափակիչ բաժինով ըսաւ. «Ամէն բան շատ վատ է, բայց մենք իրաւունք չունենք ընկճուելու, համակերպուելու ստեղծուած իրավիճակի հետ: Համեմատաբար իբրեւ կազմակերպուած ուժ` մնացել ենք մենք` Դաշնակցութիւնը, ժողովուրդը մեզնից մեծ ակնկալիքներ ունի, մենք պարտաւոր ենք վերակազմակերպել Արցախի ազատագրական շարժումը, պարտաւոր ենք համընդհանուր կռուի դուրս գալ թշնամու դէմ, քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական, հայդուկային պայքարի բոլոր բնագաւառներում եւ աշխարհով մէկ, ամէնուր բոլորս պէտք է մասնակցենք այդ պայքարին: Ազրպէյճանը պէտք է հասկանայ, որ հանգիստ չի ունենայ, չի վայելելու մեր Շուշին ու Հադրութը: Մեր պայքարը նոր է սկսւում: Աշխարհը պէտք է հասկանայ, որ հայ ժողովուրդը դէմ է անձնատուութեան, դէմ է իր տարածքների բռնազաւթմանը: Ոչինչ չի վերջացել, այլ միայն սկիզբ է առել»: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է չեղարկել 9 նոյեմբերի պարտուողական յայտարարութիւնը եւ ազգային նոր զարթօնք ստեղծել:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, որ անդրադառնալով ՀՅԴ-ի 131-ամեակին` նշեց. «Այսօր Ս. Ծննդեան եւ յիշատակի ոգեկոչում է: Այդ օրերի պայմանների մէջ ծնունդ առաւ մի մանուկ, որի հիմնական նպատակը իր ժողովրդին փրկելն էր եւ փրկելու համար իր վրայ վերցրեց այդ առաքելութեան ծանր բեռը: Անցնող 131 տարիների ընթացքում ՀՅԴ-ն իր գերագոյն ճիգով, իր զաւակների ընտրելագոյն երամը ընծայաբերեց մեր ժողովրդի ազատագրական բագինի վրայ, եւ այսօր անհրաժեշտ է յարգանքի տուրք` այն նուիրեալներին, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն հայրենիքի»: Թեմակալ առաջնորդը իր ելոյթի ընթացքում կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ` «Որեւէ ժամանակ ոչ մէկը չի կարող մեր սրտից հանել Ցեղասպանութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը, ո՛չ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, ո՛չ Փաշինեանը եւ ո՛չ էլ իրենց յաջորդները, ո՛չ օսմանցին, ո՛չ ազրպէյճանցին: Այն մեր արեան կանչն է, թուրքը ցեղասպան է եւ պիտի մնայ այնքան ժամանակ, որ դեռ չի ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Դաւաճան է նա, որ մոռանում է Հայոց ցեղասպանութիւնը ի հաշիւ ինչ-ինչ ծրագրերի: Մեր նահատակների արեան կանչը մեզ թելադրում է ամենայն լրջութեամբ եւ գիտակցութեան ամբողջական պատասխանատուութեամբ մեր կեանքը ապրենք, որպէսզի անցնենք այս փորձանքից եւս»:
Գեղարուեստական յայտագրով յեղափոխական երգերի կատարմամբ եւ ասմունքով հանդէս եկան Վանայ Շիրւանեանը, Վանէ Մակարեանը եւ Լոռետա Ղեւոնդեանը:
Սուրիա
«Ներսէս Շնորհալի» Մրցանակը Յանձնուեցաւ Պաքալորէայի Լրացուցիչ Քննութիւններուն Բարձրագոյն Երեք Նիշերը Ապահովողներուն
2020-2021 տարեշրջանին հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար մտաւորական Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով այս տարի եւս քաջալեր հանդիսացաւ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողներուն, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովեցին:
Հինգշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2021-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի հրաւէրով, Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր:
Բացման խօսքով Մարինա Պօղիկեան յայտնեց, որ քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը կը տրամադրուէր բարձրագոյն նիշը ապահոված մէկ աշակերտի, սակայն 2018-2019 տարեշրջանէն սկսեալ թեմակալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի ջանքերով մրցանակը սկսաւ տրամադրուիլ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող աշակերտներուն:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ Կիրակոս Գույումճեանի ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն` նշելով, որ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, բարերարին փափաքին համաձայն, իր ձեռամբ կը յանձնէ հալէպահայ ուսանողները քաջալերող «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի վկայագրերն ու նիւթական պարգեւները:
Ան գնահատեց հալէպահայ բոլոր վարժարանները, որոնք բծախնդրօրէն լծուած են հայակերտումի աշխատանքին` մեր պատանիներն ու երիտասարդները պահելով ազգային մաքուր միջավայրի մէջ: Այս առիթով ան գնահատեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրդ. վարժարանի եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարանի տնօրէնները, հոգաբարձուները եւ ուսուցչական կազմերը, որոնք նուիրումով կը ծառայեն կրթական կառոյցներէն ներս:
Մասիս եպիսկոպոս նշեց, որ մրցանակին հիմնական նպատակներէն մէկն է ուսման ոլորտին մէջ մրցակցութեան ոգին աշխուժացնել, որպէսզի ունենանք բարձր նիշեր ապահովող որակեալ աշակերտներ, որոնք ապագային օգտակար կը դառնան իրենց համայնքին, դպրոցին եւ եկեղեցւոյ:
«Այս մրցանակը կը բաշխուի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական աշակերտներուն` առանց խտրութեան, որպէսզի անոնք քաջալերուելով` պահեն իրենց ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն սուրիահայութեան կեանքի վերելքին», աւելցուց ան:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ներդրումը նախկին հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի, որ մնայուն կերպով իր ծննդավայրին մասին կը մտածէ եւ անոր նիւթապէս կ՛օգնէ, որպէսզի հալէպահայ աշակերտները մնան այստեղ եւ գիտական նոր մակարդակներ նուաճելով` օգտակար դառնան իրենց համայնքին եւ երկրին` Սուրիոյ:
Սրբազան հօր ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան` Մեղրի Ստեփանեան (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, առաջին), Արտաշէս Մալաքեան (Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրդ. վարժարան, երկրորդ) եւ Կրէյս Օտապաշեան (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարան, երրորդ):
Այս առիթով Մասիս եպիսկոպոս կրկին անգամ շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ` վարժարանի տնօրէններն ու պատասխանատուները եւ նոր տարուան առիթով իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները յայտնեց բոլորին:
Քուէյթ
«Առանց Հայ Դպրոցի, Հայ Ժողովուրդը Պարզապէս Մարմին Է` Առանց Ոգիի» Այսպէս Պատգամեց Օշական Արք. Չօլոյեան
17 դեկտեմբեր 2021-ին Քուէյթի ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 60-րդ յոբելեանը:
Հանդիսութիւնը կը վայելէր Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի հովանաւորութիւնը, ներկայ էին նաեւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան հայրերէն` Քուէյթի օրհասական օրերու վեհանձն ու խիզախ առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Օրուան հանդիսավարներ` Քրիսթին Օհանեան եւ Շանթ Թադոյեան, բարի գալուստի իրենց խօսքին մէջ հանգամանօրէն վեր առին հայ ժողովուրդին ապրելու վճռակամութիւնը, ապա անդրադարձան Ծոցի երկիրներու միակ ամէնօրեայ հայկական վարժարանի կարեւորութեան, որուն մէջ կը կայանայ քուէյթահայութեան զօրութիւնը, արդիւնաւորութիւնը, ազգային մեծութիւնը եւ հաւաքական իղձերուն ու երազներուն հասնելու գաղտնիքը:
Վարժարանիս տնօրէն` տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան վարժարանը ներկայացուց` որպէս լոյսի անսպառ աղբիւր, որ տասնամեակներ շարունակ գոյապայքար մղած է ու զուգահեռ զարգացման կամուրջներ հաստատած է որակեալ ուսումին եւ հայեցի դաստիարակութեան միջեւ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց անցեալի ու ներկայի բոլոր նուիրեալ տնօրէններուն, հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներուն, հոգաբարձական ու ուսուցչական կազմերուն, որոնց շնորհիւ այսօր վարժարանը կը մնայ կանգուն:
Ապա ան կոչ ուղղեց, որ մեր նախնիներուն նման` մենք եւս ունենանք տեսիլք եւ այս վարժարանը դարձնենք շրջանի առաջատար ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը, միեւնոյն ատեն զայն պահենք հայակերտման հնոց:
Ապա տեսաերիզի մը ընդմէջէն ներկայացուեցաւ վարժարանին 60-ամեայ փառահեղ երթը:
Վարժարանի հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց կազմի ատենապետ Սիմոն Օգճեան, որ վարժարանի 60-ամեակը որակեց որպէս ինքնահաստատման, ինքնանուաճման ու յաղթանակի տօն, եւ` պատեհ առիթ մը բարձրաձայնելու, որ մեր վարժարանը քուէյթահայութեան մէջ հաստատեց ազգային պատկանելիութեան ոգին, վերակենդանացուց անոր ինքնագործունէութեան ուժը` դառնալով օտարութեան դէմ հզօր ամրոց:
Ապա իր խօսքը ուղղելով ներկայ սերունդին` ըսաւ. «Հպարտացէք ձեզի կտակուած այս փոքրիկ նշխարով եւ անով խնկարկեցէք մեր ազգային իտէալներու լուսափայլ երթը: Հին ուխտով զինուեցէք` կերտելու նոր նուաճումներ ու գրաւելու նոր բարձունքներ»:
Վաթսունամեակ կերտած վարժարանի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ` Կիլտա Իյճեան, Մայտա Թադոյեան, Յակոբ Էմրազեան, Կարօ Նարեկ Կարապետեան, Կասիա Աբիկեան, Լալա Խաչատուրեան, Անթոնի Էմրազեան, Աննա Պոտիկեան եւ Նարօտ Արապաթլեան, հայերէնաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանի ղեկավարութեամբ, արտասանական տպաւորիչ ներկայացումով մը կոչ ուղղեցին` հայերէն խօսելու, հայերէն երգելու ու հայօրէն ապրելու աշխարհի չորս ծագերուն:
60-ամեայ յոբելենական հանդիսութեան յայտագիրը առաւել փայլք ու իմաստ ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամով, որ ներկայացուեցաւ տեսերիզի մը ընդմէջէն: Ան իր բարձր գնահատանքին կողքին, զօրակցական կոչ ուղղեց համայն քուէյթահայութեան, որ յաւելեալ ճիգով ու ջանքով փարի ազգային վարժարանին եւ հիմնական դերակատարութիւն ունենայ անոր առաքելութեան կենսագործման մէջ:
Ապա խօսք տրուեցաւ Օշական արք. Չօլոյեանին, որ անցեալի քաղցր յուշերու վերականգնումով իր հայրական ջերմ բարեմաղթանքները յղեց` ըսելով. «Քուէյթի համայնքի ծննդոցին, կազմաւորման ու յառաջընթացին մասին գեղեցիկ եւ սրտառուչ խօսքերով յագեցած` մասնաւոր ըսելիք չունիմ, բայց մէկ բան կ՛ուզեմ հաստատել, որ առանց հայ դպրոցի` հայ ժողովուրդը կը նմանի անմարմին ոգիի: Ուստի, ձեր աչքի բիբին պէս գուրգուրացէք այս դպրոցին վրայ, որպէսզի գալիք սերունդները երախտապարտ մնան ձեզի, սնանին մայրենի լեզուով, ոգի առնեն, հայօրէն մեծնան եւ մարդ դառնան բառին իսկական առումով»:
Յոբելենական հանդիսութիւնը պատեհ առիթ նկատելով` օրուան հանդիսավարները երախտագիտութիւն յայտնեցին Քուէյթի Ազգ. վարժարանի անցեալի եւ ներկայի բոլոր նուիրատուներուն, Քուէյթի մէջ թէ այլուր, որոնք իրենց լուման կը բերեն յանուն այս կրթօճախի բարօրութեան ու վերելքին: Առ այդ, հայր սուրբին, վարժարանի տնօրէնին ու հոգաբարձութեան ատենապետին կողմէ կատարուեցաւ 60-ամեայ յոբելեանի գլխաւոր հովանաւորներու պարգեւատրումը ոսկեայ յուշանուէրով: Պարգեւատրուեցան` Կիրակոս Գույումճեան, Կիրակոս Տարագճեան (Ասպետ), Վարդան Նարինեան, Ալեքսան Պէրպէրեան (Ասպետ) եւ Պէաթրիս Մելիքսէթեան: Երախտագիտական յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Օշական արք. Չօլոյեանին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անձնուէր ու ծառայասէր ազգայիններուն, ղեկավարներուն, տնօրէններուն, ազգային մարմիններուն, կրթական մշակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան այս դպրոցի սրբազան առաքելութեան: «Այս դպրոցը մեր բոլորին հոգիին, մտքին եւ վերածնունդին մտաւոր օճախն է, ուստի եկէք` ուխտե՛նք անսասան պահել զայն եւ մեր բարոյական աջակցութեան կողքին, նաեւ սատարենք անոր նիւթական վերելքին», շեշտեց ան:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի խմբային երգեցողութեամբ:
Յունաստան
Դեսպան Տիգրան Մկրտչեան Ծանօթացաւ Յունահայ Կառոյցներուն
* Հրաւէրով ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, 17 դեկտեմբերին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու յունահայ գաղութին մէջ գործող միութիւններու պատմութեան ու գործունէութեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Հ. Կ. Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` «Ազատ Օր» օրաթերթը:
Երեկոյին բացումը կատարեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, որ ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց հանդիպումին նպատակը եւ դեսպանին ներկայացուց միութենական ու կառուցային գործունէութեան շրջագիծը, որ կը գործէ տասնամեակներէ ի վեր եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ կրթական, խնամատարական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, հայ նոր սերունդի կազմաւորման ու մամուլի բնագաւառները:
Յաջորդաբար կառոյցներու անունով խօսք առին` Լիզա Աւագեան, Վերժին Կարապետեան, Գէորգ Պօղոսեան եւ Մայք Չիլինկիրեան, որոնք տուին իւրաքանչիւր կառոյցի մասին պատմական տեղեկութիւններ եւ ապա անդրադարձան անոնց գործունէութեան` նշելով այն կարեւոր կէտերն ու նուաճումները, որոնք կը յատկանշեն իւրաքանչիւր միութեան աշխատանքի ոլորտը:
Ներկայացումի ընթացքին դեսպանը երախտագիտութեամբ նշեց նաեւ Հայ օգնութեան միութեան կողմէ ստացած յատուկ կրթաթոշակը` ընդլայնելու եւ կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումի ծրագիրները:
Իր խօսքը ուղղելով ներկայ վարչականներուն` դեսպանը նշեց, որ յունահայ գաղութը համեմատաբար աւելի փոքր գաղութ մըն է, սակայն իր կազմակերպուածութեամբ եւ գործունէութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ սփիւռքի իրականութեան մէջ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ գաղութային գործօնները այնքան աշխուժ աշխատանք կը տանին եւ լայնօրէն կը սատարեն հայ յունական կապերու զարգացման:
Դեսպանը անդրադառնալով Յունաստանի մէջ դեսպանութեան ապագայ գործունէութեան` կարեւորութեամբ ընդգծեց մշակութային դիւանագիտութեան անհրաժեշտութիւնը, Յունաստանի քաղաքական իրականութեան հետ շփման մէջ ըլլալու հրամայականն ու երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան առաւել հզօրացումը: Դեսպանը յատուկ նշում կատարեց Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափի բազմաոլորտ գործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին, որոնք նաեւ դեսպանութեան առաջնահերդութիւններու ծիրէն ներս կը գտնուին:
Աւարտին դեսպանը առիթը ունեցաւ այցելելու «Զաւարեան» կեդրոնի զանազան բաժինները եւ իր հիացումը արտայայտեց յունահայ գաղութի կառուցային կարելիութիւններուն ու ծաւալած գործունէութեան մասին:
* 15 դեկտեմբերին Կեդրոնական կոմիտէի նստավայրին մէջ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Կեդր. կոմիտէի անդամներ:
Հանդիպումին ընթացքին երկու կառոյցները դեսպանին ներկայացուցին իրենց քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքները, յատկապէս` Հայ դատի, Հայոց ցեղասպանութեան, արցախեան հիմնահարցի եւ հայկական պահանջատիրութեան փորձադաշտին մէջ:
Նշումներ եղան յոյն քաղաքական շրջանակներուն հետ գործակցութեան բաժիններուն, հայ եւ յոյն խորհրդարանական գործակցութեան մէջ գաղութային ներդրումին, երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ցեղասպանութիւններու ճանաչման կարեւոր իրագործումներուն, քարոզչական եւ ցուցական լայն աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` կազմակերպ երիտասարդութեան կողմէ տարուած աշխատանքին մասին, ներքին գաղութային եւ արտաքին յարաբերական ու քաղաքական իր երեսներով:
Դեսպան Մկրտչեան բարձր գնահատեց երկու կաոոյցներուն աշխատանքը եւ նշեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը հայկական հիմնախնդիրներու յառաջ մղումին առնչութեամբ, թուրքեւազրպէյճանական սադրանքներու առաջքը առնելու կարեւորութեամբ եւ յոյն հասարակական կարծիքը միշտ իրազեկ պահելու անհրաժեշտութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ միտքերու փոխանակում` յառաջիկայ գործունէութեան եւ գործակցութեան հեռանկարով:
Վրաստան
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ախալքալաքի Մէջ
17 դեկտեմբերին Ախալքալաքի քաղաքապետարանի «Ապագայի տուն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան նուիրուած ցուցահանդէս, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան կեդրոնի սաներուն ձեռքով պատրաստուած տօները խորհրդանշող իրեր:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին` Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Տիգրանեանը, Ախալքալաքի քաղաքապետ Մելքոն Մակարեանը, փոխքաղաքապետ Մկրտիչ Մղդեսեանը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կրթական եւ մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով այլ հիւրեր:
Նարեկ քհնյ. Տիգրանեան իր օրհնութիւնը տուաւ եւ գնահատանքը յայտնեց «Ապագայի տուն»-ի աշխատակազմին եւ սաներուն ու բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը: Ան ներկաները շնորհաւորեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով եւ մաղթեց խաղաղ, յաղթանակներով ու ձեռքբերումներով լեցուն տարի մը:
Ախալքալաքի Տիկնիկային Թատրոնը Արժանացաւ Մրցանակներու
Ախալքալաքի «Պույ-պույ» տիկնիկային թատրոնը մասնակցեցաւ «Արեւոտ Վրաստան» փառատօնին, որ կ՛իրականանայ երրորդ անգամն ըլլալով, եւ որ կայացաւ Բակուրիանիայի մէջ:
Հաղորդենք, որ փառատօնին Վրաստանի շրջաններէն մասնակցած էին ութ թատերախումբեր:
Ախալքալաքի տիկնիկային թատրոնը` «Պույ-պույ»-ը, ելոյթ ունեցած է փառատօնին երկրորդ օրը եւ հայերէնով ներկայացուցած է վրացական «Աղուէսի դատավճիռը» հեքիաթը:
Սամուէլ Խոդիկեանի ղեկավարութեամբ «Պույպույ» տիկնիկային թատրոնը պարգեւատրուած է բեմադրիչին, ինչպէս նաեւ թատրոնին կենսունակութեան համար: Սամուէլ Խոդիկեան ստացած է լաւագոյն տիկնիկագործի կոչումը: