Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 9, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սուրիացի Նահատակներուն Ընտանիքները Պարգեւատրուեցան Հաւատարմութեան Շքանշանով

Հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ Մահմուտ Ապտուլ Ուահապ Շաուայի,  գործակցաբար Հալէպի նահանգապետարանի Նահատակներու հարցերու տնօրէնութեան, 27 նոյեմբերին «Ասատ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ 1000 սուրիացի նահատակներու ընտանիքներու: Գնդապետ Շաուա սուրիական բանակի հրամանատարութեան անունով յայտնեց, որ նման հանդիսութիւն Հալէպի մէջ կազմակերպելը մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Հալէպի ժողովուրդը պայքարի եւ հաւատարմութեան լաւագոյն օրինակն է, աւելցնելով, որ իրենց նահատակները յաջորդ սերունդներուն վառ փարոսը դարձան: Ան նկատել տուաւ, որ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը բարձր կը գնահատէ նահատակներուն զոհողութիւնը եւ երկրին հանդէպ անոնց տածած հաւատարմութիւնը` ողջունելով նահատակներուն ընտանիքները, որոնք սրտցաւ կորուստ ունենալով մէկտեղ` մնացին կայուն եւ իրենց կեցուածքով ու աշխատանքով կը շարունակեն իրենց զաւակներուն, ամուսիններուն եւ ծնողներուն պայքարի ճամբան:

Այնուհետեւ նահատակներուն ընտանիքները պարգեւատրուեցան «Հաւատարմութեան» շքանշանով:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յայտնենք, որ ներկայ 1000 ընտանիքներուն մէջ էին սուրիահայ երեք նահատակներու` Գրիգոր Աշնաքլեանի, Յարութ Պաղտոյեանի եւ Րաֆֆի Գազէզեանի ընտանիքները:

«Ալեմշահ» Երգչախումբի Հիմնադրութեան  75-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

14 նոյեմբերին Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ալեմշահ» երգչախումբին 75-ամեակին նուիրուած ս. պատարագ, իսկ երեկոյեան «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:

Երգչախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտօ Տատաղլեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ  երգչախումբի հիմնադրութեան, անոր հիմնադիր երջանկայիշատակ Գրիգոր եպս. Այվազեանի, ինչպէս նաեւ բոլոր  խմբավարներու վաստակին` ողջունելով աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած ալեմշահականները:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ «Ալեմշահ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մարգրիտ Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Երգչախումբին պատմականը ներկայացուցին  Յովհաննէս Պէազպէքեան եւ Մարալ Տատաղլեան: Ապա աշխարհատարած ալեմշահականներ առցանց ուղղեցին իրենց շնորհաւորական խօսքերը:

Աւարտին օրուան խորհուրդը ներկայացուց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ յայտնեց, թէ առանց երգչախումբի եւ շարականներու երգեցողութեան` հայ եկեղեցին կը մնայ աղքատ:

Այս առիթով պարգեւատրուեցան երգչախումբին ծառայող նուիրեալները:

Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որուն ընթացքին խօսք առին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Տատաղլեան եւ Հայկ վրդ. Մակարեան:

Սրբազանը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Պետրոս արք. Միրիաթեանին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին` մաղթելով, որ 75 տարիներու ծառայողական ուղին շարունակեն` վառ պահելով հայերէն երգերն ու շարականները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Համազգայինի Սուրիոյ  Շրջանային 23-րդ Ներկայացուցչական  Ժողովը

Համազգայինի Սուրիոյ շրջանային 23-րդ Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ  21 նոյեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ: Ժողովին ներկայ էին միութեան «Ն. Աղբալեան», «Հ. Օհանջանեան», «Վ. Նաւասարդեան» եւ «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղերու 22 պատգամաւորները, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Շրջանային վարչութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներն ու հրաւիրեալներ:

Ժողովը քննարկեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական տեղեկագիրը եւ արժեւորեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը: Ապա քննարկեց յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան օրակարգը եւ համապատասխան բանաձեւերով ճշդեց անոր ուղին:

Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմին ընտրութիւնը հետեւեալ ձեւով. Մարալ Տիքպիքեան` ատենապետ, Սալբի Թիւֆէնկճեան` ատենադպիր, Կարօ Տէիրմենճեան` գանձապահ, Շուշիկ Ղազարեան` հաշուապահ, եւ խորհրդականներ` Արամ Արամեան, Սագօ Խալոյեան, Սեւան Մանճիկեան, Րաֆֆի Յակոբեան, Ռիթա Տէր Սարգիսեան:

ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 95-Ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 26 նոյեմբերին ՍՕԽ-ի «Կարպուշեան» սրահին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակը:

Նախքան հանդիսութիւնը` տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում, ուր ցուցադրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական կեանքը ներկայացնող լուսանկարներ, տարազներ, գրքոյկներ, իրեր եւ ձեռային աշխատանքներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սագօ Քեչեճեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի, յատկապէս Լաթաքիոյ մասնաճիւղին տարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան` միշտ ուղեցոյց ունենալով ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տերվիշեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 103-ամեակը եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակը` անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի անցնող արդիւնաւէտ տարիներուն, միութեան մարդակերտումի առաքելութեան եւ նուիրական ծառայութեան, շեշտելով մեր ազգային արժէքներուն, Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի համազգային իրաւունքներուն վրայ, տեսլական ունենալով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը եւ Արցախի հողերուն վերատիրացումը:

Օրուան բանախօս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան համապարփակ կերպով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը եւ անոր փառապանծ անցեալը, հպարտալի ներկան ու լուսաւոր ապագան եւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ծաւալած հարուստ գործունէութեան` Լաթաքիոյ մէջ: Ան փափաք յայտնեց անցեալի ապրումներով վերականգնել Լաթաքիոյ մասնաճիւղին պատմական աւանդութիւնները, որպէսզի գոյատեւելու ապրում ներշնչենք միութեան երթը հերոսաբար շարունակող ՀՄԸՄ-ականներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծառայութեան շքանշաններու եւ հաստատագրերու տուչութիւն:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկերեան, որ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` իր հայակերտումի եւ ազգապահպանութեան առաքելութեան համար:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Միացեալ Նահանգներ

Արամ Եագուպեան՝ Գծանկարային Ֆիլմերու Արտադրութեան Մէջ Փայլող Անուն Մը

Նկատի ունենալով, որ արդիւնաբերութիւնը զգուշաւոր քայլերով դուրս կու գայ «Քորոնա» համաճարակին պատճառով ստեղծուած սահմանափակումներու եւ որոշ լճացումի փուլէն` ուղղուելով դէպի բնական կեանք, առաջնորդներու նոր սերունդ մը  արդէն պատրաստուած է նորարարութիւններ ընկալելու:

«Հոլիվուտի նոր առաջնորդներ-2021» խորագրեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կան երիտասարդներ, որոնց արհեստավարժ ասպարէզը կոփուեցաւ Հոլիվուտի ամէնէն մութ օրերուն, բայց եւ այնպէս անոնք արդէն պատրաստ են դիմակայել եւ արգելափակման պատճառով յառաջացած մարտահրաւէրները, ներառեալ հրապարակայնացման արգելքները, թատերական փորձի վերահաշուարկումն ու տնտեսական անորոշութիւնը:

«Հոլիվուտի նոր առաջնորդներ»-ու հրապարակուած ցանկին մէջ է հայ երիտասարդ բեմադրիչ Արամ Եագուպեան, որ կ՛աշխատի «Նեթֆլիքս թուն» ստորաբաժինին մէջ բաւական կանուխ ժամանակներէ, ներկայիս կը ղեկավարէ գծանկարային ժապաւէններու իր անկախ բաժանմունքը` վերահսկելով աղբիւրներու ստացման, մշակման եւ արտադրութեան: Ան համագործակցութեան պայմանագիր կնքած է «Aardman animation»-ի հետ` «Chicken Run 2» հարթակով, «Ղիպլի սթիւտիօ»-ին համար աշխատանքներ կատարած է, ինչպէս նաեւ մշակած է «Mighty Little Bheem» համաշխարհային հիւթը:

«Թունզ»-ին հետ աճած է. «Գծանկարչութիւնը հիմնական եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ վրաս փոքր տարիքէս: Ան իմ աչքերս բացաւ դէպի աւելի ընդարձակ աշխարհ, քան ինչ որ կը կարծէք, թէ գոյութիւն կրնայ ունենալ, եւ ատիկա քաջալերեց ու զարկ տուաւ երեւակայութեանս` աւելի վառ եւ ազատ հորիզոններ բացուելու», կ՛ըսէ Եագուպեան:

«Աւելի չափահաս դառնալով, մտահորիզոնս հետզհետէ ընդարձակուեցաւ, եւ սկսայ զարգացնել նոր մօտեցում գծանկարային պատումի: Անսահման եւ մեծ կարելիութիւններ կան այս ասպարէզին մէջ», հաստատեց Արամ Եագուպեան:

Քանատա

Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

21 նոյեմբերին Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Օրուան հանդիսավար Արտա Զաքարեան  ներկայացուց Դանիէլ Վարուժանի կարեւորութիւնը մեր մշակոյթէն ներս: Հատորի թարգմանիչ Թաթուլ Սոնենց ուղիղ եթերով արտասանեց իր խօսքը:

Հատորի խմբագիր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Վիգէն Թիւֆենքճեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Դանիէլ Վարուժան շաղկապած է քերթուածն ու երգը` որպէս կեանքի տօնակատարութիւն: «Հացին երգ»-ը կը թուի ըլլալ խաղաղ, դաշտային եւ երկրագործական կեանքի արձագանգը, բայց հոն նաեւ կան ստեղծագործութեան ուժեր: Կեանք եւ սէր  կը ծնին, հողը արիւնով կը շաղախուի, ինչպէս` մարդկային ծնունդը:

Կի Ուիյեթի Այցը Առաջնորդարան

26 նոյեմբերին Քեպեքի Ազգային ժողովի անդամ Կի Ուիյեթ այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Քանատայի եւ Քեպեքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Ուիյեթին վաստակը` տարիներու ընթացքին հայ գաղութին ցուցաբերած իր զօրակցութեան համար եւ շնորհաւորեց անոր 70-ամեակը` մաղթելով առողջ տարիներ եւ քաղաքական բեղուն գործունէութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղա՛նդ Պապա, Այս Նամակս Յուսամ Կարդաս

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?