Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 30, 2020
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Նունէ Սարգսեան Հանդիպեցաւ Քուէյթի Հայ Համայնքին Հետ

Ընդառաջելով Քուէյթի շէյխա Հասսա Սապահի հրաւէրին, 16-20 յունուարին, Հայաստանի նախագահին տիկինը` Նունէ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ այցելեց Քուէյթ:

Պետական եւ դիւանագիտական շարք մը հանդիպումներու կողքին, 17 յունուարին Նունէ Սարգսեան հանդիպեցաւ նաեւ քուէյթահայ համայնքին հետ: Ան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, որմէ ետք ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ մուտքին Սարգսեան եւ անոր ընկերակցող Հայաստանի դեսպանատան դիւանագիտական ներկայացուցիչները դիմաւորուեցան թեմին կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին, Ազգային վարչութեան, երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ եւ աղ ու հացը ճաշակելէ ետք, եկեղեցւոյ խորանին առջեւ հնչեց Տէրունական աղօթքը: Ապա ան եկեղեցական թափօրով բարձրացաւ Ազգային առաջնորդարան, ուր եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ ներկայ ժողովուրդը միասնաբար երգեցին Հայաստանի քայլերգը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Ապա Սարգսեանին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Քուէյթի համայնքին կողմէ:

Հանդիպումի աւարտին Նունէ Սարգսեան ուղղեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց քուէյթահայութեան` սիրալիր ընդունելութեան համար, ապա փոխանցեց  Հայաստանի նախագահին եւ ժողովուրդին ջերմ ողջոյնները: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք բարձր կը գնահատեն սփիւռքի տարածքին մէջ Քուէյթի համայնքի կատարած մեծ աշխատանքը` յանուն հայեցի դաստիարակութեան: Ապա, անդրադառնալով սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ հայերուն տարբերութեան տեսութեան, ան կտրականապէս մերժեց նշեալ գաղափարը` յայտնելով, որ իրեն համար հայը հա՛յ է, ըլլայ ան սփիւռքի, Արցախի թէ Հայաստանի մէջ:

Պոլիս

 Եզակի Արուեստի Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, վերջերս միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մ. Օհանէսի գործերուն ցուցահանդէսը:

Սրահին մէջ ցուցադրուած իրերը կը բուրէին հայկականութիւն: Ներկայացուած էին իւրօրինակ արուեստի կտորներ` բաժակներու, մոմերու, ապակեղէնի, օճառներու եւ այլ իրերու վրայ, ուր կային` հայոց պատմութիւնը, թագաւորները, թագուհիները, հայ մտաւորականները, վանքերը, եկեղեցական սպասները, հայ երաժշտահանները եւ այլն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց միութեան հոգաբարձու եւ մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ դրուատեց Մարիէթ Օհանէսի տաղանդը եւ անոր արուեստի տարբեր ոճը, ապա կարդաց անոր հակիրճ կենսագրականը:

Տոքթ. Աւետիքեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց Մարիէթ Օհանէսի կողակիցը` Պետրոս Օհանէսը, որ անգլերէնով բացատրութիւն տուաւ արուեստի ծագման մասին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Մարիէթ Օհանէս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլոր նեցուկ կանգնողներուն, ինչպէս նաեւ` Պոլսահայ միութեան, որ իրեն ընծայեց այս առիթը: Ան նկատել տուաւ, որ «Ռոզվարդ» հաւաքածոն իր արուեստի առաջին մեծ իրադարձութիւնն է, եւ չէր ակնկալեր, որ այսքան ջերմ ընդունելութիւն գտնէ:

Ձեռնարկին աւարտին մշակութային յանձնախումբին կողմէ յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Օհանէսի` առ ի գնահատանք իր եզակի արուեստի գործերուն:

Միացեալ Նահանգներ

 Հայաստանի Դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի Հանդիպումները

* 9 յունուարին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի Զբօսաշրջութեան խորհուրդի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Էռնեստ Վուտենի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ խորհուրդի աւագ փոխնախագահ Փեթթի Մաքճենեթ, հաղորդակցութեան տնօրէն Շանթ Աբէլեան եւ Լոս Անճելըսի Համաշխարհային առեւտրական կեդրոնի նախագահ Սթիւըն Չանկ:

Զրուցակիցները քննարկեցին Լոս Անճելըս -Հայաստան Զբօսաշրջային հոսքերու խթանման հնարաւորութիւնները եւ գործնական քայլերը: Լոս Անճելըսի Զբօսաշրջութեան խորհուրդի ղեկավարութիւնը շահագրգռութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեան զարգացման հարցին մէջ:

* 16 յունուարին, դեսպան Բայբուրդեան, ներկայութեամբ, գլխաւոր հիւպատոսի խորհրդականներ Էտկար Գրիգորեանի եւ Վարազդատ Պահլաւունիի, ընդունեց Կլենտէյլի ոստիկանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները`  գլխաւորութեամբ ոստիկանապետ Քարլ Պովիլայտիսի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ոստիկանութեան քափիթեն Թիմ Ֆիլի եւ այլ պաշտօնեաներ:

Բայբուրդեան քննարկեց գլխաւոր հիւպատոսութեան յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս` մայիս ամսուան ընթացքին Կլենտէյլի մէջ հայկական փառատօնի կազմակերպման նախագիծը եւ միջ-համայնքային յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած ձեռնարկները:

Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան աշխատակիցներուն համար կազմակերպել դասախօսութիւն` Հայաստանի, հայկական մշակոյթի, պատմութեան, ամերիկահայերու նուաճումներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ամերիկահայ համայնքի ծանրակշիռ ներդրումի մասին:

Դեսպան Բայբուրդեան գոհունակութիւն յայտնեց Կլենտէյլի ոստիկանութեան տարած աշխատանքին, նաեւ քաղաքին մէջ անվտանգութեան բարձր մակարդակ ապահովելուն համար:

Կլենտէյլի ոստիկանապետ Պովիլայտիս եւ պաշտօնեաները իրենց հերթին, պատրաստակամութիւն յայտնեցին սերտօրէն գործակցելու գլխաւոր հիւպատոսին հետ:

Քանատա

 «Արաս» Հրատարակչութիւնն Ու Պոլսահայ Գրականութիւնը» Լսարանի Ներկայացում

Կազմապերպութեամբ Պոլսահայ միութեան «Մէկ մշակութային յանձնախումբ»-ին եւ Համազգայինի գրական յանձնախումբին, 17 յունուարին Պոլսահայ մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած խմբագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ հրապարակագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի «Արաս» հրատարակչութիւնն ու պոլսահայ գրականութիւնը» լսարանի ներկայացումը:

Համազգայինի անունով Րաֆֆի Աճեմեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց դասախօսին կենսագրական կէտերը եւ անդրադարձաւ օրուան թեմային:

Սեւան Տէյիրմենճեան առաջին հերթին ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական տպագրութեան պատմականը, մինչեւ «Արաս» հրատարակչութեան հիմնադրութիւնը 90-ական թուականներուն: Ապա տուաւ կարգ մը տուեալներ` Թուրքիոյ մէջ գիրքերու տարբեր դասերու վիճակագրութեան եւ Թուրքիոյ հասարակութեան գիրք կարդալու հետաքրքրութեան մասին` յատկապէս կեդրոնանալով Թուրքիոյ մէջ կարգ մը հայ գրողներու վրայ, ինչպէս` Տիգրանակերտէն Մկրտիչ Մարկոսեան, կամ Յակոբ Մնձուրի, Զաւէն Պիպեռեան, Զապէլ Եսայեան եւ այլն: Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը յատուկ սէր եւ համակրանք կը ցուցաբերէ յիշեալ գրողներուն հանդէպ, որոնց գործերէն մինչեւ 90-ական թուականները «զրկուած» եղած են: Հրատարակչատունը իր պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով սոյն հեղինակներէն շատ մը գործեր թրքերէնի թարգմանած է եւ յաճախ ստիպուած եղած է կրկնապատկելու տպաքանակը: Նոյնն է պարագան նաեւ մանկական հրատարակութիւններուն առնչութեամբ:

Աւարտին, ներկաները հարցումներ ուղղեցին բանախօսին, նաեւ տեղի ունեցաւ «Արաս» հրատարակչատունէն գիրքերու վաճառք:

Ֆրանսա

 Լոյս Տեսաւ Թաներ Աքչամի Գիրքին Ֆրանսերէն Տարբերակը

Վերջերս Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսաւ Մասաչուսեց նահանգի «Քլարք» համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը:

Աքչամ յայտնեց, որ յաճախ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը պնդեն, որ 1915-ին տեղի ունեցածը ապացուցող փաստաթուղթեր չկան, աւելցնելով, որ գիրքը ապարդիւն կը դարձնէ բոլոր այդ պնդումները, որովհետեւ կը պատմէ հայերը սպաննելու ուղիղ հրամաններու եղելութեան մասին: Թուրքիոյ մէջ ժխտողականութիւնը խոր արմատներ ունի, նոյնիսկ` պետական համակարգին մէջ: Այս առումով, այդ ժխտողականութիւնը կրնանք համեմատել Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նախկին վարչաձեւին խտրական գաղափարախօսութեան հետ: Ան ըսաւ, որ ժխտողականութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն քաղաքականապէս եւ այդ բոլորը պէտք է դիտել այն մեծ պայքարին ծիրին մէջ, որուն նպատակն է Թուրքիոյ մէջ հաստատել ժողովրդավարութիւն: Միայն իշխանափոխութիւնը կրնայ փոխել Թուրքիոյ պաշտօնական հռետորաբանութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ան հաստատ»ց, որ իր եզրակացութիւնները պիտի օգնեն անոնց, որոնք կը պայքարին, որ Թուրքիոյ մէջ հաստատուի ժողովրդավարութիւն:

Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու տուներուն ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերը` Աքչամ ընդգծեց, որ անոնք պատմական որոշումներ են եւ կը խորհրդանշեն հին դարաշրջանի աւարտը եւ նոր դարաշրջանին մեկնարկը, աւելցնելով, որ այսպիսով ինք կը տեսնէ ոչ միայն հայ, այլեւ թուրք ժողովուրդի բարոյական յաղթանակը:

Ռումանիա

Տինքի Սպանութեան 13-րդ Եւ Պաքուի Ջարդերուն 30-րդ Տարելիցներու Հոգեհանգստեան Պաշտօն

Հանդիսապետութեամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանտ Տինքի սպանութեան 13-րդ եւ Պաքուի ջարդերուն 30-րդ տարելիցներուն առիթով, 19 յունուարին, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Տաթեւ եպս. Յակոբեան իր քարոզին մէջ ընդգծեց Հրանդ Տինք մտաւորականի, լրագրողի եւ մարդու մեծութիւնը եւ կատարած հսկայածաւալ աշխատանքին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ժամանակը չկրցաւ ամոքել կամ մոռացութեան մատնել այն խորը վէրքը, որ պատճառեց Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամներուն, ընկերներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան: Ան ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բացայայտ ոտնձգութիւն էր` ընդդէմ ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան ու այն գաղափարներուն, որ ունէր մեծ մտաւորականը, աւելցնելով, որ իբրեւ ճշմարտութեան առաջամարտիկ, անտեսելով բոլոր տեսակի սպառնալիքներն ու ոտնձգութիւնները, Տինքը բոլոր ամպիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշմամբ յանցակից չդառնալ երիտթուրքական ու օսմանեան իշանութիւններուն: Ան յայտնեց, որ ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները ընտրեցին խնդիրին լուծման այլ ճանապարհ` սպանութիւն, ոճրագործութիւն, սակայն  Տինք ունեցաւ մեծ թիւով գաղափարակիցներ Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարածքին, որոնց մէջ` նաեւ բազում թուրք գաղափարակիցներ, որոնք կը պայքարին քաղաքակիրթ երկիր ունենալու երազին համար:

Անդրադառնալով Պաքուի ջարդերուն, սրբազանը շեշտեց, որ  այդ արարքը յաւերժ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ` իբրեւ ծանրագոյն ոճրագործութիւն եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն, աւելցնելով, որ մեր ազգը պիտի շարունակէ ապրիլ, ստեղծագործել` կերտելով աւելի լուսաւոր ապագայ, բայց` երբեք չմոռնալով անցեալի մութ ու խաւար էջերը:

Հոգեհանգստեան պաշտօնին յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին դիմաց, ուր ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան:

Յայտնենք, որ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ հայաշատ ծուխերուն եւ քաղաքներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

«Ուսանողութիւնը Պէտք Է Առաջատար Դառնայ Մեր Գաղափարական Շարժումին Մէջ» Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Յաջորդը

«Արցախեան Ազատամարտից Ծնունդ Առած Հայոց Բանակը Հզօր Է Առաւել Քան Երբեւէ». Արտակ Դաւթեան

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?