Շաբաթ, 29 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեանն ու Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Քանատայի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան, Վանքուվըրի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին «S.U.C.C.E.S.S Gala 2020» ձեռնարկին, որուն ընթացքին առանձնազրոյց մը ունեցան Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը, որուն աւարտին ընկերները նախարարին ներկայացուցին Հայ դատի պատրաստած թղթածրարը` Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ: Նախարար Հարժիթ խոստացաւ ուսումնասիրել թղթածրարը եւ ի մօտոյ հանդիպում մը նախաձեռնել Հայ դատի յանձնախումբին հետ` քննարկելու համար, թէ Քանատայի կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ ներդրում ունենալ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Հանդիսութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց ընկերներուն` հանդիպելու Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի կառավարիչ Աշըլի Չեսթըրի, ընդդիմութեան առաջնորդ Էնտրու Ուիլքինսընի, կենսուժի եւ հանքարդիւնաբերութեան նախարար Պրուս Ռոլըսթընի, Ռիչմոնտի քաղաքապետ Մալքըմ Պրոտիի եւ նահանգային, շրջանային ու տեղական քաղաքական գործիչներու հետ: Հանդպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Արցախ , ինչպէս նաեւ հայ գաղութը յուզող հարցեր: