Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Հայ Ծերանոց
Շաբաթ, 3 օգոստոս 2019-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը վայելող Հայ ծերանոցին:
Առաջնորդ սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Հայ ծերանոցի խնամակալութեան, տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ:
Այցելութեան ընթացքին խնամակալութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց խնամակալութեան փոխատենապետ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանը:
Այնուհետեւ Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւետիս Գաթրճեանը բարի գալուստ մաղթելով առաջնորդ սրբազան հօր, համառօտ կերպով ներկայացուց կառոյցին ծառայողական գործունէութիւնը, պատերազմի տարիներուն յաղթահարած դժուարութիւնները, պաշտօնէութեան աշխատանքը` բարձրօրէն գնահատելով հայ երեք համայնքապետներուն անվերապահ գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որուն շնորհիւ Հայ ծերանոցը շարունակեց անդադար գործել` ապահով երդիք հանդիսանալով մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն համար:
Ապա ծերանոցի տնօրէնն ու խնամակալութիւնը առաջնորդեցին սրբազան հայրը` շրջագայելու կառոյցէն ներս: Սրբազան հայրը ծանօթացաւ կառոյցի բաժիններուն, տարուած աշխատանքներուն, զրուցեց հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն հետ ու առողջութիւն մաղթեց անոնց:
Առաջնորդ սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց խնամակալութեան, տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը, շեշտեց գործակցութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ մեր մամիկներն ու պապիկները մեր բոլորին հոգատար վերաբերմունքին ու խնամքին արժանի են: Անոնք մեր հայրերն ու մայրերն են, ապահով կը զգան այս կառոյցէն ներս, այնպէս` ինչպէս իրենց տան մէջ: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը շեշտեց, որ այս կառոյցը կը վայելէ սուրիահայ համայնքին ուշադրութիւնը, հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն եւ այցելուներուն, որոնք առանց վերապահութեան` օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարեն ու աստուածահաճոյ նուիրաբերումով կը նպաստեն Հայ ծերանոցի անխափան գործունէութեան:
Այս առիթով կառոյցի խնամակալութիւնն ու տնօրէնը սրբազան հօր նուիրեցին Հայ ծերանոցին պատմութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացնող գիրք մը:
Գամիշլիի Մէջ Ամառնային Դպրոց
Կազմակերպութեամբ Գամիշլիի «Զաւարեան» պատանեկան միութեան վարիչ կազմին եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն «Խորէնեան» սրահին մէջ իրագործուեցաւ ամառնային երկամսեայ դպրոցի մը ծրագիրը` մասնակցութեամբ 87 սկաուտներու եւ պատանիներու:
Ծրագիրին նպատակն էր համախմբել երկու միութիւններուն անդամները` զանոնք բաժնելով տարիքային խումբերու եւ յառաջացնելով յատուկ յանձնախումբ եւ դաստիարակ կազմ, որոնք առօրեայ օրակարգը պիտի գործադրէին: Ազգային դաստիարակութեան կողքին, դպրոցին նպատակն էր ամրան արձակուրդին կազմակերպել լողալու, մարզանքի, պտոյտի, դաշտային խաղերու, զարգացման մրցումներու եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ յայտագիրներ, որպէսզի պատանիները հաւաքական աշխատանքի եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ հաճելի պահեր ապրին:
Ամառնային դպրոցի օրերուն ծնողական հանդիպումներն ու հաւաքը եւս ունեցան իրենց դրական ազդեցութիւնը: Ծնողներ իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումով սատար հանդիսացան ծրագիրին յաջողութեան: ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ յանձնախումբը եւս ճիգ չխնայեցին` իրենց նպաստը բերելու ամառնային դպրոցի յաջողութեան:
Երկու ամսուան ընթացքին, շաբաթական հինգ օրուան դրութեամբ, սկաուտները եւ պատանիները վայելեցին ուրախ, խանդավառ եւ օգտաշատ ժամեր: Ծրագիրը աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ մտերմիկ խրախճանքի մը կազմակերպումով:
Յունաստան
«Սփիւռքահայ Կեանքեր, Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Աթէնքի Մէջ
Ուրբաթ, 21 յունիս 2019-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ «Արեւիկ» գրատան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը Աթէնքի մէջ:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նազարէթ Պէրպէրեանը: Ան ըսաւ, որ Ճէպէճեանին գլխաւոր արժանիքը արագ, կարճ եւ խիտ տարազումով աշխարհ մը, կերպար մը ներկայացնելու մէջ է, ապա հաստատեց հեղինակին աստուածաշնչական ոգիին ներկայութիւնը` բոլոր յօդուածներուն մէջ: Ն. Պէրպէրեանը դիտել տուաւ, որ դոկտ. Ճէպէճեան, երբ կը հանդիպի հայ էակի, մարդ էակի մը, կը տեսնէ, թէ հայ էակը ինչպէ՛ս այդ անտանելի միջավայրին մէջ կրցած է մարդ մնալ, հայ մնալ:
Գիրքին մասին խօսեցաւ Միհրան Քիւրտօղլեան, որ ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեան ամէն ճամբորդութենէ նորութիւն մը կը յայտնաբերէ, նոր հայեր, նոր մարդիկ քով քովի կը բերէ: Ճէպէճեան հարստացուցած է հայ մամուլը` հայ բեկորներու մասին գրելով, անծանօթ քաղաքներ կը յայտնաբերէ` փնտռելով եւ գտնելով հայու բեկոր մը, կարծես մէկը կը պարտադրէ իրեն: Իր բոլոր ճամբորդութիւններուն, հանդիպումներուն ընդմէջէն կը կերտէ հայը, հայութիւնը, հայրենիքի եւ հողին ուժը:
Քիւրտօղլեան իր ելոյթին ընթացքին վերլուծեց յօդուածներուն ոճին պարզութիւնը, դիւրին ըմբռնելիութիւնը, հասկացողութիւնը եւ յատուկ կերպով նշեց ընթերցողին մէջ արթնցած զգացումը եւ անոր հոգիին մէջ ստեղծած տագնապը:
Խօսք առաւ Զաւէն Գրիգորեանը եւ ըսաւ, որ հայ գիրքը հայ ժողովուրդի կենաց շունչն է հայ անհատին համար: Հայ գիրքը տրոփող կենդանի սիրտն է հայոց պատմութեան եւ այսօր մեր ձեռքերուն մէջ եղող` Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, մեր ժամանակակից սփիւռքահայ կեանքի պատմութենէն էջեր եւ պատկերներ են, որոնք կը տողանցեն իրենց զանազանութեամբ եւ գունաւոր խճանկարային պատմութիւններով: Ան նշեց, որ Հրայր Ճէպէճեանը կը շրջի սփիւռքահայ գաղութներ, Աւետարանի ճամբով, Աւետարանի փրկութեան գիրքը ձեռքին` հաղորդակից կը դառնայ այդ գաղութներու կեանքերուն, ազգային հայրենասիրական, եկեղեցասիրական գործունէութիւններուն:
Սրտի խօսք արտասանեց Եզնիկ արք. Պետրոսեանը, որ Հրայր Ճէպէճեանին մաղթեց նորանոր աստուածաշնչական հրատարակութիւններով հարստացնել հայ գրադարանները:
Իր կարգին, Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորեց Հրայր Ճէպէճեանը` յանձնարարելով կարդալ անոր քրիստոնէական եւ հայրենասիրական շունչով գրուած գիրքը: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայը կը տոկայ բոլոր տեսակի դժուարութիւններու` հայապահպանումի սիրոյն, յանձն առնելով ամէն տեսակ դժուարութիւն:
Խօսք առաւ նաեւ Հրայր Ճէպէճեան, որ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն շնորհուած ազգային, հայրենասիրական եւ քրիստոնէական հաւաքոյթին առիթով:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հնչեցին երաժշտական գեղեցիկ կտորներ:
Աւարտին, վեր. Վիգէն Չոլաքեանը շնորհաւորեց դոկտ. Ճէպէճեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին շնորհահանդէսի յաջողութեան:
Համազգայինի Պարախումբերու Ելոյթ
Նախաձեռնութեամբ Էկիոնի «Իոնես» մշակութային միութեան, 4-14 յուլիսին Յունաստանի Էկիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պարախումբերու համաշխարհային 15-րդ փառատօնը` մասնակցութեամբ 10 երկիրներէ պարախումբերու:
Փառատօնին հրաւիրուած էին նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը, պարուսոյց` Էտկար Էկեան եւ «Նանօր» պարախումբը` պարուսոյց Աննա Պօղոսեան, որոնք ելոյթներ ունեցան 13 յուլիսին:
Կէս ժամ տեւողութեամբ իրենց յայտագրին մէջ Համազգայինի պարախումբերը ներկայացուցին «Կարմիր նուռ»,« Զուռնի դրինկի», «Արտաշատ», «Դաւիթ Բէկ», «Գերծի բաբուրի», «Ծաղկաձոր» եւ այլ պարեր` աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծելով աւելի քան 2000 հանդիսատեսներուն մօտ` արժանանալով ներկաներու եւ կազմակերպիչներու ջերմ գնահատանքին:
Թեսաղոնիկէի Հայ Համայնքը Կը Մասնակցի Բազմալեզուեան Տօնակատարութիւններուն
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանին, վերջերս Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցան երեք օրերու վրայ երկարող բազմալեզուեան տօնակատարութիւններու հանդիսութիւններ, Թեսաղոնիկէի մէջ գտնուող տարբեր համայնքներու կողմէ: Տօնակատարութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական-աւանդական պարեր, եւ ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» երիտասարդական միութիւնը, որ տաղաւարի մը մէջ ներկայացուց նկարներ, յուշանուէրներ եւ գիրքեր` օտարներուն ցոյց տալով հայ արուեստն ու պարը, հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը:
Իրան
Թեհրանի 6-րդ Շրջանի Կրթադաստիարակչական Տնօրէնին Այցելութիւնը Առաջնորդարան
3 օգոստոսին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Թեհրանի 6-րդ շրջանի կրթադաստիարակչական տնօրէն Նազարեանի եւ իր գործակիցներուն: Հանդիպումին ներկայ էին Սահակ քհնյ. Խոսրովեանը եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Զօրիկ Կարապետեանը:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան վեցերորդ շրջանի դպրոցներու եւ Արաքս դպրոցի հետ կապուած դժուարութիւնները:
Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց Նազարեանին վերաբերումը դպրոցներու նկատմամբ` աւելցնելով, որ այս շրջանին դպրոցներու վերահասութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ է:
Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու Միութեան Նորընտիր Վարչութեան Այցելութիւնը Սրբազան Հօր
6 օգոստոսին Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան նորընտիր վարչութեան կազմը, գլխաւորութեամբ կազմի նախագահ Անահիտ Յակոբեանի, այցելեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին` ստանալու համար անոր օրհնութիւնը:
Սրբազանը ողջունելով նորընտիր վարչութիւնը` ընդգծեց համայնքի կեանքին մէջ կրթուած երիտասարդութեան ապագայ ղեկավարի դերակատարութիւնը: Վարչութիւնը աշխատանք կը տանի ակադեմական, ուսուցողական, մանկավարժական եւ ընկերական գործունէութեան մարզերէն ներս, տարբեր տարիքներու համայնքայիններու կեանքին մէջ փոփոխութիւն բերելու նպատակով:
Վարչութիւնը սրբազան հօր ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Սրբազանը կատարեց որոշ թելադրանքներ` իրենց հաւաքական աշխատանքներուն մէջ աւելի մեծ թիւով անդամներ եւ մասնակիցներ ներգրաւելու վերաբերեալ:
Վարչութեան նախագահ Անահիտ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` իր յարատեւ քաջալերանքին եւ միշտ միութեան կողքին կանգնած ըլլալուն համար:
Միացեալ Նահանգներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւն
Վերջին տարիներուն հաւաքական աշխատանքի յաջող ու դրական արդիւնքներէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն ներս թէ դուրս ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականի թելադրութենէն մղուած եւ հայութեան ուժի հաւաքագրումը նկատելով անհրաժեշտ, Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող եւ գործակցութեան աւանդ ստեղծած կառոյցները համախմբուելով` կազմած են համայնքի հաւաքական շահերը հետապնդելու ձգտող եւ միասնական ճիգերը համադրող ղեկավար խորհուրդ մը, որպէսզի հիմքը դրուի ապագայի գործակցութեան նոր էջի մը:
Խորհուրդը կը կոչուի Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ (Pan-Armenian Council of Western USA): Խորհուրդին անդամ դառնալու կը հրաւիրուին համայնքի այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս հաւաքական ճիգին, եւ իւրաքանչիւրը ունի նուազագոյնը 300 գործօն անդամ:
Խորհուրդի առաքելութիւնն է`
– Համահամայնքային բնոյթի աշխատանքներ ծրագրել եւ համադրել,
– Հայութեան հաւաքական շահերն ու համայնքի հայութեան իրաւունքները յառաջ տանող աշխատանքներ քաջալերել,
– Հայկական հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն սպառնացող միտումները հակակշռող քայլերու նախաձեռնել,
– Առաւելագոյն չափով հաւաքագրել համայնքի հայութեան ներուժը` ներառելով համայնքի բոլոր հայկական ուժերը, յանուն համայնքի բարօրութեան ու Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման,
– Միշտ հետամուտ ըլլալ համայնքային կեանքի առողջ պահպանման:
Խորհուրդի աշխատանքներուն պարբերաբար կը հրաւիրուին համայնքէն ներս գործօն եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ազգայիններ, որոնք իրենց մասնագիտական թէ այլ առաւելութիւնները պատրաստ կ՛ըլլան ի սպաս դնելու վերոյիշեալ աշխատանքներուն եւ նպատակներուն յաջողութեան համար:
Խորհուրդի անդամ չեղող կազմակերպութիւններ կամ անհատ հայորդիներ եւս վերոյիշեալ հաւաքական ճիգէն անմասն չձգելու նպատակով տարին առնուազն մէկ անգամ կամ աւելի (ըստ կարիքի եւ յարմարութեան) ու նախապէս որոշուած օրակարգով Խորհուրդը կը նախաձեռնէ հաւաք-համագումարներու, որոնց կը հրաւիրուի համայնքի հայութիւնը` հաւաքական ծրագիրներու եւ նիւթերու ուղղութեամբ իր կարծիքները լսելի դարձնելու եւ իր ներդրումը բերելու:
Ներկայիս խորհուրդին անդամակցած են 19 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Խաղողօրհնէք «Արարատ Տան» Մէջ
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, 15 օգոստոսին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով «Արարատ տան» մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հիւանդանոցի բաժինին մէջ` Ս. Աստուածածինին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ:
«Արարատ տան» հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Կանիմեանը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք շարունակ կ’այցելեն վայրը եւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն եւ իրենց սրտաբուխ աղօթքներով տարեցներուն հոգեւոր պապակը կը գոհացնեն:
Առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց «Արարատ տան» ընտանիքին մէջ գտնուելուն համար` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին հոգեւոր հայրերը աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած` բնակիչներուն առողջութիւն հայցելով, Տիրոջ օրհնութիւնն ու Ս. Աստուածածինի բարեխօսութիւնը աղերսելով: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց Յովսէփ Կանիմեանին եւ հոգաբարձութեան` ջերմ ընդունելութեան համար, իր օրհնութիւնները փոխ տուաւ եւ դրուատեց անոնց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը: Անդրադառնալով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին` սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր Քրիստոսի մայրը դառնալու` իր սրբակենցաղ բարեպաշտութեան, հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան համար, եւ հրաւիրեց ներկաները անոր օրինակով ընթանալու, Տիրոջ կամքը գործադրելու եւ իրենց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն զԱստուած փառաւորելու:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք, որմէ ետք մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը: Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ս. Աստուածածինի առաքինութեանց մասին` ընդգծելով անոր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, սրբութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը: Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Այցելութիւնը
Հինգշաբթի, 15 օգոստոս 2019-ին Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ընդունեց այցելութիւնը Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի` ընկերակցութեամբ Փասատինայի «Հայ Կիլիկիա» աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ, վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի:
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Հ. Ճէպէճեանը խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ ծաւալած իր գործունէութեան մասին: Առաջնորդը գնահատեց զայն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ: Հանդիպումին ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու գործունէութիւնը եւ երկու համայնքները յուզող հարցերը:
Ուոքիկընի (Իլընոյ) Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Խաղողօրհնէքը
4 օգոստոսին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ տարածքին տեղի ունեցաւ անդաստանի յատուկ արարողութիւն, խաղողօրհնէք եւ դաշտահանդէս:
Այս յիշատակելի օրուան առիթով եկեղեցւոյ հովիւ Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեանին միացած էին թեմի հանգստեան կոչուած քահանաներէն Զարեհ Ա. քհնյ. Սահակեանը, Ուոքիկընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ այցելու հոգեւորական Սահակ քհնյ. Քայիշեանը, ինչպէս նաեւ` դպիրներ ու բազմաթիւ ծխականներ: