Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 12, 2020
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Ձեռարկներ Բերիոյ Հայոց Թեմին Մէջ

* Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղին, 21 փետրուարին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն:                                                                                                     Վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, որ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ազգային կրօնական տօներէն մէկն է, որ ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը յիշատակէ համայն հայութիւնը, աւելցնելով, որ միայն տօնել եւ հպարտանալ բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու, այլ պէտք է դառնանք Վարդանանց հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները, գիտակցինք մեր ինքնութեան արժէքին, հաւատարիմ մնանք քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին,անաղարտ պահենք հայ լեզուն , պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ փոխանցենք զանոնք սերունդէ-սերունդ, որպէս աւանդ եւ մասունք:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք առաջնորդ հայրը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Վարդանանց ճակատամարտը եղաւ համայն հայութեան հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդի կարկառուն դէմքերը մասնակցեցան պատերազմին` պահպանելու համար հայ ազգը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ան բարձր գնահատեց աշակերտները, որոնք իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով վառ կը պահեն Վարդանի կտակը:

Սրբազան հայրը իր կարգին Աւարայրի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին` շեշտելով, որ երբ գոյութիւն ունին կամքը, տեսիլքը, հաւատարմութիւնը եւ հայրենիքին համար զոհուելու պատրաստակամութիւնը` այն ատեն է, որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները: Ան շեշտեց, որ 451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնելու բոլոր փորձերը, եւ 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով, եւ հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնի ազատութիւնը, հայրենիքի անկախութիւնը:

Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 21 փետրուարին, Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը:

Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան մատուցեց ս. պատարագ եւ յղեց պատգամը: Ան պարզաբանեց տօնին խորհուրդը` մատնանշելով անոնց բերած մեծ ներդրումը քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան համար մղուած ճակատագրական պատերազմին:

Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Վարդանանցը ճակատագրական պահ մը եղաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` շնորհիւ մեր քաջարի հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարներուն, որոնք զոհողութեամբ պահպանեցին մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները, եւ հայ ժողովուրդը սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմաց հաւատքով ու տեսիլքով եւ արեան գնով կարողացաւ հաստատուն պահել իր հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք պիտի շարունակեն մնալ մեր կեանքին առանցքը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Նորա Արիսեան ողջունեց սրբազան հօր քաջալերական այցելութիւնը եւ հրաւիրեց աշակերտները` Վարդանանց խորհուրդով տէր ու պաշտպան կանգնելու մեր մայրենի լեզուին եւ քրիստոնէական հաւատքին:

* 19 փետրուարին Գամիշլիի Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիրով յիշատակեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը, իսկ 20 փետրուարին տօնեցին Բուն Բարեկենդանը: Անոնք իրենց ուսուցչուհիներուն հետ միասին պարերով ու խմբային երգերով ստեղծեցին ուրախ մթնոլորտ մը:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Այցելեց Հասիչէի Նահանգապետին

25 փետրուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ պատկան մարմինի, թաղականութեան եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութեան մը, մեկնեցաւ Հասիչէ:

Պատուիրակութիւնը նախ այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան թաղականութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Դպրոցին աշակերտները բարի գալուստի խօսքերով եւ կանչերով դիմաւորեցին հայր սուրբը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հայր սուրբը, իր կարգին, բարեմաղթանքներով եւ օրհնութեամբ իր հայրական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն:

Այնուհետեւ Գամիշլիի պատուիրակութեան միացան Հասիչէի թաղականութիւնը եւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի Տիկնանց միութիւնը եւ դպրոցի տնօրէնուհին, որոնք ուղղուեցան Հասիչէի նահանգապետարան` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ նահանգապետարանի պատուոյ սրահին մէջ, ուր նահանգապետը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հաստատեց, որ հայերը միշտ հաւատարիմ եղած են Սուրիոյ, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանին միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը հաստատէ, որ սուրիացիները ամբողջութեամբ զօրավիգ են հայութեան արդար պահանջատիրութեան: Ապա կուսակցապետը ըսաւ, որ օսմանեան ոճիրներու դատապարտումը մարդկային պարտաւորութիւն է, որովհետեւ ներկայիս Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ալ նման ոճիրներ կը շարունակուին նոյն ոճրագործ թուրքին կողմէ:

Հայր սուրբը, իր կարգին, շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, ողջունեց սուրիական քաջարի բանակը եւ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատը, որուն խոհեմ ղեկավարութեան շնորհիւ սուրիական բանակը դէմ կը դնէ թրքական յարձակումներուն` արձանագրելով պատմական յաղթանակներ:

Ապա հայր սուրբը խորհրդանշական յուշանուէրով մը յայտնեց Ճեզիրէի հայութեան երախտագիտութիւնը:

—————————

Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերու Նշում

Աւստրիա

Կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, 22 փետրուարին Վիեննայի կեդրոնական փողոցներուն վրայ տեղի ունեցաւ ցոյց-քայլարաշ մը` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն 32 եւ Պաքուի ջարդերուն 30-ամեակներուն:

Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը դատապարտող պաստառներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն հրապարակին վրայ, ուր կատարուեցաւ ցոյցին բացման արարողութիւնը` անգլերէն եւ գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով: Ապա ցուցարարները քալելով եւ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերը յիշող եւ դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն Ս. Ստեփանոսի հրապարակը` անգամ մը եւս յիշեցնելով Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուիի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակները յարգելու ու փոխահատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու եւ ազերիական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ այս առիթով Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու:

Ցոյց-քայլաշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհն ու Արեւմուտքը պէտք է հայութեան հանդէպ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առած` յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն, որպէսզի Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճանապարհներով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի:

Ռումանիա

26 փետրուարին Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պուլկարիոյ հայոց թեմի Առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` բոլոր նահատակներու հոգիներուն հանգստութեան համար:

Այս առիթով սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սումկայիթեան դաժան ու անմարդկային իրադարձութիւններուն շեշտելով` յատկապէս սփիւռքի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը համահայկական գործընթացներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ մեր ժողովուրդին հանդէպ կատարուած յանցագործութիւնները եւ ոճրագործութիւնները պիտի արժանանան համապատասխան գնահատականի եւ պիտի դատապարտուին ողջ մարդկութեան կողմէ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կանգեցուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին դիմաց: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան:

—————————

Յունաստան

Ցեղասպանութիւններու Նուիրուած Հրապարակային Ելոյթ

19 փետրուարին Փիրէայի յոյն-ֆրանսական «Ժան տ՛Արք» կրթարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան պատմական յուշին նուիրուած` «Յոյն եւ հայ ժողովուրդներ. երկու դարաւոր մշակոյթներ» նիւթով հրապարակային ելոյթ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց կրթական հաստատութեան տնօրէնուհի Ակելիքի Վոքու, որ անդրադարձաւ 160 տարեկան յոյն-ֆրանսական «Ժան տ՛Արք» հաստատութեան պատմականին, որ պատմութեան դժուար պահերու վկան հանդիսացած է Փիրէայի մէջ: Ան խորապէս գնահատեց նման համագործակցութեան առիթները` նկատել տալով, որ դաստիարակներու պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնն է` աշակերտական նոր սերունդներուն անցեալի պատմական փաստերուն մասին խօսիլ` զանոնք դաստիարակելով արդարութեան հետամուտ մնալ իրենց կեանքին ընթացքին: Տնօրէնուհին ողջունեց ուսուցչուհիներ Տիրուհի Աշրեանի եւ Փարասքեւի Վիլայի նախաձեռնութիւնը, որոնք յղացած եւ իրականացուցած էին այս կարեւոր ձեռնարկը: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սթաւրոս Ապարեան իր խօսքին մէջ մատնանշեց Թուրքիոյ շարունակուող քաղաքականութեան դրսեւորումները եւ հայ ու յոյն ժողովուրդներուն կողմէ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու շարունակուող փորձերը` ողջունելով պատմական յուշը նոր սերունդներուն մէջ կենդանի պահելու եւ արդարութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու նպատակին ծառայող նմանօրինակ առիթներու կազմակերպումը: Տիրուհի Աշրեան ներկայացուց սոյն նախաձեռնութիւնը կազմակերպելուն նպատակը` շնորհակալութեան խօսք ուղղելով բոլոր մասնակցողներուն, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս, ընկերային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիսի կենսագրականն ու աշխատանքները:                                               Բանախօսը իր խօսքի սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն` դրուատելով Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ ընդհանրապէս հայութեան տարած պահանջատիրական աշխատանքը համազգային տարողութեամբ եւ շեշտեց, որ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարն էր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղին բացաւ յունական պահանջատիրութեան առջեւ` առաջնորդելով յաղթանակներու: Ան քննադատեց յոյն պետութեան պահպանողական կեցուածքը, որ պարզ ոգեկոչումներով կը բաւարարուի, մինչ հայութեան համար ապրիլ 24-ը ազգային սուգի եւ պահանջատիրութեան վերանորոգուող ուխտի օր կը հանդիսանայ:                                                                                                       Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ աւարտին յիշատակի նուէրներ եւ գիրքեր յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն:

Լոնտոն

Հանրային Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Համազգայինին, 28 փետրուարին Նաւասարդեան կեդրոնի  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի եւ անոր պահպանման եւ շարունակականութեան հիմքերը» խորագիրը կրող հանրային դասախօսութիւն մը:

Համազգայինի ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց օրուան դասախօս, Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Բանախօսը ներկայացուց մշակոյթ հասկացողութիւն-բացատրութիւնը հաւաքական կեանքի նշանակութեան համար եւ անոր ընդմէջէն ընդգծեց «ամբողջական մշակոյթ» հասկացողութիւնը, որուն միջոցով իւրաքանչիւր անհատ կը դառնայ մշակութային էակ, եւ զինուած այդ մշակութային ամբողջական արժէքներով`մարդը եւ հաւաքականութիւնը կը գծեն իրենց կեանքի ճամբան եւ կրնան դիրքորոշուիլ նոյն այդ արժէքներով աշխարհի նկատմամբ: Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրականութեան, թէ ինչպէ՛ս հայը արմատախիլ ըլլալով իր հողէն` նաեւ կորսնցուց իր ամբողջական մշակութային ժառանգը, սակայն նոյն հայը վերակերտեց այդ բոլորը իր յուշերէն, որ իրեն հետ բերած էր իր հողէն, բայց այս անգամ` սփիւռքի իրականութեան մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մասին, թէ որքա՛ն սփիւռքահայ գաղութները իրարմէ կը տարբերին: Ան անդրադարձաւ ազգային ինքնութեան եւ անոր ինքնագիտակցութեան` շեշտելով այս ուղղութեամբ Հայաստանի ունեցած ներդրումը: Եզրափակելով իր խօսքը, բանախօսը յորդորեց ներկաները` չյուսահատիլ պայքարելէ մեր մշակութային ինքնութեան եւ անոր պահպանման համար:

«Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Ծոցի Տարածաշրջանին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանի արեւելեան ուսումնասիրութեան բաժանմունքին, «Արեւելեան քրիստոնէութիւնը» նիւթով ուսումնասիրութեան նուիրուած դասախօսական-հաւաքներու ծիրին մէջ, 25 փետրուարին համալսարանի սրահի մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Ծոցի տարածաշրջանին մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Համալսարանի արեւելեան ուսումնասիրութեան բաժանմունքի դասախօսական կաճառի գործօն անդամներէն դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուց  օրուան դասախօս Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:

Դոկտ. Ճէպէճեան ներկայացուց Ծոցի պատմա-քաղաքական ու ընկերատնտեսական տուեալները,  քրիստոնեայ եկեղեցիի ու համայնքի կազմաւորումը Դ. դարերէն սկսեալ` հասնելով մինչեւ իսլամական ներխուժումը տարածաշրջանէ ներս` 629 թուականին, մատնանշելով, որ քրիստոնեայ եկեղեցին իսլամական տիրապետութեան ժամանակ շրջանին մէջ մնացած է մինչեւ Թ. դար եւ ապա` անյայտացած: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ ներկայութիւնը վերստին մուտք գործած է տարածաշրջանի մէջ 1497 թուականներուն, վեր առնելով քրիստոնեայ ներկայութեան ծաւալած գործունէութիւնը անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ եւ մինչեւ ամերիկացի միսիոնարներուն յայտնուիլը, որոնք 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ նպաստ եւ ներդրում ունեցած են այս երկիրներու ընկերային կեանքի բարելաւման մէջ, ի մասնաւորի` կրթական եւ բժշկական բնագաւառներուն մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Լրատուական Կամուրջ Արաբական Երկիրներու Հետ. Արմէնփրես»-ը Կ՛ընդլայնէ Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահին Պատեհապաշտութիւնը Եւ Անզսպելի Մեծամտութիւնը

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?