Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Գաղութները` Հայաստանի Եւ Արցախի Հետ

October 2, 2020
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիպրահայ Համայնքը Բազմամարդ
Ցոյց Կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու
Եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն Առջեւ

Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, կիպրահայ համայնքը բազմամարդ ցոյց կազմակերպեց Նիկոսիոյ մէջ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ:

Ցոյցին մասնակցեցան 400-էն 450 ցուցարարներ` Եռագոյն եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով ու պաստառներով. անոնք ցոյցի ընթացքին բարձրաղաղակ կը բացագանչէին Արցախի մէջ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:

Կիպրահայ համայնքի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յուշագիր մը յանձնեց նախ Ռուսիոյ, ետքը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, եւ ապա` Ֆրանսայի դեսպաններուն, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ, կոչ ուղղելով իրենց, որ միջամտեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ, որպէսզի վերջ դրուի Ազրպէյճանի կողմէ հռչակուած պատերազմին:

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ յոյն-կիպրացի բազմաթիւ նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններ:

Բազմահազարանոց Ցոյց Լոս Անճելըսի Մէջ`
Ընդդէմ Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ բազմահազարանոց բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է. հազարաւոր հայեր հաւաքուած են Ազրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց` բողոքելով Ազրպէյճանի վերջին յարձակումներուն դէմ` Արցախի ամբողջ սահմանի երկայնքին:

Ցուցարարները նաեւ դատապարտած են ղարաբաղեան տագնապին մէջ Թուրքիոյ լկտի եւ յանցաւոր միջամտութիւնը:

Ցոյցը կազմակերպած է Լոս Անճելըսի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը:

Բողոքի Հաւաքներ` Աթէնքի,
Ալեքսանտրուպոլսոյ Եւ Քալամաթայի Մէջ

Յունահայութիւնը միասնական եւ միահամուռ կեցուածքով դատապարտեց թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ:

Չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Աթէնքի Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ մօտ 1000 հայեր ներկայ գտնուեցան եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին դէմ:

Իսկ կազմակերպութեամբ Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ շրջանի հայութեան, աւելի քան 300 հայրենակիցներ հաւաքուեցան Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շուրջ` իրենց բողոքի ձայնը միացնելու համար ամբողջ հայութեան ձայնին:

Նաեւ Քալամաթայի Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, շրջանի հայութիւնը մէկտեղուեցաւ հայկական Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող հայկական խաչքարին առջեւ եւ բարձրացուց պաստառներ` դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակումները Արցախի վրայ:

 

Նախորդը

Լիբանանը Յուզող Հարցերու Լուծման Ժամկէտներուն Ընդառաջ. Ղեկավար Կողմեր Կը Ջանան Համախոհութեան Յարմարագոյն Տարազի Ենթահողը Պատրաստել

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.