Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ուքրանիա
Հայկական Խաչքարի Օծում
Պերտեանսք Քաղաքին Մէջ
Վերջերս Արեւելեան Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին օծման արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի։ Սոյն օծուած խաչքարը դարձաւ ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը:
Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան յայտնեց, որ յուշարձանին տեղադրումին նախաձեռնած է Պերտեանսքի հայերու միութեան նախագահ Յովհաննէս Աւդալեան՝ աւելցնելով, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը կազմակերպած է Հայաստանէն բերուած առաւել քան 25 խաչքարերու տեղադրումը, որոնցմէ մէկն է սոյն խաչքարը։
Յունաստան
Սարկաւագական ձեռնադրութիւն
Նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 12 սեպտեմբերին Գոմոթինիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ սրբազան հօր եւ խարտաւիլակութեամբ Արտաազդ վրդ. Շարոյեանի։ Սարկաւագական կարգ ստացան կիսա-սարկաւագներ Մարկոս Պարտագճեան եւ Գէորգ Քիլինկարիտիս։
Ձեռնադրութեան աւարտին սրբազան հայրը նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագներուն պատգամելով յայտնեց, որ իրենց ծառայութեամբ եւ նուիրուածութեամբ պիտի փորձեն իրենց կարելին ընել, որպէսզի իրենց հոգիի աչքերով տեսնեն զԱստուած՝ աւելցնելով, որ աւելի գեղեցիկ բան չկայ, քան եկեղեցւոյ ծառայ ըլլալը։
Սրբազանը հայրը, իր հայրական պատգամի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքը մէջբերելով, ըսաւ, թէ առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի այսօր մեր երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու եւ եկեղեցին դէպի երիտասարդութիւնը առաջնորդելու աշխատանքին։ Երիտասարդութիւնը այսօր տարբեր մտածումներ, մտահոգութիւններ ու մօտեցումներ ունի, որովհետեւ տարբեր աշխարհի մէջ կ՚ապրի։ Եկեղեցին պէտք է համապատասխան մօտեցում որդեգրէ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցին լուրջ վերատեսութեան ենթարկէ իր առաքելութիւնը՝ բոլոր երեսներով։
Անդրադառնալով Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանին մէջ յատուկ առաքելութեան աւարտին հասնելուն, սրբազանը գնահատեց հայր սուրբի կատարած աշխատանքը շրջանին մէջ՝ եկեղեցական ծառայութեան մարդուժ պատրաստելու գծով, որուն ապացոյցն է երկու սարկաւագներու ձեռնադրութիւը եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Ս. պատարագներուն համար երգչախումբի կազմութիւնը, զոր «Մեղեդի» կոչեց։ Աւարտին, Արամ Ա. կաթողոկոսին կողմէ լանջախաչ կրելու շնորհած իրաւունքին համաձայն, հայր սուրբին յանձնեց վարդապետական լանջախաչ, որուն կնքահայրը եղաւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Գուրպանեան։
Իրան
Պատգամաւոր Արա Շահվերդեան՝ Միջխորհրդարանական
Բարեկամական Խումբերու Փոխնախագահ
Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան Իսլամական խորհրդարանի կողմէ նախապէս ընտրուած յանձնաժողովներէն բացի, ընտրուած է քանի մը երկիրներու խորհրդարանական բարեկամական խումբերու մէջ:
Պատգամաւորը ստանձնած է Հայաստանի, Լեհաստանի, Չեխիոյ, Քամերոնի եւ Մատակասքարի հետ Իրանի միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի փոխնախագահի պաշտօն:
Միացեալ Նահանգներ
Ընդունելութիւն՝ Ի Պատիւ
Յարութ Փամպուքճեանի Եւ Ռազմիկ Մանսուրեանի
9 սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ հայկական արուեստի նուիրեալներ Յարութ Փամպուքճեանի եւ Ռազմիկ Մանսուրեանի։
Հայաստանի դեսպան Արմէն Բայբուրդեան իր ելոյթին մէջ կարեւորեց հայ մշակոյթի մեր երկու արժանաւոր գործիչներուն յարգանքի տուրքի մատուցումը՝ աւելցնելով, որ մշակոյթը մեզի համար նաեւ դիւանագիտութիւնն է եւ միջոց՝ ազգերու, պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար։ Այդ առումով յատկապէս կարեւոր է երգարուեստը, քանի որ երգը սահմաններ չի ճանչնար, ինչպէս նաեւ՝ ազգային, լեզուական ու այլ բաժանումներ։ Դեսպանը նկատել տուաւ, որ քալող առասպել Յարութ Փամպուքճեան իր երգով, եւ սիրուած արուեստագէտ Ռազմիկ Մանսուրեան իր արուեստով այնպիսի արժէք ստեղծած են ազգային արուեստի բնագաւառին մէջ, որ այժմ ալ կը շարունակուի Քալիֆորնիոյ մէջ իբրեւ ազգի համար կարեւոր առաքելութիւն։ Դեսպանը շեշտեց նաեւ, որ Փամպուքճեան եւ Մանսուրեան արժանի են բարձր պարգեւներու, բայց ամենաբարձր պարգեւը ժողովուրդին սէրն է անոնց արուեստին նկատմամբ։
Բայբուրդեան կարեւոր նկատեց հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ սերտ կապերը նաեւ այսպիսի նախաձեռնութիւններով սերտացնելու հանգամանքը։
Այնուհետեւ, գլխաւոր հիւպատոսը Փամպուքճեանի եւ Մանսուրեանի յանձնեց «Համօ Սահեան» մրցանակը, որ իրենց շնորհուած էր «Համօ Սահեան» բանաստեղծութեան կեդրոնին կողմէ՝ հայ արուեստին մատուցած ծառայութիւններուն համար։
Աւարտին երկու արուեստագէտները հանդէս եկան երախտագիտական խօսքով եւ երաժշտական կատարումներով։
Քանատա
«Հորիզոն»-ի շնորհաւորական այցելութիւնը
Առաջնորդ Սրբազան հօր
1 սեպտեմբերին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի շնորհաւորական այցելութիւնը՝ Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ առաջնորդ ընտրութեան առթիւ:
«Հորիզոն» թերթի խմբագրակազմը, գլխաւորութեան վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի, շնորհաւորեց սրբազան հօր վերընտրութիւնը, ուժ ու կորով մաղթեց անոր՝ յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան շարունակութեան ու անմիջական ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեց, շեշտելով Ազգային առաջնորդարանի կարեւոր տեղն ու դերը՝ գաղութի հոգեւոր ու ազգային դիմագիծի պահպանման ու զարգացման առաքելութեան մէջ:
Իր կարգին սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներուն համար, գնահատեց «Հորիզոն» թերթի վարիչ-խմբագիրն ու խմբագրակազմի անդամները, շեշտեց Հայ մամուլի ու մասնաւորաբար «Հորիզոն»-ին դերն ու ծառայութիւնը հայակերտման ու հայապահպանման գործին մէջ՝ նշելով, որ «Հորիզոն»-ը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ սոսկ լրատուութիւն չէ, որ կը կատարէ, այլ որպէս շրջուն դպրոց, հայկական օճախներուն մէջ Ս. Գիրքէն յետոյ միակ կռուանն է, որ հայերէն կարդալու համար կը փնտռուի։
Սուրբ Խաչի Վերացման Տօն
Նախագահութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի 12 եւ 13 սեպտեմբերին Քէմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Խաչի վերացման, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան յիշատակութեան տօնը։
Արդարեւ շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, սրբազանը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, իսկ կիրակի, 13 սեպտեմբերի առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ։
Ս. Նշան եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւ Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեան՝ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, բարի գալուստ մաղթեց ու ողջունեց սրբազանը եւ պատկան մարմինները եւ շնորհաւորեց սրբազան հօր թեմակալ առաջնորդ վերընտրութիւնը՝ ուժ ու կորով մաղթելով անոր։
Իր պատգամին մէջ սրբազանը վեր առաւ Խաչվերացի տօնը եւ անկէ բխած Ս. Խաչի զօրութեան պատգամը՝ նշելով, որ խաչը անարգ մահուան միջոցէն վերածուեցաւ փրկութեան, յաղթանակի, զոհողութեան, նուիրումի ու պահպանութեան խորհրդանիշի, զոր հայ ժողովուրդը պատիւով իր ուսերուն կրեց անցնելով հազարումէկ գողգոթաներ՝ հասնելով Տէր Զօր, Սուրիա մինչեւ Լիբանան ու Այնճար։
Անդրադառնալով Մուսա Լերան յիշատակութեան տօնին՝ սրբազանը նշեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտն ալ անմիջականօրէն կապուած է Խաչի վերացման տօնին հետ, երբ թշնամիին ճիրաններէն փրկուած հերոսական ազգը 105 տարի առաջ, սեպտեմբեր 12-ին, անգամ մը եւս բարձրացուց խաչի նշանը, որ եղաւ փրկութեան, գոյատեւման, հայու ինքնութեան ու արժանապատուութեան երաշխիք, հաւաստիք՝ նոր Մուսա լերան մը կերտման, Այնճարի օրհնեալ հիւղաւանին մէջ։
Իր պատգամի աւարտին սրբազանը ցասումով անդրադարձաւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան դժուար վիճակին, գնահատեց ՀՅԴ համաշխարհային մեծ ընտանիքի ճիգերն ու ջանասիրութիւնը՝ հասնելու մեր հայրենակիցներուն, ձեռք երկարելով ու նեցուկ կանգնելով անոնց։
Այնուհետեւ, սրբազանը ներկայացուց եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւը՝ Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը մաղթելով, որ իր ծառայութեամբ հաւատք ներշնչէ համայնքի զաւակներուն։ Ապա, նշեց, որ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Փանոսեան, թեմի կանոնագրութեան հիման վրայ, հանգստեան կը կոչուի, եւ գնահատեց քահանայ հօր բազմամեայ ծառայութիւնն ու վաստակը եւ երկար ու առողջ կեանք մաղթեց անոր։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ ռէհանօրհնէք եւ մատաղօրհնէք։
Ատրպատական
13 սեպտեմբերին, Ատրպատականի, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Խաչվերացի տօնին առիթով:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը յղեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան։
Սրբազանը իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Քրիստոսի, մարդկութեան սիրոյ համար կրած զոհողութենէն աւելի մեծ պարծանք չկայ գիտակից եւ հաւատացեալ մարդու համար, այլապէս անհաւատութեան գիրկը կ՛իյնանք, այնպէս, ինչպէս շատեր այս կեանքին մէջ միայն իրենց անձն ու անձնական շահը կը մտածեն՝ անխնայ յափշտակելով ուրիշներու ունեցածը, զրպարտանքներով ոչնչացնելով ուրիշներու համբաւն ու վաստակը: Սրբազան նաեւ անդրադարձաւ խաչի զօրութեան, որուն նշանը մեր դէմքին վրայ կնքուած այնքան ուժեղ ազդեցութիւն ունի եւ փրկարար դեր:
Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած մետաղեայ նոր խաչին շուրջ տեղի ունեցաւ ռեհանազարդ խաչով աւանդական անդաստան: