Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սուրիոյ Մշակոյթի Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները Այցելեցին Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի
Ուրբաթ, 12 փետրուար 2021-ին Սուրիոյ մշակոյթի նախարար դոկտ. Լուպանա Մշաուահ եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեցին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուրը եւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապը:
Անոնք ընդունուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ Քրիստափոր Հապոյեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Մանուկ աբղյ. Պարիխանեանի կողմէ:
Այցելուները շրջագայելով մայր եկեղեցւոյ մէջ` մօտէն ծանօթացան անոր բաժանմունքներուն, արուեստի գործերուն, պատմական արժէք ներկայացնող սրբապատկերներուն:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ պատմականին: Ան մատնանշեց անցնող տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին պատճառով եկեղեցւոյ կրած նիւթական վնասները, ապա` իրականացուած վերանորոգութեան աշխատանքները: Սրբազան հայրը անգամ մը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, որուն նիւթաբարոյական օժանդակութեան շնորհիւ պատմական եկեղեցին անգամ մը եւս վերականգնեցաւ եւ ծառայութեան դրուեցաւ` հաւատացեալներու ներկայութեամբ հերթական ժամերգութիւններ եւ սուրբ պատարագներ մատուցելով:
Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, որ 2019-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին կատարեց մայր եկեղեցւոյ վերաօծումը:
Այցելուները հաճոյքով շրջեցան պատմական եկեղեցւոյ կամարներու տակ եւ իրենց հիացումը արտայայտեցին` տեսնելով եկեղեցւոյ ճարտարապետական լուծումները, եկեղեցական սպասներն ու պատմական սրբանկարները:
Սրբազան հայրը յայտնեց, որ այս եկեղեցւոյ գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ խորհրդանիշ է թէ՛ քրիստոնէական ներկայութեան, եւ թէ՛ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան:
Նախարարները իրենք եւս հաստատեցին, որ Սուրիան իր բոլոր բաղադրիչներով պիտի շարունակէ մնալ եղբայրութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան երկիր:
Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Նշում
Բերիոյ հայոց թեմին մէջ սուրբ պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնը, երեքշաբթի, 9 փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան` բնաբան ունենալով շարականի հետեւեալ բառերը` «Քեզի խաչակից ընտրեցիր քահանայական դասը», յայտնելով, որ հոգեւորականաց դասը կանչուած է Քրիստոսի խաչակիցը ըլլալու եւ Աւետարանի քարոզութեամբ Աստուծոյ ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ Աստուծոյ շունչը տարածելու անցաւոր այս աշխարհին մէջ:
Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ հոգեւորականները հայ ժողովուրդի ողջ պատմութեան ընթացքին մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքները պահպանելու համար պայքարեցան չար ուժերուն դէմ եւ հաւատարմօրէն զանոնք փոխանցեցին իրերայաջորդ սերունդներուն:
Սրբազան հայրը թափանցելով հայ ժողովուրդի պատմութեան խորքը` մեր ինքնութիւնը պահող երկու կարեւոր փուլեր մատնանշեց. առաջինը` հայոց դարձը դէպի քրիստոնէութիւն: Հայաստանեայց առաքելական ուղղափառ եկեղեցին հաստատուեցաւ հայոց առաջին լուսաւորիչներու` Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու քարոզութեամբ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին շնորհիւ: Երկրորդը` հայերէն գիրերու գիւտը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին եւ թարգմանիչ սերունդին շնորհիւ հայ ժողովուրդը սկսաւ աղօթել եւ Աստուածաշունչը կարդալ հայերէն:
Առաջնորդը մատնանշելով 451-ին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտին խորհուրդը` յայտնեց, որ հոգեւորականները ձգելով իրենց վանքերը` հայոց բանակին կողքին պայքարեցան «վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի»: Այսօր Հայ եկեղեցին նոյն հաւատքով կը պայքարի Արցախի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ` դէմ դնելով օտար հոսանքներուն, որոնք կը վտանգեն մեր ինքնութիւնը:
Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով առաջնորդ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` հայցելով, որ շարունակեն մնալ Քրիստոսի սուրբ խաչը կրող հաւատարիմ ծառաները եւ սուրբ խաչով դէմ դնեն բոլոր հիւանդութիւններուն եւ չար ուժերուն:
Յունաստան
Նիքէայի Պոնտական Միութիւնը Արցախի Կողքին Կը Կանգնի
Հայ կապոյտ խաչի եւ ՀԳ Խաչի կողմէ իրագործուած նախաձեռնութիւնը` Արցախի տառապող ժողովուրդին անմիջական մարդասիրական օգնութիւն ընձեռելու համար, անսպասելիօրէն շատ մեծ արձագանգ ունեցաւ եղբայր յոյն ժողովուրդին մէջ: Բացի անհատներէ` յունական հասարակական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու նկատառելի թիւ մը ընդառաջեց Յունաստանի ՀՕՄ-ի միաւորներու կոչին եւ բժշկական իրերով ու այլ միջոցներով սատար հանդիսացաւ այս մեծ ծրագիրին:
Անոնցմէ մէկն էր նաեւ Նիքէայի Պոնտական միութիւնը, որ օրին նիւթապէս իր մասնակցութիւնը բերած էր մարդասիրական օգնութեան հաւաքումին:
Շաբաթ, 23 յունուարին միութեան ներկայացուցիչները «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցան ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ Քոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Պոնտական միութեան համաձայն, հանդիպումի նպատակն էր անգամ մը եւս զօրակցութիւն յայտնել Արցախի մարտնչող ժողովուրդին, իրազեկ պահել Հ Կ Խաչը իրենց կատարած նուիրատուութեան մասին եւ Արցախի գոյապայքարին ի նպաստ զօրակցական նամակ մը յանձնել Կապոյտ խաչին:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ յուզիչ մթնոլորտի մէջ, ուր արծարծուեցան արցախեան վերջին պատերազմի հետեւանքները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ: Երկուստեք խոստում տրուեցաւ շարունակել գործակցական կապերը եւ զանոնք ընդլայնել, մանաւանդ` թագավարակի հիւանդութեան արգիլումներու վերացումէն ետք:
Պոնտական միութեան նամակին մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարչակարգերու յարձակողականութիւնը Արցախի վրայ, որուն պատճառով Ղարաբաղի հայութիւնը անգամ մը եւս թիրախ դարձաւ երկու երկիրներու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան:
«Որպէս պոնտական ծագումով յոյներ, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութիւնը պաշտպանող մարդ արարածներ, խստօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակումները եւ զօրավիգ կը կանգնինք հայ ժողովուրդին:
Ցեղասպանութին ճաշակած ազգերու` Արեւելքի յոյներու, հայերու եւ ասորիներու հասարակաց ճակատագիրը ամրագրած է ազգերու եղբայրութեան ու բարեկամութեան կապերը: Դժբախտաբար պատերազմը աւարտեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած ամօթալի համաձայնագիրով: Սակայն Արցախի լեռներն ու հողերը պիտի մնան ընդմիշտ հայկական:
Միջազգային ընտանիքէն եւ քաղաքակիրթ մարդկութենէն կը պահանջենք դէմ կանգնիլ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան:
Այդ քաղաքականութիւնը յղի է աւելի տարածուն բռնկումի մը վտանգներով, որոնք կրնան պատերազմական ծանր հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին մէջ, ըսուած է նամակին մէջ:
Յունաստանի ՀԿ Խաչը Արդէն 10.000 Եւրօ Ուղարկեց Արցախի Համար Ծրագիրներուն
Արցախեան պատերազմի պատճառած մարդասիրական աղէտին հասնելու նպատակով ՀՕՄ-ի ձեռնարկեց «Թիկունք կանգնինք արցախահայ ընտանիքին» համահայկական ծրագիրին ծիրին մէջ Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչը, ընդառաջելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին, առաջին հերթին 10.000 եւրօ փոխանցած է:
Գումարը գոյացած է ՀԿԽ-ի անդամուհիներու եւ միութեան Դիմատետրի կոչին ընդառաջող հայ եւ յոյն համակիր ժողովուրդի նուիրատուութիւններով:
Վերոնշեալ ծրագիրը, ծանօթ է արդէն, կը միտի օգնել պատերազմին պատճառով տեղահան եղած Արցախի ընտանիքներուն` հոգալով անոնց սննդեղէնը, հագուստեղէնը եւ կենցաղային ծախսերը, իւրաքանչիւր ընտանիքին տրամադրելով ամսական 250 տոլար, չորս ամսուան ժամանակաշրջանի համար:
Ծրագիրը արդէն ի գործ դրուած է ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ջանքերուն շնորհիւ: Այսպէս, 17 դեկտեմբերէն սկսեալ Հայ օգնութեան միութիւնը կը տրամադրէ այս նիւթական օժանդակութիւնը կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Յունաստանի «Արմենիքա» Պարբերաթերթին Նոր Թիւը Ամբողջութեամբ Նուիրուած Է Արցախին
Վերջերս լոյս տեսաւ «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթին նոր թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Արցախին:
Թուրք-ազերիական բանակի եւ իրենց վարձկաններու շղթայազերծած յարձակումի լոյսին տակ պարբերաթերթը կը ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած ամօթալի հրադադարին մասին քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութիւններ, ինչպէս նաեւ` Արցախի իրաւական հարցի ծալքերը:
Յատուկ անդրադարձ եղած է Արցախի նորագոյն պատմութեան ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութեան` ընդդէմ հայ ժողովուրդին:
Ներկայ ծաւալուն թիւը ճոխացած է Արցախի պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, ազգագրական, հոգեւոր եւ ընկերային նիւթերու ներկայացումով, որոնք յատկապէս յոյն ընթերցողներուն առջեւ կը բանան հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութեան կարեւոր մէկ բաժինը, որ զարգացաւ Արցախի մէջ եւ մաս կը կազմէ հայ ազգի պատմական երթին` Հայկական Լեռնաշխարհին վրայ: Նաեւ նշում կ՛ըլլայ Մեհմանա գիւղի մասին, ուր 19-րդ դարէն կ՛ապրին պոնտացի յոյներ:
Բոլոր յօդուածները զարդարուած են ճոխ եւ գունագեղ նկարներով, որոնք ցոյց կու տան Արցախի պատմամշակութային գանձերու անսպառ հարստութիւնը:
Եգիպտոս
Մահացաւ Եգիպտահայ Գաղութի Հանրայայտ Գործիչներէն` Բժիշկ Գէորգ Մազլումեանը
Եգիպտոսի ու հայ համայնքի կեանքին մէջ իր ծառայութեամբ յատկանշուած, պետական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալած բժիշկ Գէորգ Մազլումեանը մահացաւ 26 յունուար 2021-ին:
Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծամասնութեան սէրն ու յարգանքը վայելող բժիշկ Գէորգ Մազլումեանը աւելի քան 60 տարի աշխատած է իր բժշկական ասպարէզին մէջ, որուն 45 տարիները եղած են Եգիպտոսի պետական առողջապահական հաստատութիւններէն ներս:
Բժշկութեան կոչումին հաստատ մնալով` ան երբեք չէ զլացած հասնելու ու խնամելու հիւանդները` նոյնիսկ անտեսելով իր հանգիստի ժամերը: Բժշկութիւնը իրեն համար առաքելութիւն ու նուիրում էր, ինչպէս կը վկայեն եգիպտահայերը. «Ան միշտ պատրաստ եղած է գտնելու միջոցներ եւ նոյնիսկ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան ձեռք մեկնած բոլորին»:
Բժշկական ու մասնագիտական ասպարէզի կողքին, Գէորգ Մազլումեանը երկար տարիներ աշխատած եւ ծառայած է «Յուսաբեր մշակութային ընկերակցութեան», ՀՄԸՄ Արարատի վարչութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անգամ եղած է թեմական եւ քաղաքական ժողովներու անդամ:
Երուսաղէմ
Մահացաւ Պատմաբան Ալպեր Աղազարեանը
30 յունուար 2021-ին մահացաւ պաղեստինահայ պատմաբան եւ պատմագիր Ալպեր Աղազարեանը, որուն կեանքը հարուստ էր Պաղեստինեան դատին ի խնդիր մղուած պայքարով, Երուսաղէմի մէջ արաբ քրիստոնէական ներկայութեան ամրապնդման եւ արտագաղթի քաղաքականութեան դէմ տարուած մեծ աշխատանքով:
Պիրզիթ համալսարանի դասախօս Ալպեր Աղազարեան միեւնոյն համալսարանին մէջ եղած է յարաբերական աշխատանքի ճանչցուած դէմքերէն, Պաղեստինի դատին յանդուգն պաշտպաններէն եւ այդ մասին դասախօս ճանչցուած անձնաւորութիւն մը:
Ծնած է 1950 թուականին, Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ, բարձրագոյն ուսում ստացած է միջինարեւելեան հարցերու մէջ, վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքէն, իսկ Ուաշինկթընի մէջ ստացած է մագիստրոսի աստիճան` Արաբական արդի պատմութիւններ հետազօտութիւններու նիւթով:
Աշխատակցած է պաղեստինեան թերթերու, Պիրզիթ համալսարանին մէջ վարած է հանրային կապերու գրասենեակը, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանին մէջ կատարած է հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, թարգմանութիւններ: Համալսարանին մէջ ճանչցուած էր իբրեւ ազատութեան բուռն պաշտպան, փակ քաղաքականութիւններու դէմ պայքարող եւ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերուն կողմէ ազատ մտածող ուսանողներու ձերբակալութեան դէմ գործող խիստ դասախօս:
Ալպեր Աղազարեանի անունը փայլեցաւ յատկապէս, երբ ան պաղեստինեան լրագրողներու պատուիրակութիւնը գլխաւորեց 1991-ին կայացած Մատրիտի համագումարին` Հանան Աշրաուիի կողքին:
2006 թուականին բարձրագոյն շքանշանի արժանացաւ Պելճիքայի Ալպեր Բ. թագաւորին կողմէ` միջազգային մակարդակի վրայ Երուսաղէմի դատը ընդհանրապէս, իսկ պաղեստինեան դատը յատկապէս լաւապէս ծանօթացնելուն եւ այդ մասին մանրամասն բացատրութիւններ տալուն իբրեւ գնահատանք:
Ան ընկերակցեցաւ եւրոպական տարբեր երկիրներու նախագահներուն եւ խորհրդարանի նախագահներու ու միջազգային կառոյցներու պետերու` բացատրութիւն տալով Երուսաղէմի պատմութեան մասին:
Ունի արժէքաւոր հրատարակութիւններ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ պաղեստինեան դատին մասին: