Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԵՄ-ի Գամիշլիի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի Գրասենեակ-Գրադարանի Բացում

October 10, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՆԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

«Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան տունն է, որուն քարերը կարծես շաղախուած ըլլան հայրենի հողին սրբազան կաւով, մեռելներու աճիւնով եւ հերոսներու արիւնով: Զայն չեն կրնար քանդել կեանքի սովորական փոթորիկներն ու թշնամիի հարուածները»։

Մուշեղ Իշխանի այս խօսքերը շատ տպաւորիչ կը թուէին ՍԵՄ-ականներուն համար, երբ Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացումը ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի վերանորոգուած գրասենեակին։

Բացումը տեղի ունեցաւ  նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Պատկան Մարմինի։ Բացումին ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներ եւ ՍԵՄ-ականներ:

Մասնաճիւղ ատենապետ Սագօ Սիմոնեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան 45-ամեակի առիթով նախ մեծառելու ենք այն լուսաւոր դէմքերը, ՍԵՄ-ի հիմնադիրները, որոնք երիտասարդութիւնը կազմակերպ շարքերու մէջ համախմբելու միտքը յղացան եւ պատրասատեցին այն գաղափարական, դաստիարակչական հիմքը, որուն վրայ պիտի կառուցուէր ու թռիչք առնէր այս միութիւնը։ Այսօր կը բոլորենք 45-ամեակը այն վճռակամութեամբ եւ հաստատ խոստումով, որ ՍԵՄ-ի ջահը միշտ վառ պահենք եւ սերունդէ սերունդ զայն փոխանցենք»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պատկան Մարմինին, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ ընթացք առաւ եւ իր լրումին հասաւ գրասենեակի վերանորոգութիւնը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց գրադարանի վերանորոգման հսկայ աշխատանքը, մանաւանդ գիրքերու եւ արխիւներու կոկիկ տեղադրութիւնը, ապա գնահատեց նաեւ  ՍԵՄ-ի երիտասարթութեան համագործակցութեան ոգին ու շնորհաւորելով մաղթեց նորանոր վերելք եւ բեղուն գործունէութիւն։

Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան  ՍԵՄ-ականներու պատրաստած տեսերիզին, որ կ՚ընդգրկէր Գամիշլիի ՍԵՄ-ի արխիւէն պատկերներ։

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid02NxwP8oNFrcbjp7guCJDRwp9NmCZ4a9q8pAiEbMYqguH2tFJRiVmi9a7ryfRhZnvBl

 

Նախորդը

Խոհեր Ատիս Հարմանտեանի Մահուան 5րդ Տարելիցին Առթիւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.