Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մասաչուսեց Նահանգի Ուսթըր Քաղաքը

October 10, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ուսթըր, ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծայրագոյն Վարդապետ Արապեանի:

Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, ուր հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու հաւատացեալներ:

Արարողութենէն ետք, Հիւսիսյին Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունի խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին՝ յիշելով, որ 1997 թուականին ան այցելած էր այս եկեղեցին։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ վստահաբար Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի դառնայ օրհնաբեր՝ շրջանի մեր ժողովուրդին համար:

Արամ Ա. Կաթողիկոս, առաջին հերթին, ողջունեց օտար եկեղեցականներու ներկայութիւնը՝ զայն նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն: Ան ըսաւ, որ թէեւ պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով եկեղեցին բաժնուած է, սակայն եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը մնացած է ամուր: Միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակն է գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ միութեան տալ գործնական արտայայտութիւն:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ մեր համայնքներուն կատարելիք իր այցելութեանց եւ պատգամներուն որպէս ընդհանուր բնաբար ընտրած է «Հայր մեր» աղօթքը, որ պիտի մեկնաբանէ նախադասութիւն առ նախադասութիւն: Հայրապետը յայտնեց, որ մեր միւս գաղութներուն կատարած այցելութեանց ընթացքին ընդհանրապէս խօսած է աղօթքի կարեւորութեան ու իմաստին մասին, իսկ այս անգամ որոշած է խօսիլ «Հայր մեր որ յեկինս ես» Տէրունական աղօթքին առաջին նախադասութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ գաղափարը զանազան կերպերով ըմբռնուած է մարդուն կողմէ. Քրիստոս եկաւ զԱստուած ներկայացնելու աշխարհին՝ որպէս բոլորին Հայրը: Ապա, Հայրապետը զԱստուած մեկնաբանեց իբրեւ սիրող, մխիթարող, ներող ու գուրգուրացող Հայր: Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած որպէս Հայր մօտեցաւ մարդուն եւ երկինքը դարձաւ ներկայութիւն երկրի վրայ:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուները:

Աջահամբոյրէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գողտրիկ յայտագիր մը: Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց հայր Արտակին նուիրեալ ծառայութեան եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին պայծառացնելու:

Յաջորդ առաւօտ Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ յաջորդաբար ընդունեց շրջանի պետական երեսփոխանները եւ քաղաքապետը, հանդիպումներ ունեցաւ հոգաբարձութեան եւ այլ մարմիններու հետ, եւ ապա ուղղուեցաւ դէպի Պոսթըն:

https://www.facebook.com/CiliciaTv/posts/pfbid02rZCEoj8y6Xqp1BHXjrxPCFUU5S4cAAMEj3KJHa7krmCWC3rJ9pg9pcBKsP3GdwCdl

Նախորդը

2023-24 Արաբ-իսրայէլեան Պատերազմէն Մէկ Տարի Ետք. Հայ Ռազմաքաղաքական Միտքին Համար Քաղելիք Դասեր

Յաջորդը

Խոհեր Ատիս Հարմանտեանի Մահուան 5րդ Տարելիցին Առթիւ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.