Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սփրինկֆիլտի Մէջ

Հոկտեմբեր 9, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, Փրաւիտընսէն ուղղուեցան ՍփրինկՖիլտ, ուր Ինտիըն Օրչըրտ շրջանին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք.  Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան:

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՚այցելէ այս եկեղեցին: Ան յիշեց, որ Նիւ Եորք իր ուսանողութեան տարիներուն յաճախակի առիթներով այցելած է այս եկեղեցին ու մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համայնքին իւրայատուկ նկարագրին՝ որպէս Աստուծոյ տունը, իսկ հաւատացեալները՝ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը: Հայրապետը թելադրեց, որ այս գիտակցութեամբ մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան: Նորին Սրբութեան պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, եւ ապա ճաշկերոյթ՝ ծխայիններուն մասնակցութեամբ:

Ճաշկերոյթին յաջորդաբար խօսք առին Սփրինկֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Շիթիլեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Սարաֆեան եւ թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան: Իր փակման օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադրաձաւ առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութեան առնչուած շարք մը երեւոյթներու՝ շեշտելով յարաբերութիւնը հետեւողական գործակցութեան վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով ներկայ համալսարանական երիտասարդներուն՝ ըսաւ, որ ուսումը հարկ է արժեւորել ծառայութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ:

Յայտնենք, որ յաջորդ առաւօտ, Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ եւ ապա ուղղուեցաւ Ուսթըր (Worcester):

 

Նախորդը

Գեմպրիճի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի 45-Ամեակը

Յաջորդը

Հետաքքրական. Ձիու Արձանի Մը Խորհրդանիշները

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?