Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Համազգայինի Հին Եւ Նոր Ննջեցեալներուն Յիշատակին
Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, հայկական մշակոյթի ամսուան մէջ, 6 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Համազգայինի հին եւ նոր ննջեցեալներուն յիշատակին, յարգելու միութեան շարքերէն ներս անսակարկ ծառայութիւն ունեցած ննջեցեալները եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած` անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար: Աւարտին Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս մատուցուեցաւ հոգեսուրճ:
Շրջանային վարչութեան անունով Մարինա Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ հայրական հոգածութեամբ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ Համազգայինի մշակութային գործունէութիւններուն:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց շքանշանակիր համազգայնական Հռիփ Կանանեան, որ յիշեց մարմնապէս մեզմէ բաժնուած, սակայն Համազգայինի շարքերուն մէջ իրենց մատուցած ծառայութեամբ անմահացած համազգայնական ընկերները:
Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Տուչութիւն
Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 5 հոկտեմբեր 2024-ին քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահին մէջ:
Մրցանակաբաշխութեան յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով:
Բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան` յայտնելով, որ 2017-2018 տարեշրջանէն սկսեալ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը կը շնորհուի հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողներուն: Մրցանակ մը, որ ներկայ դարու գիտութեան եւ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումներու լոյսին տակ կը միտի մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծել հալէպահայ ուսանողութեան մօտ` զանոնք մղելով գիտական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ առաւել աշխատանքով նոր նուաճումներ ձեռք բերելու:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, որ անընդմիջաբար կը շարունակէ քաջալերել եւ հայ ուսեալ տարրը յառաջ մղել` գիտական նոր մակարդակներ նուաճելու:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Անի Գալտընեան կարդաց «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի հիմնադիր եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը` ուղղուած 2023-2024 տարեշրջանի մրցանակակիր ուսանողներուն: Բարերարը կ՛ըսէ. «Շրջանաւարտ ըլլալով երկրորդական վարժարանէ` դուք պիտի բացուիք գիտական տարբեր ոլորտներու, նուաճել պիտի ջանաք նոր մակարդակ ու ձեր նուաճումները պիտի ծառայեցնէք ինչպէս ձեր անձի, կեանքի, ընտանիքի յառաջացման, այնպէս ալ ձեր համայնքի, ազգի ու հայրենիքի զարգացման, որպէսզի կարենաք կացութիւններ փոխել եւ նորութիւն բերել»:
Ան շրջանաւարտներուն կը պատուիրէ, որ գիտութեան կողքին, ջանք թափեն` պահելու ու կիրարկելու մայրենի լեզուն, կարդալ հայ գրականութիւն, առնչուիլ հայ մշակոյթին ու եկեղեցւոյ, որովհետեւ ինքնութեան պահպանման խարիսխներն են, միեւնոյն ժամանակ հոգեկան աշխարհը հարստացնող անփոխարինելի գանձեր են անոնք:
Կիրակոս Գույումճեան կ՛աւելցնէ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ «Մարդուժի տարի» հռչակուած տարուան մէջ հայկական վարժարանները մեծ դեր ունին կատարելիք մարդուժի պատրաստութեան համար, որուն փաստը այսօրուան շրջանաւարտներուն գերազանց գնահատականով երկրորդականի կարգը աւարտելն է:
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ առաջնորդ սրբազան հօր, որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ աշակերտութեան եւ ամէն ջանք կը թափէ պահպանելու եւ զարգացնելու ազգային վարժարանները: Ապա նաեւ կը շնորհաւորէ` շրջանաւարտները, անոնց ծնողները, հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը:
Այնուհետեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը ապահոված Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հետեւեալ երեք շրջանաւարտները` Ա. Արէն Խրոյեան, Բ. Յովիկ Տաղտաղլեան եւ Գ. Մայք Գեւոյեան:
Այս առիթով մրցանակակիրները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին, շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական կարգ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան հետամուտ եղած ուսուցչական կազմին, յատկապէս` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ կրթական մշակներուն: Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազան հօր, որ պետական քննութիւններու նախօրեակին աղօթքով օրհնեց եւ յորդորեց ուսանողները: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հոգատար ծնողներուն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական խօսքը ուղղելով մրցանակակիրներուն` յայտնեց, որ ներքնապէս ուրախ մթնոլորտի մէջ կը կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը եւ մեր մեծ հայրապետ Ս. Ներսէս Շնորհալիի շունչին եւ ոգեղէն ներկայութեան երախտագիտութիւն կը յայտնէ նախ եւ առաջ Աստուծոյ` Անոր պարգեւած բարիքներուն եւ շնորհքներուն համար, որոնցմով կ՛ապրինք, կը զարգանանք եւ մեր ներդրումը կը բերենք մեր շրջապատին մէջ:
Սրբազան հայրը գնահատեց մրցանակակիր ուսանողները իրենց ունեցած անկեղծ արտայայտութիւններուն համար, որոնց ընդմէջէն անոնք երախտապարտ գտնուեցան բոլոր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք իրենց զարգացումին եւ աճումին համար ծառայութիւն մատուցած են: Ան մրցանակակիրներուն եւ անոնց ճամբով հալէպահայ վարժարաններու բոլոր շրջանաւարտներուն կրթական ոլորտին մէջ պայծառ ապագայ եւ իրենց ընտրած մասնագիտութիւններուն մէջ յաջողութիւն մաղթեց, որպէսզի գալիք տարիներուն, որպէս մէկ ամբողջութիւն, կազմեն ապագայի մեր ուժը եւ իրենց ծառայութեան լուման բերեն այն տարածքներուն մէջ, ուր պարտականութեան կը կանչուին:
Մակար սրբազան բարձրօրէն գնահատեց մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ ո՛չ միայն տագնապելու, թէ ի՛նչ կերպ կրնայ իր ներդրումը բերել, այլ նաեւ իր նիւթական օժանդակութեամբ խթան հանդիսացաւ, քաջալերեց եւ մրցակցութեան ոգի ստեղծեց աշակերտներուն մէջ` բոլոր ուսանողները այդ մակարդակին բարձրացնելու եւ ուժ հանդիսանալու:
Սրբազան հայրը գնահատեց ծնողները, որոնք ճիգ ու ջանք չխնայեցին իրենց զաւակներուն հոգեւոր եւ իմացական դաստիարակութեան համար, յայտնեց, թէ Ազգային իշխանութիւնը, Ազգային վարչութիւնը եւ Ուսումնական խորհուրդը տագնապի տարիներուն կը փորձեն իրենց կարելին ընել ծնողներուն բեռը թեթեւցնելու համար: Այս առիթով սրբազան հայրը գնահատեց` հալէպահայ վարժարաններու խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները, տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը, յատկապէս` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնց ջանքերով երեք շրջանաւարտներ մրցանակին արժանացան:
Մակար սրբազան մաղթեց, որ Ամենակալը իմաստութիւն պարգեւէ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնողներուն, որպէսզի ճիշդ որոշումներ կայացնելով` կեանքը վերադառնայ իր խաղաղ վիճակին, ապրինք, ստեղծագործենք եւ մեր ներդրումը բերենք մեր հայրենիքին` Հայաստանին, ծննդավայր Սուրիոյ, մեր ընկերութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան զարգացման եւ հզօրացման:
Մրցանակաբաշխութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ֆրանսա
Շարզ Ազնաւուրի Անուան Բացատ` Մարսէյի Մէջ
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, 24 սեպտեմբերին, Սեն-Ժիւսթ թաղամասին մէջ` Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի շէնքին դիմացը պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ մեծահամբաւ արուեստագէտին անունը կրող բացատին, որ իր անունը նշող ապակեայ եւ պողպատեայ յուշատախտակ մըն է, որուն վրայ կայ նաեւ իր լուսանկարը: Ներկայ էին Ազնաւուրի որդին` Միշա Ազնաւուր, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգապետ Մարթին Վասալ:
Բացման արարողութեան ունեցած իր ելոյթին մէջ Միշա Ազնաւուր նշեց, որ իր հայրը միշտ պաշտպան կանգնած է Մարսէյի եւ շատ յուզիչ է այդ վայրին մէջ տեսնել սոյն յուշատախտակը:
Նշենք, որ Ազնաւուր 2013-ին պարգեւատրուած էր Մարսէյի պատուոյ քաղաքացիի մեծ շքանշանով: Աշխարհի տարածքին վաճառուած է արուեստագէտին աւելի քան 180 միլիոն ձայնասկաւառակ:
Յայտնենք, որ 26 սեպտեմբերին Շարլ Ազնաւուրի անունով մէկ այլ հրապարակի բացումը եւս տեղի ունեցաւ Էքսի մէջ, զբօսաշրջութեան գրասենեակին դիմացը:
Երգիչին կեանքին մասին պատմող ժապաւէնը շարժանկարի սրահներու մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ 23 հոկտեմբերին: Շ. Ազնաւուրը պիտի մարմնաւորէ Թահար Ռահիմ:
Հնդկաստան
Սիփան Օլահի Եւ «Քլինգեն» Համոյթի Անդրանիկ Ելոյթները
Մայեսթրօ Սիփան Օլահ եւ Լոնտոնի մէջ գործող «Քլինգեն» սենեկային համոյթը յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց առաջին համերգային շրջագայութիւնը Հնդկաստանի քաղաքներէն Կալկաթայի, Նիւ Տելհիի եւ Չեննայի մէջ: Այս եզակի ելոյթները կազմակերպուած էին Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ` Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ, Հնդկաստանի մշակութային կապերու խորհուրդին, Չեննայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի եւ «Քլինգեն» երգչախումբ եւ մշակութային միութեան հետ համատեղ:
«Քլինգեն» սենեկային համոյթի երաժիշտներն են Հայարփի Եղիկեան` սոփրանօ, Պոլինա Շարաֆեան` ջութակ, Ճեք Յակոբ Մուրատեան` օբօ, Նիքիթա Տեմիտենքոն` դաշնամուր, Վաչէ Թադեւոսեան` անգլիական փող եւ Սոմնաթ Մախալ` թաւջութակ:
Համերգաշարը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին եւ ֆրանսահայ երգիչ, յօրինող Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին: Հնչեցին հայ նշանաւոր յօրինողներու գլուխ գործոցները, ինչպէս` Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Առնօ Բաբաջանեան, Ղազարոս Սարեան եւ Ռոպերթ Ամիրխանեան:
Համերգաշարի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբերին Կալկաթայի Հայկական քոլեճին եւ Մարդասիրական ակադեմիային մէջ:
19 եւ 20 սեպտեմբերին համերգները տեղի ունեցան Նիու Տելհիի «Կրանտ հոթել»-ի եւ ICCR-ի «Ազատ Պհաւան» համերգասրահին մէջ:
Համերգային շրջագայութեան եզրափակիչ համերգը տեղի ունեցաւ 21 սեպտեմբերին Չեննայի «Թաժ քլապ հաուս»-ի մէջ:
Յայտնենք, որ մեկնաբանութիւնները մեծապէս գնահատուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ, եւ արուեստագէտները արժանացան յատուկ յուշանուէրներու` Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ մշակութային փոխանակման գործին մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար:
Թեհրան
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Իրան–Իրաք Պարտադրեալ Պատերազմի Նահատակներու Հոգիներու Խաղաղութեան Համար
27 սեպտեմբերին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութեան աւարտին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու եւ անձնուրացներու արժէքներու պահպանման յանձնախումբին անունով Արտուշ Իսկանդարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմական խորհուրդին սոյն նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլորին` ներկայութեան համար:
Թեմական խորհուրդին անունով Հայրիկ Աղանեան գնահատանքով անդրադարձաւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն, նաեւ` անձնուրացներուն, ազատորդիներուն անսակարկ նուիրումին եւ անոնց ընտանիքներուն համբերատարութեան եւ հոգատարութեան համար: Աղանեան յիշատակեց նաեւ վերջերս իր մահկանացուն կնքած ազատորդի-անձնուրաց Բագրատ Քեշիշ Աբնուսի: Ան ընդգծելով պետական պատասխանատուներու հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` գնահատեց այս ուղղութեամբ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի անգնահատելի ներդրումը եւ հարցերու լուծման համար անոր ջանադիր ու հետեւողական աշխատանքը:
Խորհրդարանի պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, իր կարգին, անդրադարձաւ Իրանի ամբողջականութիւնը պահպանելու ճանապարհին իրենց կեանքը զոհաբերած ու անմահացած հերոսներու եւ հայորդիներու արիութեան ու անձնազոհութեան` հաստատելով, որ անոնք ոչ միայն մեր, այլեւ Իրանի ամբողջ ժողովուրդին պարծանքն ու հպարտութիւնն են, հետեւաբար որեւէ ջանք պէտք չէ խնայել անոնց ընտանիքներու բարօրութեան եւ բարեկեցութեան ի խնդիր:
Յայտնենք, որ 4 հոկտեմբերին Թեհրանի Նոր Բուրաստան գերեզմանատան Նահատակներու բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի նահատակներու շիրիմներուն դիմաց:
Ատրպատական
Իրան–Իրաք Պատերազմի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ
26 սեպտեմբերին Թաւրիզի գլխաւոր եւ ամէնէն մեծ` «Մոսալլայէ Հազրաթէ Իմամ Խոմէյնի» մզկիթին մէջ տեղի ունեցաւ Իրան-Իրաք ութամեայ պատերազմի տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան` ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ջորջեանի եւ Փոքրամասնութեան գրասենեակի պատասխանատուին:
Սփռուեցաւ կրօնական առաջնորդ այաթալլա Խամենէի պատգամը, որ յարգելով նահատակներու յիշատակը եւ երկար կեանք մաղթելով վերապրած զինուորներուն` անդրադարձաւ աշխարհի քաղաքական դրուածքին եւ Իրանի դիրքորոշումներուն:
Ծրագրի աւարտին նահանգապետի, աղօթապետի եւ պաշտօնական կարգ մը հրաւիրեալներու շարքին բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանը` գնահատական նուէրներ բաշխելու համար նահատակներու ընտանիքներուն եւ վերապրած զինուորականներուն:
Մոթահարի Ասըլ իր ելոյթին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ իրանահայ նահատակներուն եւ վերապրած վիրաւորներուն` նշելով, որ իրանահայ ժողովուրդը միշտ զօրավիգ կանգնած է իր ծննդավայր հայրենիքին: Ան յատկապէս նշեց նաեւ, որ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը դէպի արտասահման իր բոլոր ճամբորդութիւններուն ընթացքին միշտ բարձր գնահատանքով կ՛արտայայտուի Իրանի մէջ ապրող իր ազգի զաւակներուն վայելած յարգանքին եւ պետական հովանաւորութեան: Այս առիթով կազմակերպիչ յանձնախումբին տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց սրբազան հայրը: