Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Սեպտեմբեր 12, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Եպիսկոպոսական Անդրանիկ Պատարագ Տէրիքի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ս. Աստուածածինի ծննդեան եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով, եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագ մատուցեց Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը դպրաց դասի հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ:

Պատարագի ընթացքին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան բարի գալուստ մաղթեց եւ Ճեզիրէի ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ հայրաբար կը հոգայ իր հօտին, հովուական այցելութիւններով զօրավիգ կը կանգնի անոր եւ տօնական օրերուն բաժնեկից կը դառնայ անոր ուրախութեան: Հայր սուրբը մաղթեց, որ Ամենակալը առաւել ուժ, կորով եւ քաջառողջութիւն պարգեւէ առաջնորդ հօր, որպէսզի իր ուսերուն դրուած ծանր, բայց քաղցր առաքելութիւնը յաջողութեամբ յառաջ տանի:

Այնուհետեւ պատարագիչը իր քարոզին մէջ ընդհանուր պատկերի մէջ ներկայացուց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի անձին եւ նկարագիրին առնչուած առաքինութիւնները եւ անդրադարձաւ այն յատկանիշերուն, որոնցմով Ս. Աստուածածինը բնորոշուեցաւ: Սրբազան հայրը, Ս. Աստուածածինի բոլոր առաքինութիւններուն կողքին, մատնանշեց Աստուածամօր հեզութիւնը, խոնարհութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութիւնը: Այդ տուեալներու լոյսին տակ սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները, օրուան տօնին առիթով իրենց անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու յարաբերաբար Աստուածամօր պատկերին` իր փոքր տարիքէն մինչեւ հասունացման տարիքը, տեսնելու, թէ ի՞նչ կերպ այդ ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութիւնը կը դրսեւորենք մեր կեանքին մէջ: Ան հաստատեց, որ Աստուածամայրը ամէնօրեայ դրութեամբ իր կենդանի օրինակով մեզ կը հրաւիրէ այդ ճշմարտութեան դէմ յանդիման կանգնելու եւ այդ ուղղութեամբ նաեւ աշխատանք տանելու, որպէսզի մենք ալ սրբութեան, առաքինութեան եւ կատարելութեան աստիճաններէն բարձրանանք եւ նմանինք իրեն:

Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը, Տէրիքի քահանայ հայրը, Թաղական խորհուրդը, եկեղեցասիրաց տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ տեղւոյն ժողովուրդն ու ուխտաւորները, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ աստուածային ողորմութիւնը խնդրեց, նաեւ աղօթեց, որ աշխարհով մէկ խաղաղութիւն տիրէ, եւ մեր սրտերուն մէջ հանգչի աստուածային խաղաղութիւնը, որպէսզի կարողանանք բոլորս միասին մեր հաւատքի կեանքը ապրիլ, վկայել մեր քրիստոնէական կրօնին ու սկզբունքներուն մասին եւ մեր կեանքով փառաւորել զԱստուած:

Աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց Մարիամ, Մարիա, Մարի, Իսկուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Տիրուհի, Վարդուհի անունները կրող օրիորդներն ու տիկինները:

Պատարագէն ետք, սրբազան հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց ներկաները: Սրբազան հայրը մատաղօրհնէք կատարեց հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: Ապա ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Տէրիքի սկաուտական կորիզի անդամները Տէրիքի մայր պողոտային վրայ առաջին անգամ ըլլալով քայլարշաւ կատարեցին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Ծանօթացաւ Գամիշլիի Եկեղեցաշինութեան Աշխատանքներուն

Ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Գամիշլի:

Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Թաղական խորհուրդին հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանին եւ թաղականութեան գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքներուն: Այնուհետեւ սրբազանը, հայր սուրբին եւ թաղականութեան հետ ուղղուեցաւ դէպի շինութեան ընթացքի մէջ եղող նոր եկեղեցի, ուր շրջագայելով իրազեկ դարձաւ շինութեան աշխատանքներուն:

Յիշենք, որ եկեղեցիէն ներս ծեփի եւ խողովակներու աշխատանքները ամբողջացած են, սկիզբ առած է քարապատումը: Շուտով իրենց աւարտին կը հասնին նոր սրահին եւ գրասենեակներուն շինութեան աշխատանքները, այն յոյսով, որ դեկտեմբեր ամսուան մէջ սրահին եւ գրասենեակներուն բացումը կը կատարուի:

Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց հայր սուրբին եւ թաղականութեան տարած աստուածահաճոյ ծառայութիւնը` յայտնելով, որ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն` աչալուրջ հետապնդումով եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքները կը շարունակուին, եւ մաղթեց, որ շուտով իրենց լրումին հասնին:

Արժանթին

ՀՅԴ Երիտասարդական Հաւաք` «Մէկ Դատ, Մէկ Գաղափար»

30-31 օգոստոս եւ 1 սեպտեմբերին, 60 միութենական եւ համակիր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հարաւային Ամերիկայի երեք երկիրներէ ` Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ, մասնակցեցան իր բնոյթով եզակի երիտասարդական հաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Հաւաքին նպատակն էր` վերաշխուժացնել Հարաւային Ամերիկայի դաշնակցական երիտասարդական միաւորները, ամրապնդել երիտասարդներու հայկական ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը, ընդլայնել Հայ դատի աշխատանքներու վերաբերեալ երիտասարդ համակիրներու մասնակցութիւնը:

Հաւաքը բարեյաջող ընթացաւ եւ յագեցած էր աշխուժ ու օգտաշատ օրակարգով, որ կը ներառէր` հայութեան քաղաքական այժմէական մարտահրաւէրներուն մասին քննարկումներ, սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքական ներգրաւուածութեան եւ հայկական ինքնութեան մասին զրոյցներ, Հայ դատի պայքարին գործնական մասնակցութեան քայլեր, առաւել եւս` մշակութային ժամեր: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մասին, շրջափակման եւ ցեղային զտման իրողութեան ու այսօր արցախահայութեան ընկերային եւ հոգեբարոյական վիճակը Հայաստանի մէջ:

Տարածաշրջանէն ներկայ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին, եւ առհասարակ ՀՅԴ երիտասարդականի գործունէութեան յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կողմէ` շեշտելով տուեալ տարածաշրջանէն ներս հայ երիտասարդութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը, Հայկական հարցի համար պայքարի շուրջ: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն այցելեց վայրը եւ զրուցեց երիտասարդներուն հետ` քաջալերելով զանոնք որդեգրելու ներգործօն դերակատարութիւն մարդկային եւ ազգային դատերու պաշտպանութեան համար: Երիտասարդները ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ երեք օրուան ընթացքին ձեռք բերին նոր գիտելիքներ եւ աշխատանքի նոր մտահորիզոն, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր ձեռքբերում` նոր ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

Յունաստան

Յունարէնի Թարգմանուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» Գիրքը

2016 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հեղինակած «The Armenian Church» (Հայ եկեղեցին) հատորը ցարդ թարգմանուած է` արաբերէնի, ֆրանսերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ գերմաներէնի: Յիշեալ թարգմանութիւններու կողքին, վերջերս աւելցաւ նոյն հատորին յունարէն թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը, որ կատարուեցաւ Յունաստանի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ` Սինոտին որոշումով: Թարգմանութիւնը կատարեց Յոյն եկեղեցւոյ յայտնի հոգեւորականներէն մեթրոփոլիթ Գաբրիէլ, որ միաժամանակ ստորագրած է գիրքին յառաջաբանը:

Յայտնենք, որ գիրքին թարգմանական ու հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Նշենք նաեւ, որ հատորի յառաջաբանէն առաջ կը գտնենք սոյն գիրքին հրատարակութիւնը վաւերացնող Սինոտին պաշտօնական նամակը:

Չեխիա

Ալեքսանտր Թոփչեանի «Պանք Օթոման » Վէպը Թարգմանուած Է Չեխերէնի

Գրականագէտ, գրող, թարգմանիչ Ալեքսանտր Թոփչեանի «Պանք Օթոման» վէպը 2024-ին հրատարակուած է չեխերէն` «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի համագործակցութեամբ:

«Պանք Օթոման»-ի առանցքին կը գտնուի 19-րդ դարավերջին` 14 օգոստոս 1896-ին, խումբ մը հայ երիտասարդներու` Օսմանեան դրամատան գրաւման պատմութիւնը: Գիրքը միաժամանակ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան ծանր կացութիւնը համիտեան ժամանակաշրջանին:

Թոփչեանի` 2008-ին լոյս տեսած վէպը թարգմանուած եւ հրատարակուած է` ռումաներէնի (2010), ֆրանսերէնի (2011), ռուսերէնի (2012), պարսկերէնի (2019), սերպերէնի (2019), լաթուերէնի (2021) եւ մակեդոներէնի (2023), որոնց շարքը ամբողջացուցած է չեխերէնը: 2009-ին Պէյրութի «Արծիւ» հրատարակչութիւնը վէպը լոյս ընծայած է նաեւ դասական ուղղագրութեամբ:

Միացեալ Նահանգներ

 Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Հովուական Այցելութիւն Տուաւ Ֆրեզնօ

24-25 օգոստոսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հովուական այցելութիւն տուաւ Ֆրեզնօ, ուր դիմաւորուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանի, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Արփի Աբգարեանի կողմէ:

24 օգոստոսին սրբազանը եւ ընկերակիցները այցելեցին Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ զետեղուած, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող կոթող եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ, ապա ուղղուեցան տեղւոյն հայկական գերեզմանատունը, ուր ննջեցեալներու հոգւոյն խաղաղութեան համար կատարուեցաւ աղօթք, եւ ծաղիկներ զետեղուեցան` ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի, գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի, պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ այլ մեծութիւններու շիրիմներուն վրայ:

Երեկոյեան առաջնորդին ի պատիւ կազմակերպուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին սրբազանը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ մաղթանքներ յղեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն, մօտէն ծանօթացաւ ներկաներուն եւ տեղեկութիւններ քաղեց Ֆրեզնոյի հայութեան ու հայկական կեանքին մասին:

Կիրակի, 25 օգոստոսին, տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, սրբազանը մուտք գործեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին պատարագեց եւ քարոզեց Աստուածամօր նուիրուած տօնի իններորդ օրուան առիթով` դիտել տալով, որ այս տօնը գեղեցիկ եւ պերճախօս արտայայտութիւնն է երկինքին կողմէ Ս. Կոյս Մարիամին շնորհուած Աստուածամայր ըլլալու պատիւին, ապա տօնը արժեւորեց իբրեւ ազգային հոգեւոր աւանդութիւն, որ դարերէ ի վեր Հայ եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի: Առաջնորդը յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի,  որ Աստուածամօր նուիրուած հայ ժողովուրդի դարաւոր սէրը եւ յարգանքը նաեւ գալիք ժամանակներուն  շարունակուին հայ սերունդներու կեանքին մէջ: Պատարագին ընթացքին Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան Ֆրեզնոյի համայնքին անունով բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ անոր առաքելութեան մէջ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեց:

Յետ արարողութեան, առաջնորդին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համայնքի զաւակներ մօտէն հաղորդակցելու առիթը ունեցան սրբազան հօր հետ: Հոգաբարձութեան ատենապետ Արփի Աբգարեան նշեց, որ շնորհիւ սրբազան հօր հովուական հաղորդականութեան` Ֆրեզնօ իր այս այցելութիւնը եղաւ արդիւնալի, ընդունելութիւնը` սիրալիր, ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը` մեծապէս քաջալերական, թէ՛ Ֆրեզնոյի եկեղեցւոյ, թէ՛ առաջնորդարանին միջեւ տեղի ունեցաւ կապի աւելի եւս ամրապնդում:  Առաջնորդը գնահատեց` Ֆրեզնոյի հայ համայնքի զաւակները, ծառայող ձեռքերն ու կամաւոր աշխատանք տանող բոլոր անհատները, պատասխանատուները, նուիրեալները եւ բարերարները, ապա եկեղեցւոյ մաղթեց յարատեւ վերելք, գաղութին` բարգաւաճման եւ հզօրացման նոր առիթներ, եւ նկատել տուաւ, որ Ֆրեզնոյի համայնքը կը հանդիսանայ պատմական ամէնէն առաջին հայ գաղթօճախներէն մէկը Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս ափերուն վրայ հայ սերունդները հաւատարմօրէն կը յաջորդեն իրարու` նախանձախնդրօրէն բարձր պահելով իրենց փոխանցուած աւանդական արժէքներն ու հոգեւոր եւ ազգային ջահը:

Յայտնենք, որ նոյն օրը Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու եւ Աբգարեան ամոլին, այցելեց ֆրեզնոյաբնակ Անուշ Շամլեանի բնակարանը եւ երախտագիտական խօսքեր յայտնեց անոր` ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն` ազգային բարերար, Քրեսենթա Հովիտի մէջ գործող Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի հիմնադիր Վահան Շամլեանի եւ ի պատիւ իրեն` Անուշ Շամլեանի: Գնահատելէ ետք Շամլեան զոյգին նուիրուածութիւնը` Ազգային առաջնորդարանի ճամբով հայ ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ, սրբազանը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց անոր` Շամլեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, որ կը զուգադիպի յառաջիկայ տարուան եւ երախտագիտական ջերմ զգացումներով անոր մաղթեց արեւշատ բազմաթիւ օրեր:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Քարոզեց Եւ Նախագահեց Ատիս Հարմանտեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցի Հոգեհանգստեան Արարողութեան

1 սեպտեմբերին Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատարագին եւ յղեց իր պատգամը` դիտել տալով, որ Հայ եկեղեցին ամբողջ օգոստոս ամիսը նուիրած է Աստուածամօր, որ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին հետեւողութեամբ պատուաւոր ներկայութիւն է` իր էութեամբ, վարքով, բնաւորութեամբ, կենցաղով ու առաքինութեամբ, եւ թէ` Իր շնորհներուն բերումով երկինքը զայն կարգեց իր թագուհին, եւ այս պատճառով դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդը անասելի սէր ու յարգանք կը ցուցաբերէ Ս. Կոյս Մարիամի նկատմամբ, Զայն դարձնելով իր կեանքի գերագոյն տիպարն ու օրինակը:

Ս. պատարագի աւարտին սրբազան հայրը նախագահեց արժանաւորապէս «Հայ էսդրատային երգի իշխան» մակդիրին տիրացած լիբանանահայ աշխարհահռչակ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի մահուան 5-րդ տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ այս առիթով նշեց, որ թէեւ հոգեհանգիստը առնչուած է մարդոց եւ ընտանիքներու, սակայն կայ նաեւ ժողովուրդին պատկանող հոգեհանգիստի տեսակ մը, որ պայմանաւորուած կ՛ըլլայ հանգուցեալին վարած կեանքով ու գործունէութեամբ` ի նպաստ իր շրջապատին, ժողովուրդին, ազգին ու հայրենիքին: Ան հաստատեց, որ Ատիս Հարմանտեան մէկն է անոնցմէ, որոնց հոգեհանգիստը ոչ միայն ընտանեկան, այլեւ` ժողովրդային հնչեղութիւն ունի, շեշտելով, որ Ատիս աւելի քան կէս դար սփիւռքի զանազան օճախներու եւ Հայաստանի մէջ տարածեց հայ էսդրատային երգարուեստը եւ մինչեւ իր մահը մնաց պատնէշի վրայ, մինչ անոր երգերը սորվեցան եւ երգեցին սերունդներ` բարձր գնահատելով հայ էսդրատային երգի իշխանին արուեստը, ալպոմները, ձայներիզները ու ելոյթները, որոնք աննախընթաց եւ յիշարժան էին բոլորին համար:

Յայտնենք, որ յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ Կլենտէյլի «Արմինիըն արթ սենթըր» մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած յատուկ ցուցահանդէսի մը, ուր Ատիսի ընտանեկան պարագաները ի մի խմբած էին` երգիչին անձնական իրերը, անոր արուեստին ու անձին մասին գրուած թերթերու յօդուածներ, լուսանկարներ, երգարուեստային ալպոմներ, երգապնակներ, ձայներիզներ, խտասալիկներ եւ այլն: Գեղեցիկ համադրումով դասաւորուած այս եւ նկարչական իրերը կը պատմէին արուեստագէտ Ատիս Հարմանտեան հռչակաւոր երգիչի տասնամեակներու կեանքը` բեմերու վրայ, պարահանդէսներու եւ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, իսկ անոր նկարչական տաղանդին մասին կը վկայէին կեդրոնին պատերը զարդարող գունագեղ պաստառներ, որոնք երգիչ Ատիսի մտայղացումներն էին:

Արդարեւ, առաջնորդ սրբազանը արժեւորեց հանգուցեալի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսը` յիշեցնելով, որ տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց սփիւռքի մէջ հայ էսդրատային երգի հիմնադիր եւ տարածող, համահայկական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը, իսկ Լիբանանի մէջ առաջնորդութեան իր օրերուն ինք եւս պատուած է Ատիսը` գնահատանքի եւ օրհնութեան յատուկ գիրով:

Թուրքիա

Այնթապի Մէջ Իսլամաց(ու)ած Հայերու Մասին Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Այնթապի մէջ «Նար» արուեստի միութեան եւ «Տէրսիմի նոր օր»-ի համագործակցութեամբ արդէն երրորդ անգամ կազմակերպուած կարճ ժապաւէններու փառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ նաեւ Նակեհան Ուսքանի «Գողտրիկ տուն Ատանա» («Sweet Home Adana») վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հիմնական նիւթը իսլամաց(ու)ած հայութիւնն է:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչը պատասխանեց հանդիսատեսներու հարցումներուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնի նկարահանման աշխատանքներուն մասին: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ  ինք 27 տարեկան էր, երբ իմացաւ, որ մօրենական մեծ մայրը հայ է: Երբ առաջին անգամ այցելած է Ատանա, չէր մտածած նման վաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու մասին եւ հետաքրքրուած չէր իր անձնական պատմութիւնը ներկայացնելով, որովհետեւ այդ մէկը բարդ բան մըն էր: Հայկական հարցը իրեն համար միշտ քաղաքական կողմ ունեցած է: Ան ըսաւ, որ այս ժապաւէնին մէջ իր արեան կապը առաջին տեղը չի գրաւեր եւ, ըստ էութեան, այդ պատմութիւնը առանձնապէս գեղեցիկ ալ չէ, աւելցնելով, որ նմանատիպ բազմաթիւ պատմութիւններ կան, եւ կ՛ըսուի, որ այդպէս իսլամաց(ու)ած 4 միլիոն հայ կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ,  եւ ասիկա ոչ միայն իր, այլ միլիոնաւոր մարդոց պատմութիւնն է:

 

 

 

 

Նախորդը

Չորս Օգտակար Խորհուրդներ` Նոր Գործի Դիմողներուն

Յաջորդը

Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը Խաւարին Մէջ» Վերնագիրով Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?