Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լոնտոն Հայկական Ժառանգութիւնը Իբրեւ Ազրպէյճանական Ներկայացնող Լոնտոնի Պաստառները Վերցուեցան Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է վերցնել տալ Լոնտոնի մէջ տեղադրուած ազրպէյճանական այն պաստառները, որոնք հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական: Պաստառները Լոնտոնի գետնուղիի (մեթրօ) կայարաններէն հանուած են «Թրանսփորթ ֆոր Լոնտոն» ցանցին կողմէ: Հայ դատի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Արաբական Մշակոյթին Իր Բերած Ներդրումին Համար Լեւոն Զաքի Ետալեան Կը Պարգեւատրուի Մշակոյթի արաբական միութիւնը պարգեւատրեց գրող, հետազօտող եւ գործարար Լեւոն Զաքի Ետալեանը` անոր շնորհելով միութեան 2020 թուականի համաշխարհային մրցանակը` առ ի գնահատանք տարբեր ծառայութիւններու ընդմէջէն սուրիական եւ արաբական մշակութային ու ընկերային զանազան դատերու մէջ ունեցած ներդրումին: Մշակոյթի արաբական միութեան Ներկայացուցչական խորհուրդի նախագահ Այշա Խըտր Դամասկոսի մէջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  «Շուշի»-ն Կրկին Զարդարեց Հալէպահայութեան Բեմը Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին,  երեք յաջորդական ելոյթներով հանդէս եկաւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թերզեանի: Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք արաբերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղազարեան, որ նկատել տուաւ, թէ պարը արտայայտութեան անկաշկանդ ձեւ մըն է, որուն ընդմէջէն կ՛արտայայտուին մարդու ամէնէն թաքուն զգացումները: Հայերէնով բացման խօսքը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան  «Արցախը Պատերազմէն Ետք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առցանց Ցուցադրութիւն Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, 28 փետրուարին կատարուեցաւ «Արցախը պատերազմէն ետք» վաւերագրական ժապաւէնին առաջին առցանց ցուցադրութիւնը: Յոյն հանդիսատեսներուն համար յատկապէս պատրաստուած այս ժապաւէնը խտացուած ձեւով կը նկարագրէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի թէժ օրերը, 44 օրուան ընթացքին կատարուած ծանր յարձակումները, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ գործուած պատերազմական անմարդկային...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան  Յունական Պատմական Փաստաթուղթ Մը` Փետրուարեան Ապստամբութեան Վերաբերեալ Վերջերս «Ազատ Օր»-ը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուած փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի Փետրուարեան ապստամբութեան: 18 փետրուար 1921-ին, Հայաստանի մէջ ապստամբութիւնը սկսելէն անմիջապէս ետք, Պոլսոյ մէջ գործող Յունաստանի դիւանագիտական պատուիրակութեան գրասենեակը հեռագիրով կը տեղեկացնէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` ժողովրդային պոռթկումին մասին: «Հայերը, օգտագործելով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հոգեհանիստ Գառնիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 14 փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին առիթով, ներկայութեամբ` Ճեզիրէի առաջնորդ փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Գասպարեանի, վարչութեան անդամներու, աստիճանաւորական կազմերուն եւ տարազաւոր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա  Սուրիոյ Մշակոյթի Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները Այցելեցին Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի Ուրբաթ, 12 փետրուար 2021-ին Սուրիոյ մշակոյթի նախարար դոկտ. Լուպանա Մշաուահ եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեցին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուրը եւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապը: Անոնք ընդունուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւնը Կը Պարգեւատրէ  Հռիփ Կանանեանը 19 յունուարին Սուրիոյ Բարեսիրական միութիւններու համընկերակցութիւնը պարգեւատրեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի վաստակաշատ անդամ Հռիփ Կանանեանը Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իր ծաւալած մարդասիրական կամաւոր աշխատանքին համար, յանուն հայրենիքի ու միութեան բարօրութեան: Կրօնական Ժողովի Նիստ` Մասնակցութեամբ Քեսապահայութեան Նորանշանակ Հոգեւոր Տեսուչ Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի Ուրբաթ, 22 յունուար 2020-ին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նորոգ Վախճանեալ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Հոգւոյն Կիրակի, 17 յունուար 2021-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, Ճեզիրէի շրջանին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նորոգ վախճանեալ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի հոգւոյն: Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ օրուան ս. պատարագը մատուցեց եւ նախագահեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանը: Հայր...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հոգեհանգստեան Պաշտօն ` Ազգային Գործիչ, ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահուան Առիթով Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կիրակի, 10 յունուար 2021-ի առաւօտուն Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` ազգային գործիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան տխուր առիթով, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումին Առիթով

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Նոր Կազմ ՀՅԴ Բիւրոն յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ` հիմք ունենալով «Քորոնա» ժահրին կապուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ սաստկացող պայմանները եւ այդ պատճառով ժողովներ գումարելու պետական սահմանափակումները, ՀՅԴ կազմակերպական կանոններու համապատասխան կարգով, 27 դեկտեմբեր 2020-ին ճշդուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ: Նոր կազմի անդամներն են Ռոստոմ Այնթապլեան, Քնար...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի Այցելութիւնները * 15 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան պատուիրակութեամբ մը մեկնեցաւ Հասիչէ յատուկ առաքելութեամբ, հանդիպում ունենալու Հասիչէի նահանգապետ Ղասսան Հալիմ Խալիլիի հետ: Նահանգապետարանի մուտքին սրբազանը եւ իր պատուիրակութիւնը ջերմօրէն դիմաւորուեցան նահանգապետին եւ նահանգապետարանի պատասխանատուներուն կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին սրբազանը անդրադարձաւ իր հովուական ծառայութեան` յիշելով անցնող ամիսներուն Սուրիոյ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանով Պարգեւատրեց Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Վարդգէս Սիմոնեան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան հովուական այցելութիւն տուաւ Գամիշլի, ուր Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց` հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր յատուկ պատուիրակութիւն մը: Պատարագէն ետք, առաջնորդական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակ 1930-ին Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասի սրտին մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ ժողովուրդի զաւակները սուրիական հողին վրայ հիմը դրին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատմական եկեղեցւոյ` նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրուան կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հալէպահայութեան համար սովորական եկեղեցի մը չեղաւ, այլ այն ազգաշունչ եւ կրօնաբոյր ապաստանարանը,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արցախեան Ազատամարտի Ընթացքին Հայենիքի Պաշտպանութեան Համար Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Օր  Միացեալ Նահանգներ 22 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` հայ նահատակներու հոգիի հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար: Նոյն օրը թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատարագին եւ այս առիթով տուաւ իր պատգամը: Ինչպէս որ Արցախի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արցախեան Գոյամարտի Նահատակներու Օր Թեհրան Ի հետեւումն երկու վեհափառ հայրապետներու տնօրինումին, այսուհետեւ 22 նոյեմբերը հաստատուեցաւ իբրեւ Արցախեան գոյամարտի նահատակներու օր: Առ այդ, կիրակի, 22 նոյեմբերին յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախեան 44-օրեայ գոյապայքարի ընթացքին զոհուած հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեանց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Ցոյցեր Ի Նպաստ Արցախի Լիթվիա Լիթվիոյ հայ համայնքը Վիլնիւսի կեդրոնին մէջ կազմակերպեց բողոքի քայլերթ մը` բողոքելով Արցախի դէմ մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր շարունակուող ազրպէյճանա-թուրքական վայրագութեան դէմ: Քայլերթին իրենց մասնացութիւնը բերին հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Արցախի լիթվիացի բարեկամներ: Քայլերթին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Լիթվիոյ Մեծ իշխաններու պալատ` կոչ ուղղելով Լիթվիոյ իշխանության աջակցելու  Հայաստանի եւ Արցախի: Անոնք պարզած...

Հայկական Գաղութները` Հայաստանի Եւ Արցախի Հետ

Հայկական Գաղութները` Հայաստանի Եւ Արցախի Հետ

Կիպրահայ Համայնքը Բազմամարդ Ցոյց Կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն Առջեւ Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, կիպրահայ համայնքը բազմամարդ ցոյց կազմակերպեց Նիկոսիոյ մէջ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ: Ցոյցին մասնակցեցան 400-էն 450 ցուցարարներ` Եռագոյն եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով ու պաստառներով. անոնք ցոյցի ընթացքին բարձրաղաղակ կը բացագանչէին Արցախի մէջ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ: Կիպրահայ համայնքի ղեկավարութիւնը ներկայացնող...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ուքրանիա Հայկական Խաչքարի Օծում Պերտեանսք Քաղաքին Մէջ Վերջերս Արեւելեան Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին օծման արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի։ Սոյն օծուած խաչքարը դարձաւ ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը: Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան յայտնեց, որ յուշարձանին տեղադրումին նախաձեռնած է Պերտեանսքի...

ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի Մասնաճիւղի Նոր Կեդրոնին Հիմնարկէքը

ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի Մասնաճիւղի Նոր Կեդրոնին Հիմնարկէքը

Շաբաթ, 11 յուլիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ալմելոյի եւ Նետերլանտներու (Հոլանտայի) հայութեան համար, որովհետեւ այդ օր ձեւ ու մարմին ստացաւ շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին տարիներու երազը` նոր կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը: 11 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին կատարուեցաւ մասնաճիւղի նոր կեդրոնին հիմնարկէքը` ներկայութեամբ քաղաքի հոգեւոր հօր` Մաշտոց քհնյ. Պաղտասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեանի, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեանի,...

Page 33 of 47 1 … 32 33 34 … 47

Արխիւներ