Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում 25 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 131-ամեակի նշում, որ սկսաւ «Մշակ բանուոր»-ով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին արցախեան պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն, նաեւ յաւերժութեան միացած գաղափարական ընկերներուն յիշատակը: Օրուան հաղորդավարն էր Արտոյտ Զոհրաբեանը, որ սկիզբը բեմ հրաւիրեց Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Արամ...




















