Մակար Արք. Աշգարեան Հանդիպում Ունեցաւ Հալէպահայ Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը պարզեց ներկայ վիճակը` յայտնելով, որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ...