Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

July 16, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Շնորհաւորական Ընդունելութիւն Արմէն Վրդ. Գալաճեանի Վարդապետական Կարգ Ստանալուն Առիթով

Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ քահանայ հայրերու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հայկազ Ասատուրեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Յովսէփ Գասապեանի, 7 յուլիսին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն Արմէն վրդ. Գալաճեանին վարդապետական կարգ ստանալուն առիթով:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հայկազ Ասատուրեան Ազգային իշխանութեան անունով շնորհաւորեց հայր սուրբը` մաղթելով բեղուն եւ արգասաբեր գործունէութիւն:

Իր կարգին, հայր սուրբը խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` նշելով, որ իր կոչումին վրայ հաստատ մնալով` սիրով ու նուիրումով լծուած է ծառայութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ:

Միացեալ Նահանգներ

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի «Մեծ Ընտանիք» Ճամբարը Հայաստանի Մէջ

16-22 յունիսին Ծաղկաձորի (Հայաստան) մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ ընտանիք» ճամբարը, որուն մասնակցեցան 8-14 տարեկան 75 մանուկներ: Ճամբարը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ ու «Յոյս եւ լոյս» կազմակերպութեան գործակցութեամբ: Մասնակիցներուն մեծ մասը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուող երեխաներն էին:

Ճամբարի հոգեւոր ղեկավարն էր Վաչէ վրդ. Պալըգճեանը` Սրբոց Վարդանանց  (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ներկայացնելով առաջնորդարանը: Շաբաթը ո՛չ միայն հանգիստի եւ ժամանցի շրջան էր, այլ նաեւ` հոգեւոր վերանորոգման: Ամէնօրեայ առաւօտեան աղօթքէն եւ հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք մանուկները կը մասնակցէին կրթական, հոգեւոր եւ ժամանցային զանազան ծրագիրներու:

Շաբթուան ընթացքին մանուկներուն հետ քննարկուեցան քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթերը` սուրբ պատարագի խորհուրդն ու նշանակութիւնը, մկրտութիւնը, աղօթքի կարեւորութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու ուսուցումները, ինչպէս նաեւ` Աստուածաշունչի դերը մեր առօրեային մէջ:

Շատերու համար ճամբարի ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկն էր կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին մասնակցութիւնը, որուն ընթացքին երեխաները աղօթեցին, եկեղեցական արարողութեան մաս կազմեցին եւ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութիւնը վերապրեցան:

Բացի հոգեւոր դասերէն` ճամբարը լեցուն էր խաղերով, երգերով, մարզական մրցումներով, խմբային աշխատանքներով եւ բազմաթիւ ուրախ պահերով, որոնք նպաստեցին նոր բարեկամութիւններու ստեղծման, համագործակցութեան եւ փոխադարձ սիրոյ ամրապնդման:

Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը Ընտրեց Նոր Վարչութիւն

Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած իր 37-րդ տարեկան ժողովին ընտրուած է միութեան նոր վարչութիւն մը, որուն ատենապետն է Զաւէն Սարգիսեանը:

Հայաստանէն դուրս հայ իրաւաբաններու մեծագոյն համախմբումը հանդիսացող Հայ իրաւաբանական միութեան նոր ղեկավարը վերջին չորս տարիներուն մաս կը կազմէր միութեան վարչութեան` կարեւոր դեր կատարելով յատկապէս Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու աշխատանքներուն մէջ: Սարգիսեան կը փոխարինէ նախորդ ատենապետ Թալին Սահակեանը, որուն պաշտօնավարութեան օրերուն միութեան գործունէութեան դաշտը զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ: Հայ իրաւաբանական միութեան նոր վարչութեան միւս անդամներն են` Սթիւ Տէտէեան (փոխատենապետ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Մարիամ Կիւրեղեան (փոխատենապետ, Էնսինօ, Քալիֆորնիա), Մեսրոպ Խուտօղուլեան (գանձապահ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա), Լեւոն Կոլենտուխեան (քարտուղար, Նիւ Նորք), Թալին Սահակեան (նախորդ ատենապետ, Նիւ Եորք) եւ Լուսի Վարդապետեան (յատուկ խորհրդական, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա):

Կլենտէյլի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայազգի Ոստիկանապետ Նշանակուած Է

Կլենտէյլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով վերջերս ոստիկանապետի պաշտօնը ստանձնեց հայազգի Ռապըրթ Ուիլիըմ, որ շուրջ 24 տարի ծառայած է Կլենտէյլի ոստիկանական համակարգին մէջ` նուաճելով ծառայողական տարբեր աստիճաններ, եւ այժմ դարձած է քաղաքի 21-րդ ոստիկանապետը: Անոր գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են քաղաքի անվտանգութեան ապահովումը եւ տեղւոյն համայնքներուն հետ սերտ գործակցութիւն:

Խօսելով իր արմատներուն մասին` նորանշանակ ոստիկանապետը ընդգծեց, որ հայկական ինքնութիւնը միշտ կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքին մէջ, աւելցնելով, թէ հակառակ անոր որ հայկական մականուն չունի, որովհետեւ հայրը ասորի է, իսկ մայրը` հայ, իրենց տան մէջ միայն հայերէն խօսած են: Ան  յոյս յայտնեց, որ իր անցած ուղին կրնայ ներշնչող օրինակ ծառայել յատկապէս հայ երիտասարդներուն:

Գերմանիա

Գերմանիոյ Մէջ «Արմաւիր» Ծառուղիի Բացում

Գերմանիոյ Նաումպուրկ  քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական Արմաւիր քաղաքին անունը կրող նոր ծառուղի մը: Անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նաումպուրկի աւանդական «Հուսիթեան Բալի փառատօն»-ի շրջանակներէն ներս:

Հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան` Արմաւիրի քաղաքապետ Վարշամ Սարգսեան, Նաումպուրկի քաղաքապետ Արմին Միւլլեր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեան, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութիւններ:

Արմաւիր եւ Նաումպուրկ քաղաքները պաշտօնապէս քոյր քաղաքներ հռչակուած են 2025 թուականին, որմէ ետք երկու քաղաքապետարանները կը համագործակցին կրթական փոխանակման, խաղողագործութեան եւ տնտեսական  զարգացման ոլորտներուն մէջ:

Ֆրանսա

«Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն»-ի Պատմական Վերադարձը Փարիզ

Ինը տարուան բացակայութենէ ետք ամերիկահայ աշխարհահռչակ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք խումբը տպաւորիչ վերադարձ մը կատարեց Ֆրանսա:

Արդարեւ, 2 եւ 4 յուլիսին Փարիզի հանրայայտ «Սթատ տը Ֆրանս» մարգադաշտին մէջ, իւրաքանչիւր ելոյթին 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցան խումբին երկու յաջորդական համերգները: Կ՛արժէ նշել, որ երկուքին ալ տոմսերը նախապէս ամբողջութեամբ սպառած էին: Այս ելոյթը մաս կը կազմէր խումբի եւրոպական շրջագայութեան, որով կը նշուի անոր պատմական «Toxicity» ալպոմի լոյս ընծայման 25-ամեակը:

Սերժ Թանքեանէ, Տարօն Մալաքեանէ, Շաւօ Օտաճեանէ եւ Ճոն Տոլմայեանէ բաղկացած ամերիկահայ քառեակը ցնցեց մարգադաշտը` խանդավառ բազմութեան հրամցնելով իր ամէնէն ծանօթ եւ սիրուած կատարումները:

Սակայն երեկոյթներու ամէնէն հզօր եւ յուզիչ պահը արձանագրուեցաւ Տարօն Մալաքեանի առաջնորդութեամբ հնչած հայկական աւանդական «Հէյ ջան, ղափամա» եւ «Աման Թելօ» երգերէն հատուածներու կատարումով: Այդ պահուն տասնեակ հազարաւոր օտարազգի եւ հայ հանդիսատեսներ միասնաբար սկսան շուրջպարեր բռնել մարգադաշտին մէջ` մեթալ-երաժշտութեան այս բացառիկ ելոյթը Եւրոպայի սրտին մէջ վերածելով հայկական մշակութային ժառանգութեան իսկական տօնախմբութեան մը:

Եսայի Ալթունեան Արժանացաւ «Ասպետ»-ի Կոչումին

1 յուլիսին Ազգային ժողովին մէջ ֆրանսահայ անուանի երաժիշտ, երգահան, երգիչ, արտադրող եւ գեղարուեստական ղեկավար Եսայի Ալթունեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի մշակութային ամէնէն հեղինակաւոր պարգեւներէն` «Արուեստներու եւ գրականութեան ասպետ»-ի բարձրագոյն կոչումով: Պարգեւը յանձնուեցաւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ եւ ներկայիս Վերածնունդ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կապրիէլ Աթալի կողմէ` առ ի գնահատանք արուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ Ալթունեանին ունեցած բացառիկ ներդրումին, ինչպէս նաեւ` հայկական ժառանգութեան տարածման ու ֆրանք եւ հայկական մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ անոր երկարամեայ յանձնառութեան:

Եսայի Ալթունեան, ֆրանսական բեմերու կողքին, միշտ կապուած է հայկական արմատներուն: Ան միջազգային հանրութեան առաւել ծանօթ դարձաւ 2015 թուականին, երբ որպէս Ֆրանսայի եւ համայն հայ սփիւռքի ներկայացուցիչ մաս կազմեց «Genealogy» խումբին եւ «Face The Shadow» երգով ներկայացուց Հայաստանը «Եւրոտեսիլ» երաժշտական մրցոյթին:

Իրաք

Ընդհանուր Ժողով 

Ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, 9 յուլիսին Ծերանոցի սրահին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով` քննարկելու Պաղտատի Ազգային վարժարանի ապագան եւ ուսումնասիրելու անոր զարգացման, կրթական մակարդակի բարձրացման ու առաքելութեան շարունակականութեան ապահովման ուղիները:

Պուլկարիա

Սոֆիայի Կեդրոնը Փողոց Մը Անուանակոչուած Է «Հայաստան» Ճեմուղի

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի Փէյօ Եաւորով թաղամասին մէջ գտնուող փողոցներէն  մէկը այժմ պաշտօնապէս անուանակոչուեցաւ «Հայաստան» ճեմուղի:

Որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Տարածքին վրայ արդէն իսկ տեղադրուած են պուլկարերէն եւ անգլերէն լեզուներով նոր ցուցանակները:

Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը յայտնած է, թէ այս միաձայն աջակցութիւնը բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կարեւոր արտայայտութիւն մըն է, որ կը ցոլացնէ հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր կապերն ու ամուր բարեկամութիւնը: Դեսպանութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Սոֆիայի Քաղաքային խորհուրդին` անոնց հետեւողական ջանքերուն համար, որուն շնորհիւ սոյն նախաձեռնութիւնը իրականացած է` վերածուելով պատմական հայ-պուլկարական բարեկամութեան մնայուն խորհրդանիշի, ինչպէս նաեւ` Պուլկարիոյ մէջ հայկական ներկայութեան եւ հայ համայնքի ունեցած ներդրումին արժեւորման:

Յունաստան

Քոմոթինիի Մէջ Մեծ Յաջողութեամբ Իրականացաւ «Հայ Երգի Ու Պարի 2-րդ Փառատօն»-ը

Նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի, կազմակերպութեամբ Քոմոթինիի Թաղային խորհուրդի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային միութեան, երեքշաբթի, 30 յունիս 2026-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Հայ երգի ու պարի 2-րդ փառատօն»-ը, Քոմոթինիի ամառնային բացօթեայ թատրոնին մէջ:

Փառատօնին ներկայ եղան` Քոմոթինիի մետրոպոլիտը, քաղաքական եւ քաղաքապետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Թրակիոյ հայկական համայնքներէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ:

Աթէնքի մէջ կայացած մեծ փառատօնէն ետք, մասնակցող խումբերը այս անգամ իրենց բարձրորակ յայտագիրը ներկայացուցին Թրակիոյ հայութեան` խանդավառելով մեր հայրենակիցները եւ ստեղծելով հայկական ջերմ մթնոլորտ:

Ելոյթ ունեցաւ  Հայաստանէն «Փրոֆ արթ» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Տիգրան Մնոյեանի, Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի եւ Քոմոթինիի «Ուրարտու» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Ռուզաննա Զոհրապեանի:

Առաւել, հայկական երգերու փունջով մը հանդէս եկաւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի:

Փառատօնը ոտքի հանեց բոլոր հանդիսատեսները, որոնք հարուստ յայտագիրին ընդմէջէն վայելեցին հայ երգի ու պարի աննախընթաց ներկայացում մը: Պարախումբերուն արհեստավարժ շարժումները եւ երգչախումբին բարձր կատարողութիւնը ջերմօրէն գնահատուեցան ներկայ բազմութեան կողմէ: Բեմին վրայ յաջորդող տեսարանները, լուսաւորումի ու երաժշտութեան ճոխութիւնը տպաւորիչ պատկերներ ստեղծեցին եւ խանդավառ զգացումներ պատճառեցին հանդիսատեսներուն:

Հայ երգի ու պարի 2-րդ փառատօնը դարձաւ այն կամուրջը, որ միաւորեց Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայորդիները` կարելիութիւն ընձեռելով անոնց վայելելու հայկական պարարուեստի եւ երաժշտական մշակոյթի գեղեցկութիւնը:

Հայկական մշակութային ինքնութեան զարթօնք մըն էր, որ վառ պահեց հայկազեան ոգին իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտին մէջ:

Տպաւորիչ վերջաբանէն ետք, սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, բարձր գնահատեց պարային համոյթները, երգչախումբը եւ փառատօնի կազմակերպիչները, ընդգծելով մշակոյթի կարեւորութիւնը`անցեալը կենդանի պահելու, ներկան արժեւորելու եւ ապագան սերունդներուն ժառանգելու նպատակով:

 

 

 

Նախորդը

Բանալիները` Տունդարձի Երաշխիք

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Տգիտութեան Զոհը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ  (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Գաղութէ Գաղութ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

November 7, 2026
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
Գաղութէ Գաղութ

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

November 6, 2026
Գաղութ-Գաղութէ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութ-Գաղութէ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.