Թրակիա կատարած շրջապտոյտին ծիրէն ներս Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնսթանտինոս Թասուլաս այցելեց Տիտիմոթիքօ քաղաք եւ մասնակցեցաւ Յունաստանի մայր կառոյցին հետ կցումի 106-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան:
Այս առիթով նախագահը այցելութիւն կատարեց նաեւ Տիտիմոթիքոյի պատմական հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ մօտէն ծանօթացաւ հնամեայ կոթողի պատմութեան ու շինարարական աշխատանքներուն:
Եկեղեցւոյ մուտքին յոյն նախագահը դիմաւորուեցաւ շրջանի հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեանի եւ Տիտիմոթիքօ-Օրեսթիատա Թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ:
Նախագահի շքախումբին մաս կը կազմէր շրջանի քաղաքապետ Ռոմիլոս Խածիյանօղլու, ինչպէս նաեւ` Էվրոս մարզի հնամեայ կոթողներու խնամակալ պատասխանատու Տոմնա Թերզոփուլու:
Ազգային վարչութեան ատենապետը անդրադարձ կատարեց եկեղեցւոյ պատմութեան մասին` նշելով միջնադարեան դարերէն եկող պատմական մանրամասնութիւնները, իսկ նախագահը, իր կարգին, նշեց Բիւզանդիոնի կայսր Յովհաննէս Քանթաքուզինոսի թագադրումը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Նախագահ Թասուլաս մօտէն տեսաւ եկեղեցւոյ խորանն ու զարդանշանները, ապա խօսք եղաւ տանիքի վերաշինութեան աշխատանքներուն մասին, որոնք մօտ օրէն ընթացք պիտի առնեն:
Յիշեցնենք, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ ստանձնած է Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: Քանի մը ամիս առաջ նախարար Լինա Մենտոնի այցելած էր եկեղեցին եւ տեղւոյն վրայ հաստատած էր շինութիւնը ստանձնելու պատրաստակամութիւնը:
Սոյն ծրագիրին հիման վրայ նախագահ Քոնսթանթինոս Թասուլաս խօսեցաւ կրօնական բնոյթի զբօսաշրջութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն մասին` նշելով կրօնական հնամեայ եւ պատմական կոթողներու առկայութիւնը շրջանին մէջ:





