Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

May 12, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 ապրիլին Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ ս. պատարագի: Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարուան ծիրին մէջ:

Իր բացման խօսքին մէջ Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերեց Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից եւ խորանում այդ ժամանակների անաչառ քննութեան մէջ, նրա կերպարը այնքան մեծանում է մեր աչքերի առաջ»: Սրբազան հայրը նաեւ յուշեց Աբբահօր մասին ուրիշ դրուագ մը, երբ հայրենի ազգային գործիչ Ալեքսան Կիրակոսեանը օրուան վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի հետ խօսակցութեան ընթացքին Մխիթարին անդրադարձած էր` ըսելով. «Նա հոգեւոր հայրենիք կերտեր է, երբ այս տարածքում հայկական պետականութիւն չկար»:

Լեւոն արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Մխիթար Աբբահայր ոչ միայն հայկական մեծութիւն է, այլ նաեւ համաքրիստոնէական եւ համամարդկային չափանիշով մեծութիւն է, եւ ասիկա նոր ասպարէզ մըն է, որ կը բացուի մեր առջեւ, եւ մաղթենք, որ մեր յառաջիկայ տարիներուն, տասնամեակներուն, հարիւրամեակներուն յանձնառութիւն ըլլայ ասիկա»:

Սրբազան հօր խօսքէն ետք միաբան վարդապետները եւ նորընծաները երգեցին Մխիթար Սեբաստացիի Մարիամ Աստուածածնին նուիրած շարականը.

«Անճառին խորան,
Բանին բնակարան,
Գովեալ Մարիամ սրբուհի,
Դու վարդ անթառամ…»:

Ապա խօսք առաւ Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, որ Մխիթար Աբբահօր համապարփակ կենսագրական պատկեր մը ներկայացուց յետ գրաբար լեզուով ներածականի.

«Այսօր, գումարեալք ի միասին ընդ յարկաւ տանն Մեծին Մխիթարայ, ցնծալից ուրախութեամբ եւ հրճուանօք, տօնախմբեմք զՅոբելեան յերկինս ծննդեան Ծառային Աստուծոյ եւ Երանաշնորհ Հիմնադրին մերոյ Մխիթարայ Աբբայի, որ կատարեաց զընթացս կենաց իւրոց յայսմ աշխարհի` ծառայելով Փրկչին եւ լուսաւորելով զՀայկազնեայ ազգն նմեր աստուածային բանիւք եւ իմացական եւ հայրեանաւանդ ժառանգութեամբք Հարցն մերոց: Արդարեւ նա եղեւ լուսաճաճանչ աստղն որ ցոլացոյց ի խաւարամած հայրենիս` զլոյս սրբութեան եւ գիտութեան եւ կանգնեաց զազգակիցս իւր զի կեցցեն աստուածահաճոյ վարուք եւ ազգօգուտ գործովք` զհետ լինել բարւոյն եւ ճշմարտին»:

Կենսագրական տուեալներէն զատ, Համազասպ վարդապետ անդրադարձաւ նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի (1676-1749) սրբակենցաղ վարքին եւ անոր բացառիկ դատողութեան. «Խոհեմութեամբ զարդարուած` ամէն ինչ կշռադատող եւ հետեւաբար հաստատակամ եւ զգուշաւոր, միշտ միջին ճամբան կ՛ընտրէր»: Հիմնադիր Աբբահայրը` «խոնարհամիտ անձ էր, որ գիտէր հրամայել համեստ ու բարեշնորհ կերպով եւ քաղցրահամբոյր վերաբերումով»:

Մխիթարի բեղուն եւ նուաճումներով ու ապրումներով հարուստ կեանքին մէջ Համազասպ վարդապետ առանձնացուց Աստուածամօր տեսիլքը Սեւանավանքի մէջ, 1693-ին, իբրեւ իր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր դէպքը: Տասնվեցամեայ Մխիթար սարկաւագը Սեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ «երկարաշունչ աղօթքներէ ետք… յոգնաբեկ` քունի կ՛անցնի Աստուածամօր պատկերին դիմաց»: Աստուածամայրը իրեն կը յայտնուի երազին մէջ եւ անոր կ՛ըսէ. «Այն կ՛ուզեմ, ինչ դուն կ՛ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ, ինչ որ դուն գիտես, որ ինծի օգտակար է եւ կ՛ուզես տալ», Տիրամայրէն ստանալով խնդրանքի գոհացման խօսք: «Աստուածամօր տեսիլքը կը դրոշմէ Մխիթարի ամբողջ կեանքը, աննկուն կամքը, անխոնջ աշխատանքը եւ հաստատուն հաւատքը: Աստուածամօր խօսքին զօրութեամբ, Մխիթար հիմնած է իր միաբանութիւնը, որ առ այսօր կը գոյատեւէ մի միայն ամենասուրբ Կոյսի «Եղիցի»-ով»:

Անխոնջ եւ վեհանձն նուիրումի կեանքը, ինչպէս նաեւ նեղութիւններ ու երկարատեւ հիւանդութիւն մը Մխիթար Սեբաստացին բոլորովին կը հիւծեն, ու «1749-ի ապրիլի սկիզբը վերջնականօրէն անկողին կը գամուի եւ վերջին օծումն ու հոգեւոր մխիթարութիւնները ստանալէ ետք, կ՛աւանդէ հոգին 27 ապրիլ 1749-ին:

Հայր Համազասպ իր խօսքին վերջին բաժինով վերյիշեց միաբանութեան հիմնադիրէն մէջբերումներ եւ աւարտեց հետեւեալով. «Սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս միաբանութեանն ալ սահմանուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Իրան Պատերազմին Վերջ Տալու Ամերիկեան Առաջարկին Իր Պատասխանը Յանձնեց

Յաջորդը

Աւանդը Մանկապատանեկան Բեմի Վրայ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.