Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

July 2, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ–ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի 100-Ամեակի Նշում

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, ուրբաթ, 19 յունիս 2026-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի 100-ամեակին նուիրուած Սկաուտի եւ մոկլիի օրուան հանդիսութիւն «Արարատ» սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ «Ով Հայ արի» քայլերգներով, ապա օրուան բեմավար Կրեսի Մաշհուր-Գէորգեան արտասանեց բացման խօսքը` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակը եղած է պատրաստել բարոյական վեհ սկզբունքներով տոգորուած տիպար հայորդիներ, որոնք տէր կը կանգնին մեր ազգային-մշակութային արժէքներուն:

Ձեռնարկը սկսաւ երդման արարողութեամբ, որուն ընթացքին 8 քոյրեր եւ եղբայրներ երդում ըրին հաւատարիմ մնալու ՀՄԸՄ-ի կանոնագիրին, ծրագրին ու սկաուտութեան սկզբունքներուն եւ ստացան Ա. կարգի վկայականներ:

Բացման պատկերը կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ի նաւուն հասնիլը Լաթաքիոյ ափեր, ուր գտաւ իր իսկական գանձը` հայկական սկաուտական եւ մարզական անմահ ոգին, այդ մեծ ուժով լիցքաւորուած` նաւը որոշեց կանգ չառնել, այլ այդ լոյսը տարածել ամբողջ աշխարհով մէկ` ներկաներուն փոխադրելով երկրագունդի տարբեր երկիրներ:

Առաջին երկիրը Հնդկաստանն էր, ուր փոքրիկ գայլիկներու խումբ մը ներկայացուց հնդկական պար` ճոխ եւ եռանդուն շարժումներով:

Իսկ երկրորդ երկիրը Շուէտն էր. շուէտական մարզանքներով ոգեշնչուած սկաուտները ներկայացուցին սկաուտական չափական եւ գաւազանի մարզանքներ:

Յաջորդ կայանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էր, ուր խումբ մը քոյրեր եւ եղբայրներ, աշխուժ եւ խանդավառ ոճով, հիփ-հոփ (hip-hop) պարեցին:

Ետքը նաւը դարձաւ դէպի Սուրիա: Սկաուտները ներկայացուցին թատրոն, որ կը նկարագրէր սուրիահայութեան իրավիճակը պատերազմի ժամանակաշրջանին:

Անոնք բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով` աշխուժացուցին ՀՄԸՄ-ական կեանքը եւ մէկ բռունցք դարձած` որոշեցին մեծ շուքով տօնել Սկաուտի օրը, փաստելով, որ հայ սկաուտը միշտ կը շարունակէ իր ինքնութիւնը պահելու ուղին` պահպանելով իր ազգային պատկանելիութիւնը:

Հարաւային Քորէան յաջորդ կայանն էր, ուր մարզուած գայլիկներն ու սկաուտները քորէական թեքուանտոյի ինքնապաշտպանութեան մարզանքէն բազմաթիւ ձեւեր ներկայացուցին:

Այնուհետեւ նաւը բոլորը տարաւ դէպի Սպանիա, ուր սպանական մշակոյթէն գունաւոր ու խանդավառ պարով մը գայլիկները բեմ բարձրացան:

Յաջորդը Յունաստանի նաւահանգիստն էր, ուր Ողիմպիական խաղերու ոգիով խումբ մը եղբայրներ ներկայացուցին բուրգ:

Նաւուն վերջին կայանն էր հայրենիքը` Հայաստան: Հոն երէց սկաուտները բեմ բարձրացան «Փափուրի» շուրջպարով, որմէ ետք անոնց միացան բոլոր քոյրերն ու եղբայրները` հպարտութեամբ ներկայացնելով իրենց վերջին նպատակը` վերադարձ դէպի մայրենի հողեր:

Օրուան բեմավարը հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհիին` Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեանը, կարդալու ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին կողմէ առաքուած շնորհաւորագիրը, որուն մէջ խորհուրդը մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ողջունէր եւ կը շնորհաւորէր բոլոր սկաուտներն ու մոկլիները` յուսալով, որ նոյն աշխուժութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը շարունակեն ՀՄԸՄ-ի անպարտ երթը:

Այնուհետեւ բեմավարը բեմ հրաւիրեց Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեանը` օրուան պատգամը ուղղելու: Քահանայ հայրը բարձր գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը եւ հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի նաւը պտտելով ամբողջ աշխարհի շուրջ` իր առաքելութիւնը կը շարունակէ արժանավայել աշխատանքով:

Ապա շնորհաւորեց երդում կատարած Ա. կարգի ՀՄԸՄ-ականները եւ թելադրեց հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄ-ի տեսլականին: Քահանայ հայրը իր խօսքը եզրափակեց` գնահատելով սկաուտներուն ներկայացուցած թատրերգութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէր իրականութիւնը, նշելով, թէ որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, հայ քրիստոնեայ անհատը իր գերհզօր կամքով միշտ կրցած է վերականգնիլ եւ կերտել փայլուն ապագայ:

Ապա մասնաճիւղի խմբապետ Րաֆֆի Քոչեան իր սրտի խօսքը ուղղեց` խորին շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն, որոնք անընդհատ կը քաջալերեն եւ կ՛ապացուցեն, որ փոքրիկները կառչած կը մնան ՀՄԸՄ-ի վեհ գաղափարներուն, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց երդուեալ ՀՄԸՄ-ականները` վստահեցնելով, որ իրենք են միութեան հիմնական սիւնը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

«Ազգային Եւ Եկեղեցական Աւանդութիւններ» Գիրքի Ներկայացում

Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, հովանաւորութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, 11 յունիսին ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւններ» գիրքին ներկայացումը:

Օրուան հանդիսավարն էր դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան:

ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Եկեղեցին եւ ազգային աւանդութիւնները եղած են այն ամուր սիւները, որոնց շնորհիւ կրցած ենք պահել մեր ինքնութիւնը, հաւատքը եւ հայրենասիրական ոգին, աւելցնելով, որ այս գիտակցութեամբ ծնունդ առաւ սոյն գիրքին աշխատանքը, որպէսզի մեր եկեղեցական տաղաւարներու խորհուրդը եւ ազգային հարուստ աւանդութիւններ փոխանցուին նոր սերունդներուն:

Ան նկատել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի 2025 տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակելուն, նշելով, որ գիրքի մշակումն ու պատրաստութիւնը կեանքի կոչուած է դաստիարակչական յանձնախումբի աշխատանքով, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր հետեւողականութեան ու կարեւոր ներդրումին շնորհիւ` ի խնդիր գիրքի որակին ու արժէքին: Գէորգեան նշեց, որ սոյն գիրքի հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ SALT բարեսիրական հաստատութեան ազնիւ եւ սիրայօժար աջակցութեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ այս գիրքը դառնայ ո՜չ միայն գիտելիքի աղբիւր, այլ նաեւ ապրող ուղեցոյց` իւրաքանչիւր ընթերցողի համար, որպէսզի խորապէս իմանանք եւ ապրեցնենք մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները: 2023-2025 տարեշրջանի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներէն  Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեանը եւ Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեանը ներկայացուցին «Ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւններ» գիրքը, որմէ ետք SALT բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ, հիւսիսային շրջանի տնօրէնուհի երէցկին Սառա Տողրամճի արտասանեց իր սրտի խօսքը. ան նախ շատ կարեւոր համարեց մեր աւանդութիւնները եւ կրօնական տօները ամփոփելը մէկ տեղ եւ զանոնք փոխանցելը յառաջիկայ սերունդներուն, ապա գնահատեց ՍՕԽ-ի կազմակերպչական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` սրբազան հօր ցուցմունքներով պատրաստուած այս գիրքը:

Ձեռնարկի աւարտին սրբազան հայրը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով յայտնեց, որ ձեռքբերում եւ յաջողութիւն է ներկայացումը այս գեղեցիկ գիրքին, որուն նպատակը սրբազան է, որովհետեւ մեր եկեղեցական եւ ազգային աւանդութիւնները վերականգնել ու զանոնք գեղեցիկ կերպով ներկայացնել է մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Փաստօրէն անոնք իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան այս գիրքը եւ պիտի կարենան մշտապէս կարդալ ու իրենց հոգիին մէջ վառ պահել մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները:

Իրան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 31-րդ Տարեդարձին Առիթով Հայրապետական Մաղթանք

Նոր Ջուղա

Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, 28 յունիսին Նոր Ջուղայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով:

Մաղթանքի աւարտին հայր սուրբը շնորհաւորելց վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձը` կոչ ուղելով ժողովուրդին աղօթել ոչ միայն վեհափառին, այլեւ եկեղեցական դասի բոլոր անդամներուն համար:

Ատրպատական

28 յունիսին Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին հայրապետական մաղթանքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձը:

Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը յղեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռի կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս` սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս, հայապահպանութեան դժուարին պայմաններուն մէջ:

Անդրադարձ կատարելով մեր ազգի եւ հայրենիքի կեանքի ճգնաժամին սրբազանը շեշտեց, որ Եկեղեցին իր կարեւոր խօսքը եւ դերակատարութիւնն ունի: Ապա ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի աւելի քան երեսնամեայ ծառայութեամբ ցարդ իրականացուած մեծ յաջողութիւններուն մասին` ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Միացեալ Նահանգներ

Երաժշտական Փառատօն

Համազգայինի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 2-րդ երաժշտական փառատօնը իր դռները բացաւ 25 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ` համախմբելով աւելի քան 40 պատանի երաժշտասէրներ: Եռօրեայ այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի հայ երաժշտութեան շուրջ համախմբել նորահաս սերունդը, զարգացնել անոնց երաժշտական հմտութիւնները եւ ստեղծել հայեցի միջավայր մը, ուր լեզուն, մշակոյթն ու արուեստը կը միաւորուին:

Փառատօնին հրաւիրուած են հայ երաժշտական աշխարհի յայտնի դէմքեր. խմբավար, շուիահար, տուտուկահար երաժշտագէտ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, դաշնակահար, յօրինող եւ «Կրեմմի» մրցանակի թեկնածու Սէրուժ Գրաճեան, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր ջութակահարուհի Տիանա Ադամեան, սրնգահար, տուտուկահար եւ երաժշտագէտ Գէորգ Քէշիշեան, թաւջութակահար, Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնի հիմնադիր եւ Դանիոյ Թագաւորական օփերայի մենակատար Սեւակ Աւանէսեան:

Եռօրեայ փառատօնի ընթացքին մասնակիցները իրենց նուագարաններուն համապատասխան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին եւ անմիջականօրէն պիտի աշխատին փորձառու արուեստագէտներու հետ: Այս դասընթացքներուն եւ փորձերուն միջոցով անոնք նոր գիտելիքներ ու փորձառութիւն պիտի ամբարեն` միաժամանակ կատարելագործելով իրենց կատարողական եւ բեմական կարողութիւնները:

Փառատօնը առանձնայատուկ է նաեւ իր հայեցի մթնոլորտով: Բոլոր աշխատանքները, հանդիպումներն ու քննարկումները կ՛ընթանան հայերէնով, ինչ որ մասնակիցներուն կու տայ ոչ միայն երաժշտական, այլեւ ազգային եւ մշակութային հարուստ փորձառութիւն մը:

Փառատօնի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից բեմ պիտի բարձրանայ եւ հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ իր պատրաստած երաժշտական կտորը: Իսկ եզրափակիչ համերգին ներկաները առիթ պիտի ունենան վայելելու հրաւիրեալ արուեստագէտներու կատարումները:

Այս տարուան փառատօնը նաեւ առանձնայատուկ է այն առումով, որ անոր կը մասնակցին ոչ միայն հայ, այլեւ խումբ մը ոչ հայ պատանիներ, որոնք այս նախաձեռնութեան միջոցով առիթ կը ստանան ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն: Այս ներկայութիւնը փառատօնը կը վերածէ մշակութային երկխօսութեան գեղեցիկ հարթակի մը, ուր երաժշտութիւնը կը դառնայ տարբեր մշակոյթներու միջեւ կամուրջ:

Երաժշտական աշխատանոցներուն զուգահեռ, մասնակիցները պիտի մասնակցին նաեւ հայկական պարերու դասընթացքներու: Այսպիսով, անոնք ոչ միայն երաժշտական հմտութիւններ պիտի զարգացնեն, այլեւ աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն` ժողովրդական պարին եւ անոր հարուստ աւանդոյթներուն:

Մահացաւ Մանկական Երգերու Մեկնաբան Մակի Իսթիլեան

30 յունիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ կեանքին մէջ իր մանկական երգերու խտասալիկներով, տեսերիզներով եւ զանազան բեմերէ տուած երգախառն թատերախաղերով ճանչցուած եւ սիրուած Մակի Իսթիլեան:

Լիբանանի մէջ ան մաս կազմած է մանկական զանազան երգչախումբերու` ղեկավարներ ունենալով Ալեքսան Մնակեանը, Սարգիս Փանոսեանը եւ Վաչէ Պարսումեանը: Հետեւած է Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դասական երաժշտութեան պատմութեան, թիորիի  եւ սոլֆեժի դասընթացքներու, եւ իբրեւ գործիք` ընտրած է դաշնամուրն ու կիթառը:

Նաեւ դերեր ստանձնած է տարբեր թատերախումբերու մէջ եւ տասը տարի պարած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբին մէջ:

Եղած է հայոց լեզուի ուսուցչուհի եւ պարուսոյց: Սակայն մանկական աշխարհ մտնելէ ետք ստիպուած եղած է այս բոլոր աշխատանքները դադրեցնել եւ կեդրոնանալ միայն այս ճիւղին վրայ:

Ունի շուրջ տասնեակ խտասալիկներ, որոնց կարգին` «Թաթիկներ», «Դպրոցի ճամբան», «Մակին եւ Կաղանդ պապան» եւ «Live in Concert», իսկ ձայնասկաւարակները` «Փոքրիկ երաժիշտներ», «Տաթեւիկ», «Ծաղկաստան» եւ «Նոր տարուան երգեր»:  Առցանց ունի նաեւ իր ձայնով արձանագրուած հեքիաթներու տեսանիւթեր եւ դաստիարակչական խաղեր:

Քանատա

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Սեդա Թօփուզեանի Այցելութիւնը

25 յունիսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանը եւ անոր ամուսինը` Րաֆֆի Գուշեանը:

Հանդիպման ընթացքին Թօփուզեան ներկայացուց Լաւալի քաղաքապետարանին կողմէ իրականացուող շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ Լաւալի մէջ բնակող հայ համայնքի զաւակներուն եւ նպաստել անոնց բարօրութեան:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց Սեդա Թօփուզեանի լայնածաւալ հասարակական եւ քաղաքային գործունէութեան առիթով` շեշտելով համայնքի եւ քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ շնորհաւորեց զայն Քանատայի Քաղաքապետարաններու դաշնակցութեան (Federation of Canadian Municipalities) Վարչական խորհուրդի անդամ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ` իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ:

Մարտիկ Թասլաքեան Քանատայի Օդանաւաշինական Ընկերութեան Մէջ Պատասխանատու Պաշտօն Ստանձնեց

Այնճարցի Մարտիկ Յովհաննէս Թասլաքեան վերջերս նշանակուեցաւ Քանատայի օդանաւաշինական ընկերութեան (bombardier) զարգացման եւ ռազմավարական ծրագիրի բաժնի տնօրէն:

Լիբանանահայ երիտասարդը 2006-ին աւարտած է Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, համալսարանական ուսումը շարունակած է Մոնրէալի ՄըքԿիլ համալսարանին մէջ` վկայուելով մեքենական ճարտարագիտութան վկայականով` օդանաւային ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ, ապրիլ 2010-ին:

Ուսումնառութենէն ետք աշխատանքի անցած է Bombardier ընկերութեան փորձարկումներու  բաժինին մէջ, ապա դարձած` Airbus A220-ի փորձարկումներու պատասխանատու:

Շարունակելով բարձրագոյն կրթութիւնը` 2017-ին ՄըքԿիլէն ստացած է մագիստրոսի բարձրագոյն վկայական` «Զարգացում եւ ռազմավարութիւն» մասնագիտութեամբ:

2017-2019 տարիներուն ան աշխատած է KPMG-ի մէջ` իբրեւ շարք մը ընկերութիւններու զարգացման ռազմավարութիւններու մշակման պատասխանատու, իսկ 2019-2022-ին` քանատական COOP FEDEREE-ի (ընկերութիւններու  conglomerat) ռազմավարական ծրագիրներու պատասխանատու:

2022-ին վերստին գործի կանչուած է Bombardier` իբրեւ ընկերութեան  վերակազմակերպումով զբաղող խորհուրդի անդամ:

2025-ին ան Մոնրէալի համալսարանէն ստացած է Business Law-ի վկայական:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Ոդիսականը

Յաջորդը

250 Տարեկան Ամերիկան, Եւ Մենք` Հայերս

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.