Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Բաբգէն Արք. Չարեանի Յոբելենական Ամեակներուն Նուիրուած «Սրբազան Համերգ»
Նախաձեռնութեամբ Քանատայի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, հովանաւորութեամբ Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան ամոլին, 10 յուլիսին Մոնրէալի Վանիէ քոլեճի սրահին մէջ «Սրբազան համերգ»-ով հանդիսաւորապէս նշուեցան Բաբգէն արք. Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-րդ, ինչպէս նաեւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդութեան 10-րդ ամեակները:
Համերգը սկիզբ առաւ «Սրբազան համերգ»-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Նուշիկ Էլոյեանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան սրբազան հօր մաղթեց արեւշատ օրեր եւ աննկուն կամք, որպէսզի շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ առաջնորդէ շրջանը դէպի նոր յաղթանակներ` անխախտ պահելով մեր Եկեղեցին, ամրապնդելով մեր կրթական օճախները եւ առաւել աշխուժացնելով հայապահպանութեան ծառայող մեր կազմակերպութիւնները:
Այնուհետեւ Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ արական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ «Շողակաթ» դպրաց դասը հոգեպարար երգեցողութեամբ հանդիսաւոր մթնոլորտ ստեղծեցին:
Ապա, ուղերձով հանդէս եկաւ Ազգային վարչութեան անդամ Համբիկ Գարայեան, որ շեշտեց, թէ իր ծառայած բոլոր թեմերուն մէջ սրբազան հայրը եղած է կամքի եւ յոյսի աղբիւր: 2016-ին ան ստանձնեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդի ծանր պատասխանատուութիւնը եւ ամբողջ տասնամեակ մը անձնուիրաբար ծառայեց թեմի կազմակերպման եւ ծաղկման գործին` դառնալով յոյսի փարոս եւ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծումներ գտնող առաջնորդ, որ խոր գիտակցութեամբ կը գօտեպնդէ իրեն հետ ծառայող հոգեւորականներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:
Գարայեան դիտել տուաւ, որ սրբազան հայրը զարկ տուաւ հոգեւոր հրատարակութիւններուն, կրթական ծրագիրներուն եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն` աւելցնելով, որ իր առաջնորդութեան օրով Քանատայի հայոց թեմը համալրուեցաւ նոր համայնքով եւ նոր հոգեւորականներով, որոնց համար առաջնորդ սրբազանին խորհուրդներն ու հայրական առաջնորդութիւնը դարձան ծառայութեան վստահելի ուղեցոյց:
Ուղերձէն ետք Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտմեան, Նշան քհնյ. Մանուկեան եւ Գէորգ սրկ. Գատէհճեան ներկայացուցին ութ շարականներ եւ հոգեւոր երգեր` մայեսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի արդիական երաժշտական մշակումով:
Ապա, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանը եւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Զաւէն Տէր Սահակեանը, թեմի եկեղեցական երկու համայնքներուն անունով յուշանուէր մը յանձնեցին առաջնորդ սրբազանին` ի նշան սիրոյ, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի` անոր յոբելենական ամեակներուն առիթով:
Աւարտին, սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, որ ամեակները պարզապէս թիւեր չեն, այլ անոնք ծառայական կեանքի փուլեր են, արժեւորման առիթներ են, միաժամանակ նաեւ կամքերը պրկելու եւ նոյն հաւատքով ու սիրով ծառայութիւնը շարունակելու կոչ` հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ, շարունակելով մեր հայրերուն ուղին, պաշտպանելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները եւ պահպանելով մեր ինքնութիւնը անաղարտ պահող արժէքները` յանուն գալիք սերունդներուն:
Բաբգէն արք. Չարեան յայտնեց, որ սոյն ամեակները իրեն համար նաեւ ուխտի վերանորոգման առիթ են. «Այս պահուն դարձեալ նորոգեմ իր ուխտս` շարունակելու ծառայել Աստուծոյ, Հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին` նոյն հաւատքով, նոյն սիրով, նոյն պատրաստակամութեամբ եւ նոյն յանձնառութեամբ»:
«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով փակուեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը:
Իրան
Սուրբ Թադէի Վանքի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւն
16-18 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ս. Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ կը վայելէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութիւնը: Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ատրպատականի տարբեր շրջաններէն` Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Գեարդաբադէն, Ռահւայէն, Սալմաստէն, Բեդելբոյէն, նաեւ Իրանի տարբեր քաղաքներէն` Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահւազէն, Արաքէն, Անզալիէն եւ այլ շրջաններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեան, նաեւ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ:
16 յուլիսին, Սուրբ Թադէի վանք ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, որ դիմաւորուեցաւ շքախումբի կողմէ եւ հայ նահատակներուն յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց, ներկայութեամբ պետական պատասխանատուներուն:
18 յուլիսին, վանքի հարաւային բաժինին մէջ լարուած պետական հսկայ վրանի տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում առաջնորդ սրբազանի եւ Ատրպատականի Արեւմտեան բաժնի նահանգապետ դոկտ. Ռեզա Ռահմանի փոխանորդ` դոկտ. Մողապէլի, Չալդրանի կուսակալ դոկտ. Սամադ Աքպարիի, ինչպէս նաեւ պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ: Սոյն հանդիպման ներկայ էին Թեմական խորհուրդի կազմը, Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անդամները, դոկտ. Արա Շահվերդեանը, Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան ընդհանուր տնօրէն` դոկտ. Շերլի Աւետեանը, անոր օգնականները` Ալէն Սայեադեանը եւ Կարէն Մկրտիչեանը, ապահովական պատասխանատուներ եւ հիւրեր:
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին ներկայացուցիչին եւ բարեմաղթութիւններ ներկայացուց Չալտրանի նոր նշանակեալ կուսակալին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Արեւմտեան շրջանի Հնապահպանութեան տնօրէն դոկտ. Սեֆերին` խնդրելով, որ իրենց մնայուն հոգածութեան առարկայ դարձնեն վանքը, աշխարհի քրիստոնէութեան հնագոյն գլխաւոր սրբավայրերէն հանդիսացող Ս. Թադէն: Սրբազանը թեմի անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եռօրեայ ուխտագնացութեան առթիւ իրենց օժանդակութիւնը բերած պետական բոլոր կառոյցներուն: Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը թեմական խորհուրդի անունով արծաթեայ յատուկ նուէրներ յանձնեց բարձրաստիճան հիւրերուն: Նահանգապետի ներկայացուցիչը եւ կուսակալը ուրախութեամբ արտայայտուեցան, մեծ պատիւ համարելով սոյն շրջանի պատասխանատու եւ հոգատար ըլլալու առաքելութիւնը: Անոնք բարձր գնահատեցին եռօրեայ ուխտագնացութեան մասնակից ուխտաւորներու մեծ թիւը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին պետական բոլոր լծակները օգտագործել` սրբավայրը պահպանելու իր բարձունքի վրայ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վանքի արեւմտեան բաժինին մէջ, ջաղացքի շէնքին կցուած եւ ապակեայ երդիքով ծածկուած սրահի բացման արարողութիւնը: Անիկա, Եկեղեցիներու հնապահպանութեան կեդրոնին միջոցով անցեալ տարի յարդարուած ու ծածկուած ըլլալով, ինքնին թանգարանային պատկեր կը ներկայացնէր դարերու ընթացքին քանդակուած խաչքարերու եւ այլ օգտագործելի քարեղէն իրերու: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Իրանի Հնապահպան կառոյցի եւ դոկտ. Շերլի Աւետեանի գործունէութիւնը, երկրի քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական սրբութիւնները պահպանելու հեռանկարները: Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ դոկտ. Արա Շահվերդեանը, որը յիշեց պետական եւ ազգային բոլոր աշխատակիցները, որոնք երկար տարիներու իրենց գործունէութեամբ իրենց նպաստը բերած էին վանքի պատմութեան:
Այնուհետեւ Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ սրբազան հայրը մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` համերաշխութեամբ ապրելու իրարու հետ: Ապա Ս. Թադէոս առաքեալի մասունքակիր Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
15 տարիներէ ի վեր հերթական վերանորոգութիւններու ենթարկուած վանահօր խուցը վերջապէս հասաւ իր աւարտական լրումին: Այս տարուան ուխտագնացութեան վերջին բաժնով, սրբազան հօր ձեռամբ քողազերծուեցաւ շղարշը այն մարմարակերտ արձանագրութեան, ուր նշուած էր խուցի վերանորոգման տեղեկութիւնը եւ սկսելու թուականը.
«ՆՈՐՈԳԵՑԱՒ ԽՈՒՑՍ ԱՅՍ Ի ՎԱՆՍ ՍՐԲՈՅՆ ԹԱԴԷՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ՅԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ Ի ԹՎ ՀԱՅՈՑ ՌՆԿԱ ԵՒ ՅԱՄԻ ՏՌՆ 2012 ՅԱՐՏԱԶ ԳԱՒԱՌ»:
Վանքին մէջ տեղի ունեցած եւ շարունակուող շինարարական աշխատանքներու մասին լայնօրէն անդրադարձաւ սրբազան հայրը` շեշտելով անցեալին լքուած սենեակներու իրավիճակը, իսկ այսօրուան անոնց պատուաբեր տեսքը:
«Արարատ»-ի 82-Ամեակը` Վերականգնման, Գնահատանքի Եւ Շարունակականութեան Խորհուրդով
16 յուլիսին, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» մարզաւանի Այգեստանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄ «Արարատ»-ի հիմնադրութեան 82-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ` ազգային, համայնքային եւ պետական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն: Օրուան հաղորդավարն էր Մելան Սէյֆեան: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ ՀՄԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեանի ողջոյնի խօսքով: Ան, շնորհաւորելով կազմակերպութեան 82-ամեակը, «Արարատ»-ը բնորոշեց որպէս սփիւռքի մէջ եզակի եւ իր տեսակով աննախադէպ կառոյց` ընդգծելով, որ անիկա տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է համայնքային կեանքի, ազգային ինքնութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան առանցքային կեդրոն:
Խալոյեան անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին Իրանի մէջ տեղի ունեցած 12-օրեայ եւ 40-օրեայ պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք «Արարատ» մարզաւանի կրած վնասներուն` դիտել տալով, որ այդ պատճառով կազմակերպութիւնը իր հիմնական միջոցներն ու կարողութիւնները պարտադրաբար կեդրոնացուցած է վնասուած ենթակառուցուածքներուն, մասնաւորապէս թենիսի բաժնի շէնքի վերակառուցման աշխատանքներուն վրայ:
Կեդրոնական վարչութեան նախագահը նաեւ տեղեկացուց, որ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի ջանքերով կարելի եղած է էականօրէն նուազեցնել մարզաւանի կոյուղիի համակարգի հետ կապուած շուրջ 30 միլիառ թումանի վճարման պարտադիր ծանուցագիրով նախատեսուած գումարը` զայն հասցնելով 20 միլիառի, ինչպէս նաեւ ապահովել անոր քանի մը տարուան ապառիկ մարման հնարաւորութիւնը: Հ. Խալոյեան, գնահատելով պատգամաւորին ներդրումը, անոր յանձնեց ՀՄԱԿ-ի յատուկ շնորհակալագիր-գնահատագիրը:
Իր կարգին, Արա Շահվերդեան շնորհաւորեց կազմակերպութեան 82-ամեակը` ընդգծելով «Արարատ»-ի բացառիկ դերը իրանահայ համայնքի համախմբման, ազգային արժէքներու պահպանման եւ երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին, պատգամաւորին ներկայութեամբ, գնահատագիրներ յանձնուեցան ՀՄԱԿ-ի տարբեր մասնաճիւղերու պատասխանատուներուն, պատերազմի օրերուն նուիրումով իրենց աշխատանքը շարունակած պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ «Արարատ»-ի պասքեթի խումբին` վերջին շրջանի ձեռքբերումներուն եւ Թեհրանի լիկային մէջ արձանագրած յաջող ելոյթներուն համար:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Պոլիս
Լոյս Տեսաւ Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեանի «Ձեռք Մը» Հատորը
Վերջերս, Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեանի առաջին` «Ձեռք մը» գիրքը, որ հրաւէր մըն է փոքրիկներուն` բացայայտելու իրենց շուրջի աշխարհը, զգացումներն ու առօրեայ արկածները: Նկարազարդողն է Թինա Քոբման, որ իր ինքնատիպ ու գունագեղ արուեստով պատրաստած է գիրքին էջերը:
Գիրքը կը պատմէ խաղի, փնտռտուքի ու իրարու օգնելու մասին: Թարա Էքմէքճի- Յարութիւնեան ծնած եւ մեծցած է Լոս Անճելըսի մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է անգլերէն գրականութեան ճիւղին մէջ` ուսումը շարունակելով կրթութեան մասնագիտութեան մէջ եւ մագիստրոս վկայականի արժանանալով: Աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր ան կը դասաւանդէ:
Իր երկու զաւակներուն աճող ձեռքերէն եւ անսահման երեւակայութենէն ներշնչուելով` ան գրած է «Ձեռք մը» գիրքը: Ան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր մանուկ արժանի է ապրելու աշխարհի մը մէջ, ուր չափահասները կը հաւատան իրենց, կը քաջալերեն զիրենք եւ ուժ կու տան իրենց փոքրիկ ձեռքերուն:
Յունաստան
Արեան Եւ Ոսկրածուծի Նուիրաբերումի Մասին Դասախօսական Երեկոյ
Համակազմակերպութեամբ Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի եւ տեղւոյն Մշակութային միութեան, 8 յուլիսին, հայկական համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ելոյթ մը` նուիրուած արեան եւ ոսկրածուծի նուիրաբերման:
Նիւթը ներկայացուց Քոզանի քաղաքին մէջ գործող «Կեանքի կամուրջ» կազմակերպութեան անդամ Նինա Սահակեան, որ կը զբաղի նաեւ կամաւոր արիւնատուութեան ծրագիրներով:
Սահակեան յատկապէս շեշտը դրաւ ոսկրածուծի տուչութեան ծրագիրին, ներկայացնելով կամաւոր դառնալու անհրաժեշտութիւնը` կեանք մը փրկելու նախանձախնդրութեամբ:
Նշենք, որ երկար տարիներու ընթացքին Հայ գթութեան խաչի արիւնատուութիւնները Հիւսիսային Յունաստանի հայ համայնքներուն մէջ մեծ նշանակութիւն կը ստանան, անոնք սովորաբար կը կայանան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծիրին մէջ: Գոյութիւն ունի նաեւ Հայկական ոսկրածուծի կազմակերպութիւնը, որ գործակցաբար Հայ Կապոյտ խաչին` անցեալին ներկայացումներ կատարած է գաղութին մէջ` ապահովելով պատկառելի թիւ մը նուիրատուներու եւ սատարելով կազմակերպութեան առաքելութեան:


