Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ անոր պատուիրակութեան հետ գումարուած հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ մէջ գտնուող Միացեալ Ազգերու կեդրոնատեղիին մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները մտքերու փոխանակում ունեցան Ընդհանուր քարտուղարին հետ՝ կղզիի երկու համայնքներուն միջեւ փոխադարձ կապերն ու վստահութիւնը ամրապնդելու հեռանկարով։ Քննարկումները կեդրոնացան այն նախաձեռնութիւններուն վրայ, որոնք կը նպաստեն համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ վստահութիւն ներշնչող միջոցառումներու իրականացման։



