Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Օրենճ Քաունթիի Մէջ Նշուեցան Անկախութեան 108-րդ Եւ Հայ Կեդրոնի Հիմնադրութեան 25-րդ Տարեդարձները
Վերջերս Օրենճ Քաունթիի մէջ նշուեցան պատմական երկու իրադարձութիւններ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 108-ամեակը եւ շրջանի Հայ կեդրոնի բացման 25-ամեակը:
Երեկոյի ընթացքին 15 պատանիներ ուխտեցին ծառայելու իրենց հայրենիքին եւ համայնքին: Անոնց նուիրումը կը մարմնաւորէ ապագայ սերունդներու յոյսերը եւ կը յիշեցնէ, որ համայնքին ուժը երիտասարդութեան մէջ է: Անոնց կնքահայր Կարօ Մատենլեանը շեշտեց ղեկավարութեան, ընկերներուն հանդէպ պատասխանատուութեան եւ Հայկական հարցին պաշտպանութեան նուիրուելու կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակիցները յարգեցին թէ՛ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն եւ թէ՛ 25 տարի առաջ շրջանի Հայ կեդրոնին հիմը դրած անձնաւորութեանց զոհողութիւններն ու իրագործումները եւ նախորդ սերունդներու իրագործումներով ոգեւորուած` վերանորոգեցին հայ ինքնութիւնը զօրացնելու եւ այդ արժէքներն ու աւանդութիւնները ապագայ սերունդներուն փոխանցելու յանձնառութիւնը:
Երեկոյի ընթացքին պատասխանատու դերեր ստանձնած էին յաջորդ սերունդին ներկայացուցիչները: Արդարեւ, ՀՅԴ «Աղբիւր Սերոբ» պատանեկան միութեան անդամ Անդրանիկ Քիլեճեան բացումը կատարեց երդման արարողութեան, մինչ նոյն ուխտէն Մեղեդի Պետուրեան շնորհակալութեան խօսքերով դիմեց ներկաներուն: ՀԵԴ «Աշոտ Երկաթ» ուխտի անդամ Փաթիլ Թիւթիւնճեան եւս ոգեւորող եւ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Անոնք խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին նախորդ սերունդներուն իրենց զոհողութեանց համար եւ խոստացան պահպանելու հայ ինքնութիւնն ու զօրացնելու համայնքային կեանքը:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 50-Ամեակի Տօնակատարութեան Մեկնարկ
4 յունիսին Յարութ եւ Քրիսթին Քէօսեան ամոլին բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան 50-ամեակի տօնակատարութեան մեկնարկը` ներկայութեամբ աւելի քան 80 արհեստավարժներու, համակիրներու, ձեռնարկատէրերու եւ աջակցողներու: Այս մտերմիկ ընթրիքը առաջին քայլն էր այն նախաձեռնութիւններու շարքին, որոնք հիմնարկութիւնը պիտի իրականացնէ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին` նախապատրաստուելով դեկտեմբերին կայանալիք 50-ամեակի տօնակատարութեան, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին հիմնարկութեան կողմէ համայնքին մատուցուած 50 տարիներու սպասարկութիւնները եւ իրագործումները` միաժամանակ ուրուագծելով անոր ապագան:
Երեկոյի հանդիսավարն էր հիմնարկութեան 50-ամեակի յանձնախումբին համաատենապետ Մելքոն Մելքոնեան, որ համայնքին համար յոյժ կարեւոր համարեց Հայ կեդրոնները, յիշեցնելով, որ հիմնարկութիւնը վերջին հինգ տասնամեակներուն հաստատած է 18 համայնքային կեդրոններ` միաժամանակ նիւթապէս նեցուկ կանգնելով Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵԴ, Հայ դատի յանձնախումբ, Համազգային եւ ՀՕՄ):
Հիմնարկութեան երկար տարիներու անդամ իրաւաբան Սթիւ Տէտէեան ներկայացուց հիմնարկութեան պատմութիւնը` սկսելով 1940-ականներուն Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնի եւ աւելի ուշ` Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային դպրոցի հիմնումէն, հասնելով մինչեւ 1975, երբ հիմնարկութիւնը ստեղծուեցաւ ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի անմիջական աջակցութեամբ: Ան հիմնարկութիւնը նկատեց համայնքին սերմերու շտեմարանը եւ այն պալատը, ուր կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը եւ կը կրթենք մեր երիտասարդութիւնը, որ պարտաճանաչ մնայ մեր ազգին հանդէպ:
50-ամեակի յանձնախումբին համաատենապետ իրաւաբան Վաչէ Թոմասեան յայտնեց, թէ աւանդական սփիւռքի մը եւ ներգաղթածներու համայնքի մը միջեւ երկու հիմնական տարբերութիւն կայ, նշելով, որ սփիւռքը սրտով կապուած է հայրենիքին եւ կազմակերպուած է: Թոմասեան հաստատեց, որ 50 տարի շարունակ տեսլականներով մարդիկ կառուցեցին կեդրոններ եւ հաստատութիւններ` առանց շահի եւ գովասանքի, միայն ապագային ծառայելու մղումով: Հիմնարկութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի եւ միայն ամիսներ առաջ անիկա բացումը կատարեց Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններու անուան կեդրոնին, Էնսինոյի մէջ, շնորհիւ այս նպատակով դաշնակցային կառավարութենէն ապահովուած 1 միլիոն տոլարի աջակցութեան եւ համայնքային ներդրումներուն: Կեդրոնը արդէն իսկ ծառայած է իբրեւ գաւառային ընտրութեանց կեդրոն, եւ հոն իրականացած են երիտասարդական եւ պատանեկան ծրագիրներ, առողջապահութեան նուիրուած համայնքային հաւաք մը եւ արուեստի ցուցահանդէսներ: Հիմնարկութեան ատենապետ Յարութ Քէօսեան, որ հաւաքին հիւրընկալն էր, երեկոն ամփոփեց մատնանշելով ձեռնարկին յաջողութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ այս հաւաքը մեկնարկը կ՛ըլլայ յառաջիկայի յաջող վեց ամիսներուն, երբ ոչ միայն դրամահաւաք պիտի կատարուի, այլ համայնքը լաւապէս պիտի իմանայ հիմնարկի աշխատանքներուն մասին:
Ընդունելութեան ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 150 հազար ամերիկեան տոլար:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Էլեմընթ Պենտ»-ը:
Բարերար Արիս Սթամպոլեան Հովանաւորեց Շամլեան Ազգային Վարժարանի Նոր Ծրագիրներ
4 յունիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց գաղութի բարերարներէն Արիս Սթամպոլեանի այցելութիւնը: Ան Ազգային առաջնորդարան ժամանեց` ընդառաջելով առաջնորդ սրբազան հօր այն առաջարկին, որ կը վերաբերի ազգային վարժարաններու բարգաւաճման ի նպաստ զանազան ծրագիրներու հովանաւորութեան` ըստ բարերարի նախընտրութեան:
Առ այդ, Սթամպոլեան նոր նուիրատուութեամբ մը փափաք յայտնեց հովանաւորել Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան միջնակարգ վարժարանի բարգաւաճման եւ բարեզարդման ուղղուած ծրագիրներ:
Սրբազան հօր եւ ազգային բարերարին միջեւ ստեղծուած մտերմիկ զրոյցէն նաեւ ի յայտ եկաւ, որ Սթամպոլեանի նշանակալից նուիրատուութեան առիթով Ազգային Շամլեան վարժարանի մանկապարտէզի շէնքն ու խաղավայրերը, ինչպէս նաեւ միջնակարգի շէնքը պիտի անուանուին ազնիւ բարերարի հանգուցեալ ծնողաց` Ոսկան եւ Էլիզ Սթամպոլեաններու անունով:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին ուղղուած բոլոր բարերարութիւնները` մասնաւորաբար շեշտելով Արիս Սթամպոլեանի կողմէ համայնքի կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր ցարդ կատարուած բարերարութիւնները: Ապա, առ ի գնահատանք իր հիւրին օրինակելի վեհանձնութեան, անոր լամբակը զարդարեց «Կիլիկեան արծիւ» զարդասեղով: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Արիս Սթամպոլեան միասնաբար այցելեցին Ազգային Շամլեան միջնակարգ վարժարան, ուր ընդունուեցան վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ վարժարանի ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Ղազարեանի կողմէ, որմէ ետք անոնք ծանօթացան մանկապարտէզի եւ միջնակարգի շէնքերուն եւ հոն իրագործուող աշխատանքներուն:
Դպրոցին մէջ կատարուած ճանաչողական շրջագայութենէ ետք առաջնորդ սրբազան հայրն ու բարերար Սթամպոլեան ներկայ եղան այս նպատակին համար պատրաստուած աշակերտական կոկիկ յայտագիրի մը, որուն աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը դարձեալ գնահատեց Արիս Սթամպոլեանը եւ անոր ազգային եւ դպրոցանուէր բարերարութիւնը, ապա հայրաբար խրախուսեց եւ օրհնեց վարժարանի մեծ ընտանիքը:
Քանատա
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
12 յունիսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ազգային առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի եւ անոր կնոջ` Մարալ Մահսէրէճեանի այցելութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Քանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Իրանի մէջ տիրող զարգացումները, ինչպէս նաեւ` անոնց ազդեցութիւնը տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ: Շեշտուեցաւ նաեւ, որ ներկայ անկայուն պայմաններուն մէջ կարեւոր է շարունակել ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու սերտ համագործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ զօրակցիլ մեր ժողովուրդին եւ պահպանել համայնքային կեանքի կենսունակութիւնը:
Իրան
Արծաթապատ Գորգանախշ Պատկերատախտակի Շնորհահանդէսը
Ձեռարուեստի համաշխարհային օրուան առիթով, 17 յունիսին «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային իրադարձութիւն մը` առաջին արծաթապատ գորգանախշ պատկերատախտակի հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը, որ ստեղծուած է գորգի ոճով` հայկական զարդանախշերով եւ խորհրդանշական նկարներով:
Եզակի ստեղծագործութեան նախաձեռնողն է Արլեն Ստեփանեանը, որ զայն նուիրած է իր զոհուած դուստրերուն` Նայիրի եւ Շողեր Ստեփանեաններու անմեռ յիշատակին:
Արծաթէ պատրաստուած պատկերատախտակի պատրաստման աշխատանքները իրականացուցած են Արմէն Վարթին եւ Յասմիկ Աւանէսեան ամոլը:
Մինաքարի նրբագեղ եւ բարձրարժէք աշխատանքը կատարած է «Ռահիմ»-ի արուեստի տունը` մասնակցութեամբ Ռահիմի ամոլին:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Արտակ Մանուկեան» ազգային թանգարանի վարիչ Ալիս Շահմուրատեանը, որ անդրադարձաւ թանգարանի աշխատանքներուն եւ կազմակերպուած նախաձեռնութեան: Խօսք առաւ Իրանի մէջ ԻԿՕՄ-ի ներկայացուցիչ Մոհիթ Թապաթապայի, որ անդրադարձաւ հայ-իրանական մշակութային ընդհանրութիւններուն: Թանգարանի վարչութեան անունով խօսք առաւ Իռեն Աբնուսեան, որ հաստատեց, թէ սոյն ստեղծագործութիւնը ոչ միայն մի արծաթեայ հրաշալի ցուցատախտակ է, այլ հօր մը անաւարտ սիրոյ արտացոլողը` իր դուստրերուն հանդէպ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արլեն Ստեփանեան, որ ընդգծեց, թէ սոյն արծաթեայ ցուցատախտակը կրկնօրինակն է այն գորգին, որ 15 յուլիս 2023-ին ի յիշատակ Շողեր եւ Նայիրի Ստեփանեաններուն` նուիրուած է Երեւանի արուեստի թանգարանին:
Նոր Ջուղա
Ս. Ամենափրկիչ Վանքի «Տաթեւ» Երգչախումբին Տարեկան Համերգը
10 յունիսին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Տաթեւ» երգչախումբին տարեկան համերգը` ղեկավարութեամբ խմբավար Համիկ Ալեքսանդրեանի:
Երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն եւ պարսկերէն ժողովրդական երգեր` Նոր Ջուղայի, Փերիայի, Չհարմահալի եւ Իրանի զանազան շրջաններէն:
Համերգի աւարտին իր պատգամը յղեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան: Ան բարձր գնահատեց կատարումները` շեշտելով, որ երգեցողութիւնը ոչ միայն կը պահանջէ գեղեցիկ ձայն, այլ նաեւ` ապրում եւ զգացում: Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան անդրադառնալով, որ խումբը նոյնիսկ պատերազմի ժամանակաշրջանին չդադրեցուց իր կանոնաւոր փորձերը, գնահատեց անոնց ջանասիրաբար կատարած աշխատանքը եւ մաղթեց խմբավարին, որ նորանոր ձեռքբերումներով առաւել եւս ճոխացնէ եւ զարգացնէ հայկական մշակոյթը:
Ատրպատական
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Այգիի Բացումը Ամառնային Եղանակի Համար
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին, 11 յունիսին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Կեդրոնականի այգի»-ին:
Երեկոն ընթացք առաւ «Տաթեւ» պարախումբին ելոյթով` գլխաւորութեամբ բեմադրիչ-ղեկավար Կարինէ Մանուչերեանի եւ փորձավարներ` Մարիա Գասպարեանի եւ Սեպուհ Անտոնեանի: Թաւրիզահայ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին այգիի բացման արարողութեան:
Մինչեւ ուշ գիշեր տեւած բացման հանդիսութիւնը ազդանշանը տուաւ ամէն օր մեծ բազմութեամբ ներկայ գտնուելու Ազգային առաջնորդարանի այգիին մէջ:
Քուէյթ
Այցելութիւն Համազգայինի Վարչութեան Կողմէ
9 յունիսին Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան ընդունեց Համազգայինի վարչութեան անդամները:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազարէթ Քէօշկէրեան եւ Ազգային վարչութեան` Համազգայինի կապ Արամ Յակոբեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ փոխադարձ ծանօթացման, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ համայնքային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին շուրջ մտքերու փոխանակման:
Հայր սուրբը գնահատանքով անդրադարձաւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական առաքելութեան` ընդգծելով, որ նման հաստատութիւններ կարեւոր դեր կը կատարեն հայ ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ու փոխանցման գործին մէջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով` ի նպաստ Քուէյթի հայ համայնքի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի յաւելեալ զարգացման:
Այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն
16 յունիսին առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան, Արտակ Ա. քհնյ. Քեհեաեան եւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան անդամները այցելութիւն տուին Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր զանոնք ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսէն Առաքելեանը:
Անդրանիկ այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու դեսպանատան գործունէութեան, անոր առաքելութեան եւ Քուէյթի մէջ հայ համայնքին առնչուող աշխատանքներուն:
Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Հայր սուրբը եւ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին դեսպանին` ջերմ ընդունելութեան եւ ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան համայնքային կեանքին վերաբերող զանազան հարցեր եւ փոխանակուեցան կարծիքներ` ի նպաստ Քուէյթի հայ համայնքի յառաջընթացին ու բարօրութեան:
Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ եկեղեցւոյ, հայրենիքի եւ ազգային կառոյցներու միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ներկաները ընդգծեցին, որ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, հայ ինքնութեան ամրապնդման եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ եկեղեցւոյ եւ դեսպանատան համագործակցութիւնը կարեւոր դեր ունի:
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով եւ ապագային եւս գործակցութեան ամրապնդման յանձնառութեամբ` ի նպաստ հայ համայնքի եւ հայրենիքի շահերուն:




