Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացառիկ Համերգ Թեսաղոնիկէի Մէջ

May 15, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հա­մերգ մը ա­ւել­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ լսո­ւած հայ­կա­կան հնչիւն­նե­րուն տակ, ­Հինգ­շաբ­թի, 30 Ապ­րիլ 2026-ի ե­րե­կո­յեան։ ­Քա­ղա­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ներ­կայ ե­ղող յոյն եւ հայ հան­դի­սա­տես­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան վա­յե­լե­լու բարձ­րո­րակ ներ­կա­յա­ցում մը, ուր մէկ կող­մէն հայ­րե­նի տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար ­Հայկ ­Մե­լի­քեան ծա­ւա­լեց իր բարձր տա­ղան­դը, իսկ միւս կող­մէն յու­նա­հայ ար­ժէ­քա­ւոր մե­ներգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան իր ձայ­նի հարս­տու­թիւ­նը տա­րա­ծեց սրա­հին մէջ, եր­կուքն ալ հրամց­նե­լով հայ դա­սա­կան ու հո­գե­ւոր գան­ձա­րա­նի յատ­կան­շա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։

­Հայկ ­Մե­լի­քեան ծա­նօթ ա­րո­ւես­տա­գէտ մըն է յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար իր ան­ցեա­լի կա­տա­րում­նե­րով։ Այս ան­գամ, ան իր տա­ղան­դը բա­ցա­յայ­տեց մեկ­նա­բա­նե­լով Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի դաշ­նա­մու­րի եւ նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար գրո­ւած բա­ժի­նը, որ հմա­յեց հան­դի­սա­տե­սը եւ ցոյց տո­ւաւ հայ ազ­գի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ժը։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան նուա­գա­խում­բը ղե­կա­վա­րեց հան­րա­յայտ խմբա­վար ­Ֆի­լիփ ­Ֆոր­ժէ, ո­րուն ճպո­տին տակ, դա­սա­կան հնչիւն­նե­րը ստա­ցան տար­բեր ե­րանգ մը եւ հան­դի­սա­ցան հայ­կա­կան աշ­խար­հի մե­ղե­դի­նե­րու տա­րափ մը, լիաց­նե­լով նրբա­գեղ ճա­շակ­նե­րը եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ներ­կա­յաց­նե­լով հայ մեծ ե­րա­ժիշ­տին նե­րաշ­խար­հը, ո­րուն ա­մէն մէկ ձայ­նա­նի­շին վրայ դրոշ­մո­ւած է հայ հո­ղին հզօր ձայ­նը։

­Հայկ ­Մե­լի­քեա­նի թիւ­թիչ կա­տա­րու­մը ցոյց տո­ւաւ, թէ որ­քան հա­րա­զատ է հայ­կա­կան մե­ղե­դիի մեկ­նա­բա­նու­մը, իսկ ա­նոր կա­խար­դա­կան մատ­նե­րը լա­ւա­պէս տի­րա­ցած են դաշ­նա­մու­րի ստեղ­նա­շա­րի ամ­բող­ջա­կան ու­ժին։ ­Մե­լի­քեան իր ինք­նավս­տահ ներ­կա­յու­թեամբ, նրբազ­գաց զար­կե­րով եւ մեղ­մա­նուշ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեամբ տո­ւաւ ­Խա­չա­տու­րեա­նի հո­գիին ծալ­քե­րէն բխող հայ­կա­կան պատ­կեր­նե­րը, ո­րոնց վրայ ինք եւս ա­ւել­ցուց իր տա­ղան­դա­շատ ա­րո­ւես­տը։ ­Հո­գե­հա­րա­զատ հոսք մըն էր, ո­րուն խո­րա­պատ­կե­րը կը յի­շեց­նէր հայ­րե­նի քա­միին ու ա­րե­ւին պայ­ծառ դպչու­մը մար­դոց հո­գի­նե­րուն վրայ։

Եր­կար ե­ղաւ ներ­կայ բազ­մու­թեան գնա­հա­տան­քը, ան­վերջ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ­Մե­լի­քեան զգաց նաեւ յոյն հան­րու­թեան ջերմ ըն­կա­լու­մը հայ ա­րո­ւես­տին հան­դէպ։

Երկ­րորդ մա­սը հայ­կա­կան հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը վե­րա­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւնն էր ըն­դար­ձակ սրա­հին մէջ։

­Սի­րան ­Չա­լը­քեան, իր եր­կար տա­րի­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր փոր­ձա­ռու­թեամբ, գի­տէ հայ­կա­կան շա­րա­կա­նին տալ գոյն եւ զգա­ցում, իր մեղ­մա­նուշ ձայ­նին բո­լոր ե­րանգ­նե­րը իր գործ դնե­լով բե­մին վրայ։ ­Մեր սի­րե­լի ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հին մեկ­նա­բա­նեց Խ­րիս­թոս ­Խա­ծի­սի «­Լոյս խա­չէն» ամ­բող­ջու­թիւ­նը, որ յատ­կա­պէս Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան մե­ղե­դի­նե­րու ու շա­րա­կան­նե­րու ձե­ւա­ւո­րումն է ձայ­նի ու նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած համ­բա­ւա­ւոր երգ­չու­հի Ի­զա­պէլ ­Պայ­րագ­տա­րեա­նին հա­մար։

­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը, իր ու­րոյն գոյ­նե­րու ե­լե­ւէջ­նե­րով, ան­զու­գա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն մըն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ան­թիւ չար­չա­րանք­նե­րուն մասին, միա­ժա­մա­նակ՝ ա­նոնց մէ­ջէն դէ­պի յա­րու­թիւն եւ նոր վե­րապ­րում տա­նող ճա­նա­պար­հի մը յայտ­նու­թիւնն էր բե­մին վրայ։ ­Մերթ մեղմ, մերթ հզօր ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րու հոս­քը հա­մա­կեց հան­դի­սա­տե­սը, ցոյց տա­լով նաեւ բարձր տա­ղան­դը երգ­չու­հիին ու ա­նոր ըն­կե­րակ­ցող նո­ւա­գա­խում­բին։

­Ժո­ղո­վուր­դի հիա­ցու­մը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ, խան­դա­վառ ու յու­զում­նա­լից ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րով ու յու­զա­խառն վե­րա­բե­րու­մով, որ ա­ւար­տին յատ­կան­շեց սրա­հին մէջ սա­ւառ­նող ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յար­գան­քի նշում­նե­րուն կար­գին, բա­ցա­ռիկ ե­լոյ­թի կազ­մա­կեր­պու­մը ա­ռիթ ե­ղաւ, որ­պէս­զի յոյն հան­դի­սա­տե­սը իւ­րո­վին գնա­հա­տէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ժը, ո­րուն ար­ձա­գան­քը եր­կար պի­տի մնայ բո­լոր ա­նոնց հո­գեղէն էութեան մէջ, ո­րոնք վա­յել­քը ու­նե­ցան խո­րա­սու­զո­ւե­լու հայ մշա­կոյ­թի ան­զու­գա­կան աշ­խար­հէն ներս։

Նախորդը

Փեքինի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Դրական Հանդիպումէն Ետք. Չինաստան Իր Դռները Կը Բանայ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն Առջեւ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 87-րդ Առցանց Լսարան. «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքի Նախաձեռնութեամբ` «Սփիւռքեան Հեռանկարներ Վերլուծական Կեդրոն»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.