Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Մոնրէալի Մէջ Նշուեցաւ ՀՕՄ–ի Օրը
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, 3 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան հանդիսաւոր ձեռնարկ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան հանդիսավարներ` Ալին Մանկէլեան եւ Մարալ Տունկեան, որոնք հաստատեցին, թէ 116 տարի առաջ սկիզբ առած այս շարժումի ռահվիրայ Է. Ակնունիի մեծագոյն իրագործումը եղաւ հայ կնոջ ներուժը համախմբել, աւելցնելով, որ անոր տեսլականն էր ստեղծել կազմակերպութիւն մը, որ պիտի զբաղէր ոչ միայն բարեգործութեամբ, այլ` ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքով, եւ այդ կազմակերպութիւնը կոչուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւն:
Օրուան նախագահ Զապէլ Կիւլեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը հոն է, ուր կարիքը կայ, ուր մարտահրաւէր կայ, եւ կոչ ուղղեց շարունակելու նոյն վճռակամութեամբ մեր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերել ՀՕՄ-ին ու ՀՕՄ-ի ճամբով սփիւռքի ու Հայաստանի մեր ամբողջ ժողովուրդին, եւ ըսաւ, որ մեր օրինակը թող վարակիչ ըլլայ նոր սերունդին:
Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն Մետիա»-ի խմբագիր Սեւակ Պէլեան: Ան ըսաւ, որ երբ փորձենք վերլուծել ՀՕՄ-ի էութիւնը, պէտք է դուրս գանք բարեգործութեան կամ մարդասիրական օգնութեան նեղ ու երբեմն սահմանափակող եզրոյթներէն, հաստատելով, որ ՀՕՄ-ը մեր ազգային կեանքի այն ընկերաբանական եւ հոգեբանական ողնայարն է, որ դարերու փոթորիկներուն դէմ յաջողեցաւ ուղիղ պահել հայուն ողնաշարը: Անիկա պարզապէս կարիքաւորին ձեռք մեկնելու կազմակերպութիւն չէ, այլ` ազգային ինքնութիւնը կերտող եւ պահպանող հզօր եւ ուռճացող կառոյց:
Անդրադառնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ անոր փոխազդեցութեան` բանախօսը ըսաւ, որ ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր աշխատանք ունի ընկերաբանական խոր ներազդեցութիւն: Անիկա կը ստեղծէ փոխօգնութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան այնպիսի մշակոյթ մը մեր մէջ, որ կը հակադրուի այսօրուան անհատապաշտական եւ սպառողական աշխարհի մարտահրաւէրներուն: Ան շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը այդ անսպառ աղբիւրն է, որ դարեր շարունակ ջուր տուած է մեր ինքնութեան արմատներուն, հաստատելով, որ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Արցախի համար, Հայաստանի իսկական ինքնիշխանութեան համար եւ մեր ազգային արժանապատուութեան համար, եւ այս պայքարին մէջ ՀՕՄ-ը պիտի ըլլայ առաջին շարքերուն վրայ` որպէս խնամող, որպէս դաստիարակ եւ որպէս ազգային կամքի անխոնջ յառաջամարտիկ:
Այնուհետեւ, ըստ աւանդութեան, տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւնը:
Աւարտին 14 նորագիրներ իրենց երդումը կատարելով` միացան ՀՕՄ-ին:
Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան փոխանցեց սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ ըսաւ, որ ՀՕՄ-ը իր ոսկի սրտով կը սիրէ հայ ընտանիքը, այսինքն` համայնքային մեր տուներուն ամբողջական սիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Ֆիլատելֆիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Հայկական Ժառանգութեան Ճեմուղի»-ին
25 ապրիլին Ֆիլատելֆիոյ Արուեստներու թանգարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ժառանգութեան ճեմուղի»-ին պաշտօնական բացումը` մասնակցութեամբ աւելի քան 1000 հայորդիներու եւ համակիրներու:
Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Մեղրի» երգչախումբը:
15.000 քառակուսի ոտք տարածք ունեցող ճեմուղիին կիզակէտը կը հանդիսանայ 1976-ին «Վարդանի ասպետներ»-ու ջանքերով թանգարանին մէջ զետեղուած Փոքր Մհերի 22 ոտք բարձրութեամբ արձանը, որ այս առիթով նորոգուած էր:
Յայտնենք, որ նոյն շաբաթավերջին եւ «Հայկական ժառանգութեան ճեմուղի»-ին պաշտօնական բացումը տօնակատարելու համար տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը` ներկայութեամբ շուրջ 450 հոգիի, որուն ընթացքին մեծարուեցան հեղինակաւոր 7 հայորդիներ` Մայքըլ Արամ, դոկտ. Ճէյմզ Պակեան, Մարք Հոփլամազեան, Էտել Յովնանեան, զօր Սթեֆըն Մարանեան, Քեթրին Սարաֆեան եւ Փիթըր Ոսպիկեան:
Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայերէ Խլուած Կալուածներու` UCLA-ի Արխիւը Արդէն Հասանելի Է Առցանց
Ինչպէս օրին հաղորդուած էր, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրը նախաձեռնած է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայերէն խլուած կալուածներու ճակատագիրին նուիրուած նոր ծրագիր մը:
Թուրքիոյ կողմէ «լքուած կալուածներ» որակուած հայերու կալուածները 1920 եւ 1930-ական թուականներուն աճուրդի հանուած էին, եւ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է այդ աճուրդներուն մասին 34 քաղաքներու թերթերուն մէջ կատարուած ծանուցումներուն վրայ, որոնք թարգմանուած են արդի թրքերէնի եւ անգլերէնի:
Այժմ այդ արխիւը հանրութեան հասանելի է առցանց` https://international.ucla.edu/armenia/stolenarmenianproperties հասցէով:
Անկախ ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու տարիներէ ի վեր կը հետապնդէ նշեալ ծանուցումները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրին աջակցութեամբ կրցած է թուայնացնել զանոնք` հանրութեան տրամադրելի դարձնելու համար, աջակցութեամբ թարգմանիչներ Աթիլլա Թույտանի եւ Նանօր Յարութիւնեանի:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել [email protected] հասցէին:
Ուխտագնացութիւն Դէպի Ճէյքըպսընի Կիսանդրի
Կազմակերպութեամբ Նոր «Վերնատուն» մշակութային միութեան եւ աւետարանիչ Մարիա Ճէյքըպսընի` «Մայրիկ»-ի բարեկամներու շրջանակին, այս տարի եւս 26 ապրիլին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Սոլվենկ:
Ուխտագնացները նախ հաւաքուեցան Սոլվենկի Բեթանիա լուտերական եկեղեցիին մէջ եւ մասնակցեցան պաշտամունքին: Օրուան պատգամաբերն էր եկեղեցւոյ հովիւ Քրիս Պրաուն, որ իր պատգամին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Ճէյքըպսընի կեանքին եւ մանաւանդ անոր զոհաբերութեան` հայ որբերուն խնամք տանելու համար թէ՛ Խարբերդի եւ թէ՛ Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գնահատանքի հանդիսութիւն: Օրուան հանդիսավար Գէորգ Քէօշկէրեան հակիրճ կերպով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Ճէյքըպսըն երկու առիթներով օգտակար հանդիսացած էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն մազապուրծ վերապրած հայ որբերուն նախ Խարբերդի մէջ եւ ապա` Ճիպէյլի:
Ծեր. Ճօ Մաթոսեան բացատրեց Ճէյքըպսընի բազում զոհողութիւնները` հաւաքելու եւ խնամելու համար հայ որբերը: Ան դիտել տուաւ, որ որբերուն «Մայրիկ»-ը սահուն կերպով կը խօսէր հայերէն:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր «Վերնատուն»-ի ատենապետ Պետրոս Անսրեան, որ ներկայացուց Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքն ու հայանպաստ գործունէութիւնները` թէ՛ Խարբերդի եւ թէ՛ ալ Ճիպէյլի մէջ:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Վարդան Թաշճեան: Ան նշեց, որ մօտէն ճանչցած է Ճէյքըպսընը, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. զինք նշանակած էր «Թռչնոց բոյն»-ի կամաւոր մանկաբուժ: Ան բարձր գնահատեց անոր բազում զոհողութիւնները, յատկապէս երբ Ամերիկայի մէջ բուժուելէ ետք ան վերադարձած էր Միջին Արեւելք եւ Լիբանանի մէջ հաստատած էր «Թռչնոց բոյն»-ը:
Պոլիս
Զմիւռնիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի Յուշարձանին
Հովանաւորութեամբ Զմիւռնիոյ մէջ գործող «Ժողովրդական կամուրջ» միութեան, 22 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր, սպաննուած հրապարակախօս Հրանդ Տինքի յուշարձանի բացումը: Յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Չաղտաշ Էրչելիք: Յուշարձանը տեղադրուեցաւ յիշեալ միութեան սրահին մէջ:
Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ հիմնադիր նախագահ Ճեմ Թերզի, որ ընդգծեց, թէ արձանները յաճախ կը հանդիսանան գերիշխող օրէնքներու քաղաքականութեան արտացոլացումը: Ան նշեց, որ Տինք սովորական լրագրող չէր, այլ` այն եզակի մարդոցմէ, որոնք կը համարձակէին խօսիլ ամէնէն դժուար թեմաներու մասին` առանց ատելութեան, բայց` բացառիկ պարզութեամբ:
Յունաստան
«Արմենոփուլիա» (Հայորդիները) Գիրքին Շնորհահանդէսը
23 ապրիլին Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենոփուլիա» վկայագրական հատորին երկրորդ ներկայացումը: Յայտնենք, որ սոյն գիրքին առաջին շնորհահանդէսը կատարուած էր 2022-ի մայիսին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին ոէջ:
Գիրքը պոնտացի յոյն Եֆսթաթիոս Խրիստոֆորիտիս-Սարփողլիսի վկայութիւնն է, երբ ինքը ականատես եղաւ 600 հայ պատանիներու զանգուածային սպանութեան: Սոյն վկայութիւնը գրուած է պոնտական բարբառով, բայց թարգմանուած է ժամանակակից յունարէնի Սթաթիս Թաքսիտիսի կողմէ, որուն ջանքերով եւ կամաւորական աշխատանքով թարգմանուեցաւ 7 լեզուներու:
Հատորի հրատարակութեան իրագործման համար նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ օգտակար դարձաւ Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ քաղաքի «Յոյներու միութիւնը»:
Ներկայացման ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` Համապոնտական միութեան պատուոյ նախագահ Սթեֆանոս Թանիմանիտիս, Նիւրեմպերկի «Յոյներու միութեան» նախագահ Տիմիթրիս Լամպրոփուլոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան:
Գիրքին մասին խօսեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Սթելիոս Ակելուտիս, որ գովաբանեց հայութեան ներկայութիւնը քաղաքէն ներս` միաժամանակ շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է պահպանէ իր ազգային նկարագիրն ու մշակոյթը, զոհը չդառնայ ձուլման ու ազգային ինքնութեան կորուստին:
Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Քրիս Ղալիլէաս շեշտեց վկայութեան իւրայատուկ արժէքը` որպէս պատմական փաստ Հայոց ցեղասպանութեան վկայագրութիւններու շարքին մէջ:
Հեղինակ Սթաթիս Թաքսիտիս անդրադարձաւ հատորին մէջ տեղ գտած վկայութեան արժէքին` որպէս հեղինակման աղբիւրի մը, որուն միջոցով ինք յանձն առաւ իրագործել գիրքի վերծանման աշխատանքը` իբրեւ կտակ նախորդ սերունդներու հաւաքական յիշողութեան յարատեւ պահպանման:
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հաւաք Նաուսայի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ Նաուսայի «Էւքսինոս Պոնտոս» պոնտական ակումբի վարչութիւնը եւ քաղաքապետարանը ձեռնարկ մը կազմակերպեցին, որուն ընթացքին հայկական ներկայութեամբ լուսարձակի տակ առնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը:
Ակումբին անունով բացումը կատարեց Խարալամպոս Ֆանիատիս, որ նշեց ելոյթի կազմակերպման իմաստը:
Ակումբի նախագահ Ֆոթիս Ֆանիատիս անդրադարձաւ հայ եւ պոնտական աւանդական կապերուն մասին` շեշտը դնելով հասարակաց ողբերգութիւններուն վրայ, որոնք կատարուեցան ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ:
Յատուկ ուղերձներով հանդէս եկան` շրջանի հոգեւոր հովիւը, երեսփոխան Անասթասիոս Պարծոքաս եւ փոխքաղաքապետ Թամարա Լոկինիտու:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ տեղ գտած էին պատմական տուեալներ` Ցեղասպանութեան մասին:
Ապա ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Աննա Մարիա Ալեքսանեան, Հայ դատի յանձնախումբի անունով Յովիկ Գասապեան եւ Թեսաղոնիկէի համայնքին անունով Անուշ Պապոյեան, որոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրադարձութիւնները` մանրամասն նկարագրելով ջարդի եւ տեղահանութեան տարիները, որոնց ընթացքին բնաջնջուեցաւ ամբողջ ժողովուրդ մը: Անոնք նաեւ անդրադարձան Հայ դատի պահանջատիրական եւ իրաւական ծալքերուն, պաշտօնական ճանաչումներուն եւ հայութեան պայքարի ջանքերուն` ի խնդիր արդարութեան վերականգնումին: Նշենք, որ Նաուսայի պոնտական միութիւնը կը պահէ հին հրատարակութիւններու գնահատելի հաւաքածոյ մը իր ընդարձակ գրադարանին մէջ:


