Անդրադարձ Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու փոփոխութիւնները մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ` անոնք կը կատարուին դիպուածային կերպով, առժամեայ-ժամանակաւոր, անցումային, անհեռատես եւ թատերական անորոշութեան ու սպասողական մթնոլորտի մը մէջ, եւ ոչ թէ իբրեւ բնական հետեւանք անոր գործունէութեան-կատարողութեան ըստ էութեան, բնագաւառ առ բնագաւառ համակարգային արժեւորումին ու գնահատումին: Յստակ է պատասխանը: Անոնք արդարօրէն տեղի կ՛ունենան ժողովրդային տագնապի մը պատճառով, եւ...
















