Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայ Ազատամարտիկներու Նուաճումները Լաչինի, Մարտունիի Եւ Զանգելանի Ճակատներուն Վրայ

Հոկտեմբեր 12, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Ապրուստի Եւ Վառելանիւթի
Սուր Տագնապներ Հայաստանի Մէջ

575ciof8uylirvzgtca_101216

Արցախի հայկական բնակավայրերուն վրայ ազերիական օդանաւային ու հրետանային ռմբակոծումներն ու յարձակումները կը շարունակուէին: 1992-ի նոյեմբերի վերջաւորութեան Ստեփանակերտ, Ասկերան, Շուշի եւ շրջակայ գիւղեր սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Հայաստանի սահմանամերձ գիւղեր եւս պարբերաբար յարձակումներու կ՛ենթարկուէին:

«Ազդակ», 30 նոյեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Դարաւոր ուխտի օր մը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախն է մեր այսօրուան պայքարի քուրան: Մեր դարաւոր թշնամիին` Թուրքիոյ կամակատար-դաշնակից Ազրպէյճան Արցախի դէմ լարած է իր զէնքերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս երէկ թուրքը իր թնդանօթները լարած է հերոսական Սասունին դէմ: Բուռ մը հայ ազատամարտիկներ կուրծք պարզած են այդ թնդանօթներուն դէմ, Դաւիթ բէկերէ շա՜տ առաջ, հայրենի հողին համար նահատակութիւն յանձն առած սերունդներու պատգամին ականջալուր: Սասունի եւ Վանայ հերոսամարտերու խոյանքին արձագանգող Արցախի ֆետայիները, իրենց խոյանքով, պայքարի դաշտը դէպի հայկական բոլոր բռնագրաւեալ հողեր տարածումը կը պատգամեն:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ հայ գրողին եւ արուեստագէտին համար, արցախեան պայքարն ու անոր ծաւալումին ֆետայական պատգամը նոր մարտահրաւէրներ են հիւսելու նոր «Դիւցազնօրէն»-ներ եւ հարթելու ճամբան նոր ու «վարդահեղեղ արշալոյսներու»:

«Ազդակ» կը պատգամէր ըսելով. հայրենիքի զաւակները` հայրենի հողին վրայ, իսկ հայրենիքի սրտէն տագնապահար զարկերուն ականջալուր արտերկրի հայերը` ամէնուրեք, հաւասարապէս հրաւիրուած են վերցնելու բահ ու բրիչ, վերակառուցելու բնական ու քաղաքական աղէտներու զոհ մեր հայրենիքը:

45-8-1-12_101216

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. Հայաստանի պետութեան հաստատումը, ամրապնդումն ու հզօրացումն է բոլորին նպատակակէտը, զոհաբերութեանց ու նուիրաբերումի «ժամադրավայրը»: Այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր, այդպէս ալ պիտի մնայ ընդմիշտ, իսկ պետականութիւնը կը պահպանուի ու կ՛ամրապնդուի հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն միացեալ ճիգերով, ուր որ ալ գտնուին անոնք` հայրենի հողերուն վրայ թէ անոր սահմաններէն անդին:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. հայրենի իշխանութիւնները վստահաբար իրազեկ են այս անվիճելի եւ արեւու լոյսին չափ պայծառ ճշմարտութեան, հետեւաբար, անոնք կը գտնուին այս հրամայականէն թելադրուած քաղաքական ուղեգիծ որդեգրելու հարկադրանքին դէմ յանդիման. ճիգերու միացում ու լարում` ոչ միայն խստաշունչ ձմեռ ապրող հայրենի մեր ժողովուրդին ի խնդիր, այլ նաեւ` վասն արցախեան պայքարին եւ մեր քաղաքական ու հողային իրաւունքներուն: Ամբողջական իմաստով պետականութիւն կերտող իշխանութիւն է պէտք Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

***

Արցախի պաշտպան ուժերը հետզհետէ ընդարձակեցին Լաչինի անցքին հիւսիսային շրջանին մէջ իրենց գրաւած շրջանները եւ ազերիական ուժերը դուրս շպրտեցին Հայի Բազար, Լիուլիուղղուզ, Ղոզլու եւ Ղարաջանլի գիւղերէն: Այսպիսով, հայկական ուժերը աւելի եւս ամրապնդեցին իրենց պաշտպանութեան գիծերը:

Ազերիական ուժերը 1992-ի դեկտեմբերի սկիզբը յարձակման անցան Լաչինի անցքին հիւսիսը գտնուող հայկական դիրքերուն վրայ, փորձելով վերագրաւել հայկական ուժերու կողմէ գրաւուած դիրքերը: Հայ ազատամարտիկները յաջողեցան ետ մղել թշնամիին յարձակումը:

Մարտունիի շրջանին մէջ հայկական ուժերը հասան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանչցած սահմանին եւ ամբողջական հակակշիռ հաստատեցին անոր 20 քիլոմեթրին վրայ: Ֆիզուլիի շրջանին մէջ եւս, սահմանը մեծ մասամբ հայ ազատամարտիկներու հակակշիռին տակ կը գտնուէր:

Հիւսիսային Արցախի մէջ, հայկական ուժերը ազերիներուն համար վտանգաւոր դարձուցին Թարթառ-Քելբաջար ճամբան:

***

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 7 դեկտեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Երկրաշարժին հետքերու դարմանումը նախաձեռնութեան կը կարօտի» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ 7 դեկտեմբեր 1988-ը մեր նորագոյն պատմութեան անցաւ Կումայրիի եւ Սպիտակի շրջանները հարուածող աղէտալի երկրաշարժով, որ քանի մը ակնթարթի մէջ մօտաւորապէս 25 հազար հայերու կեանքը հնձեց, բնութեան մէկ չար խաղով` աւելի եւս խորացնելով հայ ժողովուրդի սրտին վրայ բացուած այն վէրքերը, որոնք կոչուեցան Սումկայիթ եւ Պաքու:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ հարուածին պատճառած անմիջական կսկիծն ու ցնցումը մասամբ թեթեւցած է, սակայն բացուած վէրքը կը մնայ առանց դարմանումի: Կումայրիի եւ Սպիտակի աղէտեալները կը սպասեն, որ քանդուածն ու նիւթապէս կորսուածը վերականգնելու աշխատանքը հասնի կազմակերպ ու ծրագրուած գործի սեմին: Ազրպէյճանի կողմէ յայտարարուած, իսկ Թուրքիոյ կողմէ չյայտարարուած տնտեսական պաշարումը անմիջական պատճառն էր վերաշինութեան աշխատանքներուն անդամալուծման: Հայրենի պետութիւնը կլանուած էր քաղաքական-տնտեսական ոլորապտոյտներով, իսկ միջազգային ընտանիքը, աղէտին անմիջապէս յաջորդած երախտաշատ օժանդակութեանց մատուցումէն ետք, մոռցած էր նորագոյն ժամանակներու ամէնէն ծանրակշիռ երկրաշարժներուն շարքին դասուած աղէտի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ` անոր դարմանում ճիգերը խափանող Ազրպէյճանի արգելակիչ կեցուածքը:

kanayq_101216

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով որ աղէտի հետեւանքներու դարմանումի հրամայականին ընդառաջելու պատասխանատուութիւնը միայն որոշ կողմի մը ուսերուն չի ծանրանար, այլ անիկա հաւասարապէս կը բաժնուի բոլորին վրայ: Ճիշդ է, որ երկրաշարժին յաջորդած տարիները նորանոր հրամայականներ ստեղծած են, սակայն նորերուն դարմանումի նախաձեռնումը չի նշանակեր, պէտք չէ նշանակէ նախընթացքին մոռացումը կամ զայն լուսանցքային նկատելը:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ բոլոր դժուարութիւնները եւ բնական ու ոչ-բնական աղէտներու հետեւանքները կը լուծուին, երբ այդ նպատակով ճիգերու միացում տեղի կ՛ունենայ, եւ ասիկա` ո՛չ միայն երկրաշարժի հետեւանքներուն դիտանկիւնէն: Դիմագրաւումի համար, նախաձեռնութեան ոգի է պէտք. երբ կայ նախաձեռնութիւնը, արգելակիչ ազդակները կը նսեմանան, եթէ բոլորովին չչքանան իսկ:

***

Հակառակ ձմրան դաժան պայմաններուն, Արցախի ազատամարտիկները Մարտունիի շրջանին մէջ յաջողեցան ազատագրել Մարզիուլի մօտակայ բարձունք մը, որմէ ետք, շրջանի մայրուղին դարձաւ անվտանգ: Նախապէս, ազերիական ուժերը այդ դիրքերէն կը կրակէին մայրուղիին ուղղութեամբ:

Հայ ազատամարտիկները ազերիական զինական կազմածներուն մէկ մասը փճացուցին, իսկ մնացեալը գրաւեցին: Հայկական ուժերուն ձեռքը անցան նաեւ գիւղատնտեսութեան համար օգտակար մեքենաներ:

Դեկտեմբեր 10-ին Կապան քաղաքը թիրախ դարձաւ աննախընթացօրէն սաստիկ ռմբակոծումներու. քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը հեռացուեցաւ իր բնակարաններէն եւ ապստանեցաւ Կապանի ծայրամասերուն ապահով նկատուող վայրերը, կամ փոխադրուեցաւ Քաջարան:

Ազերիական հրետանիի կեդրոնները լռութեան մատնելու նպատակով, հայ ազատամարտիկները մտան Զանգելանի շրջանը եւ սաստիկ մարտերէ ետք գրաւեցին Աշքեանդ, Ղազանչի եւ Սէյիդլար գիւղերը:

artsakh-war_101216

Դեկտեմբեր 22-ին Հայաստանի Կրասնոսելք շրջանը ազերիական մեծ յարձակումի մը ենթարկուեցաւ, սակայն սահմանապահ ուժերը, քանի մը ժամ տեւած սաստիկ բախումներէ ետք, յաջողեցան ետ մղել յարձակողները եւ մարդկային ու զինական մեծ վնասներ պատճառեցին անոնց: 500 զինուորներով եւ հրասայլերով կատարուած յարձակումը տեղի ունեցաւ Վերին եւ Ներքին Ճամբարակ, ինչպէս նաեւ` Վահագն գիւղերուն ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, պաշարման ենթարկուած Հայաստանի մէջ ապրուստի տագնապները ծանրացած էին:

Երեւան զրկուած էր բնական կազէ, որովհետեւ Գիւմրիի եւ հիւսիսային շրջաններու մէջ մթնոլոտային պայմանները խիստ էին:

Էջմիածնի շրջանին մէջ, հացի, կազի եւ ելեկտրականութեան տագնապներուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի ալիքը հասաւ կազմակերպ ցոյցերու աստիճանին:

***

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 25 դեկտեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Խորհրդային Միութեան մահուան տարեդարձը եւ մենք» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ աշխարհը ու յատկապէս արեւմտեան զինակիցները կը տօնեն Խորհրդային Միութեան պաշտօնական մահուան տարեդարձը: Մահը առհասարակ տօնական եւ ցնծութեան օր չէ, սակայն Արեւմուտքը ծափողջոյններով դիմաւորած էր Խորհրդային Միութիւնն ու անոր վերջին ղեկավարը` Միխայիլ Գորբաչովը պատմութեան անցընող` Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցինը, որ Խորհրդային Միութեան կարգ մը անդամները կը համախբէր Անկախ պետութիւններու հասարակապետութիւն տարազին մէջ:

images_101216

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ այսօր աւելի յստակ է թէ Արեւմուտքը ինչո՛ւ գոհունակութեամբ եւ առանց հարցեր յարուցանելու ողջունեց «Ելցինեան ժամանակաշրջանին» բացումը, ա՛յն Արեւմուտքը, որ աւելի առաջ ողջունած էր նոյնինքն Գորբաչովն ու անոր բերած փերեսթրոյքան: Փաստօրէն, Գորբաչով դէմ էր Խորհրդային Միութեան քայքայման եւ կը փորձէր վերականգնել արեւելեան կայսրութեան հմայքն ու հզօրանքը, մինչդեռ ելցինեան ուղեգիծը աւելի կը յարմարէր Արեւմտեան աշխարհի շահերուն: Արդարեւ, եթէ Խորհրդային Միութեան տկարացումով` Ծոցի շրջանէն եւ Աֆղանիստանի շրջանէն ներս արեւմտեան թափանցումները կը կարօտէին նախկին Մոսկուայի գործակցութեան, այսօր, Արեւմուտքը այլեւս պէտք չունի անոր, այլ` իր ներքին հակադրութիւնները հարթելով` կրնայ մուտք գործել հարաւ-արեւմտեան Ափրիկէի կամ Ափրիկեան եղջիւրի երկիրներ, առանց մոռնալու Եուկոսլաւիոյ տագնապը ՕԹԱՆ-եան շրջագիծի մէջ դիմագրաւելու քայլերը:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ իրադարձութիւնները կը կատարուին բացայայտ կերպով, աշխարհի աչքերուն առջեւ: Կան, սակայն, «աչքերէ հեռու» կատարուող թափանցումներ: Մեզ` հայերս անմիջականօրէն շահագրգռողներէն մէկն է Թուրքիա-Վրաստան կամուրջներու հաստատումը: Թուրքիա 50 միլիոն տոլարի վարկ կը տրամադրէր Վրաստանի, որ իր կարգին Փոթիի եւ Պաթումի նաւահանգիստները կը բանար ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերուն առջեւ: Անշուշտ, աւելորդ էր այն հարցումը, թէ Թուրքիա ուրկէ՞ պիտի բերէր 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը, սակայն ուշագրաւ էր որ ՕԹԱՆ-ի հետ Վրաստանի գործակցութեան էջը կը բացուէր իբրեւ մարտահրաւէր Ռուսիոյ, որ Աբխազիոյ տագնապին մէջ, հակադրուած էր Վրաստանին. «Թող դաս առնեն թէ մենք ինչե՜ր կրնանք ընել իրենց դէմ», կը մտածէին Վրաստանի վարիչները, վստահաբար, թերեւս առանց անդրադառնալու որ ուղղակի տիրակալութեան ենթակայ վիճակէ կ՛անցնէին անուղղակի տիրակալութեան վիճակին:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ Վրաստանէն ներս ազդեցութիւն տարածելով` Թուրքիա նաեւ հիւսիսէն կրնայ պաշարման օղակ պարտադրել Հայաստանի դէմ, անկախ` այժմու իրողական պաշարումէն: Իսկ սա այն Թուրքիան է, որ կը յայտարարէր, թէ Թուրքիա ելեկտրականութիւն պիտի չտրամադրէր Հայաստանի, այնքան ատեն որ… հայերը իրենց ձեռքերը չեն լուար Արցախէն: Ալ ո՜ւր մնացին ցորենի տրամադրումի եւ տնտեսական-առեւտրական գործակցութեան ծրագիրները, որոնք այնքա՜ն մեծ յոյսեր կը կապէին Երեւանի վարիչները:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ այս պայմաններուն մէջ, աւելորդ է հաւանաբար ընդգծելը այն պահանջին, որ հայութեան բոլոր կարողականութիւններն ու ճիգերը, Հայաստանէն մինչեւ արտերկիր, պէտք է ի մի խմբել եւ կեդրոնացնել Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ ձեռք բերելու առաջադրանքին վրայ:

***

Հայաստան 1992 դեկտեմբերի վերջաւորութեան միջազգային համայնքին մարդասիրական եւ վառելանիւթի օժանդակութեան կոչ ուղղեց, մեղմացնելու համար երկրին շուրջ հաստատուած ուժանիւթի պաշարումին հետեւանքները: Պատգամներ յղուեցան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` անոնցմէ օժանդակութիւն խնդրելով:

Արտասահմանի հայ դիւանագէտներուն թելադրուեցաւ միջոռացուներու դիմել` քարիւղ ապահովելու եւ զայն Հայաստան փոխադրելու համար:

Միւս կողմէ, Երեւանի մեթրոն, որ մինչեւ այդ ժամանակ բանող փոխադրական միակ միջոցն էր, դադրեցուցած էր երթեւեկը, ելեկտրականութեան ընդհատումին հետեւանքով:

Երեւանի բնակարաններուն մէկ մեծ համեմատութիւնը զրկուած էր վառելանիւթէ եւ ելեկտրական հոսանքէ, իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընդհանուր առմամբ խզուած էին:

Ուժանիւթի ընդհանուր տագնապը հետեւանք էր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շուրջ հաստատուած տնտեսական պաշարումին: Տագնապը աւելի սուր դարձած էր Վրաստանի անկայուն վիճակին պատճառով:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?