Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նոր ստեղծուած իւրաքանչիւր սարք, եթէ մանաւանդ յաճախակի օգտագործուի, անպայման կը փոխէ մարդկութեան կենցաղը, նոյնիսկ` միտքն ու հոգին: Ներկայիս գիւտերը այնքան արագ կը յայտնուին, եւ ստեղծուած բոլոր տեսակի սարքերու եղափոխութիւնը (որուն հետ նաեւ` մարդկային կեանք), այնքան սրընթաց կ՛ըլլայ, որ մօտիկ անցեալիդ յետադարձ ակնարկ երբ նետես, պարզապէս չես հաւատար…
Ն.
Բջիջայինները Ինչպէ՞ս Քու Աշխարհդ Փոխած Են
Հազարամեակի սկիզբին պարզապէս գրպանիդ մէջ հեռաձայն մը ունենալը նոր եւ ոգեւորիչ զգացում մըն էր: Ապա եկաւ հեռաձայն մը, որ նաեւ կը ծառայէ լուսանկարելու, ապա` համացանցի կապուելու… բջիջային հեռաձայնի իւրաքանչիւր սերունդ քայլ առ քայլ փոխեց քու ապրելակերպդ:
Ահաւասիկ յիշեցում մը, թէ հեռաձայնները քեզի հետ ինչպէ՛ս եղափոխուեցան:
Նոքիա 3310
ՔԵԶ ԱԶԱՏԱԳՐՈՂԸ
Հեռաձայնել շարժած պահուդ
Հաղորդագիրներ յղել(մեսէյճինկ)
Խաղեր խաղալ
– Հրապարակուած. 2000 թուականին. – Քամերա. Չունի –
Ծանրութիւն. 133 կ – Մթերում. Չունի
Մոթորոլա Ռազր Վի3
ՑՈՒՑԱԴՐԵԼ ՈՒԶԱԾԴ
Քամերա մը գրպանիդ մէջ
Ազդանշանով հաղորդագիր (ֆանթոմ թեքսթ)
Հենտսեթ Էնվի
– Հրապարակուած. 2005-ին – Քամերա .640 x 480 փիքսել Վի.Ճի.Էյ. – Ծանրութիւն. 95 կ – Մթերում. 5 մեկապայթ
ՊլեքՊերի Փըրլ 8100
ՔԵԶ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ ԸՐԱՒ
Համացանցը
Ե-նամակներու առաքում
Հեռաձայններ սեղանին վրայ
– Հրապարակուած. 2006- ին – Քամերա .1.3 մեկափիքսել – Ծանրութիւն. 189.5 կ -Մթերում. 64 մեկապայթ, մինչեւ 16 Ճեկապայթ
ԱյՖոն 3Ճի.-
ՓՈԽԱՐԿՈՒՄԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑ
Երաժշտութիւն գրպանիդ մէջ
Բջիջայինիդ մէջ ծրագիրներ (Էփփս)
Հրապարակուած. 2008-ին – Քամերա .2 մեկափիքսել – Ծանրութիւն. 133 կ – Մթերում. 8/16 Ճեկապայթ
ԱյՖոն 5.-
ԱՊԱԳԱՅԻ ԺԱՄԱՆՄԱՆ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ
Թուայնացած օգնութիւն
Օդանաւային տոմսեր
Բջիջայինով դրամատնային գործեր
Հրապարակուած. 2012-ին – Քամերա . Դէպի ետեւ` 8, առջեւ` 1.2 մեկափիքսել -Ծանրութիւն. 112 կ – Մթերում. 16/32/64 Ճեկապայթ
Սոնի Էքսփիրիա Զեթ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԴ ՅԱՋՈՂՑՈՒՑ
Ընկերային ցանցի տարածում
Ջուրի մէջ դիմացկուն
Ընկերային լրատու միջոցը ձախող
Հրապարակուած. 2013-ին – Քամերա . Դէպի ետեւ `13.1, առջեւ` 2.2 մեկափիքսել- Ծանրութիւն. 146 կ – Մթերում. 16 Ճեկապայթ
ԱյՖոն 6.-
ԽԼԵՑ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԴ
Ինսթակրամ
Ինքնանկարներ(սելֆի)
Շարժական ժամադրութիւն
Հրապարակուած. 2014-ին – Քամերա . Դէպի ետեւ `8, առջեւ` 1.2 մեկափիքսել- Ծանրութիւն. 129 կմ – Մթերում. 16/64/128 Ճեկապայթ
Սամսունկ Կալաքսի էս.7
ԱՅԺՄ ՈՒՆԵՑԱԾԴ
Մատնատիպով զննում
Շարժանկարներ դիտել
Զոմպի անցորդներ
Հրապարակուած. 2016-ին – Քամերա . Դէպի ետեւ` 12, առջեւ` 5 մեկափիքսել – Ծանրութիւն. 152 կ -Մթերում. 32/64 Ճեկապայթ
ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔԴ
Արհեստավարժ լուսանկարչութիւն
Վիրչուըլ իրականութիւն
Ծալուող պաստառ
Նախքան Բջիջայինները`
Յիշեցէք, Թէ Ի՛նչ Կ՛ընէիք…
Թէեւ իսկապէս դժուար է հաւատալ, որ կար ժամանակ մը, երբ գրպանիդ մէջ չունէիր հեռաձայն, բայց…այդպէս էր: Յիշէ՛, թէ ստորեւ նշուածներէն քանի՛ հատը կ՛ընէիր բջիջային հեռաձայն չունեցած օրերուդ:
- Հեռաձայնի տետրակ գործածել
- Տունը սպասել հեռաձայնի
- Ժամեր յատկացնել տան հեռաձայնին վրայ պատասխանող սարքի լաւագոյն խօսքը տեղադրելու
- Դողալ, երբ պատասխանող սարքին կարմիր լոյսը տեսնէիր (Լո՞ւր մը: Արդեօք ինծի՞ է: Ո՞վ կրնայ ըլլալ)
- Արտաքնոց մտնել գիրքով
- Նամակներ ղրկել
- Ազդանշանով ժամացոյց ունենալ
- Բառարան գործածել
- Հեռաձայնի պատասխանել` առանց գիտնալու, թէ ով կը հեռաձայնէ
- Միտք պահել բոլոր ընկերներուդ հեռաձայններու թիւերը եւ բնակած շրջաններու քոտերը
- Խտասալիկներուդ ամբողջ հաւաքածոն հետդ տանիլ ընկերային հաւաքի մը
- Սպասել, յուսալ եւ աղօթել, որ ձայնասփռուի քու նախասիրած երգդ
- Պարծենալ, որ տարեդարձի նուէր ստացած ես 3-մեկափիքսել լուսանկարչական գործիք մը
- Ձայներիզ պատրաստել
- Տեղ մը կենալ` սպասելով ընկեր մը, որովհետեւ շաբաթ մը առաջ ժամադրուած էիք
- Փողոցի հեռաձայնային խցիկի քարտ կրել
- Լուսանկարչական գործիք կրել
- Շարքի մէջ սպասել` ձանձրոյթէդ մեռնելով
Նոր ԱյՖոն 7-ը այսօր
կը սկսի վաճառուիլ
Ամերիկեան Էփփըլ ճարտարագիտական ընկերութիւնը ներկայացուց 7-րդ սերունդի ԱյՖոն բջիջայինի 2 նոր մոտելները, որոնք արտադրողի բնորոշումով ստեղծուածներուն մէջ ամէնէն յառաջադէմ այՖոններն են:
ԱյՖոն 7-ի եւ ԱյՖոն 7 Փլաս-ի նախնական պատուէրները ընկերութիւնը սկսաւ ընդունիլ 9 սեպտեմբերէն: Վաճառքը կը սկսի այսօր:
Էփփըլ որոշած է այլեւս չհրապարակել տուեալներ այն մասին, թէ որքան ԱյՖոն 7 եւ ԱյՖոն 7 Փլաս բջիջային վաճառուած է շնորհահանդէսին յաջորդած ժամանակամիջոցին:
Ըստ մասնագէտներու, ընկերութեան այս որոշումը կարելի է բացատրել անով, որ ընկերութիւնը այնքան ալ վստահ չէ իր նոր արտադրութեան մեծ պահանջի հարցին մէջ: Ուրեմն բնական է, որ ընկերութիւնը չ՛ուզեր ցած ցուցանիշներով հաշուետուութիւն հրապարակել:
Քանի մը օրեր առաջ ԱյՖոնի սիրահարները արդէն սկսած են հերթի կանգնիլ խանութներու դիմաց: Մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ վրաններ լարած են եւ «ճամբարներ» ստեղծած խանութներու առջեւ` ցանկալով առաջինը ձեռք բերել բաղձալի սմարթֆոնը: Որոշ մարդիկ նոյնիսկ 3000 տոլար վճարած են հերթին մէջ իրենց տեղը պահելու համար:
Սոնի Ներկայացուց
Նոր Փի.Էս.4-ը
Ճափոնական «Սոնի» արհեստագիտական ընկերութիւնը ներկայացուց ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ պահանջ վայելող ՓլէյՍթէյշըն 4 խաղային կցորդի նոր` սահմանափակ քանակով արտադրութեան «Լունա» տարբերակը: Նորոյթը, որուն արտաքին հատուածին վրայ լուսին պատկերուած է, կը սկսի վաճառուիլ 29 նոյեմբերէն: Նոր կցորդը անհամեմատ բարակ է նախորդ մոտելէն: Կը նշուի, որ 393 տոլար արժողութեամբ Փի.Էս.4-ը նախատեսուած է ճափոնական շուկայի համար:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Թելեկրաֆ», «Տէյլի Մէյլ», «Վըրճ», «Ուաշինկթոն Փոսթ»