Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կրաւորական Արձագանգ` Ազրպէյճանի Հանրաքուէին

Հոկտեմբեր 7, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան ղեկին վրայ իր գերդաստանին երկար մնալը օրինականացնելու նպատակով վերջերս կազմակերպեց սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ, որ միջազգային շրջանակներու, մարդկային իրաւանց խմբաւորումներու եւ քննադատներու կողմէ դատապարտուեցաւ: Սակայն, ինչպէս միշտ, «դատապարտում»-ը կը մնայ կրաւորական, որովհետեւ գործնական ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի, իսկ բռնապետը եւ իր ընտանիքն ու անմիջական շրջապատը կը զօրանան ու կը բարգաւաճին… սահմանադրութեան օրէնքի «բարեփոխուած» յօդուածներով:

Ն.

img1_10716

Ալեքսանտր Մարքարով. (ԱՊՀ-ի հիմնարկի հայկական մասնաճիւղի տնօրէն) – «Ազրպէյճան դարձաւ աշխարհի մէջ այն սակաւ պետութիւններէն մէկը, ուր այս կամ այն պետական պաշտօնը ցանկացողներուն համար տարիքային շեմը իջեցուցած են նուազագոյնի: Այսուհետեւ Ազրպէյճանի մէջ պաշտօնական առումով բարձր պաշտօնները կրնան ստանձնել նոյնիսկ դպրոցի շրջանաւարտները: Իրականութեան մէջ, շատ հաւանաբար, խօսքը Իլհամ Ալիեւի ընդունած այսպէս կոչուած «հենտմէյտ» մարտավարութեան` իշխանութեան ապագայ ժառանգորդը պատրաստելու մասին է: Փաստօրէն Ալիեւ օրինականացուց իշխանութիւնը ժառանգաբար փոխանցելը: Անոր յաջորդ փոխանորդը շատ հաւանաբար կ՛ըլլայ Ալիեւի նշանակելիք  փոխնախագահը»:

Ալեքսանտր Նիքոլոսքի (Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար).- «Կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները  սահմանադրութեան մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու գնահատման համար չեն դիմած Վենետիկի յանձնաժողովին: Կառավարութեան կոչ կ՛ընենք ուղղումներ կիրարկելու եւ իշխանութիւններու ճիւղերու եւ խորհրդարանի դերի միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար յարգելու Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիքը: Նաեւ կոչ կ՛ընենք  երկխօսութիւն հաստատելու ընդդիմադիրներու հետ եւ կը ցաւինք, որ հանրաքուէէն առաջ նախնական բանավէճեր չեն կազմակերպուած: Նաեւ ցաւ կը յայտնենք, որ շարք մը գործիչներ  քրէական մեղադրանքներով ձերբակալուած են»:

img2_10716

«Էմնըսթի».- «Ազատութեան ոտնակոխումը յատկանշեց սահմանադրական հանրաքուէն: … Միջազգային ներում կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ փոխտնօրէն Քրիվոշիվ ըսաւ, որ հանրաքուէին սկիզբէն իսկ ընկերացած են ձերբակալութիւններն ու ահաբեկումները: Անոնք, որոնք փորձած են քննադատել եւ արշաւ կազմակերպել սահմանադրական փոփոխութեան այս առաջարկներուն դէմ, իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած են: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ընտրութիւններու ընդառաջ` շարունակաբար կը խախտեն մարդկային իրաւունքները»:

«Ա.ԷՖ.Փէ.».- «Ազրպէյճանի հանրաքուէն կը խթանէ ամենակարող նախագահը: Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը (Էմնըսթի ինթերնէյշընըլ) ըսաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի առաջնորդեն ազատութեան կոպիտ խախտումներու, իսկ հանրաքուէն տեղի ունեցած է ձերբակալութիւններու, խախտումներու եւ սարսափի  մթնոլորտին մէջ»:

img4_10716

ԵուրԱքթիւ.- «Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնն ու մարդկային իրաւանց պաշտպան խմբաւորումներ քննադատեցին սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն` ատիկա ոչ ժողովրդավարական անուանելով: Գործիչներ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին մարդկային իրաւանց խախտումներուն կապակցաբար»:

Հելսինքիի խորհուրդ.– (Ալիեւի յղուած նամակէն հատուածներ) «Խորապէս մտահոգ ենք առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններով, որոնք պիտի նսեմացնեն ժողովրդավարութիւնը պահպանելու համար Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւնները: Ընդարձակելով նախագահական իշխանութիւնները` առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւնները ենթակայ են պաշտօնի, դիրքի չարաշահումներու, որոնք  պիտի արմատաւորեն քաղաքական իշխանութիւնը` զայն դարձնելով աւելի քիչ արձագանգող ազրպէյճանական ժողովուրդին կամքին: …Հանրաքուէն կը ստեղծէ օրինականութեան սուր տագնապներ: Ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ ալ ազրպէյճանցիները կրնան վստահութիւն ունենալ քուէարկութեան վրայ, որ տեղի կ՛ունենայ ազատ տեղեկատւութեան, բաց բանավէճերու եւ թափանցիկութենէ զուրկ պայմաններու մէջ: Այն, որ ազրպէյճանցիներուն թելադրուած է ի նպաստ քուէարկել այնպիսի միջոցառումներու, որոնք կը մաշեցնեն ժողովրդավարական սկզբունքները, կացութիւնը նոյնիսկ աւելի անընդունելի կը դարձնեն»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ».- «Սահմանադրական փոփոխութիւններով Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան ղեկին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2020, իր պաշտօնավարութեան ներկայ ժամկէտէն երկու տարի աւելի: Հանրաքուէն վստահաբար պիտի զօրացնէ Ալիեւի դիրքը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կառավարութիւնը տնտեսական տագնապ կը դիմակալէ քարիւղի սակերու շարունակական անկումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող հակամարտութեան պատճառով: «Ալիեւ կը դիմագրաւէ յաւելեալ խնդիրներ եւ ան ոչ միայն կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ հզօր կ՛երեւի, այլ նաեւ իր ընտանիքը կ՛ուզէ պահել իշխանութեան վրայ», ըսաւ ռուս քաղաքական մեկնաբան Ալեքսէյ Մալաշենքօ: … Ըստ իրաւապաշտպան Կիորկի Կոկիայի, աճող կասկածը այն է, որ Իլհամ Ալիեւ իր տղուն համար հող կը պատրաստէ, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, ան զինք փոխարինէ»:

img5_10716

«Ռատիօ Ազատ Եւրոպա».- «Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ վիճելի սահմանադրական փոփոխութեան  հանրաքուէն, որ պիտի զօրացնէ նախագահ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին ուժը` երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ պահելու: …Ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնը նախագահի պաշտօնավարութեան տեւողութեան երկարաձգումն է: Իլհամ Ալիեւ, որ նախագահական պաշտօնը 2003-ին ստանձնեց իր հօրմէն, պիտի պահէ այդ պաշտօնը մինչեւ 2020 թուական: 54-ամեայ նախագահը, ատկէ ետք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ միայն իւրաքանչիւր 7 տարին, բան մը, որ ինք իրաւունք պիտի ունենայ շարունակաբար ընելու, քանի որ նախագահի ժամկէտի սահմանափակումը 2009-ին ջնջուած է: Սահմանադրական այլ փոփոխութեամբ մը պիտի ստեղծուին երկու փոխնախագահներ, որոնք պիտի նշանակէ եւ պաշտօնազրկէ նախագահը: … Նախագահի թեկնածուի նուազագոյն տարիքը, որ այժմ 35 է, պիտի ջնջուի եւ երեսփոխանի թեկնածուի տարիքը 25-էն պիտի նուազի 18-ի: Ընդդիմութիւնն ու այլ քննադատներ կը պնդեն, որ ասիկա նախատեսուած է ամրապնդելու եւ երկարաձգելու  Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին իշխանութիւնը: …Տարաձայնութիւններ կան, թէ առաջին փոխնախագահի պաշտօնը կը ստեղծուի Ալիեւի կնոջ` Մեհրիպանի (իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան փոխնախագահ), կամ իրենց 19-ամեայ տղուն` Հայտարի համար»:

«Ռոյթըրզ».- «Ազերի ուսուցիչ մը ըսաւ, որ ինք ի նպաստ քուէարկած է փոփոխութիւններուն, թէեւ չէ կարդացած, թէ ինչի՛ համար են այդ փոփոխութիւնները: …Ալիեւի իշխանութիւնը երկար ատեն օգտուած է տնտեսական բարգաւաճումէն, յատկապէս` քարիւղի արտադրութենէն: Բայց վերջին երկու տարիներուն քարիւղի սակերու անկումը տկարացուցին ազրպէյճանական դրամանիշը` մանաթը եւ տկարացուցին տնտեսութիւնը»:

«Տայ Ուելթ».- «Հանրաքուէն ճամբայ կը բանայ Իլհամ Ալիեւի տղուն դէպի իշխանութիւն վերելքի համար: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջին հայեացքէն արեւմտամէտ քաղաքական գործիչի տպաւորութիւն կը ձգէ: Բայց արտաքինը կը կուրցնէ: Իրականութեան մէջ նախագահ Ալիեւ Ազրպէյճանի մէջ իշխող գերդաստան կը կառուցէ: Ան ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի իր արդէն իսկ ահռելի հարստութիւն դիզած ընտանիքը այսուհետեւ ալ մնայ իշխանութեան ղեկին:

Հանրաքուէն նաեւ ճամբայ կը հարթէ Իլհամ Ալիեւի տղուն` Հայտարի վերելքին համար դէպի իշխանութեան գագաթ, քանի որ հիմա նախագահի թեկնածուի տարիքային պայմանը 35-էն 18 տարեկանի իջած է: Հիմա 19-ամեայ Հայտարը կ՛ուսանի Պաքուի միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ: Այսօրուան դրութեամբ, Հայտար յայտնի է միայն անով, որ 2010-ին, 11 տարեկանին, արդէն Տուպայի մէջ 44 միլիոն տոլարնոց շքեղ անշարժ գոյքի սեփականատէր էր: Բացի ատկէ, անոր անունը երեւցած է «Փանամական փաստաթղթեր»-ու մէջ ազրպէյճանական «Աթահոլտինկ»-ի առնչութեամբ, որ մասնաբաժիններ ունի դրամատուներու մէջ, նաեւ` զանազան պատկերասփիւռային, շինարարական, քարիւղի եւ կազի ընկերութիւններու մէջ: Հոլտինկի սեփականատէրը կ՛առնչուի միջազգային փտածութեան: Նախագահին երկու աղջիկները, ըստ «փանամական թղթածրար»-ին, նոյնպէս սեփականատէրեր են արտերկրի մէջ գործող ապօրինի ընկերութիւններու: Ատոնց միջոցով Ալիեւները, օրինակ, կը վերահսկեն Ազրպէյճանի մէջ ոսկիի արդիւնաբերութեան մարզը: Բացի ատկէ, անցեալ տարի կատարուած հետաքննութեան ծիրին մէջ բացայայտուած է, որ նախագահին ընտանիքը մասնաբաժիններ ունի Ազրպէյճանի ութ մեծ դրամատուներու մէջ: 2014-ի սկիզբը ատոնց արժէքը 3 միլիառ տոլար էր»:

Հայտար, Լէյլա եւ Արզիւ Ալիեւ
Հայտար, Լէյլա եւ Արզիւ Ալիեւ

«Տէյլի Մէյլ».- «Միջազգային քննադատութեանց պայմաններուն մէջ ազրպէյճանցիք մասնակցեցան հանրաքուէին, որ կ՛առաջարկէր սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք կ՛երկարաձգեն նախագահական պաշտօնի տեւողութիւնը եւ լիազօրութիւնները: Առաջարկները, որոնք կը ներառեն նախագահական պաշտօնի տեւողութեան երկարաձգում` նախկին 5-ին փոխարէն 7 տարի, եւ նախագահը լիազօրել լուծարելու խորհրդարանը, քննադատուած են եւրոպական սահմանադրական օրէնքներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային խմբաւորումներու կողմէ: Ընդդիմադիրներ կը պնդեն, որ փոփոխութիւնները պիտի ամրացնեն ուժը գերդաստանի մը, քանի որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ որդին է նախորդ առաջնորդին: Ըստ ընդդիմադիրներուն, այս  փոփոխութիւնները մեքենայական միջոցներ են  երկարաձգելու անոր իշխանութիւնը`  քարիւղով հարուստ կասպեան երկրին մէջ, որ միջազգային մնայուն քննադատութեան թիրախ է մարդկային իրաւանց խախտումներու եւ այլախոհները ճնշելուն համար: Ֆրանսա տեղակայուած միջազգային օրէնքի պաշտպան մասնագիտական խմբակը` Վենետիկի խորհուրդը, հրապարակուած նախնական զեկոյցով մը շեշտեց, որ նախագահական լիազօրութիւններու երկարաձգումը անարդարանալի է, եւ թէ` միւս առաջարկները պիտի խախտեն ուժի  հաւասարակշռութիւնը»:

Քրիս Սմիթ.- (Հելսինքեան յանձնաժողովի ղեկավար, քոնկրեսական).- «Ամբողջովին ակներեւ է, որ Ազրպէյճանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծրարը մշակուած է նախագահի լիազօրութիւններու սահմանափակումները հանելու նպատակով: Այդ հանրաքուէն օրինականութենէ զուրկ հոլովոյթի գագաթնակէտ դարձած է: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նման նշանակալի փոփոխութիւններու դիմած է` երկրի ժողովուրդը զրկելով իր հիմնարար իրաւունքներէն, որոնք անհրաժեշտ են  ուսումնասիրութեան  փուլի մէջ գտնուող հարցերու ազատ քննարկման  համար: Քանի մը շաբաթ շարունակ իշխանութիւնները կը ձերբակալէին եւ կը հետապնդէին քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ` ճնշելով անոնց ձայները, որոնք կ՛արտայայտուին նախատեսուած փոփոխութիւններուն դէմ: Միայն տարի մը առաջ Ազրպէյճան կ՛արգելակէր խորհրդարանական ընտրութիւններու նկատմամբ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական աշխատանքը: Ասիկա կը վկայէ, որ Պաքու ցանկութիւն չունի կատարելու ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները: Ես առաջուան պէս խորապէս մտահոգ եմ, որ այս անօրինական հոլովոյթը աւելի կ՛արգելակէ ազրպէյճանցիներու ժողովրդավարական ապագան»:

img3_71016

«Օզերվաթորիօ».- «Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախկին անդամ, «Յոյս» քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար Իկպալ Ակազատէ ըսաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն մէջ ոչինչ դրական է, եւ թէ` այս հանրաքուէն կը ծառայէ միայն զօրացնելու նախագահը իբրեւ հաստատութիւն եւ տկարացնելու մնացեալ կառավարական բոլոր ճիգերը»:

Հետապնդումներու վերջին ալիքը  Ազրպէյճանի արդէն իսկ տկարացած քաղաքացիական հասարակութեան մէջ կը յառաջացնէ կասկած երկրի ժողովրդավարական ապագային առնչութեամբ: Մինչ կառավարութիւնը  այս տարուան մարտին ներում շնորհած է շարք մը առանցքային քաղաքական բանտարկեալներու, քաղաքական հիմքերով տակաւին բանտարկուածներուն ցանկը շատ երկար է: Աւելի լաւ ապագայի մը համար յոյսը տկար է, մինչ իշխող ընտրանին երկիրը կը հրէ դէպի այնպիսի ջուրեր, ուր փոթորիկը անխուսափելի է»:

«Ֆրիտըմ Հաուս».- «Ընդունելով հանրաքուէի արդիւնքները, Ազրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը խախտած է սեփական պահանջները: Արդիւնքները հաստատած են` հակառակ զեղծարարութեան ակներեւ փաստերուն: Ատով անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորուած է Ազրպէյճանի քաղաքացիներու  իրաւունքներու հանդէպ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այն անձն է, որ  ամէնէն աւելի պատասխանատու է վերջին տասնամեակին Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց սարսափելի խախտումներուն»:

Նախորդը

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան Ֆոնտ»-ի Ներդրումը

Յաջորդը

«Կանչ»

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?