Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեղրին Հետ Խաղացողը Մատը Բերանը Կը Տանի»

Սեպտեմբեր 9, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կեանքի բոլոր մարզերուն, ասպարէզներուն եւ զանազան մակարդակներու վրայ փտածութեան երեւոյթը այն աստիճան տարածուած է, որ այդ յանցանքը գործողները կարծես թէ այլեւս չեն ամչնար բացայայտուելէ, խայտառակ ըլլալէ եւ պատժուելէ: Ոմանք նոյնիսկ իրենց յանցանքն ու անբարոյականութիւնը փաստացի հաստատուելէ ետք ալ կը մերժեն մեղադրանքը` ատոր ետին տեսնելով քաղաքական դրդապատճառներ (անշուշտ ատոնք ալ բացառուած չեն, եւ նոյնքան դատապարտելի են):

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ն իր կայքին վրայ վերջերս հրապարակեց տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող բարձրաստիճան երկու պատասխանատուներու` Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի  եւ ֆութպոլի կայսր Ֆրանց Պեքընպաուըրի  փտածութեան առնչուող երկու յօդուածներ, իսկ «Տէյլի Մէյլ»-ի կայքը` Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի մասին գրութիւն մը, որոնք թարգմանաբար կը ներկայացնենք փոքր կրճատումներով:

Ն.

Պատմութիւնը  Ինչպէ՞ս  Պիտի Անդրադառնայ Ռուսեֆի Դատավարութեան

Տիկին Տիլմա Ռուսեֆ
Տիկին Տիլմա Ռուսեֆ

Պրազիլի մէջ 1992-ին ծերակուտականներ եւ  երեսփոխաններ միացան դատական հետապնդումի ենթարկելու համար 30 տարուան մէջ ժողովրդավարօրէն ընտրուած երկրի առաջին նախագահը:

Ֆեռնանտօ Քոլլոր տը Մելլօ (ծանօթ իբրեւ` քՔոլլոր), ատկէ 3 տարի առաջ նախագահական ընտրութեան քուէներու 53 առ հարիւրը շահած էր, բայց բռնուած էր խոշոր փտածութեան խայտառակութեան մէջ: Քոլլորի դատավարութիւնը յստակ դէպք էր: Կային առատ ապացոյցներ` իրեն տրուած կաշառքի եւ ծխացող ատրճանակի մը մասին (ինքնաշարժ մը, որ գնուած էր ապօրինի գումարով): Քոլլոր նաեւ անդամ էր կուսակցութեան մը, որ  մեծ աջակցութիւն չէր վայելեր ե՛ւ խորհրդարանին, ե՛ւ փողոցներուն մէջ:

Քսանչորս տարի ետք Պրազիլ երկրորդ անգամ դատական հետապնդումի կ՛ենթարկէ նախագահ մը: Բայց այս անգամ պարագաները շատ աւելի նուազ յստակ կը թուին: Թէեւ հարցախոյզերու արդիւնքները կը նշեն, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը մերժէ Տիլմա Ռուսեֆը իբրեւ նախագահ, հարցումը, թէ արդեօ՞ք ան մեղաւոր է յանցանքի մը համար, որուն պատիժը պաշտօնանկութիւնն է, փաստուեցաւ, որ Պրազիլի մէջ կը մնայ խիստ խնդրայարոյց:

Խնդիրները ինչպէ՞ս այս կէտին հասան, եւ պատմութիւնը ինչպէ՞ս յետադարձ հայեացք պիտի նետէ Պրազիլի առաջին կին նախագահը դատական հետապնդումի ենթարկելու հոլովոյթին վրայ:

Տնտեսութիւնը

18 ամիսներու ընթացքին, ծերակոյտին մէջ դատական հետապնդումի հոլովոյթի ատեն տիկին Ռուսեֆի դատապարտութիւնը, որ շատ անհաւանական կը թուէր, ի վերջոյ դարձաւ անխուսափելի:

Տիկնոջ դատավարութեան հունտերը սերմանուած էին 2014 թուականի նախագահական ընտրութեան մէջ դժուար պայքարէն ետք, իր քիչ տարբերութեամբ նուաճած յաղթանակին յաջորդած  օրերուն: Մինչ այդ տիկին Ռուսեֆ ներկայացուց իր ծրագիրները` տնտեսութեան վերաբերեալ, որ այդ հանգրուանին արդէն արագօրէն սկսած էր վատթարանալ: Հակառակ անոր որ ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին բուռն կը հարուածէր ամավարկի ծախսերու մէջ խիստ կրճատումներ պահանջողները, տիկինը որդեգրեց այն միջոցառումները, որոնք ինք իբրեւ թեկնածու վատ կ՛անուանէր: Շուկաները սկիզբէն լաւատեսութեամբ արձագանգեցին նախագահին տնտեսական նոր խումբին, բայց ընդդիմութիւնը զօրակցեցաւ անոնց, որոնք  դաւաճանուած զգացին տնտեսութեան կապակցաբար տիկնոջ շրջադարձէն:

Այս զգացումը պայթեցաւ փողոցներուն մէջ, նախագահական երդմնակալութեան արարողութենէն երեք ամիս ետք, երբ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ տասնեակ մը քաղաքներու մէջ մասնակցեցան հակակառավարական երթերու: Նման բազմաթիւ ցոյցեր պիտի կրկնուին յառաջիկայ շաբաթներուն:

Քարիւղի պետական «Փեթրոպրաս» ընկերութեան առնչուած փտածութեան նոր բացայայտումներ աւելի մեծ վնաս պատճառեցին իր Աշխատաւորական կուսակցութեան` նախագահին քաղաքական խորհրդականին եւ կուսակցութեան գանձապահին ձերբակալութեամբ: Ընկերութիւնը խոստովանեցաւ, որ փտածութեան պատճառով կորսնցուցած է  2 միլիառ տոլար:

2015 թուականը աղէտալի եղաւ տնտեսութեան համար, եւ շուկաները շուտով նախագահին դէմ ելան, երբ տագնապի լուծման առնչութեամբ հակառակ տեսակէտներ ունեցող երկու առանցքային նախարարներու միջեւ  պառակտումը պարզ դարձաւ, սղաճը ցցուեցաւ եւ միլիոնաւոր անձեր գործազուրկ եղան ներդրումներու եւ ծախսերու ծանր կրճատումներէ ետք: Սեպտեմբերի սկիզբը Պրազիլի դրամանիշը կորսնցուց իր արժէքին գրեթէ կէսը, եւ սակարանը  վերջին եօթը տարիներու իր ամէնէն ցած մակարդակին հասաւ: Հակառակ անոր որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած էին 30 հայցեր` զանազան ամբաստանութիւններով պահանջելով նախագահը դատական հետապնդումի հոլովոյթի ենթարկել, բայց տակաւին տիկին Ռուսեֆի ոչ մէկ յանցանք ուղղակի վերագրուած էր: Ատիկա փոխուեցաւ, երբ ելեւմտական ատեան մը մերժեց տիկնոջ կառավարութեան 2014-ի հաշուետուութիւնը`  բացայայտելով յատուկ խուսանաւում, հնարք մը, որ օգտագործուած էր  ծածկելու կառավարութեան ամավարկին մէջ եղած բացին չափը: Ամավարկի խնդիրները բանալի դերակատարութիւն ունեցան Պրազիլի պարտքի աճին եւ երկրի տնտեսութեան հանդէպ վստահութեան անկումին մէջ:

Դեկտեմբերին քաղաքական անսպասելի միջադէպերու շարք մը արմատապէս շրջեց տիկին Ռուսեֆի քաղաքական ուղիին ապագան: Մինչեւ այդ պահը տիկնոջ կ՛աջակցէր Ներկայացուցիչներու տան ստորին պալատի նախագահ Էտուարտօ Քունհան, որ լիազօրութիւնը ունէր ընդունելու կամ վեթոյի ենթարկելու  տիկինը դատական հետապնդումի ենթարկելու պահանջները:

Էտուարտօ Քունհա
Էտուարտօ Քունհա

Էտուարտօ Քունհան կը հետաքննուէր Ներկայացուցիչներու տան մէջ բարոյագիտական յանձնախումբի մը կողմէ` դրամատնային գաղտնի հաշիւներ ունենալու ամբաստանութեամբ: Տիկին Ռուսեֆի Աշխատաւորական կուսակցութենէն 3 երեսփոխաններ երբ ըսին, որ յանձնախումբին մէջ դէմ պիտի քուէարկեն Քունհայի, վերջինս քանի մը ժամ ետք ընդունեց  տիկին Ռուսեֆը դատական հետապնդումի ենթարկելու պահանջը:

Տիկին Տիլմա Ռուսեֆ անմիջականօրէն պատասխանատու կը նկատուի ամավարկի խուսանաւումները եւ ապօրինի հարկերը շարունակելու յանցանքին համար:

Քաղաքականութիւնը

Դատական հետապնդումի հոլովոյթը դարձաւ բարձր գրաւի քաղաքական խաղ մը:

2016-ի մարտին տիկին Ռուսեֆի փոքր համաձայնական դաշինքի գործընկեր ՓՄՏՊ կուսակցութիւնը զինք լքեց, եւ ասիկա զգալիօրէն տկարացուց իր դիրքը Ներկայացուցիչներու տան մէջ: Տիկնոջ փոխնախագահը` Միշել Թիմըր, քուլիսներու ետին սկսաւ իր անձնական արշաւը նախագահի պաշտօնին համար:

Տիկին Ռուսեֆ իր ասպարէզին մէջ ամէնէն վիճելի քայլերէն մէկը առնելով` հրաւիրեց նախկին նախագահ, Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան` մաս կազմելու իր կառավարութեան: Նախարարական պաշտօնը անոր պիտի շնորհէր դատական հետապնդումներու արտօնութիւններ, քանի որ ան փտածութեան ամբաստանութեամբ ենթակայ է երեք հետաքննութիւններու: Դատական վճիռ մը, հիմնուած տիկին Ռուսեֆի եւ Լուլա տա Սիլվայի միջեւ զրոյցի գաղտնի ձայնագրութեան վրայ, արգելք հանդիսացաւ նախկին նախագահին  վերադարձին` քաղաքական բեմին վրայ քաոս յառաջացնելով: 17 ապրիլին տիկին Ռուսեֆ կորսնցուց իր գլխաւոր պայքարը Ներկայացուցիչներու տան մէջ, երբ 367 երեսփոխաններ վաւերացուցին իր դէմ  դատական հետապնդումի հոլովոյթ սկսելու նախագիծը:

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ վերջին 13 տարիներուն հզօր համաձայնական դաշինք կազմած էր, միայն 137 քուէ ստացաւ: 12 մայիսին տիկին Ռուսեֆ ծերակոյտին կողմէ կախակայուեցաւ:

Անկումը

Ծերակոյտին մէջ տիկին Ռուսեֆի դատավարութիւնը Պրազիլի ժողովրդավարական կառոյցներու մասին կարեւոր հարցումներու դուռ բացին: Արդեօ՞ք տիկինը  գահընկէց եղաւ, որովհետեւ յանցանք գործած էր, կամ ատիկա միայն պատրուակ է պաշտօնազրկելու երկրին նախագահը, որ կորսնցուցած էր տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան վերահսկողութիւնը:

Տիկնոջ ամավարկային խուսանաւումները նիստերու ընթացքին ստուգուեցան, բայց դատավարութիւնը միայն այդ յանցանքին համար չէր: Անոր կառավարութեան քաղաքականութիւնները, ընտրուելէ ետք տնտեսութեան մէջ անոր շրջադարձը եւ  կուսակցութենէն ներս փտածութիւնը մաս կազմեցին մնայուն բանավէճերու:

Միշել Թիմըր
Միշել Թիմըր

Բացի ատկէ, դատավարութեան զուգահեռ, Միշել Թիմըրի անցումային կառավարութիւնը սկսած է իր աշխատանքը` բարեփոխելու տնտեսութիւնը եւ ուրուագծելով նոր քաղաքականութիւնը: Ծերակուտականներն ու պրազիլցիները գիտեն, որ տիկին Ռուսեֆը  դատապարտելու հարցը անցած է պարզապէս անոր մեղաւոր ըլլալը կամ չըլլալը որոշելու սահմանէն: Ատիկա նաեւ իրաւունք տուած է Պրազիլի համար պատրաստուած երկու անջատ նախագիծերէն մէկը ընտրելու, որ կարծես այս դատական հետապնդումի հոլովոյթը երբեմն աւելի կը նմանցնէ ընտրութիւններու:

Պրազիլի ժողովուրդը շատ աւելի պառակտուած է եւ բաժնուած է այսօր, քան` պարոն Քոլլորի դատավարութենէն ետք: Հարցախոյզերու արդիւնքները  ցոյց կու տան, որ պրազիլցիներուն  մեծամասնութիւնը ո՛չ տիկին Ռուսեֆը, ո՛չ ալ պարոն Թիմըրը կ՛ուզէ ղեկին վրայ տեսնել, եւ աւելի կ՛ուզէ կանխահաս նոր ընտրութիւններ, թէեւ այդ տարբերակը երբեք չէ եղած սեղանի վրայ:

Հարցումը, թէ արդեօ՞ք պատմութիւնը կ՛անդրադառնայ այս դատական հետապնդումի հոլովոյթին պրազիլցիներուն համար իբրեւ դրական կամ բացասական քայլ, այժմ կախեալ է անկէ, թէ պարոն Թիմըր ինչպէս կը մօտենայ այն բոլոր խնդիրներուն, որոնք  տիկին Ռուսեֆ չյաջողեցաւ լուծել 2014-ի իր վերընտրութենէն ետք` բարելաւելով տնտեսութիւնը եւ պայքարելով կառավարութեան մէջ փտածութեան դէմ:

Ն. Սարքոզի Պիտի Կանգնի  Դատարանին Առջեւ

sarkozy_90916

Փարիզի դատախազութիւնը  յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պէտք է  կանգնի դատարանի առջեւ` 2012 թուականին  իր նախընտրական փտած քարոզարշաւին համար:

Փարիզի դատախազները 61-ամեայ Սարքոզիի պաշտօնական հետաքննութիւնը կատարեցին` քարոզարշաւը ապօրինի ֆինանսաւորելու առնչութեամբ:

Հակառակ շարունակուող հետաքննական հոլովոյթներուն` Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը համոզուած էր, որ ինք տակաւին կրնայ երկրի նախագահը ըլլալ յառաջիկայ տարի: Սակայն այժմ Սարքոզի ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկել իր ընտրանքները, որովհետեւ մեղքի ապացուցման պարագային, երկրի նախկին ղեկավարին կը սպառնայ ազատազրկում: Իսկ տուեալ պարագային, Սարքոզի այլեւս չի կրնար իր թեկնածութիւնը առաջադրել յառաջիկայ տարի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք  նախագահական ընտրութեան:

Սարքոզի 2012 թուականի նախագահական ընտրութեան  քարոզարշաւին համար իրաւունք ունէր ծախսելու 22 միլիոն եւրօ, մինչ անոր ծախսած գումարին չափը հասած է շուրջ 40 միլիոնի, որ ան ծածկած է զանազան միջոցներով: Սարքոզիի փաստաբանը կը պնդէ, թէ ան անմեղ է, մինչ Փարիզի դատախազները արտօնած էին, որ շարունակուի փտածութեան ամբաստանութեան հետաքննութիւնը Սարքոզիի հանդէպ, որ տակաւին իրաւունք ունի օգտագործելու «նախագահ» տիտղոսը, 2007-2012 թուականներուն այդ պաշտօնը ստանձնած  ըլլալուն համար:

Փտածութեան դէմ պայքարի յատուկ խմբակը, 2012 թուականին նախագահի պաշտօնէն հեռանալէ միայն շաբաթ մը ետք, ներխուժեց եւ խուզարկեց Սարքոզիի Փարիզի բնակարանը, որ ան կը բաժնեկցի երրորդ կնոջը` բնորդուհի եւ երգչուհի Քարլա Պրունիի  հետ:

Դատախազութեան թելադրանքէն ետք, որ Սարքոզի պէտք է դատարանին առջեւ կանգնի, հետաքննիչ մարմինը ամիս մը ժամանակ ունի դատավարութեան վերջնական որոշումը տալու:

Սարքոզի նաեւ կը հետաքննուի այլ խայտառակութիւններու առնչութեամբ, ներառեալ` այն պնդումները, թէ 2007 թուականին, նախքան ընտրուիլը,  շուրջ 56 միլիոն տոլար ստացած է Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիէն:

Ֆրանսական օրէնքը կ՛արգիլէ թեկնածուներուն 8500 տոլարէն աւելի կանխիկ գումար ստանալ նուիրատուներէ, սակայն այս խոշոր նուիրատուութիւնը կ՛ըսուի, թէ ապօրինի փոխանցուած է Փանամայի եւ Զուիցերիոյ մէջ դրամատնային հաշիւներու միջոցով:

sarko_90916Փարիզի մէջ հրապարակուած փաստաթուղթ մը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի նախագահը եւ Լիպիոյ նախկին բռնապետը ըրած են դրամական ապօրինի գաղտնի կարգադրութիւն մը, որ Սարքոզին իշխանութեան բերած է: Ֆրանսական օդուժը դիւրացուցած է Քազզաֆիի մահը 2011 թուականի «Արաբական գարուն»-ի ընթացքին, եւ կը պնդուի, թէ Սարքոզի կ՛ուզէր Քազզաֆիի մեկնումը` նուիրատուութիւնը հաստատող բոլոր ապացոյցներուն հետ:

Ֆրանսայի վերջին նախագահը, որ իբրեւ յանցագործ դատուած է,  Սարքոզիի նախկին դաստիարակ Ժաք  Շիրաքն է:

2011 թուականին, Շիրաք մեղաւոր ճանչցուեցաւ հանրային միջոցները շեղելու եւ հանրային վստահութիւնը չարաշահելու յանցանքին համար եւ դատապարտուեցաւ երկու տարուան պայմանական ազատազրկման:

Հակառակ շարունակուող ընտրական յաւակնութիւններուն` Սարքոզիի ժողովրդականութիւնը Ֆրանսայի մէջ հետզհետէ կը նուազի. հարցախոյզերուն արդիւնքները շարունակ ցոյց կու տան, որ ան  պէտք է հեռանայ քաղաքականութենէն:

Մինչ դատավարութենէն գոնէ կարճ ժամանակի մը համար զերծ մնալու Սարքոզիի միակ յոյսը յառաջիկայ գարնան նախագահ ընտրուիլն է:

 

Ֆ. Պեքընպաուըր Կը Հետաքննուի 2006-ի Մոնտիալի Կազմակերպման Փտածութեան Համար

franz-beckenbauer1_90916

Զուիցերիացի դատախազներ քրէական հետաքննութիւն սկսան Գերմանիոյ ֆութպոլի առասպել Ֆրանց Պեքընպաուըրի եւ երեք այլ անձերու շուրջ` 2006 թուականի ֆութպոլի ազգային խումբերու Աշխարհի  ախոյեանութեան մրցաշարքը հիւրընկալելու Գերմանիոյ դիմումին առնչութեամբ: Իբրեւ այդ մրցաշարքը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներ` անոնք կասկածելի կը նկատուին փտածութեան, յանցագործ յոռի կառավարման, դրամի լուացման եւ իւրացման յանցանքներով:

Նշուած յանցանքներէն շատեր գործուած են Զուիցերիոյ մէջ:

Ֆ. Պեքընպաուըր, որ կը գլխաւորէր դիմումը ներկայացնող յանձնախումբը, նախապէս մերժած է իրեն վերագրուած փտածութիւնը: Անցեալ հոկտեմբերին Պեքընպաուըր ըսաւ, որ ինք «սխալած» է մրցաշարքը Գերմանիոյ մէջ հիւրընկալելու դիմումը 2000 թուականին ներկայացնելու հոլովոյթին ընթացքին, բայց հերքեց, որ քուէներ գնած են:

Ֆութպոլի համաշխարհային մարմինը` ՖԻՖԱ-ն, մարտին սկսաւ հետաքննել 6 անձեր, 2006-ի ֆութպոլի ազգային խումբերու Աշխարհի   ախոյեանութեան մրցաշարքը հիւրընկալելու իրաւունքը շահելու Գերմանիոյ դիմումին յաջողութեան մէջ իրենց մասնակցութեան առնչութեամբ:

«Պարտքի Մարում»

Զուիցերիացի դատախազներ, ՖԻՖԱ-ի առնչուող անձերու գործունէութեան շուրջը իրենց սեփական հետաքննութիւնը իրականացնելէ ետք, անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեցին անունները չորս կասկածելիներու.

Ֆրանց Պեքընպաուըր. Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին փոխնախագահ 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպող տեղական յանձնախումբի նախագահ եւ ՖԻՖԱ-ի գործադիր խորհուրդի անդամ:

Ուոլֆկանկ Նիերպախ. Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ, 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպող տեղական յանձնախումբի փոխնախագահ եւ ներկայիս անդամ` ՖԻՖԱ-ի եւ ԵՈՒԵՖԱ-ի գործադիր խորհուրդներուն:

Թէօ Զուանզիկըր. Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ, 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպող տեղական յանձնախումբի նախագահ եւ նախկին անդամ` ՖԻՖԱ-ի` եւ ԵՈՒԵՖԱ-ի գործադիր խորհուրդներուն:

Հորսթ Ռուտոլֆ Շմիթ. Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար եւ փոխնախագահ` 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպող տեղական յանձնախումբին:

Ութ չբացայայտուած վայրերու մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցան խուզարկութիւններ` գործակցութեամբ աւստրիական եւ գերմանական իշխանութիւններուն: Այս մասին տեղեկացուցին դատախազները:

Քանի մը կասկածելիներ նոյնպէս հարցաքննուեցան: 2006-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկրի իրաւունքին համար քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 2000 թուականի յուլիսին: Գերմանիա շահեցաւ քուէարկութիւնը 12 քուէով, իսկ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը ստացաւ 11 քուէ:  Զուիցերիական հետաքննութիւնը կը կեդրոնանայ կալայի համար նախատեսուած 7 միլիոն եւրոյի օգտագործման վրայ:

«Կ՛ենթադրուի, թէ կասկածեալները գիտէին, որ այս գումարը պիտի չօգտագործուի կալային համար, փոխարէնը` վճարելու պարտք մը, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին չէր պատկաներ», ըսին դատախազները հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ: Անոնք նաեւ աւելցուցին. «Յատկապէս կ՛ենթադրուի, թէ կասկածեալները կամովին ապակողմնորոշած են գործադիր խորհուրդին մէջ իրենց  պաշտօնակիցները: Ասիկա ենթադրաբար կատարուած է խաբեբայութեամբ կամ իրականութիւնը ծածկելով` այդ ձեւով խորհուրդի այլ անդամները մղելով  գործելու այնպէս, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը դրամական կորուստներ ունեցած է»:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն տրուած:

Գերմանական «Շփիկըլ» թերթը անցեալ շաբաթ գրած էր, որ հետաքննութիւնը կեդրոնացած է  2002-2005 թուականներուն կատարուած վճարումներուն վրայ:

«Այս Սխալը»

Անցեալ հոկտեմբերին Ֆրանց Պեքընպաուըր ըսաւ, թէ ինք «ոչ ոքի դրամ տուած է քուէ գնելու համար»: Բայց հաղորդագրութեան մը մէջ ան ըսաւ. «Որպէսզի 2006-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքը ստանանք ՖԻՖԱ-էն, անոնք, որոնք ներգրաւուած էին, ընդառաջեցին ՖԻՖԱ-ի ելեւմտական խորհուրդի մէկ առաջարկին, որ այսօրուան աչքերով պէտք է մերժուէր:

«Ես` իբրեւ յանձնախումբի  նախագահ, ապա` 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպող տեղական յանձնախումբի նախագահ, կը կրեմ այս սխալին պատասխանատուութիւնը»:

franz-beckenbauer_90916

Ֆրանց Պեքընպաուըր խմբապետն էր 1974 թուականի Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը նուաճած Գերմանիոյ ազգային հաւաքականին, եւ մարզիչը` 16 տարի ետք Իտալիոյ մէջ աշխարհի բաժակը կրկին նուաճած Գերմանիոյ խումբին: Նախկին յետսապահը, ապա ֆրանսական Մարսէյի եւ աւելի ուշ գերմանական Պայերն Միւնիխ խումբերուն մարզիչ եղաւ: Ան այժմ պատուոյ նախագահն է Պայերն Միւնիխի:

 

 

 

 

Նախորդը

Վերափոխւում Է Առաջնագիծը

Յաջորդը

Գեղեցկութիւն Տարածող Աղջկայ Պատմութիւնը

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?