Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախեան Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Սաստիկ Ռմբակոծումներ

Հոկտեմբեր 5, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Հայկական Ուժերու
Յառաջխաղացք

artsakh-heroes1_1005168

Արցախի վրայ ազերիական յարձակումները կը շարունակուէին եւ հայ ազատամարտիկներ բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերելով ետ կը մղէին նախայարձակները: 1992-ի սեպտեմբերի կէսէն ետք յարձակումները կեդրոնացած էին Մարտունիի շրջանին վրայ, իսկ Մաճակալաշէն ու Կոլխոզաշէն գիւղերը օդային եւ հրետանային սաստիկ ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուէին: Միւս կողմէ, հայ ազատամարտիկներ Շահումեանի մէջ ֆետայական յարձակումներ կը կազմակերպէին բռնագրաւող ազերիական ուժերուն դէմ: Բախումներ տեղի կ՛ունենային նաեւ Հայաստան-Նախիջեւան սահմանին վրայ: Նոյն օրերուն Նախիջեւան գտնուող ռուսական բանակը սկսաւ հեռանալ շրջանէն:

Սոչիի մէջ, սեպտեմբեր 19-ին, Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին, Ռուսիոյ միջամտութեամբ զինադուլ գոյացաւ: Զինադուլի համաձայնութիւնը քանի մը օր գաղտնի պահուեցաւ: Ռուսական կողմին համաձայն, եթէ այդ զինադուլը ձախողէր, այլեւս հայերուն եւ ազերիներուն միջեւ զինադուլ գոյացնելու որեւէ հաւանականութիւն պիտի չմնար եւ այնուհետեւ պիտի մնար միայն մէկ ընտրանք. շրջան ղրկել ՄԱԿ-ի ուժեր, առանձինն,  կամ անոնց ընկերացնել Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն խաղաղարար ուժեր:

Այնուհետեւ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, որոնց ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ իրարմէ տասը քիլոմեթր անջատելու հայ եւ ազերի ուժերը: Թամփոն գօտիի հսկողութիւնը պիտի վստահուէր Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն եւ Վրաստանէն դէտերու:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Ռուսիա յայտնապէս այդքան ալ մտահոգ չէր Արցախի զինադուլին յարգուած կամ խզուած ըլլալու իրողութեամբ, այլ ան կը թուէր տարուած ըլլալ… Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը վերահաստատելու ծրագիրներով:

«Ազդակ» կը նշէր, որ մտահոգիչ էին այն տեղեկութիւնները, որոնք մաս առ մաս կը քողազերծէին Սոչիի համաձայնագիրին ծալքերն ու զինադուլի հսկողութեան կապուած գործնական քայլերուն մասին տեղեկութիւնները: Արդարեւ, Սոչիի համաձայնագիրին կողքին պատրաստուած էին քարտէսներ, իբրեւ զինադուլի կիրարկման քայլ. այդ քարտէսներուն վրայ նշուած էին որ հայ եւ ազերի հակամարտ ուժերը պէտք է ճակատէն քաշուէին քսան քիլոմեթր ետ, թամփոն գօտի մը ստեղծելու համար: Ատիկա կը նշանակէր, որ Արցախի պաշտպան հայկական ուժերէն պիտի պահանջուէր Մարտակերտի շրջանէն նահանջել մինչեւ… Ստեփանակերտի մօտակայ վայրեր:

* * *

artsakh-heroes2_1005168

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 2 հոկտեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Ռուսական մակընթացութիւնը կը վերսկսի նոր տարազով» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Սոչիի մէջ կնքուած զինադուլին ծալքերուն բացայայտումը նոր ուղղութիւն կու տայ մեր մտահոգութիւններուն: Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն եւ Վրաստանէն դէտերու Արցախ, Հայաստան եւ Ազրպէյճան առաքումը ելեւէջներու կ՛ենթարկէր խաղաղութեան եւ կայուն զինադուլի յոյսերը, այն իմաստով, որ եթէ զինադուլը օտար հսկողներ, հետեւաբար` արդար դատաւորներ պիտի ունենար (տեսականօրէն), հարց էր թէ այդ դէտերուն հաստատումը ինչպիսի՞ սահմանագիծեր պիտի փորձէր նուիրականացնել:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ Տաճիկիստանէն մինչեւ Մոլտաւիա, ռուսական խաղաղարար միջամտութիւնը, խաղաղարար ուժերու միջոցով, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ հին քաղաքականութեան մը նոր մեկնաբանութիւնը, կիրարկումը:  ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, ցարական Ռուսիա կրօնական կամ այլ պատրուակներով կը հետապնդէր իր ծաւալապաշտ ծրագիրները: Համայնավար յեղափոխութենէն ետք, 1917-ին, ռուսական կայսրութիւնը ապրեցաւ կծկում մը, որ յետոյ բիրտ կերպով վերստին ընդլայնեցաւ կարմիր բանակին նուաճումներով: Խորհրդային Միութեան քայքայումով, տեղի ունեցաւ նոր կծկում մը, սակայն Խորհրդային Միութիւնը պատմութեան անցնելէ առաջ, Ռուսիա հրապարակ նետեց Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան տարազը, որպէսզի Արեւմուտքի եւ Արեւելքի իր մրցակիցներուն ըսէ թէ «տեսէք, այս շրջանը կ՛ուզեմ պահել իբրեւ իմ ազդեցութեանս գօտին»: Եւ Ռուսիա կարմիր բանակին երէկի դերը կը փոխարինէր քաղաքավար ոճով մը` խաղաղարար ուժերու բարեմիտ տարազով, կը փորձէր վերականգնել իր նախկին տարածքը:

Խորհրդային Միութեան քայքայման համար ոգի ի բռին պայքարած Արեւմուտքը չէ՞ր տեսներ այդ զարգացումը, հարց կու տար Մահսէրէճեան եւ կ՛ընդգծէր ըսելով: Բնականաբար կը տեսնէր, սակայն, յայտնապէս, աշխարհի «նոր համակարգ» չափող-ձեւողները (ներառեալ տկարացած եւ Արեւմուտքի օժանդակութեանց ապաւինող Ռուսիան) դժգոհ չէին այդ ընթացքէն: Արեւմուտքը յայտնապէս կը ճանչնար նախկին Խորհրդային Միութեան ժառանգորդը (բացի պալթեան երկիրներէն) ըլլալու Ռուսիոյ հանգամանքը` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան տարազին ընդմէջէն: Մոսկուայի երէկի գլխաւոր հակառակորդը` Ուաշինկթըն, վստահաբար ի՛ր հաշիւները ունէր այս ընթացքը հանդուրժելու համար: Համայնավար կայսրութեան ջնջումը պատճառ դարձած էր, որ վիհեր ստեղծուին եւ խորանան իր եւ երէկի իր դաշնակիցներուն` արեւմտեան եւրոպական երկիրներուն միջեւ: Եւրոպան հակակշռող բան մը պէտք է գոյութիւն ունենար Ուաշինկթընի աչքին, եւ յարմարագոյնը` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան զգեստով ներկայացող վաղեմի մրցակիցն է (կամ լուռ «դաշնակից»-ը)` Ռուսիան:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ պատմութիւնը փաստը կու տայ այս տրամաբանութեան: Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին, Արեւմուտքը իբրեւ թշնամի եւ մրցակից կը ճանչնար համայնավար Ռուսիան եւ անոր կայսրութիւնը, հիթլէրեան վտանգը զանոնք վերածեց դաշնակիցի: Հիթլէրի պարտութենէն ետք, հին հակադրութիւնը վերանորոգուեցաւ, հասնելով մինչեւ Քուպայի տագնապին, զինարշաւին եւ «աստղերու պատերազմ»-ի ծրագիրներուն: Երէկ, դարձեալ տեղատուութիւն էր: Այսօր, մակընթացութիւնը վերստին ծայր կու տայ, ինչ փոյթ, որ նոր տարազով, նոր ոճով, կարմիր բանակի փոխարէն, խաղաղարար եւ բարի տրամադրութիւններով:

* * *

 

image1_100516

Արցախի ապահովութեան վիճակը 1992-ի հոկտեմբերի առաջին օրերուն վտանգաւոր նահանջ արձանագրեց ազերիական յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով:

Մարտակերտի շրջանին մէջ ազերիները լայնածիր յարձակում մը գործեցին Կիչանէն Վանք երկարող շրջանին վրայ եւ սաստկօրէն ռմբակոծեցին հայկական դիրքերը:

Ասկերանի, Հատրութի, Մարտունիի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ եւս յարձակումներ ու հրթիռարձակում տեղի ունեցաւ:

Իբրեւ հակադարձութիւն` հայ ազատամարտիկները յաջողեցան գրաւել Ֆիզուլիի տարածքին վրայ իշխող` Հատրութի մօտակայ Ուրեան լեռը, որ զինուորական կարեւորութիւն ունի. այդ բարձունքին գրաւումով, Հատրութի շրջանին գիւղերը ձերբազատուեցան սպառնալիքէն եւ շրջանի ճամբաները դարձան աւելի ապահով:

Յաջորդող օրերուն ազերիական օդուժը գործի լծուեցաւ Արցախի դէմ: Ցամաքի վրայ, մարտերն ու ռմբակոծումները կը շարունակուէին սաստկօրէն: Ազերիական յարձակումներուն թիրախ էին Ճարտարը, Ուրեան լերան դիրքերը, Ասկերանի սահմանային գօտին, Հատրութը, Էդիլլուն եւ Կարմիր Շուկան:

Լաչինի անցքին եւ Հատրութի շրջանին վրայ ազերիական ճնշումը թեթեւցնելու նպատակով, Արցախի պաշտպան ուժերը ձեռնարկեցին ազերիական հրետանիի կարգ մը կեդրոններու գրաւման:

Ազատամարտիկները գրաւեցին Լաչինէն հարաւ գտնուող Սաւարասի եւ Փարաջան գիւղերը, ուրկէ կը ռմբակոծուէին Լաչինի եւ Հատրութի շրջանները: Իսկ Ֆիզուլիի շրջանին մէջ գրաւուեցաւ Ղաջար գիւղը, ուր ազերիները մեծ կորուստներ տուին:

Հայ ազատամարտիկները նաեւ ետ մղեցին Ղոջազէն եւ Սաֆիանէն մեկնած ազերիական յարձակումները:

Արցախի պաշտպան հայկական ուժերը հոկտեմբերի կիսուն կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրեցին Հայաստան-Արցախ գօտիին մէջ եւ յաջողեցան Արցախը Հայաստանի միացնող երկրորդ անցք մը բանալ Լաչինի ճամբէն հարաւ:

Հայ ազատամարտիկներուն յառաջխաղացքը սկսաւ 12 հոկտեմբերին: Ազերիական ուժերը յաջորդաբար կորսնցուցին շարք մը դիրքեր եւ գիւղեր: Հայկական ուժերը հասան Ղուբաթլիի շրջանէն Հայաստանի սահմանամերձ գօտին, գործնապէս բանալով Հատրութի շրջանը Գորիսի շրջանին կապող երկրորդ անցք մը:

Քանի մը օր ետք Արցախի պաշտպան ազատամարտիկները քոմանտոյական յանդուգն գործողութիւն մը կատարեցին Արցախի ազերիներու կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային գօտիին մէջ: Հայկական ուժերը երկու ուղղաթիռներով էջք կատարեցին ազերիական կեդրոնի մը մօտ, ուր քանի մը հոգի մաքրեցին եւ վառելանիւթի երեք ընդունարաններ փճացուցին:

Հայ ազատամարտիկները նաեւ յաջողեցան զգալի կերպով թեթեւցնել Լաչինի անցքն ու Բերդաձորի շրջանին վրայ ազերիական զինուորական ճնշումը:

Հայկական ուժերը յաջողեցան ազերի բանակը ետ շպրտել Լաչինի անցքէն եւ Բերդաձորի գիւղերուն վրայ իշխող Սարի Բաբ լերան դիրքերէն  (անցքին հիւսիսը). անոնց տեղ, 2095 մեթր բարձրութեան վրայ դիրք բռնեցին հայկական ուժերը: Լաչինէն հարաւ եւս, հայկական ուժերը յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ աւելի յարմար դիրքեր գրաւեցին Ղուբաթլիի շրջանին մէջ:

image_100516

Ազրպէյճանի խորհրդարանը Ղուբաթլիի շրջանին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:

Միւս կողմէ, ազերիական օդանաւեր յաճախակի յարձակումներ կը գործէին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Ասկերանի, Հատրութի, Մարտունիի, ինչպէս նաեւ` Մարտունիի շրջանի Տող, Աւդուռ, Գորիշէն, Բերդաշէն, Մաճկալաշէն, Կարմիր Շուկայ եւ Ճարտար գիւղերուն վրայ: Օդանաւային յարձակումներու կողքին, ազերիական հեռու հասողութեամբ հրետանին կը մասնակցէր հայկական գիւղերու ռմբակոծման: Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան ութ օդանաւ վար առնել:

Նոյեմբերի կէսերուն ազերիական ուժերը Արցախի հիւսիսային` Մարտակերտի շրջանին մէջ մեծ հակայարձակում մը շղթայազերծեցին, «հաւասարակշռելու» համար Զլդրանի եւ շրջակայ գօտիին իրենց դիրքերուն կորուստը: Արցախի պաշտպան ուժերը հեռացան իրենց կարգ մը դիրքերէն:

Միւս կողմէ, Մարտունիի շրջանին մէջ, հայկական ուժերը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ գրաւեցին Աղտամի շրջանի Դիլահարդա գիւղին հսկող ռազմագիտական կարեւորութեամբ դիրքերը:

Յաջորդող օրերուն ազերիական ուժերը մեծ յարձակում մը գործեցին Արցախի Սրխաւէնդ եւ Կիչան գիւղերուն վրայ, Ասկերանի շրջանը հիւսիսի Մարտակերտի շրջանէն վերջնականապէս խզելու միտումով: Երկու օր տեւած սաստիկ բախումներէ ետք, ազերիական ուժերը պարտութեան մատնուեցան եւ ետ մղուեցան դէպի իրենց նախկին դիրքերը:

Ազերիները յարձակման անցան նաեւ Արցախի հարաւը գտնուող Ֆիզուլի քաղաքէն, սակայն նոյնպէս ետ մղուեցան:

Ազերիական ուժերը նաեւ փորձեցին Լաչինի անցքին հարաւէն` Գիւլիբերդի շրջանէն յարձակում գործել անցքը պաշտպանող հայկական ուժերու դիրքերուն վրայ, սակայն ուժգին հակահարուած ստանալով ոչ միայն ետ մղուեցան, այլ նաեւ` կարգ մը դիրքեր կորսնցուցին:

Հայաստան-Արցախ ելեկտրականութեան գիծը կտրուած էր եւ Արցախ ելեկտրականութենէ զրկուած էր: Ստեփանակերտի մէջ սաստիկ ցուրտ էր եւ մութ, դպրոցներն ու գործարանները փակ էին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?