ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Շուշիի եւ Լաչինի ազատագրումէն ետք, ազերիները նոր պատրաստութիւնները սկսան տեսնել, «վերանուաճելու» համար Լաչինը եւ Արցախը:
Ազրպէյճանի զինուորական իշխանութիւնները սկսան «կամաւորներ» արձանագրել, «Լաչինը ազատագրելու» նպատակով: Անոնք զօրակոչի ենթարկեցին Աֆղանիստանի պատերազմին մասնակցած նախկին զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ուսանողներ ու մինչեւ իսկ կիներ:
Միւս կողմէ, Լաչինի անցքի բացումէն ետք, Հայաստան-Արցախ ճամբան կը մնար բաց եւ խաղաղ, իսկ երթեւեկն ու կենսանիւթերու փոխադրութիւնը կը շարունակուէին բնականոն կերպով:
* * *
«Ազդակ», 28 մայիս 1992-ի թիւով եւ «28 մայիսի անժամանցելի պատգամը 23 սեպտեմբեր կերտած հայ ժողովուրդին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ մեր հայրենիքը կ՛ապրի տագնապալի եւ դժնդակ օրեր: Երկրաշարժը, ազերիներու բռնարարքներէն հալածական գաղթականները եւ թուրքին կողմէ իր հօրեղբօրորդիներուն` Ազրպէյճանի կատարուած թելադրանքով` Հայաստանի ու Արցախի դէմ հաստատուած երկարաշունչ պաշարումները այսօր ալ կրնային Սիմոն Վրացեանի ըսել տալ, թէ «հիւանդ երեխայի ծնունդ տուած մօր վիճակ» ունի Հայաստանը: Սակայն ե՞րբ, ո՞ւր եւ որո՞նք են այն հայ սերունդները, որոնք զինաթափ եղած են կամ բարոյալքումի մատնուած` պատմութեան կողմէ մեզի վիճակուած դժնդակ պայմաններուն դիմաց: Մեր հնագոյն թէ նորագոյն պատմութիւննեը կը վկայեն. ո՛չ մէկ սերունդ եւ ո՛չ մէկ տեղ: Այս պատասխանին խորհուրդը խորապէս ըմբռնող մեր բանաստեղծը անոր արձագանգած է գիտակցաբար, թարգմանը ըլլալով մեր «կանք, պիտի լինենք…» կամքին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ աշխարհաքաղաքական որոշ տուեալներու մէջ հասունացումի հասած եւ Խոջալուի, Շուշիի, Լաչինի դիւցազնական դրուագները կերտած արցախեան մեր պայքարը սկիզբն է 28 մայիսէն իբրեւ պատգամ փոխանցուած աւանդին կենսագործման»: Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը փոխադրուած են արեւելեան կողմն աշխարհի: Տասնեակ մը տարիներ առաջ աներեւակայելի նկատուող աշխարհաքաղաքական տուեալները արդէն շօշափելի իրականութիւն են ու մեզի տուած են դառն ու անուշ դասեր, բայց մանաւանդ` կարճ ժամանակի մէջ շահուած` քաղաքական փորձառութիւն: Աշխարհաքաղաքական այս ու անցեալի տուեալները մեզի ցոյց տուած են, որ եթէ անդառնալի զարգացումներ չկան, այնքան ատեն որ նուաճումը ամրապնդող եւ խարսխող հիմեր չեն հաստատուած, նաեւ չկան ոչ-շարունակելի երեւոյթներ, այնքան ատեն, որ այդ եղելոյթը հետապնդողը` քայլ կը պահէ իրերայաջորդ այդ տուեալներուն ու նոր վիճակներուն հետ, սեփական նաւը դնէ նորաստեղծ հոսանքներէն եւ ալիքներէն օգտուելու հունի մէջ, զայն պաշտպանելու քաղաքականապէս, տնտեսապէս, զինուորապէս եւ դիւանագիտական միջոցներով:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ «Խորհրդային Հայաստան»-ը այսօր ա՛լ պատմութեան անցած է, Խորհրդային Միութեան ի սպառ քայքայումին իբրեւ արդիւնք: Անկախութիւն ձեռք բերելը հանգրուան մըն է, որուն անխուսափելիօրէն կը յաջորդէ զայն պահպանելու եւ ամրապնդելու դժուարին փուլը: Մեր պարագային, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանները այնպիսին են, որ մեր անկախութեան պահպանումը աւելի դժուար է, քան ինչ որ եղած է այլ երկիրներու պարագային: Այս ճշմարտութիւնը միայն այս հանգրուանին համար չէ, այլ այդպէս եղած է մեր պատմութեան ամբողջ շրջանին: Այս բոլորով հանդերձ, այս նոր փուլը ունի զինք առանձնացնող հրամայականը, որ կը սեղմուի աշխատանք բառին մէջ: Աշխատանք, անդուլ աշխատանք, անկախ պետութեան կազմակերպումին համար, աշխատանք` հայրենիքի տնտեսութեան կայունացման համար, աշխատանք` անցեալի «թափօն»-ներէն ձերբազատելու համար, աշխատանք` հայրենիքին ու հայկական ընկերութեան բարօրութեան ի խնդիր, աշխատանք` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի իսկական դիմագիծն ու անոր անտեսուած իրաւունքներու ծանօթացման համար, իսկ այս բոլորը աշխարհի նոր դրութեան եւ նոր համակարգին ընծայած առիթներուն, բայց նաեւ` վտանգաւոր եւ սպառնական հոսանքներուն դիմաց: Արցախեան դէպքերուն զարգացումներն ու անոնց արձագանգները գործնական նախաճաշակ տուին այս իմաստով:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ եթէ արկածախնդրութիւնները միշտ մերժելի են, ոչ մէկ ատեն ընդունելի եղած են ինքնավստահութեան պակասէ եւ սեփական բոլոր ուժերը ճիշդ չգնահատելէ թելադրուող վարքագիծերը:
* * *
Ուրբաթ, 12 յունիս 1992-ին ազերիական օդանաւային եւ ցամաքային յարձակում մը ծայր տուաւ Աղտամէն դէպի Ասկերան: Յետմիջօրէի ժամը 3:00-էն ետք, ազերիական հրետանին սկսաւ սաստկօրէն ռմբակոծել Ասկերանն ու շրջակայ գիւղերը: Յարձակումին մասնակցեցան օդանաւեր: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին սկսաւ ցամաքային յարձակումը դէպի Ասկերան. օգտագործուեցան հրասայլեր եւ թնդանօթներ: Արցախի ազատամարտիկները յաջողեցան ետ մղել ազերիական ցամաքային յարձակումը:
Ազերիական լայնածիր յարձակումը յաջորդող օրերուն վերածուեցաւ իսկական պատերազմի եւ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ արցախեան սահմանային գիւղերուն համար:
Ազերիական յարձակումները շարունակուեցան երեք գիծերու վրայ. առաջին գիծի վրայ` Աղտամէն դէպի Ասկերան. երկրորդ գիծի մը վրայ` դէպի Մարտակերտ, իսկ երրորդ գիծով մը` Շահումեանի վրայ: Ազերիական ուժերը իրենց տրամադրութեան տակ ունէին հարիւրաւոր հրասայլեր, զրահապատներ եւ զինուորական փոխադրակառքեր. յարձակումներուն կը մասնակցէին «կոկորդիլոս» տիպի ուղղաթիռներ եւ «Սուխոյ 25» տիպի երկու օդանաւեր, որոնցմէ մէկը վար առնուեցաւ Արցախի պաշտպան մարտիկներուն կողմէ:
Սահմանամերձ տասնհինգ գիւղ հիմնայատակ կործանեցան. գրաւուեցաւ Ասկերանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Նախիջեւանիկ գիւղը, ինչպէս նաեւ` Ասկերանի մօտակայ հինգ բլուրներ: Ինկան տասնեակներով զոհեր եւ մեծաթիւ վիրաւորներ: Բազմաթիւ վիրաւորներ ուղղաթիռով փոխադրուեցան Երեւանի հիւանդանոցները, ուր ահազանգային վիճակ կը տիրէր:
Ազերիական ուժերը, հաւատարիմ` իրենց իւրայատուկ ոճին, ջարդեր կազմակերպեցին հայերու դէմ. անոնք գերիներ չէին վերցներ, այլ կը սպաննէին տեղն ու տեղը:
Ազերիները 300 հրասայլերով, զրահապատներով եւ օդանաւերով յարձակում գործեցին Շահումեանի վրայ: Շահումեանի պաշտպան ուժերը արիաբար դիմադրեցին, բայց գերազանց ուժին առջեւ տեղի տուին:
Շահումեանի գիւղերու բնակիչները, խուճապի մատնուած, փախուստի դիմեցին եւ հետիոտն կտրելով անտառապատ լեռները անցան Մարտակերտի շրջանը:
Խուճապային փախուստի ճամբուն վրայ ընտանիքներ եւ հարազատներ զիրար կորսնցուցին: Գաղթականներու մեծ խումբ մը, որ բլուրի մը լանջերը հասած էր, նշմարուեցաւ ազերիներու կողմէ: Բլուրին վրայ ազերիները 35 հրասայլեր կեդրոնացուցած էին: Անոնք իրենց հրասայլերը ուղղեցին դէպի բլուրին փէշերուն գտնուող անտառները եւ սկսան անխնայ ռմբակոծել: Գաղթականները սկսան վազել դէպի դաշտերը: Անտառին մէջ հրդեհ յառաջացաւ:
Հայկական ուժերը յաջողեցան կասեցնել Մարտակերտի շրջանին մէջ յառաջացող ազերիական ուժերը, քանդեցին հինգ հրասայլ, եօթը զրահապատ կառք եւ վերագրաւեցին Կիչանն ու Սրխաւենդը:
Մարտակերտէն Ասկերան եւ աւելի հարաւ մինչեւ Հատրութ տարածուող սահմանային գօտիին մէջ, երեք օրուան ընթացքին գրաւուեցաւ տասնութ գիւղ: Կային բազմատասնեակ զոհեր եւ 150 վիրաւորներ:
Հայկական ուժերը յաջողեցան կասեցնել ազերիական յառաջխաղացքը եւ անշարժութեան մատնեցին երեսուն հրասայլերու զօրասիւն մը: Հայկական ուժերու զօրասիւն մը հասաւ մինչեւ Աղտամի դուռներուն: Հայկական դիրքերէն Աղտամ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ: Հայ ազատամարտիկները վար առին ազերիական երկու ուղղաթիռ եւ օդանաւ մը: Միւս կողմէ, ազերիները վար առին Հայաստանէն Արցախ ուղղուող ուղղաթիռ մը: Ազերիական հրետանին գործի լծուեցաւ նաեւ Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ գիւղերուն դէմ:
Յաջորդող օրերուն մարտերը նոր թափ ստացան. ազերիական ուժերը պատերազմի դաշտ նետեցին նոր զէնքեր եւ ամբողջացնելէ ետք Շահումեանի գրաւումը` թափանցեցին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս եւ սկսան յառաջանալ դէպի Մարտակերտ: Անոնք հալածեցին եւ սպաննեցին յառաջացող ուժերէն խոյս տուող գիւղացիները: Գրաւուեցան Չայլու, Թալիշ, Տօնաշէն եւ Մատաղիս գիւղերը: Չայլուի գրաւումը յառաջացող ուժերուն առջեւ բացաւ դէպի Մարտակերտի դաշտային գիւղերը տանող ճամբաները:
Արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան ճակատներուն վրայ, Արցախի պաշտպան ազատամարտիկները բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերէին: Նախիջեւանիկ կը մնար կռուախնձոր:
Նախիջեւանիկ-Դահրազ շրջաններու բախումներուն հետեւանքով, կային շուրջ տասը հազար գաղթականներ, որոնք առժամաբար տեղաւորուած էին արցախեան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր:
* * *
«Ազդակ», 18 յունիս 1992-ի թիւով եւ «Ահաւոր բան մը` Շահումեանի մէջ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Ազրպէյճան իր զինուորական մեքենան այս անգամ լարած է Շահումեանի դէմ, բռնագրաւած է հերոսական Գետաշէնէն դէպի հարաւ տարածուող գօտիին հայկական գիւղերը` դաշտային Արցախի մէկ մասը, քանդած` տասնեակ մը գիւղեր, որոնց բնակիչները դարձած են ծանր զէնքերու թիրախները: Կան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ, նաեւ` բազմահազար գաղթականներ, որոնք աւելի եւս կը ծանրացնեն պաշարման օղակը քանդած եւ հազիւ շնչելու սկսած հերոսական Արցախի վիճակը: Իսկ Արցախը մէկ մասն է Հայաստանին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ միջազգային ժողովներ գումարող աշխարհի ղեկավարներն ու անոնց ներկայացուցիչները կրաւորական անտարբերութեամբ կ՛իմանան Շահումեանի բնակիչներուն հաւաքական ջարդի լուրերը, հայկական գիւղերու բռնագրաւումը, որոնց մասին մինչեւ իսկ ոչ հայկական լրատու աղբիւրներ կու տան ահազանգային տեղեկութիւններ, կը նկարագրեն թուրք-ազերիներու բարբարոսութիւնները:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ կանխամտածուած քաղաքական ոճիր մըն է, որ կը գործադրուի Շահումեանի բնակիչներուն եւ հայկական այս հողամասին դէմ, հայկական Շուշիի ազատագրումէն եւ Արցախի մայր հայրենիքին միացնող ճամբուն վերաբացման հերոսամարտերէն ետք: Եւ ամբողջ աշխարհը ամենայն անտարբերութեամբ հանդիսատես ու ականջալուր կ՛ըլլայ հայասպանութեան մէկ նոր տարբերակին, որ ըստ էութեան տարբեր չէ 1915-ի ցեղասպանութենէն, հայկական պատմական հողերու բռնագրաւումէն, տարբեր չէ Սումկայիթի փոկրոմէն, Պաքուի ահաւոր դէպքերէն, նոյնինքն Արցախի ահաբեկման հետեւողական քաղաքականութենէն:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ եթէ Արցախի եւ Շահումեանի արիւնահեղութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին եւ մեծ ու փոքր խմբակցութիւններուն մեղսակից հանդիսատեսի կեցուածքը դատապարտելի է ըստ ամենայնի, անիկա զարմանալի չէ յամենայնդէպս: Առաջին անգամը չէ, որ հայ ժողովուրդը, Արցախի թէ Հայաստանի մէջ, առանձինն կը խիզախէ գերակշիռ ուժերով օժտուած թշնամիին դէմ: Նորութիւն չէ նաեւ այն, որ արտաքին բարերար միջամտութիւն կարելի է ապահովել այն պարագային, երբ գետնի վրայ «երկաթէ շերեփ»-ը կը գործածուի արդիւնաւոր կերպով ու իրաւունքը կը պարտադրուի իրաւազրկել փորձողին. այս ճշմարտութիւնը միայն մեզի համար չէ, այլ այդ է կարելին` իրաւունք հետապնդող բոլոր ժողովուրդներուն եւ անոնց պետական ղեկավարներուն համար:
Շարունակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ կայ մետալին քաղաքականօրէն ցաւալի միւս երեսը, ներքին երեսը: Երեւանէն հասնող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ ահաւոր բան մը կը կատարուի տեղ մը եւ անոր զոհ կ՛երթան Շահումեանն ու Շուշին եւ Բերդաձորի ազատագրման սխրանքը: Հայ պատասխանատուներ կը զեկուցեն, թէ Շահումեանի կորուստին համար «մեղաւորներ պէտք չէ փնտռել այս օրերուն, որովհետեւ ատիկա աղէտալի հետեւանքներ կ՛ունենայ»: Ուրեմն, կան յանցաւորներ: Պատասխանատուներ նաեւ կը խոստովանին, որ «ազերիներէն նման մեծ յարձակում չէր ակնկալուեր…»: «Նման մեծ յարձակում չակնկալել» ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս կ՛արդարանայ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Հայաստանն ու Արցախը համաթրքական ծրագիրներու դէմ չեն կրնար ունենալ տարբեր դիրքորոշում կամ տարբեր քաղաքականութիւն: Անառիկ նկատուած Շուշիի ամրոցին ազատագրումը միայն ժամանակակից եւ այժէմական ցուցանիշ մըն է սեփական բազուկին վստահելու եւ իրաւունք պաշտպանելու ընտրանքին կենսագործման, մէկ նոր օրինակը` Սարդարապատին: Իսկ հա՞րկ է արդեօք անգամ մը եւս կրկնել, որ Սարդարապատը կերտուեցաւ համահայկական միացեալ եւ առնական կեցուածքով: