Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Քննարկուած Են 2017-ին Արցախի Մէջ Կայանալիք
Համահայկական Է. Ամառնային Խաղերու
Կազմակերպական Հարցերը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը եւ երկու կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2019-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական Է. ամառնային խաղերու կազմակերպման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Համահայկական խաղերուն իրականացումը` Արցախի մէջ մարզամշակութային կեանքի զարգացման եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն, ընդգծելով, որ ամէն ինչ պիտի ընեն խաղերը բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպելու համար:
Հանդիպման ներկայ եղած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Տուտուկի Գ. Միջազգային Փառատօնը
Պիտի Կայանայ Աշնան Մոսկուայի Մէջ
25 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի պիտի ունենայ Տուտուկի 3-րդ Մոսկուայի միջազգային փառատօնը, որ նոյն բեմին վրայ պիտի միաւորէ աշխարհի լաւագոյն տուտուկահարները:
Երրորդ տարին անընդմէջ մարդիկ Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէն կը հաւաքուին Մոսկուայի մէջ` տեսնելու սիրուած երաժիշտները եւ լսելու անոնց կատարումները:
Փառատօնին ներկայացուած պիտի ըլլան տարբեր տեսակներու եւ ոճերու երաժշտութիւն: Տուտուկահարներու կատարումները պիտի հնչեն «Պոյան» Ռուսական պետական ակադեմական համոյթի ուղեկցութեամբ: Խմբավարը Ռուսիոյ վաստակաւոր արուեստագէտ Նիքոլայ Ստեփանովն է, յայտնած են փառատօնի կայքին մէջ:
Փառատօնը պիտի վարէ Ռուբէն Մխիթարեանը, բեմադրիչն է Համլեթ Ղալեչեանը: Փառատօնին պիտի մասնակցին 16 կատարող եւ համոյթ մը:
Յիշեցնենք, որ տուտուկի Մոսկուայի առաջին փառատօնը տեղի ունեցած է 30 ապրիլ 2014-ին: Անոր կազմակերպիչները dudukist.ru նախագիծի հեղինակներն էին` Սուրէն Պաղտասարեան, Մարինա Սելիվանովա եւ Յովհաննէս Ղազարեան, վերջինս նաեւ անոր մասնակիցն էր: Փառատօնին մասնակցած էին նաեւ Մարտին Ղազարեանը` Իրքուցքէն, Վարդան Յարութիւնեանը, Վալերի Նամը, Արգիշտի Ամիրեանն ու Վիթալի Պօղոսեանը` Ս. Փեթերսպուրկէն, Արամ Աւետիքեանը, Եուրի Մուրատեանը, Սելենան, Գեղամ Օհանեանը, Գէորգ Հայրապետեանը, Դաւիթ Յովսէփեանն ու Մերուժան Աչոյեանը` Մոսկուայէն, Ալեքսէյ Սատոյեւը` Տոնի Ռոստովէն եւ ուրիշներ:
Հայ Գործարարները Պիտի Հոգան Ապրիլեան Պատերազմին Քանդուած 10 Տուներու Կառուցման Ծախսերը
Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը պիտի ֆինանսաւորէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի մէջ աւերուած 10 տուներու կառուցման աշխատանքները: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանը` լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Մեր խորհուրդին նիստէն ետք որոշուեցաւ, որ այս տարուան ծրագիրը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւերուած տուներուն վերականգնումը: Ըստ հաշուարկներու, իւրաքանչիւր աւերուած տուն կ՛արժէ 25 միլիոն դրամ: Պատերազմի պատճառով վնասուած է 200 տուն, որոնցմէ 80-ը հիմնայատակ աւերուած է: Այսինքն այդ 80-ի պարագային նորը պէտք է կառուցուի, մնացածը վերանորոգուելու են: Հիմա միութիւնը իր վրայ կը վերցնէ 10 տուներու կառուցման աշխատանքներուն ծախսերը», նշած է Արսէն Ղազարեան: Ան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ տարեվերջ այդ գումարները պիտի յատկացուին, որպէսզի տուները կառուցուին, եւ մարդիկ կարենան վերադառնալ իրենց բնակարանները:
Նշենք, որ Արցախի գլխաւոր դատախազութեան տուեալներով, Ազրպէյճանի քառօրեայ պատերազմին հրահրումով Լեռնային Ղարաբաղ ունեցած է 779 միլիոն դրամի վնաս:
Կը Շարունակուի «Աւրորա» Համաշխարհային
Մարդասիրական Մրցանակի Թեկնածուներու Առաջադրումը
Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կը շարունակուի «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի թեկնածուներու առաջադրումը: Թեկնածուներ կրնան առաջադրել բոլորը` www.auroraprize.com կայքին միջոցով:
«Առաջադրումներուն փուլը ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ «Աւրորա»-ն ամէն տարի կը ծնի ամբողջ աշխարհէն ստացուող դիմումնագիրներուն շնորհիւ: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ նախորդ տարի Հայաստանի քաղաքացիները նշանակալի դեր ունեցան առաջադրումներու հարցին մէջ եւ շատ կարեւոր է, որ այս տարի եւս աշխուժ ըլլան», ըսած է «100 կեանք» եւ «Աւրորա մրցանակ» նախաձեռնութիւններու գործադիր տնօրէն Արման Ջիլաւեանը:
Միջազգային մրցանակի թեկնածուներուն կ՛առաջադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներէն: Մրցանակը կը շնորհուի մեր օրերու այն հերոսներուն, որոնք կը վտանգուին յանուն ուրիշներու օգնութեան: Յաւակնորդները ընտրելու համար կը գնահատուի երեք յատկանիշ` անոնց ցուցաբերած խիզախութիւնը, նուիրուածութիւնը իրենց առաքելութեան եւ կատարած արարքներու ազդեցութիւնը:
2016 թուականին առաջին «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ Պուրունտիի «Խաղաղութեան տան» հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցին: Ան Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն փրկած եւ խնամած է 30 հազար փոքրիկներ, որբեր եւ փախստականներ եւ ներկայիս նոյնպէս կը շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնը:
«Աւրորա» մրցանակը կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: Մրցանակի դափնեկիրին կը տրուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ անոր ոգեշնչած բարեգործական կազմակերպութիւններուն` մէկ միլիոն տոլարի դրամաշնորհ ներկայացնելու կարելիութիւն:
Յայտնենք, որ «Աւրորա» մրցանակը, համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկումն է, որով անոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն հարիւր տարի առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, բազմաթիւ հայեր փրկած խիզախներուն:
Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամէնամեայ երկրորդ մրցանակը պիտի շնորհուի 24 ապրիլ 2017-ին, Երեւանի մէջ:
Շուշիի Մէջ Պիտի Կայանայ «Սասունցի Դաւիթ» Օփերայի Անդրանիկ Ներկայացումը
Շուշիի մէջ 1 սեպտեմբերին պիտի կայանայ «Սասունցի Դաւիթ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը, այնուհետեւ` սեպտեմբեր 7-ին կամ 8-ին` Երեւանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: «Սասունցի Դաւիթ» օփերայով պիտի բացուի թատրոնի 83-րդ թատերաշրջանը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին ըսած է թատրոնի տնօրէն Անդրանիկ Արզումանեանը:
Ան տեղեկացուցած է, որ օփերան պիտի ըլլայ թատրոնի խաղացանկային ներկայացումը: Ա. Արզումանեանի խօսքով, նոր օփերա է, երբեք չէ ներկայացուած Օփերային թատրոնի մէջ: Անոր հեղինակն է երաժշտահան Հարօ Ստեփանեանը, 1897-1966 թուականներուն:
Թատրոնի տնօրէնը ըսած է, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի պիտի ունենան նաեւ «Թոսքա» օփերայի եւ «Դիմակահանդէս» պալէի անդրանիկ ներկայացումները:
Խօսելով 82-րդ թատերաշրջանին մասին` Ա. Արզումանեան ըսած է, որ 2015-2016 ծրագիրներուն 80-90 առ հարիւրը իրականացած է, կայացած են «Քարմեն», «Նորմա» օփերաներուն անդրանիկ ներկայացումները:
«Գեղարուեստական ղեկավար Գեղամ Գրիգորեանի հետ մեծ ծրագիրներ մշակած էինք: Որոշ մաս մը իրականացուցինք: Այն ծրագիրները, որոնք նախատեսած էինք, բայց չհասցուցինք կատարել, մեր պարտքը կը համարենք անպայման իրականացնել», նշած է ան:
Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած Է
Երեւանի Ամէնէն Հին Փողոցը
Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական արշաւախումբի ութ տարուան պեղումները տուած են հետաքրքրական արդիւնքներ: Ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին, սակայն յոյս կայ, որ շարունակուի, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ հայ-ֆրանսական արշաւախումբը իր աշխատանքները սկսած է Էրեբունիի մէջ 2008 թուականին. ծրագիրին ծախսերը հոգացած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Այս պեղումները երեք կարեւոր հարց լուծած են` հնագէտները հանդէս եկած են իրենց հետազօտական, գիտական բացայայտումներով, համագործակցած ենք ֆրանսական հնագիտական կարեւոր կառոյցի հետ: Մեզի համար այս պահուն կարեւորը երրորդ հարցն է. կը նախապատրաստուինք Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին: Մինչեւ 2018-ը պէտք է որոշակի վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնենք, այս պեղումները տուած են այս կարելիութիւնը», ըսած է Գ. Գիւրջեան:
Ան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ պեղումներուն մասնակցած են նաեւ իրանցի հնագէտները:
Հայ-ֆրանսական արշաւախումբի հայկական կողմի ղեկավար Միքայէլ Պատալեանի խօսքով, այս պեղումները շարք մը հարցերու պատասխաններ կու տան, բայց միաժամանակ նաեւ նոր հարցեր յառաջ կը բերեն:
Ան ըսած է, որ 1950 թուականին յայտնաբերուած է սեպագիր արձանագրութիւն մը, որ կը համարուի Երեւանի ծննդեան վկայականը: 1968 թուականին, ըստ այդ արձանագրութեան, կը լրանար Էրեբունի-Երեւանի 2750-ամեակը:
«Այս առումով, պեղումները լայն թափ ստացան: Որոշ հատուածներու մէջ արագ կ՛ընթանային, որուն պատճառով շարք մը շերտեր չէին արձանագրուեր», ըսած է հնագէտը` աւելցնելով, որ այս պեղումներուն ընթացքին իրենք շեշտը դրած են ժամանակաշրջանի մը վրայ, որ կը կոչուի յետուրարտական:
Օգնութիւն Արցախին` Հայ Օգնութեան Միութեան Կողմէ
1 յուլիսին Մարտակերտ այցելած են Հայ օգնութեան միութեան ատենապետ Կարինէ Տատայեանը, ՀՕՄ-ի Արցախի վարչութեան փոխատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեանը եւ ՀՕՄ-ի գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Պօղոսեանը: Աւստրալիաբնակ բարերար Հրայր Զարեհ Թորոսեանին կողմէ տրամադրուած է 16 հազար 400 տոլար` բանակի զինուորներուն օգնելու նպատակով:
Ըստ ՀՕՄ-ականներուն, բարերարը մեծապէս մտահոգ էր սահմանին կանգնած զինուորներով եւ ամէն ձեւով կը ձգտի օգնութիւն ցուցաբերել անոնց: Այդ նպատակով Արցախի ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները այցելած են Մարտակերտ` հանդիպում ունենալու Մարտակերտի, Թալիշի եւ Մատաղիսի բանակի ժամկէտային զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն եւ օգնութիւն տրամադրելու անոնց:
Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ անոնք հանդիպում ունեցած են զինուորներու հարազատներուն հետ եւ ներկայացուցած իրենց ծրագիրները: Իւրաքանչիւր զինուորի յատկացուած է 100 տոլար արժող առողջապահական պարագաներ, քաղցրաւենիք եւ այլ իրեր պարունակող պայուսակներ` զինուորներուն համար, իսկ 60-ական տոլար ալ յանձնուած է զինուորներուն ծնողներուն: Նշենք, որ պայուսակներուն մէջ դրուած էին զինուորի համար բոլոր անհրաժեշտ իրերը, որոնք արժէքաւոր էին եւ որակով:
Սվետլանա Պօղոսեան եւ Կարինէ Տատայեան շնորհակալութիւն յայտնած են ծնողներուն եւ` նշած, որ այսօր անոնց որդիները կանգնած են սահմանագիծին վրայ եւ իրենց կեանքին գնով անառիկ կը պահեն երկրի սահմանները, իսկ փոխատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեան նշած է, որ զինուորները պատուով կատարած են իրենց պարտականութիւնները, հետեւաբար քաղաքագէտները եւ դիւանագէտները եւս պէտք է պատուով կատարեն իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը: ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարին իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Մարտակերտի շրջանի հիւանդանոցի բժշկուհի, զինուորի մեծ մայր Միլիետա Յովհաննիսեանը: